ԾԵՐՈՒՆԻԻ ՄԸ ԿԵԱՆՔԷՆ…
Հետաքրքրական պատմութիւն մը՝ որ 80 տարեկան ծերունի մը կը պատմէ իր երիտասարդ բարեկամին։ Ուսուցանող կեանքի, փորձառութիւն մը՝ կենաքի ընթացքը բարեփոխող եւ լոյս եւ յոյս ներշնչող։
Եւ ահաւասիկ այդ տիպար կեանքի պատմութիւնը՝ ծերունիին կողմէ փոխանցուած։
«Պատերազմի ընթացքին՝ լերան մը կողքին, դուրս ցցուած ժայռի մը վրայ կը գտնուէինք։ Հոն հեռուն երեւցած լերան ստորոտը կային հարիւրաւոր վրաններ, ուր զինուորներ բանակ դրած էին։ Յանկարծակի հարսանիթ ըսուած (=կարմրախտ՝ մորթի հիւանդութիւն մը) հիւանդութիւնը ծայր տուաւ զինուորներուն մէջ եւ շատեր մեռան։ Այդ սոսկալի համաճարակը այնքան արագ տարածուեցաւ, որ ստիպուած էինք նոր վրաններ կանգնել ձորին անդիի կողմը եւ հոն փոխադրել բոլոր հիւանդ զինուորները։ Անոնց հոգածութեան պատասխանատու հսկիչը ես էի։
«Գիշեր մը մինչ պաշտօնիս բերմամբ հիւանդներու կ՚այցելէի, անցայ մահճակալի մը քովէն, որուն վրայ պառկած էր հիւանդ զինուոր մը 17 տարեկանի մօտ։ Տղան ինծի նայեցաւ ակնկալութեամբ լեցուն աչքերով եւ ըսաւ.- Հսկիչ բարեկամ, ես համոզուած եմ որ շուտով պիտի մեռնիմ, բայց որեւէ կերպով պատրաստ չեմ Աստուծոյ առջեւ ելլելու։ Մայրս քրիստոնեայ չէր, ոչ ալ հայրս։ Որեւէ հոգեւոր կրթութիւն առած չեմ, կեանքիս մէջ որեւէ եկեղեցի գացած չեմ։ Միայն մէկ անգամ կը յիշեմ, թէ ընկերոջս հետ կիրակնօրեայ դպրոց գացի։ Ուսուցչուհի մը այդ դասարանին մէջ կը սորվեցնէր։ Իր դէմքէն յայտնի էր, որ շատ բարի եւ ազնիւ տիկին մըն էր։
«Ան կարդաց գիրքէ մը, որ կոչուէր Սուրբ Գիրք։ Կարդաց մարդու մը մասին, որ եթէ չեմ սխալիր անունն էր Նիկոդեմոս։ Կ՚երեւի թէ այդ մարդը գիշերով գնաց Յիսուսը տեսնելու, եւ Յիսուս անոր կ՚ըսէ.- Պէտք է որ դուն նորէն ծնանիս։ Ուսուցչուհին ըսաւ.- Ամէն մարդ պէտք է վերստին ծնանի՝ որպէսզի կարենայ երկինք երթալ։ Ես վերստին ծնած չեմ, եւ չեմ ուզեր այսպէս մեռնիլ։ Հաճիս ինծի կանչէ մեր բանակին հովիւը, որպէսզի ինծի ըսէ, թէ ինչպէ՛ս կրնամ ապաշխարել եւ վերստին ծնիլ։
