ԱՆՀԱՒԱՍԱՐ ԿՇԻՌՔԸ ՄԱՐԴԿՈՒԹԵԱՆ

Հաւասարութիւնը խորհրդանշող արձաններուն եւ նկարներուն կշիռքները որքան ալ հաւասար ու համաչափ ըլլան, անհաւասար իրականութենէն բան չեն փոխեր, որովհետեւ հաւասարութիւն քարոզող սահմանադրական օրէնքներու մէջ նոյնիսկ գոյութիւն ունի անհաւասարութիւն մը՝ օրէնսդիրի եւ օրէնքը գործադրողի անհաւասարութեամբ պայմանաւորուած:

Դարեր առաջ փիլիսոփաներ կը փորձէին պաշտպանել հաւասարակշռութեան վարդապետութիւնը (Egalitarianism). այդ վարդապետութեան համաձայն պէտք է մարդ հաւասար ապրի, հաւասար յարգուի. մարդիկ պէտք է իրար հետ հաւասարութեամբ յարաբերին եւ հաւասարապէս օգտուին ընկերային կեանքի բոլոր բարիքներէն եւ օրէնքի հաւասարութենէն:

Նոյն այս հաւասարութեան վարդապետութեան ուղին բռնեցին գրեթէ բոլոր փիլիսոփաներն ու մտաւորականները, նոյնիսկ պետութիւնները, իրենց սահմանադրութեան օրէնքներուն եւ յայտարարութիւններուն մէջ հաւասարութեան լոզունգներ առասպելաբանելով: Քարոզչութիւն մը՝ որ երբեք ապրելակերպի չէ վերածուած, այլ բանտուած մնացած է խօսքի եւ միտքի սահմաններուն մէջ:

Անհաւասարութեան զոհեր դարեր շարունակ այդ հաւասարութեան հաստատման սիրոյն պայքարած, մաքառած ու ընդդիմացած են, նոյնի՛սկ արիւն թափելու գնով, սակայն անհաւասարութիւնը մնացած է անդրդուելի ու անսասան: Ուսումնասիրութիւններ կը յայտնեն, թէ հաւասարութեան վարդապետութեան կեանքի կոչումը մարդկային ընկերութեան մէջ կրնայ մարդոց ապրելու տարիները երկարել, որովհետեւ ըստ հոգեբանութեան անհաւասարութիւնը մարդոց մէջ ջղային ու հիւանդագին վիճակ մը կը ստեղծէ:

Օր պիտի ըլլա՞յ որ կեանքի կոչուի հաւասարութիւնը. Խրիմեան Հայրիկի այս խօսքերը հաւանաբար յուսահատական ո՛չ պատասխանն է այս հարցումին. «Թէ մարդիկ աշխարհիս վերայ եւ արեւուն տակ անհաւասար կ՚երեւին, հոգին ու գերեզմանի ստուերին տակ կը հաւասարի». ըստ երեւոյթին մահէն ետք միայն այդ հաւասարութիւնը պիտի հաստատուի՝ «հող էիր հող դառնաս» խօսքի զօրութեամբ:

Առաջին օրէնսդիր, գիտնական եւ առակագիր Մխիթար Գօշ իր «Գիրք Դատաստանի» աշխատութիւնը սկսած է արդարութեան ու հաւասարութեան հաստատման առաջադրանքով:

Մի քանի օրեր առաջ Հիւսիսային պողոտայ էի՝ գործով: Դիմացս երիտասարդ օրիորդ մը կը քալէր առանց դիմակի. ես դիմակ չէի դրած: Ոստիկանները հեռուէն սկսան մօտենալ ու դիմակ չդնող աղջկան մօտէն անցնելով մօտեցան ինծի եւ դիմակ չդնելու պատճառը հարցնելով ուզեցին տուգանել: Ո՛չ իրենց տուգանելը, ո՛չ տուգանքի չափը այնքան չնեղացուց ինչքան մարդու աչքերու առջեւ կատարուող այդ անարդարութիւնը: Առաջ որ անձնագիրս ներկայացնեմ ոստիկանին հարց տուի. «Իմ առջեւէս քայլող աղջիկը՝ որուն մօտեն անցաք դարձեալ դիմակ դրած չէր, ինչո՞ւ չտուգանեցիք». ոստիկանը պատասխանեց, թէ զգուշացուցինք, որ դիմակ դնէ. ինծի ալ զգուշացնէիր. չէ՞ր ըլլար: Փաստօրէն այսօր աշխարհի տարածքին արդարութեան եւ հաւասարութիւն հաստատելու կոչուածները նոյնիսկ օրէնքով սահմանուածը չէ որ կ՚ընեն, այլ նոյնիսկ տուգանելու պարագային «զոհ» կը փորձեն ընտրել: Եթէ օրէնքը բոլորին համար է՝ թող բոլորը տուգանուին:

Մեր թուականէն 73 տարիներ առաջ՝ 10 դեկտեմբեր 1948-ին Մարդու իրաւունքներու ընդհանուր վեհաժողովը հրապարակեց համընդհանուր հռչակագիր մը կազմուած 30 յօդուածներէ, որուն մէջ առաւելաբար շեշտ կը դրուէր հաւասարութեան վրայ։ Հռչակագիրի առաջին տողը սկիզբ կ՚առնէր այս տողերով. «Ամէն մարդ կը ծնի հաւասար եւ ազատ»։ Ինչքանո՞վ այդպէս է, չեմ գիտեր:

Անհաւասար այս աշխարհին մէջ հաւասարութեան փնտռտո՞ւք. նոյն հռչակագիրին 7-րդ յօդուածը կ՚ըսէ. «Օրէնքի առջեւ բոլորը հաւասար են, առանց որեւէ խտրականութեան ունին օրէնքի հաւասար պաշտպանութեան իրաւունք»:

Վերջերս կը կարդայի ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի հին սկզբնական տարիներու թիւերէն մէկը, ուր հանդիպեցայ «Բերայի կառավարիչը ձերբակալուած» խորագրով հաղորդագրութեան: Ըստ հաղորդագրութեան՝ «անցած գիշեր ժամը 6-ին Բերայի մէջ պահակ պտըտող ոստիկանական զօրքերը նշմարեցին կառք մը, որ նեղ փողոցէ մը անցնելու վրայ էր: Կեցնել տուին կառքը եւ անոր մէջ գտնուող անձերը հրաւիրեցին պահականոց գալ միատեղ, քանի որ այդ միջոցին փողոցները կը թափառէր, հակառակ արգելքին: Կառքին մէջ գտնուողը ըսաւ, թէ Ինք Բերայի կառավարիչն է եւ դեսպանատունէ մը կը դառնայ, ուր գացած էր գործի համար: Ոստիկանները Կալաթա-Սէրայ տարին մարդը, որ ստուգիւ Բերայի կառավարիչն էր: Կառավարիչի օգնականը իր պետին ձերբակալումը տեսնելով ցաւ յայտնել ուզեց, բայց կառավարիչը ընդհակառակը գոհ մնաց եւ ժողովուրդի անունով շնորհակալութիւն յայտնեց ոստիկանական զօրքերուն՝ իրենց աչալուրջ հսկողութեան համար»:

Թող այդ կարավարիչին տեղը ըլլար մերօրեայ ղեկավարներէն մին... ամբողջ աշխատակազմ մը գործէն դուրս դրած, անոնց կեանքի քանդումին համար բա՛ն չէր խնայած:

Այնպէս ինչպէս մարդիկ կ՚ըսեն, որ իրենց չտեսած բանին ինչպէ՞ս կարելի է հաւատալ. նոյն անհաւատութեամբ ես ալ իմ չտեսած հաւասարութեանս չե՛մ հաւատար, ինչքա՜ն ալ բարձր ու գրաւիչ ըլլայ անոր քարոզչութիւնն ու շահադիտական յայտարարութիւնները:

 

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ

ԼԵՌ ԿԱՄՍԱՐ
(1888-1965)

Մեր թուականէն 56 տարիներ առաջ՝ 22 նոյեմբեր 1965-ին Երեւանի մէջ մահացած է գրող, երգիծաբան եւ Գրողներու միութեան անդամ Լեռ Կամսար (բուն անունով՝ Արամ Թովմաղեան):

Լեռ Կամսար ծնած է 24 հոկտեմբեր 1888-ին, Վանի մէջ: Նախնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրի Ամերիկեան վարժարանէն ներս, ապա ընդունուած Էջմիածնի Գէորգեան ճեմարան, ուրկէ շրջանաւարտ եղած է 1909 թուականին: Աւարտելէ ետք ուսումը վերադարձած է Վան։ Սկզբնական շրջանին զբաղած է դերասանութեամբ, ապա հայոց լեզուի ուսուցիչ եղած է Աղթամարի Սուրբ Խաչի դպրեվանքէն եւ Վանի Երամեան վարժարանէն ներս: Գրողը 1915 թուականին մասնակցած է Վան-Այգեստանի ինքնապաշտպանութեան կռիւներուն: Լեռ Կամսար իր առաջին երգիծական գրութիւնը՝ «Կամսարեան աշխարհագրութիւն»ը տպագրած է 1910 թուականին, Վանի «Աշխատանք» թերթին մէջ: Երկար ժամանակ աշխատակցած է կովկասեան թերթերուն։ 1921-1935 թուականներուն եղած է «Խորհրդային Հայաստան» թերթի երգիծական բաժնի աշխատակից: Գրողը 1932-1955 թուականներուն բռնադատուելով բանտարկուած է, սկզբնական շրջանին Երեւանի բանտին, ապա Վարդենիսի մէջ, ուրկէ դուրս եկած է 1955-ին եւ վերադարձած՝ Երեւան: Լեռ Կամսարի գործերը ունեցած են դժբախտ ճակատագիր մը. անոր գրածներուն մեծամասնութիւնը գաղթի ընթացքին գրաւուած եւ այրուած է, երկու անգամ անոր արխիւները գրաւած ու ոչնչացուցած են. 1946 թուականի ջրհեղեղն ալ մեծ մասը վնասած է ու հակառակ այս բոլոր դժբախտութեանց՝ Լեռ Կամսար ձգած է հսկայական գրական ժառանգութիւն մը, որուն մեծ մասը կը մնայ անտիպ:

Լեռ Կամսարի գրական անունը առաջ եկած է հետեւեալ ձեւով. գրողը երբ առաջին անգամ իր գրութիւնը յանձնած է տպագրութեան, թերթի խմբագիրը հարց տուած է, թէ ի՞նչ անուան տակ տպագրենք գրութիւնը. գրողը շատ կարեւորութիւն չտալով հարցումին պատասխանած է «լեռ» կամ «սառ» դրէք, եւ այդպիսով գրութիւնը հրատարակած են Լեռ Կամսար անունով: Գրողը ստորագրած է նաեւ Կարապետ Կայէն, Արա Մասեան գրչանուններով: Լեռ Կամսարի յայտնի գործերէն են՝ «Ազգային այբբենարան»ը (1926), «Վրիպած արցունքներ»ը (1934), «Գրաբար մարդիկ»ը (1959), «Մարդը տանու Շորերով»ը (1965) եւ այլ աշխատութիւններ: Անոր գրած պատմուածքներէն շատեր վերածուած են թատրերգութեան, ինչպէս օրինակ՝ «Կասկածոտ ամուսինը», «Զոհը», «Մենք»ը եւ ուրիշներ:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 22, 2021