ԼԱՒ ԹԷ ՎԱՏ… ՊԱՏՃԱՌԸ ԾՆՈՂՔՆ Է

Մարդկային կեանքի մէջ, դժբախտաբար, «ինչ որ ցանես՝ այն կը հնձես» խօսքը ճշմարտութիւն չէ, որովհետեւ բոլորս ալ մեր անձնական փորձով գիտենք, թէ շատ անգամ բարիքի փոխարէն չարիք, սիրոյ փոխարէն՝ ատելութիւն կրնանք հնձել, սակայն կը հաւատամ որ այս խօսքը ի զօրու է ծնողք-զաւակ յարաբերութեան մէջ: Յաճախ կը տեսնենք մայրեր, որոնք կը բողոքեն իրենց զաւակներուն այս կամ այն թերութիւններուն մասին, մոռնալով, որ այդ թերութեան մէջ կամայ թէ ակամայ, գիտակցաբար թէ անգիտակցաբար ունին բաժին մը՝ որուն հանդէպ անգիտակից կը շարունակեն մնալ:

Իւրաքանչիւր զաւակ թէեւ ունի տարբեր անհատականութիւն, նկարագիր ու խառնուածք, սակայն հայելին է ընտանիքին՝ իր բոլոր առաւելութիւններով ու թերութիւններով, որովհետեւ իւրաքանչիւր երեւոյթ անպայմանօրէն ունի իր պատճառը, հոգեբանական ենթահողն ու շարժառիթը:

Ընտանիքներ յաճախ իրենց զաւակներուն լաւ գործերն ու յաջողութիւնները կը վերագրեն նաեւ իրենց անձին. կը հպարտանան որ իրենց դաստիարակութեան շնորհիւ է որ նման դիրքի մը մէջ կը գտնուի իրենց զաւակը, սակայն դժբախտութեան, ձախողութեան եւ անյաջողութեան պարագային կը դժուարանան եւ մա՛նաւանդ կ՚ուրանան իրենց դերը այդ բոլորին մէջ, անոնց պատճառը գտնել փորձելով արտաքին աշխարհի մէջ:

Այս բոլոր ճշմարտութիւնները սակայն կը կարօտին բացատրութեան. եթէ անձ մը գողութիւն կ՚ընէ, այդ չի նշանակեր թէ այդ գողութիւնը սորված է իր ծնողքէն, սակայն խոր ուսումնասիրութիւն մը վստահաբար պիտի փաստէ ծնողքին ունեցած անուղղակի դերը այդ բոլորին մէջ: Մարդ արարածը մեքենայ մը չէ, որ ընդօրինակէ այն բոլորը, ինչ կը տեսնէ եւ հետեւաբար անոր մէջ յայտնուած գողնալու եւ այլ յոռի երեւոյթներու սովորութիւնը պայման չէ տեսնելու արդիւնք ու հետեւանք եղած ըլլան. ամբողջ կեանքը արդար ապրող հօր մը զաւակը կրնայ գողութիւն ընել, սակայն այդ մէկը չի նշանակեր, թէ հայրը մեղաւորութիւն մը չունի այդ բոլորին մէջ, որովհետեւ հօր գողութիւն ընելը չէ որ զինք այդտեղ կ՚առաջնորդէ, այլ մարդկային հոգին ատակ է ազդուելու զանազան ազդակներէ:

Կասկածէ վեր է, որ բոլոր մանուկները կը ծնին հաւասար ու նոյն անմեղ ու բարի հոգիով. ո՛չ ճակատագիրը եւ ո՛չ ալ Աստուած նախապէս տնօրինած կ՚ըլլայ, որ այս կամ այն մանուկը ապագային դառնայ գող, ոճրագործ, գինեմոլ ու մեղաւոր, այլ ժամանակն ու միջավայրն են որ կը ստեղծեն մարդը. պէտք է ընդունիլ, որ Ատոլֆ Հիթլէր կրնար ոճրագործ մը չըլլալ՝ եթէ ծնած ըլլար այլ միջավայրի, այլ մթնոլորտի ու պայմաններու մէջ. Ստալին կրնար բռնատէր մը չըլլալ՝ եթէ Ռուսաստանի տեղ ծնած ըլլար Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ կամ աշխարհի այլ մէկ ցամաքամասի մէջ, որովհետեւ կար ժամանակ որ անո՛նք եւս անմեղ ու անպարտ մանուկներ էին:

Այս բոլորին լոյսին տակ ինչպէ՞ս մանուկ մը բարի կամ չար անհատ մը կը դառնայ:

Ա.- ԴԷՊԻ ԼԱՒ.- Իրենց կեանքին մէջ յաջողած մարդոց մեծամասնութիւնը եթէ ոչ նիւթապէս, ապա բարոյապէս վայելած են իրենց ծնողներուն եւ ընտանիքի անդամներուն աջակցութիւնը, որ իրականութեան մէջ նիւթականէն շա՜տ շատ աւելի կ՚ազդէ: Ամէն մանուկ իր փոքր տարիքէն որոշ շնորհքներ ու ձիրքեր ցոյց կու տայ։ Իմաստուն ընտանիքը պարտի գիտնալ զանազանել ժամանակաւոր «սէր»ը Աստուածատուր շնորհքէն եւ անոր հիման վրայ առաջնորդէ իր զաւակին քայլերը դէպի փայլուն ապագայ. օրինակի համար, Լեւոնի մէջ փոքր տարիքէն կը նշմարուի երաժշտութեան հանդէպ սէր մը. Լեւոն ընդունակ է իր փոքր տարիքէն ձայնային հաւասարակշռութիւն մը ունենալ, քայլ պահել երաժշտութեան կշիռին ու դաշնակութեան հետ:

Լեւոնի ընտանիքը Լեւոնի համար մեծագոյն բարիք կատարած կ՚ըլլայ, եթէ նկատէ այդ բոլորը եւ Լեւոնը տակաւին մանկութենէն առաջնորդէ դէպի երաժշտութիւն եւ հաւանականութիւնը շա՜տ շատ մեծ պիտի ըլլայ, որ Լեւոն դառնայ յաջող ու գնահատելի երաժիշտ մը: Հակառակ պարագային Լեւոն երաժշտութենէն հեռու, փողոցներու մէջ կրնայ առ յաւէտ կորսնցնել այդ բոլորը եւ յայտնի երաժիշտ դառնալու փոխարէն անիմաստ կեանք մը վարէ:

Այս բոլորը փաստելու համար օրինակներ բերենք մեր ներկայ աշխարհէն. 1990 թուականի ծնունդ աշխարհի մէջ Զաք Քինկ (Zach King) անունով նկարիչը այսօր աշխարհի լաւագոյն նկարիչներէն մին կը նկատուի. կարդացէ՛ք անոր կենսագրութիւնը. նկարիչը նկարչական առաջին սարքը իր հօրմէն նուէր ստացած է իր եօթ տարեկան հասակին եւ տարիներ շարունակ հմտանալով հասած է իր այսօրուան դիրքին: Հարց. եթէ Զաք եօթ տարեկանին ծանօթացած չըլլար նկարչական սարքին հետ, կը կարծէ՞ք կը յաջողէր իր 22-23 տարեկանին դառնալ աշխարհահռչակ անձնաւորութիւն մը: Այս բոլորը ցոյց կու տան, որ ծնողքը ուղղակի կամ անուղղակիօրէն ի՛նք իր զաւակը կ՚առաջնորդէ դէպի ապագայ եւ հետեւաբար ամէ՛ն ծնողք բնական իրաւունքը ունի հպարտանալու իր զաւակին յաջողութիւններով՝ չմոռնալով նաեւ անոր ձախողութիւններուն մէջ ունեցած դերը:

Բ.- ԴԷՊԻ ՎԱՏ.- Վստահաբար ո՛չ մէկ ծնողք իր զաւակին վատ ու անյաջող կացութեան մէջ յայտնուիլը կ՚ուզէ, սակայն շատ անգամ անգիտութիւնը կու գայ լրացնելու այդ պակասը: Այս մէկը աւելի յստակ գիտնալու համար փորձեցէք ուսումնասիրել աշխարհի յայտնի ոճրագործներուն կեանքը. անոնց ծնողները ոճրագործներ չեն եղած, սակայն իրենց զաւակը մեծցուցած են ծեծի ու վախի ազդեցութեան տակ. ծեծը մանուկներուն մէջ կրնայ երկու տարբեր պարագաներ ստեղծել. անոնք կա՛մ ամբողջութեամբ լռակեաց, հաւաքականութենէ հեռու անձեր կը դառնան եւ կա՛մ ըմբոստներ: Կռուարար մարդոց մեծամասնութիւնը խաղաղ մանկութիւն մը չէ ունեցած եւ այդ ծեծերուն հետեւանքն են այդ բոլորը: Ծնողքի մը համար սովորական թուացող այդ «ծեծ»ը, որ իրենց կարծիքով պարզապէս մանուկը հանդարտեցնելու կը ծառայէ, ապագային կրնայ մեծ հետեւանքներ ու պատճառներ ունենալ:

Այս բոլորին վրայ պէտք է նկատի ունենալ ընտանեկան կապերը. ա՛յն ընտանիքներուն մէջ որ կայ զաւակներու խտրութիւն, նիւթական առաջնահերթութիւն եւ ԵՍ-ի մթնոլորտ մը, զաւակները ատակ կ՚ըլլան սայթաքելու եւ վարելու ոչ-առողջ կեանք մը: Այդ ոչ-առողջ կեանքէն դուրս գալու ձեւը դարձեալ ծնողքն է: Գինեմոլ եւ թմրամոլ մեր երիտասարդութեան մեծամասնութիւնը հեռու է ծնողական այդ գուրգուրանքէն եւ անոնք այդ պակասը կը փորձեն այդ զեխութիւններուն ճամբով լեցնել:

Զաւակը լոյս աշխարհ բերողը Աստուած է, սակայն անոր կեանքի քանդակագործը ընտանիքը ի՛նք. այդ իսկ պատճառով երանի՜ միայն գիտակիցներ լոյս աշխարհ բերէին զաւակներ, որպէսզի աշխարհը ծնունդ չտայ նոր գողերու, ոճրագործներու, գինեմոլներու եւ թմրամոլներու... որոնք իրականութեան մէջ անմեղ մեղաւորներ են:

 

ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -77-

Դպրեվանքի ոչ-մանկավարժ տեսուչը ունէր աշակերտներու միջեւ խտրութիւն դնելու անմարդկային սովորութիւն մը. ծոյլ աշակերտ մը՝ որ ինք կը սիրէր տարեվերջին կրնար երկու դասարան բարձրանալ, իսկ անդին աշխատասէր մը՝ որ ինք չէր սիրեր... կրնար նոյն դասարանը կրկնել:

Բարեբախտաբար թէ դժբախտաբար չե՛մ գիտեր, ես իր ոչ-սիրելի աշակերտներու ցանկին կը պատկանէի: Տարեվերջ մը հակառակ 89 ընդհանուր միջին հաւաքելուս դասարանս ձախողեցայ. անդին Բենիամին անունով աշակերտ մը իր 56 ընդհանուր միջինով երկրորդ ժառանգաւորացէն չորրորդ ժառանգաւորաց անցաւ...:

Լիբանանի մէջ ամէն տարի ընթացող գրականութեան եւ շարադրութեան ընդհանուր մրցումին առաջին տեղը գրաւեցի. նախորդ տարի տեսած էի, թէ ինչպէս բոլոր Դպրեվանքին դիմաց ծափահարուած էր երկրորդ տեղ գրաւող մեծ դասարաններէն մասնակից մը. այս անգամ առաջնութիւնը շահած էի: Ոչ-մանկավարժ սրբազանը անմարդկային վերաբերմունքով վերցուց առաջնութեան վկայագիրը... ո՛չ մէկ յայտարարութիւն, ո՛չ մէկ գնահատանք. անգամ մըն ալ գնահատագիրին երեսը չտեսանք...:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 22, 2022