ՀԻՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՐՈՒՍՏՆԵՐՈՒՆ Է

Աշխարհը որքան հարստանայ՝ մարդկութիւնը այնքան կ՚աղքատանայ, որովհետեւ ի սէր այդ նիւթականին մարդկային արժէքներն են որ կը մեռնին։

Այս մասին ինծի մտածել տուաւ մի քանի օրեր առաջ Երեւանի հիւանդանոցներէն նոր դուրս եկած տարեց պապիկ մը՝ «հիմա հիւանդութիւնը միայն հարուստներու համար է» արտայայտութեամբ։ Հիւանդ ծերուկը որ բուժումի կարիք ունէր, ձեռնունայն տուն կը վերադառնար, որովհետեւ այս օրերուն մեռնիլը աւելի աժան է՝ քան բուժուիլը։ Եւ վստահ եմ, որ այս ծերուկը մինակը չէ, որովհետեւ աշխարհի մէջ շատեր իրենց ունեցուածքը աննպատակ մսխած ժամանակ ուրիշներ այդ գումարներուն քառորդը կ՚ուզեն՝ բուժում ստանալու համար։

Պետութեան կողմէ որպէս թոշակ 30 հազար դրամ ստացող ծերունիէն հիւանդանոցը քննութիւններու համար պահանջած էր 180 հազար դրամ եւ ծերունին նախընտրած էր քննութիւնները չկատարել, որովհետեւ եթէ հիւանդութենէն չմեռնի, բնականաբար անօթութենէն պիտի մեռնի եւ վստահ եղէք այդ մահէն ո՛չ ոք ինքզինք մեղաւոր պիտի զգայ։

Կը կարծուէր, որ հաւատքի կողքին բժշկութիւնը եւս ձրի պիտի տրուէր մարդոց, որովհետեւ բժշկութիւնը արհեստ մը չէր, այլ նուիրում էր ու ծառայութիւն։ Գրեթէ բոլոր կրօններու կողմէ նուիրականացած այդ առաքելութիւնը եւս մարդիկ հանեցին վաճառքի՝ այնպէս ինչպէս հաւատքը սկսան վաճառել եւ այսպիսով բժիշկը մարդասէր դառնալու տեղ դարձաւ «արհեստաւոր», դարձաւ մարդ՝ որ ո՛չ թէ հիւանդները կ՚ապրեցնէ, այլ  ի՛նք կ՚ապրի այդ հիւանդներուն շնորհիւ։

Մատթէոսի Աւետարանին 10-րդ գլխուն մէջ կը կարդանք. «Զհիւանդս բժշկեցէ՛ք, զբորոտս սրբեցէ՛ք, զդեւս հանէ՛ք, ձրի առէ՛ք եւ ձրի տո՛ւք». Քրիստոս ո՛չ միայն հաւատքի սփռումը, այթ նոյնիսկ բժշկութիւնը ձրի ընել կը պատուիրէ։

Ներկայ աշխարհին մէջ շա՜տ են անոնք, որոնք կը նախընտրեն խաղաղութեամբ մեռնիլ ու չարթննալ՝ քան հիւանդանալ, մանաւանդ անոնք, որոնք յանձնուած են իրենց զաւակներու խնամքին։ Իր տան վարձքը, զաւակներուն պէտքերն ու տան կարիքները հազիւ հոգացող զաւակ մը անտարբեր չի կրնար մնալ իր հօր կամ մօր հիւանդութեան հանդէպ, գիտնալով հանդերձ որ բժշկութեան ծախսերը իր կարողութեան սահմաններէն դուրս են։ Այս բոլորը նկատի ունենալով վստահ եղէք, որ այսօր բազմահազար մարդիկ կը նախընտրեն հիւանդութիւններով հանդերձ մնալ անձայն՝ քան հիւանդանոց մեկնիլ։ Նման մարդիկ չեն գիտակցիր սակայն, որ հիւանդութեան բուժում չտալը կրնայ նոր հիւանդութիւններու դուռ բանալ եւ յաւելեալ ծախս յառաջացնել, որովհետեւ «ժամանակ»ը ներքին վէրքերը կը բուժէ առաւելաբար՝ քան արտաքին։

Մարդկային անմարդկութեանց հանդէպ ներկայացում պատրաստող թատերախումբ մը հետեւեալը կը բեմականացնէր։ Երիտասարդ մը բուժում ստանալու համար բժիշկին կը դիմէ։ Ընդհանուր բժշկութեան գումարը տեսնելով կ՚որոշէ չբժշկուիլ հետեւեալը ըսելով. «ինծի պիտի բուժես եւ յետոյ քեզ այսքան գումար պիտի տամ. այդքան գումար տալէ ետք դարձեալ պիտի հիւանդանամ, հետեւաբար շարունակեմ մնալ հիւանդ…»։

Բժշկութեան աշխարհը այսօր երկու մասի կը բաժնուի. կայ հիւանդութիւն որ անհրաժեշտ է կեանքին մէջ մարդուն գոյութիւնը ապահովելու համար, եւ անդին կայ երկրորդ տեսակը, որ պէտքէ մը աւելի հաճոյք է։ Երկրորդ տեսակին սղութիւնը չէ՛ որ մեզ կը խանգարէ, որովհետեւ այլանդակ այս աշխարհին մէջ իրենց շրթունքներն ու յետոյքները մեծցնելու համար ապուշներ միլիոններ ծախսելու ի վիճակի են։ Մեր հիմնական մտահոգութիւնը մի քանի օրեր առաջ տեսած պապիկն է, որ յօժար է մեռնիլ՝ նիւթականի չգոյութեան պատճառով։

Կ՚արժէ մտածել թէ, ո՞վ է մեղաւորը. բժիշկնե՞րը՝ թէ ոչ պետութիւնը, որ պատասխանատու է իր քաղաքացիներու թէ՛ ապահովութեան եւ թէ՛ առողջութեան համար՝ որուն համար ունին առողջապահութեան նախարարութիւններ։ Ցաւ ի սիր, պետութիւններ եւս այդ մէկը որպէս նիւթաբեր միջոց կը դիտեն, հանդուրժելով իրենց ժողովուրդին տառապանքին։

Թող Աստուած հասնի բոլո՛ր անոնց, որոնք կը տառապին թէ՛ հիւանդութեամբ եւ թէ՛ նիւթական դժուարութեամբ։

 

ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -51-

Տարի մը առաջ մեր հարազատներէն մէկը Աստղիկ բժշկական կենդրոն տարի։ Հակառակ ծայրայեղ հիւանդ ըլլալուն բժիշկը յայտնեց, թէ պէտք է երեք ժամ սպասենք։

Կէս ժամ ետք բժիշկը մօտեցաւ ու յայտնեց, որ 30 հազար նուէր դրամ տալու պարագային «շնորհք» մը կրնայ ընել…  եւ առանց սպասելու բժշկական քննութիւն ստանալ, այլապէս պէտք է երեք ժամ սպասել։

Ա՛լ պատկերացուցէ՛ք բժշկութեան ներկայ վիճակը։

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 22, 2022