ԿԵԱՆՔԻ ՄԱՍԻՆ ՄՏԱԾՈՒՄՆԵՐ

Մարդ էա­կը՝ ա­մէն դա­րու, ա­մէն շրջա­նի՝ միշտ հար­ցու­ցած է. «ի՞նչ է կեան­քը»։ Հա­կա­ռակ որ այս հար­ցը միշտ զբա­ղե­ցու­ցած է մարդ­կա­յին միտ­քը, չէ գտնուած յստակ պա­տաս­խան մը, եւ «կեան­քի հար­ցը» մնա­ցած է ան­պա­տաս­խան եւ ան­լու­ծե­լի։ Ո­մանք կրնան ը­սել, թէ՝ այդ­քան կա­րե­ւո՞ր է այդ հար­ցը, քա­նի որ կեանք մը ու­նինք եւ այս­պէս կամ այն­պէս, ի վեր­ջոյ կ՚ապ­րինք զայն։

Ա­հա­ւա­սիկ այս կէ­տին է որ կը տար­բե­րի մար­դը միւս բո­լոր ապ­րող էակ­նե­րէ, քա­նի որ ան բա­նա­ւոր է, այ­սինքն խոր­հե­լու, դա­տե­լու, ո­րո­շե­լու կա­րո­ղու­թիւ­նը ու­նի, եւ նոյ­նիսկ իր ա­զատ կամ­քով կեան­քին ըն­թացք տա­լու, իր իսկ «ճա­կա­տա­գիր»ը ո­րո­շե­լու՝ իր գծած ճամ­բէն յա­ռա­ջա­նա­լու ի­րա­ւուն­քը եւ ա­զա­տու­թիւ­նը ու­նի։ Իսկ միւս ապ­րող էակ­նե­րը՝ կեն­դա­նի ա­րա­րած­նե­րը ան­բան են եւ ա­նա­սո՛ւն։ Ա­պա ու­րեմն մարդ կրնայ հարց­նել՝ թէ «ի՞նչ է կեան­քը», «ին­չո՞ւ կայ ինք այս աշ­խար­հի վրայ», «ինչ­պէ՞ս պէտք է վա­յե­լէ կեան­քը»։

­Բայց այս «ի՞նչ», «ին­չո՞ւ» եւ «ինչ­պէ՞ս» հար­ցում­նե­րը կա­րե­նալ հարց­նե­լու հա­մար, անհ­րա­ժեշտ է, որ մարդ անդ­րա­դառ­նայ իր ինք­նու­թեան, կեան­քի մէջ «նպա­տակ» մը ու­նե­նայ, եւ գիտ­նայ, թէ «կեանք» ը­սուա­ծը՝ պատ­ճառ-ար­դիւնք սկզբուն­քին բնա­կան ե՛ւ բա­նա­կան հե­տե­ւանքն է։ Ար­դա­րեւ, ինչ­պէս յա­ճախ կը կրկնենք, մարդ «մար­մին-հո­գի-միտք»է կազ­մուած ամ­բող­ջու­թիւն մըն է, եւ ե­թէ այս ի­րա­կա­նու­թիւ­նը չըն­դու­նի մարդ, ա­պա ու­րեմն ի զուր պա­տաս­խա­նի մը կը սպա­սէ. «ի՞նչ է կեան­քը» հար­ցու­մին։ Քա­նի որ կեան­քը՝ այս ե­րեք ար­ժէք­նե­րուն հիա­նա­լի՜ ներ­դաշ­նա­կու­թիւնն է՝ մար­դուս ծնուն­դէն մին­չեւ մահ շրջան մը, ապ­րո՛ւմ մը…։

Ար­դա­րեւ, կեան­քը, ե­թէ գի­տակ­ցու­թեան մէջ կ՚ապ­րուի, ինչ­պէս «պատ­ճառ» մը, եւ նաեւ «նպա­տակ» մը ու­նի, եւ այս պատ­ճա­ռը եւ նպա­տա­կը ա­նոր «ի­մաստ» մը կու տան՝ ա­հա­ւա­սիկ այն ա­տեն մարդ ի­րա­ւունք ու­նի հարց­նե­լու, թէ ի՞նչ է կեան­քը։

Կեան­քը ի­մա՛ստ մը ու­նի, եւ մարդ կո­չուած է հաս­նիլ այդ ի­մաս­տին, ապ­րիլ զայն եւ վա­յե­լե՛լ։

Ուս­տի կեան­քի շրջա­նը բո­լո­րե­լու հա­մար միա՛կ օգ­տա­կար ճամ­բան՝ մեծ պար­տա­կա­նու­թիւն­նե­րէ եւ լուրջ սէ­րե­րէ կը բաղ­կա­նայ։ Եւ նոյ­նիսկ այդ սէ­րե­րը կ՚ան­հե­տին կամ գո­նէ ի­րենց ա­ռար­կա­նե­րը մահ­կա­նա­ցու են, բայց պար­տա­կա­նու­թիւ­նը՝ ան­փո­փո­խե­լի՛։

