ԱՅԼԱՍԵՐԱԾ ԲԱՐԻՆ՝ ՉԱ՛ՐԸ
Յաճախ կը խօսինք «բարի»ին եւ «չար»ին մասին, ի՛նչ որ բնական պէտք է համարուի, քանի որ «բարի»ն ու «չար»ը անբաժան են մարդկային կեանքի ամէն ապրումի մէջ՝ ամէն պահ կը զգացուի անոնց ազդեցութիւնը կեանքի ընթացքին։
Մարդ կը գործէ, յարաբերութիւններ կը մշակէ իր նմաններուն հետ, կ՚աշխատի, կ՚արտադրէ եւ իր բոլոր գործունէութեան արդիւնքը կ՚որոշուի երկու վիճակով՝ անոնք կա՛մ «բարի» են, կա՛մ «չար», իրենց ընդհանուր նկարագրով։
Այլապէս մարդկային արարքներու մէջ չկա՛յ միջակը, չկա՛յ ուրիշ չէզոք վիճակ մը։ Գործ մը, որ ի վերջոյ կը յանգի արդիւնքի մը, աշխատութիւն մը՝ որ կ՚արտադրէ՝ բարի՛ է եւ կամ չա՛ր։ Աւելի նեղ իմաստով՝ օգտակար է եւ կամ վնասակար։ Ուրեմն՝ բարի մարդ կա՛յ, որ բարիք կը գործէ, չար մարդ կա՛յ, որ չարիք կ՚արտաբերէ։
Պատճառ-արդիւնք բնական փոխյարաբերութեան մէջ՝ ամէն բարի գործ բարութիւն, եւ ամէն չար գործ չարութիւն կը ստեղծէ։ Բարիի մասին մտածողը՝ բարիք կը գործէ, իսկ չարի մասին խորհողը՝ չարութի՛ւն…։
Ասկէ հետեւցնելով կ՚եզրակացնենք, թէ «բարի մարդ» եւ «չար մարդ» կա՛յ, բայց քանի որ Աստուած բարի՛ է եւ միայն բարի կը ստեղծէ, եւ մանաւանդ որ մարդը արարածներու մէջ նախամեծար է եւ գերադաս, ապա ուրեմն՝ անոր բարութիւնը անվիճելի՛ է։
Արդէն, Աստուծոյ պատկերով եւ Աստուծոյ նմանութեամբ ստեղծուած մարդը՝ կարելի՞ է որ «չար» ըլլայ ստեղծագործութեան ծրագրին մէջ։ Ուստի մարդը բարի ստեղծուած է, մարդը բարի՛ է։ Մարդուն բարի նկարագիրը աստուածային է եւ աստուածատո՛ւր։
Ուրեմն հարցը սա է. բնութեամբ բարի մարդը ինչպէ՞ս չարի կը վերածուի եւ հակառակ իր աստուածանմանութեան, կրնայ չարին ծառայել, կրնայ չարութիւն գործել եւ չարութեան մէջ ապրիլ։
Ուրիշ առիթներով ալ ըսինք, կրկնենք՝ չարը, իրականութեան մէջ բարիին այլասերած, այլափոխուած վիճակն է։ Բարի մարդը՝ նո՛յն մարդն է, հապա անոր նկարագիրը, վիճակը փոխուած եւ չար մարդու հանգամանք առած է։ Ճիշդ՝ թարմ խնձորի մը նման՝ որ համեղ է եւ ախորժալի, եւ քանի մը օր մնացած՝ փտած, անհամ, անախորժ խնձորի մը նման։
Արդարեւ խնձորը նոյն խնձորն է, որուն երկու տարբեր վիճակներն են՝ համով կամ անհամ ըլլալը։ Ահաւասիկ, մարդուս բարութիւնը կամ չարութիւնն ալ խնձորի երկու վիճակներուն կը նմանի՝ բնականը, ստեղծուած վիճակով բարի է, բայց հետզհետէ, ընկերային, միջավայրի եւ շրջապատի զանազան ազդեցութիւններով կը չարանայ, այսինքն՝ կ՚այլասերի, կը փոխուի։ Բայց մարդը նո՛յն մարդն է՝ վիճակը կամ նկարագիրը կը փոխուի։ Ուրեմն աստուածային ստեղծագործութեան ընդհանուր ծրագրին մէջ «չար մարդ» եւ չարութիւն գոյութիւն չունի՝ չարը աւելի վերջ, որոշ պայմաններու ազդեցութեամբ կը գոյանա՛յ, բայց ո՛չ երբեք՝ ստեղծուած չէ՛։ Արդէն «չար»ի ստուգաբանութեան եզրակացութիւնը այն է, թէ՝ «չար»ը «չարարած» է, այսինքն՝ չստեղծուա՛ծ։ Ուրեմն մարդ բարի կը ծնի եւ կ՚այլափոխուի՝ չար նկարագրի տէր կ՚ըլլայ, չարիք կը խորհի եւ չարութեամբ կը գործէ։
