ԱՌԱՏԱՁԵՌՆՈՒԹԻՒՆ

«Առատաձեռնութիւն»ը բնութեան եզական յատկանի՛շն է։ Ամէն ինչ ունի ան իր անծայրածիր, համատարած «ամբարանոց»ներուն մէջ, եւ ամէն ինչ կու տայ անսահման առատաձեռնութեամբ։

Արուեստականութիւն կամ կեղծիք չունի երբեք բնութիւնը. արդարեւ, շահամոլութիւն, ագահութիւն, կեղծիք եւ արուեստականութիւն՝ մարդկային բնութեան յատուկ մոլութիւններ են։ Մարդիկ ձրի կ՚առնեն բնութենէն, եւ սակայն ո՛չինչ կու տան ձրի՝ ձրի կ՚առնեն՝ դրամով, փոխարժէքով կու տան իրարու։ Մարդիկ խոհեմ են, եւ սակայն աւելի շատ՝ հնարագէտ, եւ խորամանկութեամբ կը շարժին։

Մարդիկ տնտեսագէտ են, իսկ բնութեան մէջ տնտեսագիտական որեւէ բարդութիւն գոյութիւն չունի. ամէն ինչ պարզ է եւ չափաւոր, իրարու համապատասխան եւ հաւասարակշռուա՛ծ։ Ուստի, տնտեսագիտութիւնն ալ՝ ընկերային եւ քաղաքական բոլոր գիտութիւններուն կարգին, մարդածին, կամ մարդահնար գիտութիւն մըն է։ Մինչդեռ բնութիւնը իւրայատուկ օրէնքներով կը գործէ։

Այս իմաստով պարզ է եւ բացայայտ պատկերը։

Բայց կ՚արժէ պահիկ մը դիտել այդ պարզ պատկերը եւ խորհրդածել անոր վրայ։

Հողը՝ որ բնութեան կեանքին թէ՛ որովայնն է եւ թէ ստնտուն՝ ունի ամէն ինչ որ մարդ կը փափաքի ունենալ եւ գործածել եւ թէ օգտագործուիլ անկէ։ Բնութեան մէջ գտնուող բոլոր տարրերը, բոլոր մետաղները, տարրաբանական քիմիական բաղադրութիւններու էական պարունակեալները՝ իւղեր, կազեր, որոնք անհրաժեշտ են ամէն շրջանի ե՛ւ արդի քաղաքակրթութեան համար, թանկագին ակունք զարդի համար, սնունդ՝ անբաւ եւ անսպառ, վերջապէս, չկայ մարդկային փափաք մը եւ կարօտութիւն մը, պահանջք մը՝ որ մայր բնութիւնը չունենայ եւ թէ չկարենայ գոհացնել։

Երկիրը՝ այս մոլորակը համայնապարփակ ապրանքներու «խանութ» մը, շուկայ մըն է՝ որուն բոլոր ապրանքները «ձրի՛» են։ Ամէն արահետի գլուխը՝ մեծատառ յայտարարութիւն մը կայ.

«Առէ՛ք, վայելեցէ՛ք. ամէն ինչ ձրի՛ է»։

Բայց, առնելու եւ վայելելու համար գործել, աշխատիլ՝ ջանք թափել անհրաժեշտ է. այո՛, ձրի է, բայց առնելու, տիրանալու եւ օգտագործելու համար շարժի՛լ պէտք է. աշխատի՛լ…։

Իրա՛ւ է որ ծառին վրայի պտուղը, թէեւ ձրի է, բայց քաղել պէտք է՝ շարժիլ եւ աշխատիլ, ապա թէ ոչ ինքնաբերաբար մարդու ստամոքսը չ՚իջնար, ջանքի եւ շարժման կը կարօտի։ Եւ ուրեմն, թէեւ փոխարժէք մը չունի, բայց աշխատանք, գործ պէտք է այդ ձրի արժէքին տիրանալու համար։ Բնութիւնը ձրի կու տայ, բայց մարդուն ալ կը վիճակի առնե՛լ։

Բնութեան այս առատութեան, ճոխութեան եւ հարստութեան մէջ, մարդ ինչո՞ւ տակաւին աղքա՛տ է. ինչո՞ւ տակաւին կարօտ է եւ չունի՝ իրմէ կը պակսի շատ բան։ Հետաքրքրական չէ՞ ասիկա, սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներ։

Միայն մէկ պատճառաւ է որ մարդուս կարօտութիւնը կը շարունակուի այս առատութեան ձրի բաշխման մէջ։ Պատճառը «մարդկային տնտեսական միջամտութիւն»ն է. այսինքն պատճառը մարդ ի՛նքն է իր կարօտութեան։