Ը­սինք, որ բա­նա­ւոր մար­դը կը խոր­հի, կը հարց­նէ, կ՚ու­սում­նա­սի­րէ, եւ ո­րոշ գի­տու­թեան մը տէր ըլ­լա­լէ վերջ՝ հա­մո­զում կը գո­յաց­նէ եւ զայն կ՚ար­տա­յայ­տէ որ­պէս տե­սա­կէտ, որ­պէս գա­ղա­փար։

Եւ ա­հա­ւա­սիկ, զա­նա­զան շրջան­նե­րու՝ դա­րե­րու ըն­թաց­քին խոր­հող միտ­քեր ար­տա­յայ­տած են ի­րենց տե­սա­կէ­տը այս մա­սին։

Այս ուղ­ղու­թեամբ զա­նա­զան գա­ղա­փար­ներ եւ բազ­մա­թիւ գա­ղա­փար­ներ ար­տա­յայ­տուած են, բայց մին­չեւ այ­սօր կա­րե­լի չէ ե­ղած ո­րոշ պա­տաս­խան մը ստա­նալ կեան­քի մա­սին։ Ուս­տի Տքթ. Ա­լեքս Քա­ռէլ մար­դը ա­նուա­նած է «ան­ծա­նօթ», ա­պա ու­րեմն ի՞նչ կա­րե­լի է ը­սել «կեանք»ի հա­մար, որ ա­նոր կա­պուած է սեր­տօ­րէն. կեանք կա՛յ, քա­նի որ մարդ կայ, եւ փո­խա­դար­ձա­բար՝ մարդ կա՛յ, քա­նի որ կեանք կայ…։

Թէ ի՛նչ մտա­ծում­ներ, բա­ցատ­րու­թիւն­ներ, տե­սա­կէտ­ներ, գա­ղա­փար­ներ ար­տա­յայ­տուած է, եւ ա­հա­ւա­սիկ ա­նոնց­մէ մի քա­նի օ­րի­նակ­ներ։

«Ով որ իր ե­տե­ւէն ազ­նիւ կեան­քի մը յի­շա­տա­կը թո­ղուց, յա­ջորդ սե­րուն­դին անս­պառ բա­րիք­նե­րու աղ­բիւր մը թո­ղուց»։

«Մար­դոց ա­մե­նէն ա­ւե­լի փա­փա­քած բանն է՝ ու­նե­նա՛լ բայց նուազ հոգ եւ խնամք տա­նիլ. այդ ա­մե­նէն շատ զգա­լի է ի­րենց կեան­քին նկատ­մամբ։ Կեանք կ՚ու­զեն ու­նե­նալ, բայց շատ ալ հոգ չեն տա­նիր ա­նոր պահ­պան­ման եւ տե­ւա­կա­նաց­ման մա­սին»։

«Մէ՛կ բան միայն կրնայ տալ մարդ­կա­յին կեան­քին իր ճշմա­րիտ նշա­նա­կու­թիւ­նը եւ իր ճշմա­րիտ ար­ժա­նա­ւո­րու­թիւնն ու ար­ժա­նա­պա­տուու­թիւ­նը. այն է՝ բա­րի­քի սէ­րը։ Եւ այս սէ­րը կի­րառ­մամբ ե­ւեթ ձեռք կը ձգուի։ Կեան­քին պատ­ճա­ռը եւ ար­դիւ­նա­ւո­րու­մը՝ ի­մաս­տը սէ՛րն է»։

«Մար­դիկ պէտք չէ՛ որ ի­րենց կա­յա­նը թո­ղուն-հե­ռա­նան ա­ռանց հրա­մա­նա­տա­րին թոյլ­տուու­թեան։ Մար­դուս կա­յա­նը իր իսկ կեա՛նքն է»։

«Մա­հը ա­մե­նա­մեծ ճշմար­տու­թիւնն է կեան­քին։ Ուս­տի մա­հը, մէկ ան­գամ միայն կու գայ, բայց կեան­քի ա­մէն պայ­ման­նե­րուն եւ ա­մէն վայր­կեան­նե­րու մէջ զգաց­նել, անդ­րա­դարձ­նել կու տայ ինք­զինք՝ իր ներ­կա­յու­թիւ­նը. շատ ա­ւե­լի դժնդակ է ան­կէ երկն­չիլ, քան թէ զայն կրել»։

