ՓԵԹԱԿԷՆ ՄԵՂՐԻ ԿԱԹԻԼՆԵՐ

Այսօր կ՚ուզենք մեր սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներուն հրամցնել գրականութեան հսկայ փեթակէն մեղրի կաթիլներ, որոնք իրապէ՛ս փեթակի մը ամէն մէկ խոռոչէն կաթող քաղցր մեղր է՝ որ կը սնուցանէ հոգին եւ կ՚ազնուացնէ զայն։

ՍՐԲԱԶԱՆ ԵՂԲՕՐՍ

Վըսեմ երազոց գիրկն անմահական,
Ոսկեհուռ խաչը պարզած կուրծքիդ Դուն,
Երգէ՛, աղօթէ՛, խոկա՛ յարաժամ,
Ու եղի՛ր ազգիդ հովիւ քաջարթուն։

ՊԵՏՐՈՍ ԴՈՒՐԵԱՆ

***

Թէ չը լինի
Աշխարհում լաց,
Մեզ կեանք էլի
Չը տար Աստուած։

ՐԱՖՖԻ

***

Ո՜վ մարդ, դու լե՛ր
Հաւատոյ տէր,
Թէ կամիս խեր
Տայ քեզ մեր Տէր։

ՄԵՍՐՈՎԲ ԹԱՂԻԱԴԵԱՆՑ

***

Բացի ցաւից աշխարհի վրայ չը տեսայ բան,
Նոր նոր ցաւեր նորից կու գան ձիւնի նման,
Մարդկանց հոգուն չըկայ մի այլ երանաստան
Էս լուսաշող եւ փառաւոր երկնից զատ։

ԱՇՈՒՂ ՋԻՒԱՆԻ

***

ՍԻՐԵՑԷ՛Ք ԶԻՐԱՐ

Ի բաց սրտից ձեր, եղբա՛րք,
Ատելութիւն, հեռ, նախանձ,
Ի՞նչ անվայել քան այն բարք,
Որք նախատինք են ազգաց։

*

Մի՛ յոյս երբէք տածէք դուք
Ազատութեան եւ փառաց,
Ցորքան մըտօք պիղծ, անձուկ
Զայրացնէք ձեր Աստուած։

ՄԿՐՏԻՉ ՊԷՇԻԿԹԱՇԼԵԱՆ

***

ԲԱՂՁԱՆՔՍ

Երազներս խունկ ու ծաղիկ
Ինկան մութի քօղին մէջ,
Մահը իջաւ հոգւոյս բաղձիկ
Խըլել սէրն իմ լուսառէջ։

*

Հապօ՜ն իղձով դեռ մշտայած
Ժպտիմ կեանքին անգամ մ՚ալ,
Կ՚ուզե՜մ, կ՚ուզեմ, ո՛վ իմ Աստուած,
Նոր սէրերէ գինովնալ։

ՄԻՍԱՔ ՄԵԾԱՐԵՆՑ

***

ԲԱԲԷ՜…

Փանթիռք թրթռունք տաւղին համբոյր
Ըզհայրենեաց ողբոց լալօն.
Խնկոց, բաբէ՜, կազդոյրք ոչ գոն,
Որք սրտից գօս եւեթ տան բոյր։

Հ. ՂԵՒՈՆԴ ԱԼԻՇԱՆ

***

ԱՂՔԱՏՆԵՐԸ Կ՚ԱՍԵՆ

Սարի տակից գետն է անցնում,
Գիլ գիլ անցնում է գնում.
Մեր այս ցաւեր, ասացէ՛ք, ո՞ւմ
Լաց անենք մենք այս երկրում։

*

Զրկըւել ենք ամէն բանից,
Բախտն հեռացել է մեզնից.
Հա՜ց ենք խնդրում մենք քարերից,
Քարերն կ՚ասեն՝ ո՞ր տեղից…։

ՂԱԶԱՐՈՍ ԱՂԱՅԵԱՆ

***

Սիրէ՛, ո՜վ մարդ, ապրիլ գոհ,
Եղի՛ր մշակ ժրաջան.
Ո՛վ գործ վարէ մտախոհ,
Նա չը զղջար յաւիտեան։

ՅԱԿՈԲ ՈՍԿԱՆ

***

ԱՌԱԿ

Կար ու չի կար մարդ մի կար,
Գինով, խնլոտ ու անճար,
Ով որ տեսնէր խեւուկը,
Կը դարձնէր կռնակը։

*

Օր մը մեռաւ մարդուկը,
Ժամուն ձգեց մեծ արտը,
Տէրտէր ժամկոչ մէկ եղան.
Ըսին՝ Կեցցէ՜ հաճաղան։

ՎԱՀԱՆ ՎԱՐԴԱՊԵՏ ՊԱՐՏԻԶԱԿՑԻ

***

ԿՏԱԿ

Դեռ կը մնան մոխիրի տակ
Երկերս բոլոր գիշերաջան,
Ոսկերքս հանգիստ գտնեն յայնժամ,
Երբ անոնք լոյս տեսնեն արագ։

ՂԵՒՈՆԴ ՎՐԴ. ՓԻՐՂԱԼԷՄԵԱՆ

***

Սկզբնաղբիւր. «ԱՆԴՐԱՇԽԱՐՀԵԱՆ ԱՐՁԱԳԱՆԳ», Մեսրոպ Վարդապետ եւ Վահան-Ասլան, Երուսաղէմ, 1912։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Նոյեմբեր 19, 2019, Իսթանպուլ

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 22, 2019