Խորհրդածենք եւ բացայայտել ջանանք։

Բնութիւնը ձրի կու տայ, բայց ո՛չ մարդը։

Բնութիւնը իր ամբողջ ունեցածը առատաձեռնօրէն կու տայ, բայց մարդ իր աշխատութիւնը նոյն առատաձեռնութեամբ եւ ձրի չի տար, եւ անպայման կը պահանջէ իր աշխատութեան փոխարժէքը։ Մինչդեռ բարոյականութիւնը կ՚ըսէ. «Տալը աւելի՛ լաւ է քան առնելը» եւ կը պատուիրէ. «Ձրի առիք, ձրի տուէ՛ք», ինչ որ Աւետարանական պատուէրով հաստատուած է. (ԳՈՐԾ. Ի 35) եւ (ՄԱՏԹ. Ժ 8)։

Բայց աշխարհային գործնականութեան մէջ «ձրի» առնուած որեւէ արժէք, «գին» մը կ՚ունենայ մարդուն աշխատութեամբը։ Ուրեմն, ձրի առնուածին փոխարժէքը աշխատութիւն է։

Զոր օրինակ, անտառին ծառերը ձրի են, բայց երբ տախտակի վերածուին՝ «գին» մը կը ստանան, նիւթական արժէք մը կը շահին, քանի որ ան որ ծառը կտրեց, տախտակի շերտերու վերածեց, տաշեց, յղկեց զանոնք, եւ ա՛ն որ տեղէ տեղ փոխադրեց, այդ կատարողներուն ամէն մէկը իր աշխատութեանը, իր ժամանակին, եւ իր արհեստին համար «վարձատրութիւն» մը պահանջեց եւ ընդունեց։ Եւ այս պահանջատէրները «լէգէոն» կը կազմեն։ Չենք համարձակիր իսկ թուելու զանոնք, քանի որ ցանկը շատ երկար է անոնց։

Ծառահատին սղոցը եւ միւս հարկաւոր գործիքները շինողներ կան։ Հանքագործը երկաթի նախանիւթը դուրս կը հանէ. շոգեկառքի մը կամ շոգենաւի մը ամբողջ կազմածը, որով այդ նախանիւթը փոփոխութեան կ՚ենթարկուի եւ իր ետին հազարաւո՜րներու աշխատանքը կ՚ենթադրէ։ Նաեւ հսկայ գործարանի մը բարդ գործիքները եւ անոնց գործողութիւններովը այդ երկաթը կը զտուի, ձեւ կ՚առնէ, եւ ապա՝ կը փոխադ-րըւի նոյն միջոցներով, հեռաւոր ուրիշ գործարան մը՝ ուր գործիքներու կը վերածուին, նորէն գործածելով բարդ մեքենաները եւ ճարտարութիւնը եւ փորձառութիւնը բազմաթիւ արհեստաւորներու։ Շինուած գործիքն ալ՝ մինչեւ որ հրապարակ կը հանուի վաճառուելու համար, կ՚անցնի գործողութիւններու նոյնքան երկար եւ տքնաջան ճամբայէ մը։

Ա՛լ երեւակայեցէք դո՛ւք, սիրելի՜ բարեկամներ։

Արդարեւ, բնութիւնը թէեւ ձրի կու տայ, բայց մե՛նք գի՛ն մը կը վճարենք մարդոց, որոնք բնութենէն իրենց առածը մեզի կը փոխանցեն տարբեր ձեւերու տակ դնելով զանոնք իրենց աշխատութեամբը։ Եւ ասիկա սա կը նշանակէ. նիւթը գին չունի՝ աշխատութիւնը գի՛ն ունի։

Ուստի, «նիւթ»ը բնութեան ձրի պարգեւն է, «աշխատութիւն»ը՝ գի՛ն ունի։

Մարդը երբ բնութեան կը գործակցի, գործակցութեան իր բաժնին համար դրա՛մ կը պահանջէ՝ փոխարժէքը կ՚ուզէ, եւ տնտեսագիտական բանաւոր եւ բացայայտ պատճառներով ասիկա բնական պահանջք մը եւ իրաւո՛ւնք մը կը նկատէ։ Մարդ, այս կերպով իր աշխատութեան վարձքը կը ստանայ, քանի որ մշակը արժանի է՛ իր վարձքին, ինչպէս կ՚ըսէ Յիսուս…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Նոյեմբեր 18, 2018, Իսթանպուլ

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 22, 2018