«Գոր­ծե­լու շա­տու­թիւ­նը եւ քի­չու­թիւ­նը չե՛ն ո­րոնք մար­դոց կեան­քը ան­հան­գիստ կամ խա­ղաղ, ան­տա­նե­լի կամ դիւ­րա­տար կ՚ը­նեն, այլ՝ զի­րենք զբա­ղեց­նող բա­նե­րու ա­ռա­ւել կամ նուազ պար­կեշ­տու­թիւնն է պատ­ճա­ռը, որ կեան­քը ան­տա­նե­լի կամ դիւ­րա­տար կ՚ը­նեն»։

«Պէ՛տք է այն մտօք ա­ռաջ­նոր­դուիլ, որ մար­դիկ մարմ­նի հա­մար չէ որ կ՚ապ­րին, այլ՝ քա­նի որ ա­ռանց մարմ­նի կա­րե­լի չէ՛ ապ­րիլ։ Ե­թէ մենք շատ կա­պուինք ա­նոր, ա­հա­ւա­սիկ զմեզ պի­տի գտնենք ա­հու­դո­ղէ սար­սա­փա­հար, հո­գե­րով ծան­րա­բեռ­նուած եւ հա­զար ա­նա­խոր­ժու­թիւն­նե­րու մատ­նուած։ Գե­ղե­ցիկ բա­րո­յա­կա­նը շատ քիչ բան է, միայն ֆի­զի­քա­կա­նով ապ­րող մար­դուն հա­մար, միայն մարմ­նով ապ­րող մար­դուն աչ­քին։ Ա­յո՛, մարմ­նին տա՛նք իր պա­հան­ջած բո­լոր խնամք­նե­րը, բայց գիտ­նա՛նք միան­գա­մայն բո­ցե­րու մէջ նե­տել զայն, երբ հրա­մա­յեն բա­նա­վա­րու­թիւ­նը կամ պա­տի­ւը կամ պար­տա­կա­նու­թիւ­նը՝ պա­տաս­խա­նա­տուու­թեան գի­տակ­ցու­թեա՛մբ»։

«Կեան­քի մէջ փնտռե­լիք բա­նը նա՛խ պար­կեշտն է. յե­տոյ օգ­տա­կա­րը՝ որ ի­րեն կը յա­ջոր­դէ, քա­նի որ ի­րար­մէ ան­բա­ժան են այս եր­կու­քը»։

«Այս աշ­խար­հի վրայ բնաւ լաւ բան չեմ տես­ներ որ ի­րեն բե­ռը չու­նե­նայ, ինչ­պէս որ գի­նի չու­նինք ա­ռանց մրու­րի։ Ու­րեմն պէտք է կշռա­դա­տել լա՞ւ է որ մեր պար­տէ­զին մէջ փու­շեր ալ ու­նե­նանք, վար­դեր ու­նե­նա­լու հա­մար, կամ թէ բնաւ վարդ չու­նե­նանք բնա՛ւ փու­շեր ալ չու­նե­նա­լու հա­մար…»։

«Բա­րք­­ե­րու կա­տա­րե­լա­գոր­ծու­մը կը կա­յա­նայ ան­ցը­նե­լու մէջ ա­մէն մէկ օր, որ­պէս թէ այն՝ վեր­ջին օ­րը ե­ղած ըլ­լար, ա­ռանց յուզ­ման, ա­ռանց մեղ­կու­թեան, ա­ռանց կեղ­ծի­քի»։

«Դուք կեան­քէն գոհ պի­տի մնաք, ե­թէ զայն լա՛ւ կեր­պով գոր­ծա­ծէք, օգ­տա­գոր­ծել գիտ­նաք»։

«Սիր­ցո՛ւր զքեզ՝ կեան­քի՛դ օ­րի­նա­կով»։

«Լա­ւա­գոյն կեան­քե­րը ա­նոնք են՝ որ հան­րա­յին եւ ան­հա­տա­կան՝ մարդ­կա­յին տի­պա՛ր ըլ­լա­լու ե­ղա­նա­կով կար­գի կը դրուին, ըստ այնմ կը վա­րուին»։

«Թէ­պէտ եւ մահ­կա­նա­ցու ենք, բայց պէտք չէ՛ որ մա­հա­ցու բա­նե­րու են­թար­կենք մենք զմեզ, այլ որ­քան կա­րե­նանք, ան­մա­հու­թեան բարձ­րաց­նել մենք զմեզ, եւ ինչ լա­ւա­գոյն բան որ կայ մեր մէջ, ա­նոր հա­մա­ձայն ապ­րինք»։

­Հա­պա ձեր կար­ծի­քը ի՞նչ է կեան­քի մա­սին, սի­րե­լի՜ բա­րե­կամ­ներ…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Հոկ­տեմ­բեր 20, 2016, Իս­թան­պուլ

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 22, 2016