ԲԱՆՏՈՐԱԿԱՆ ՀԵՏԱՔՐՔՐՈՒԹԻՒՆ

Մարդ արարածը իր կեանքի ընթացքին մի՛շտ աւելին ունենալու, մի՛շտ աւելիին ձգտելու բնազդը ունի: Հաւանօրէն այդ բնազդին զոհն էր նաեւ նախամարդը՝ Ադամն ու Եւան, որոնք մէկդի դնելով իրենց յանձնուած բազմատասնեակ ու բազմատեսակ ծառերը, իրենց խելքը դրին բարիի եւ չարի գիտութեան ծառին՝ ի խնդիր բան մը աւելի տեսած կամ գիտցած ըլլալու, որուն հետեւանքը ցայսօր կ՚ապրինք բոլորս: 

Հետաքրքրիր է մարդ արարածը եւ կ՚ուզէ շա՜տ բան գիտնալ, յաճախ մոռնալով որ աւելի՛ լաւ է քիչ բան գիտնալ՝ սակայն լաւապէս գիտնալ, քան շա՜տ բան գիտնալ՝ սակայն ոչինչ չգիտնալ:

Կասկածէ վեր է, որ հետաքրքրութիւնը շատ անգամ դրական հետեւանք ունեցած է, որովհետեւ հետաքրքրութիւնն ու հետաքրքիրներն են, որ նորարարութիւն առաջ կը բերեն, սակայն նոյնքան եւ աւելի աւերներ կը գործեն: Աշխարհի մեծագոյն հետաքրքիրներէն Այնշթայն, գուցէ հասկնալով յաւելեալ հետաքրքրութեան պատճառած քանդուածութիւններուն մասին կ՚ըսէ. «ես պէտք չունիմ ամէն բան գիտնալու»։

Իմացութիւնն ու գիտութիւնը աշխարհի մեծագոյն բարիքներէն են, սակայն շատ անգամ մարդ կ՚ուզէ գիտնալ այնպիսի ճշմարտութիւններ, որոնք իր միտքը դանայեան տակառի վերածելէ բացի այլ բանի չի՛ ծառայեր. մարդ արարածը կը սկսի մտածել այնպիսի նիւթերու մասին, որու իմացութեամբ իրենց կեանքի մէջ ո՛չ մէկ բան պիտի փոխուի:

Մեր թուականէն 85 տարիներ առաջ՝ 1936-ին Միացեալ Նահանգներու մէջ Վիլպուր Օլիվա անունով երկրաբան մը կրօնական աղանդ մը կը հիմնէ, որուն հետեւորդները կը պնդեն, թէ երկիրը տափակ է լայն ափսէի մը պէս եւ ոչ թէ կլոր: Աղանդի հիմնադիրը զանազան քաղաքներ պտտելով ճառեր կը խօսի իր նոր տեսութիւնը պարզելու համար: Ինչպէս մի՛շտ, ամերիկացիներ անտրտունջ մտիկ կ՚ընեն:

Աշխարհը կլո՞ր եղած է... թէ տափակ, այս մարդոց կեանքին մէջ ի՞նչ բան պիտի փոխէ: Յաջորդ առաւօտ իսկ նոյն յոյզերը, նոյն մտահոգութիւնները, նոյն պարտաւորութիւններն ու յանձնառութիւնները պիտի չունենա՞ն: Եթէ պարտական են պարտատիրոջ հանդէպ, նո՛յն պարտականը պիտի չմնա՞ն: Այս նոյն մտածումը կը վերաբերի բոլոր անոնց, որոնց մասին Պօղոս Առաքեալ պիտի ըսէր. «...հետաքրքիր կը դառնան, եւ իրենց գործը չեղած բաներու մասին կը խօսին» (Ա. Տիմոթէոս 5:13):

Նոյն այդ «իրենց գործը չեղած բաներու մասին» խօսողները կը յայտնուին մանաւա՛նդ հոգեւոր նիւթերու մէջ: Կարծես Աստուածաշունչի եւ Աւետարանի ամբողջ բովանդակութիւնն ու պարտաւորութիւնները կատարած, կը սկսին եկեղեցականին տալ հարցեր՝ որ ո՛չ իրենց հոգեւոր եւ ո՛չ ալ մարմնաւոր կեանքին շահ ու օգուտ պատճառէ: «Մի՛ գողնար»ը, «մի՛ շնար»ը, «սուտ երդում մի՛ ըներ»ը մոռցած կը սկսին եկեղեցականը խեղդել իրենց հարցերուն մէջ. դրախտի մէջ ծաղիկները ի՞նչ գոյն են... սպասման սրահը ինչպիսի՞ սրահ է... դժոխքէն դրախտը, կամ դրախտէն դժոխքը պիտի տեսնե՞նք... պիտի կարենա՞մ, օրինակ, հոգիով ժամանակ առ ժամանակ հարազատներուս մօտ գալ ու դիտե՞լ:

Ու հազար ու մէկ հարցում...: Այդպիսիներուն մի՛շտ մէջէս ըսել կու գայ, թէ դրախտի ծաղիկները կարմիր են.. ի՞նչ բան պիտի փոխուի իր կեանքին մէջ, պիտի սկսի աւելի՞ քրիստոնավայել ապրիլ՝ որովհետեւ կարմիր են ծաղիկները եւ ո՛չ կապոյտ:

Այս բոլորին լոյսին տակ կ՚արժէ մտածել. լա՞ւ, թէ՞ վատ բան է հետաքրքրութիւնը: Մինչեւ որոշ ժամանակ, հոգեբանութեան մէջ եւս, հետաքրքրութիւնը դիտուած էր որպէս գիտութեան ծարաւ՝ հետեւաբար դրական երեւոյթ մը մարդուն համար, սակայն յետագայ ուսումնասիրութիւններ եկան փաստելու, որ հետաքրքրութիւնը եւս ունի իր ժխտական ազդեցութիւնն ու ներգործութիւնը: Անժխտելի իրողութիւն է, որ մարդ մի՛շտ ալ անհասկնալիին եւ անճանաչելիին հանդէպ ունեցած է հետաքրքրութիւն մը, անորոշութիւնը լուծելու բնածին ցանկութիւն մը: Սակայն հետաքրքրութիւնը շատ անգամ կրնայ մարդը լուսաբանելու փոխարէն աւելի՛ կորսնցնել. այդ մէկը շատ անգամ ի յայտ կու գայ Աստուածաբաններու մօտ, որոնք շա՛տ աւելի գիտնալ ուզելով, տեղ մը կը սկսին իրենց գիտցածէն ալ կասկածիլ:

Հետաքրքրութեան լաւ բան մը չըլլալու ամենէն վառ օրինակը կրնանք քաղել յունական դիցաբանութենէն: Երկինքի, որոտի, ամպրոպի եւ կայծակի աստուածը՝ Զեւս իր որդիին՝ Հերմէսի միջոցաւ հիւանդութիւններով, վիշտերով, դժբախտութիւններով, մեղքերով ու չարիքներով լեցուն տուփ մը կը ղրկէ առաջին կին աստուծոյ՝ Բանտորային ու նախապէս կը զգուշացնէ տուփի բովանդակութեան մասին: Աստուածուհին յաղթուելով հետաքրքրութեան բացած է տուփը եւ ա՛յդ օրէն սկսեալ այդ չար ոգիներն ու դժբախտութիւնները թափած են մարդոց վրայ, իրենց ուրախութիւնն ու զուարճութիւնը փոխելով սուգի ու տառապանքի:

Հետաքրքրութիւնը կրնայ մարդոց գայթակղեցնել: Մեզմէ՛ հեռու իրենց գործը չեղած բաներու մասին խօսողները:

 

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ

ՀՐԱՉԵԱՅ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ
(1907-1969)

Մեր թուականէն 114 տարիներ առաջ՝ 22 հոկտեմբեր 1907-ին Կարսի մէջ ծնած է գրականագէտ, խմբագիր եւ բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու Հրաչեայ Գրիգորեան:

Գրիգորեան ծննդավայրի մէջ նախնական կրթութիւնը ստանալէ ետք իր կրթութիւնը շարունակած է Բրոլեքտուքի անուան գրական բաժանմունքին մէջ՝ 1924-1925 թուականներուն: Ան իր բարձրագոյն կրթութիւնը ստացած է Խորհրդային Հայաստանի Համայնավարական կուսակցութեան պատկանող բարձրագոյն վարժարանին մէջ, ուրկէ շրջանաւարտ եղած է 1949 թուականին: Ուսանողութեան ընթացքին եղած է Վրաստանի Գրողներու կազմակերպութեան հայկական մասնաճիւղի պատասխանատու քարտուղարը: Գրիգորեան զբաղած է մամուլով. 1934-1938 թուականներուն եղած է Երեւանի «Կոմունիստ» ռուսալեզու թերթի արուեստի եւ գրականութեան բաժնի վարիչ, իսկ 1939-1944 թուականներուն եղած է նոյն թերթի խմբագիրը: Եղած է նաեւ «Պատմաբանասիրական Հանդէս»ի փոխ-խմբագիր՝ 1957-1959 թուականներուն, իսկ 1959-1963 թուականներուն վարած է «Սովետական Հայաստան» ամսագիրի խմբագիրի պաշտօնը: Գրականագէտը եղած է Հայաստանի Գրողներու միութեան առաջին քարտուղարը՝ 1938-1939 թուականներուն: Աշխատած է Հայաստանի Համայնավարական կուսակցութեան մէջ, որպէս մամուլի բաժնի վարիչ:

Գրիգորեան ստացած է բանասիրական գիտութիւններու թեկնածուի աստիճան՝ 1950 թուականին: Դարձած է գրողներու միութեան անդամ՝ 1934 թուականէն սկսեալ:

Ռուսերէն լեզուով լոյս տեսած են անոր գործերը՝ «Վլատիմիր Մայակովսկի»ն (1950) եւ «Մայակովսկին եւ հայ գրականութիւնը» (1956) աշխատութիւնները:

Գրիգորեան մահացած է 19 ապրիլ, 1969-ին, Երեւանի մէջ:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 22, 2021