«Գիտե՞ս, այդ օրերուն ես անաստուած մըն էի. գոնէ ես ինքզինքս անաստուած կը կոչէի։ Իրականութեան մէջ ես միայն ծերացած մեղաւոր մըն էի, ուստի տղուն ըսի.- Դուն պէտք չունիս հովիւին։ Մի՛ մտահոգուիր, ամէն բան աղէկ պիտի ըլլայ։ Ձգելով զինք՝ միւս հիւանդներուն այցելեցի եւ մէկ ժամ վերջ դարձեալ տղուն քով վերադարձայ։ Տղան կրկին աչքերուս մէջ նայելով ըսաւ.- Հսկիչ բարեկամ, եթէ ինծի հովիւ պիտի չկանչես, գոնէ հաճիս բժիշկը կանչէ, ես այլեւս պիտի մեռնիմ։ Գացի բժիշկը կանչեցի։ Բժիշկը տղուն կոկորդը մաքրեց. տղան սկսաւ քիչ մը աւելի դիւրին շնչել։ Շնորհակալութիւն յայտնեց ըրած ծառայութեանս համար. ինչպէս նաեւ բժիշկին։ (Այստեղ կ՚արժէ յիշել այն խօսքը՝ թէ բժիշկներ Աստուծոյ մատներն են երկրի վրայ…)։
«Մէկ ժամ վերջ կրկին վերադարձայ՝ խորհելով, որ տղան մեռած պիտի գտնեմ, բայց տակաւին կը պայքարէր մահուան դէմ։ Ինծի նայեցաւ եւ կրկին աղերսելով ըսաւ.- Օգուտ մը չունի բարեկամ, ես պիտի մեռնիմ եւ վերստին ծնած չեմ։ Դուն հաւատաս կամ ոչ, արդեօք ազնիւ պիտի չգտնուի՞ս եւ պիտի չբարեհաճի՞ս երթալ բանակին հովիւը կանչել։ Վայրկեան մը իրեն նայեցայ. տղան ուժաթափ էր եւ մահամերձ։ Ըսի.- Շատ աղէկ, որդեակ, հիմա կ՚երթամ եւ հովիւը կը կանչեմ քեզի։
«Տղուն քովէն մի քանի քայլ հեռացայ, բայց անմիջապէս ետ վերադարձայ եւ ըսի իրեն.- Որդեակ, ես քեզի բանակին հովիւը պիտի չկանչեմ, բայց ես անձամբ քեզի պիտի ըսեմ, թէ ի՛նչ ընելու ես։ Ես անաստուած մըն եմ. չեմ գիտեր, թէ Աստուած կայ թէ ո՛չ։ Չեմ գիտեր երկինք կայ թէ ո՛չ. չեմ գիտեր դժոխք կայ թէ ո՛չ։ Այս բաներէն որեւէ տեղեկութիւն չունիմ։ Բայց այս մէկ բանը գիտեմ.- Գիտեմ, թէ իմ մայրս բարի եւ աստուածավախ էր։ Եւ գիտեմ, թէ եթէ Աստուած մը գոյութիւն ունի՝ իմ մայրս այդ Աստուածը կը ճանչնար։ Եւ եթէ երկինք կայ՝ իմ մայրս հիմա հո՛ն է։ Ուստի քեզի պիտի ըսեմ ի՛նչ որ իմ մայրս ինծի ըսաւ։ Հիմա փորձէ ինծի հետ կրկնել Սուրբ Գիրքին սա համարը.- Վասնզի Աստուած այնպէս սիրեց աշխարհը՝ մինչեւ Իր միածին Որդին տուաւ, որպէսզի ամէն ով որ Անոր հաւատայ՝ չկորսուի, հապա յաւիտենական կեանք ունենայ։ Մայրս ինծի գոց սորվեցուց այս համարը եւ ըսաւ, թէ՝ որեւէ մէկը չի՛ կրնար ինքզինք փրկել, բայց երբ հաւատանք, մեր տեղը մեռնող Աստուծոյ Որդին Քրիստոս մեզ կը փրկէ եւ երկինք կը տանի։
«Խնդրեցի տղայէն որպէսզի համարը իմ ետեւէս կրկնէ։ Սկսայ ըսել, եւ ան դողդոջուն շրթունքներով իմ ետեւէս կը կրկնէր.- Աստուած այնպէս սիրեց աշխարհը։ Աստուած այնպէս սիրեց աշխարհը, մինչեւ Իր միածին Որդին տուաւ, մինչեւ Իր միածին Որդին տուաւ, որպէսզի ամէն ո՛վ որ Անոր հաւատայ, որպէսզի ամէն ո՛վ որ Անոր հաւատայ, չկորսուի՝ հապա յաւիտենական կեանք ունենայ, չկորսուի՝ հապա յաւիտենական կեանք ունենայ…։ Սիրելի որդեակս, մայրս ինծի ըսաւ.- եթէ ոեւէ մէկը Տէր Յիսուսի վստահի, Անոր ապաւինի եւ Անոր հաւատայ՝ երբե՛ք պիտի չկորսուի։
«Տղուն յիշեցուցի ուրիշ համար մը նաեւ Աստուածաշունչէն, որ մայրս ինծի սորվեցուցած էր։ Բայց տղեկը իր աչքերը գոցեց եւ ձեռքերը կուրծքին վրայ դրաւ եւ փսփսալով՝ շատ կամաց եւ մեղմ ձայնով սկսաւ կրկնել մի քանի անգամներ.- Աստուած այնպէս սիրեց աշխարհը, մինչեւ Իր միածին Որդին տուաւ, որպէսզի ամէն ո՛վ որ Անոր հաւատայ… ամէն ո՛վ որ հաւատայ… հաւատայ… Անոր հաւատայ…։ Մէկ վայրկեան լռեց եւ ետքը յստակ ձայնով բացագանչեց.- Փա՜ռք Աստուծոյ, փա՜ռք Աստուծոյ, փա՜ռք Տիրոջ, յաջողեցայ, ես կը հաւատամ Անոր, պիտի չկորսուիմ. ես յաւիտենական կեանք ունիմ հիմա։ Ո՛վ հսկիչ բարեկամ, քու մօրդ ըսածը շիտա՛կ է։ Եւ ինչո՞ւ դուն ալ չես փորձեր հիմա, քու մօրդ ըսածը ըրէ եւ պիտի տեսնես, թէ դո՛ւն ալ յաջողութիւն պիտի գտնես։ Դուն ալ փրկութեան ուրախութիւնը պիտի ունենաս։ Հսկիչ բարեկա՛մ, այստեղէն չմեկնած քեզմէ խնդրանք մը ունիմ, խոստացիր, որ զանիկա պիտի կատարես։ Հաճիս ինձմէ համբոյր մը առ եւ գնայ իմ մօրս ըսէ այն՝ ի՛նչ որ ինծի ըսիր։ Նախ մօրս յիշեցուր թէ՝ քու ըսածներդ ես փորձեցի եւ յաջորեցա՛յ։
«Տղան այս բաները ըսելէ յետոյ լռեց։ Ես անոր վրայ ծռեցայ եւ ճակատը համբուրեցի։
«Տղան իր վերջին շունչը տալու ատեն կրկնեց.
«-Յաջողեցա՛յ, դուն ալ փորձէ՛։
«Տղուն ըսածը շիտակ էր. ե՛ս ալ յաջողեցայ՝ կը հաւատամ եւ յաւիտենական կեանք ունիմ. արդարեւ, ամէն ո՛վ որ կը հաւատայ՝ կը փրկուի եւ յաւիտենական կեանք կ՚ունենայ»։
***
Սիրելի՜ ընթերցող բարեկամ, այս տրուպ գրիչն ալ իր քահանայագործած եւ հոգեւոր ծառայութիւն մատուցած երանելի՜ օրերուն անձնապէս վկայած է մի քանի անգամ մահամերձ հիւանդներու, որոնք սպասած էին Ս. Հաղորդութիւն ընդունելու, եւ ապա Ս. Հաղորդութիւն ստանալէ անմիջապէս վերջ իրենց հոգին աւանդած։
Սիրելի՜ բարեկամ, մահը ե՞րբ կու գայ, յայտնի չէ՛. ուրեմն, անմիջապէս, այսօ՛ր դիմենք Յիսուս Քրիստոսի, մեր Փրկչին, մեր մեղքերուն թողութիւն խնդրենք եւ թողութեան հետ՝ փրկութեան վստահութիւն եւ սրտի խաղաղութիւն եւ անդորրութիւն գտնենք…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