Կարգ մը ոճրաբաններ կ՚ըսեն, թէ մարդուն մէջ չարութեան, ոճրագործութեան սերմը գոյութիւն ունի, եւ եթէ պատեհ առիթը կամ յարմար միջավայրը գտնուի՝ կը յայտնուի։ Ոմանց մէջ բնաւ չի յայտնուիր, ոմանց մէջ միջավայրի համեմատ կը զօրանայ եւ գործնականութեան կ՚անցնի։ Բայց այս տեսութիւնը մարդուն արարչութեան նպատակին, կերպին եւ մանաւանդ կոչումին հետ անհամապատասխա՛ն է. քանի որ անոր արարչութիւնը գերագոյն «Բարի»ին կողմէ կատարուած է՝ «Բարի»ին նմանութեամբ եւ «Բարութեան» պատկերով։ Ապա ուրեմն մարդուն մէջ չարութեան սերմ ենթադրել ներհակ է իր արարչութեան կերպին, նպատակին եւ իմաստին։
Մարդ բարի՛ է, կ՚այլասերի եւ չա՛ր կ՚ըլլայ…։
Պահ մը, իմ սիրելի ընթերցող բարեկամներ, կը հրաւիրեմ ձեզ խորհելու, թէ՝ «ո՞վ է բարին» եւ «ինչո՞ւ համար բարի է»։ Պատասխաններ կրնան բազմաթիւ ըլլալ, զոր օրինակ, կարելի է ըսել, թէ՝ «բարին ա՛յն է, որ բարիք կը գործէ», եւ կամ դարձեալ՝ «բարի է, քանի որ ան չար չէ՛»։ Այս պատասխաններէն կարելի կ՚ըլլայ հետեւցնել, թէ չարը պէտք է գոյութիւն ունենայ, որպէսզի բարին յայտնուի, եւ ճանչցուի՛։ Ուստի բարին՝ «բարի» է չարին բաղդատմամբ, բարին՝ «բարի» է չարին նկատմամբ եւ վերջապէս բարին՝ «բարի՛» է չարին համեմատութեամբ։
Ահաւասիկ պատճառը՝ թէ ինչո՛ւ արտօնուած է չարին, ինչո՛ւ թողուած է, որ չարութիւնը գործէ։
Եթէ «չար» եզրը չըլլայ՝ բարին ինչպէ՞ս պիտի յայտնուի, ինչպէ՞ս իր գոյութիւնը ցոյց տայ մարդկային մտքին եւ ինչպէ՞ս բարիին «բարի» ըլլալը հասկցուի, բարիի գաղափարը եւ բարիի ըմբռնումը կարելի պիտի ըլլայ սահմանել։ Արդարեւ, մարդկային մտքին բարիի գաղափարը կը յայտնուի՝ չարի գաղափարին հետ ծանօթանալով եւ ըսելով՝ այս չա՛ր է, ուրեմն անոր հակառակը, հակապատկերը՝ բարի՛…։
Ուրեմն, բարին սահմանելու, բարիի գաղափարը եւ ըմբռնումը իմանալու համար հարկ է չարի գաղափարին եւ ըմբռնումին գոյութիւնը եւ ճանաչումը։ Եթէ չարը գոյութիւն չունենար, «բարի»ն ինչի՞ բաղդատմամբ եւ ի՛նչ համեմատութեամբ պիտի սահմանուէր։ Ուստի եւ չա՛րն է եւ կը յայտնէ բարին։ Չա՛րն է որ լրումին կը հասցնէ բարին եւ լռելեայն կ՚ըսէ.- ես չա՛րն եմ, իսկ ան՝ բարի՛ն։ Այս կարելի է նմանցնել խաւարին՝ որ կ՚աւետէ լոյսը, կամ տրտմութեան՝ որուն կը յաջորդէ ուրախութի՜ւնը։ Արդարեւ ամէն արժէք կը յայտնուի ու կը ճանչցուի, արժէք կը ստանայ իր հակապատկերով՝ իր հակադիր արժէքով, անոր հետ բաղդատուելո՛վ։ Ուրեմն, հարցնենք. եթէ չարը չըլլար՝ բարին արժէք մը պիտի ներկայացնէ՞ր, կամ որպէս բարի պիտի ճանչցուէ՞ր, թէ՝ պարզապէս բնական երեւոյթ մը, պատահական իրողութիւն մը, բայց ո՛չ՝ մեր ըմբռնած կերպով «բարի՛»։ Մարդ բարութիւն կը գործէ, բարիք կ՚ընէ՝ չարին նկատմամբ, չարին հետ համեմատելով։ Ինչպէ՛ս որ սեւը՝ «սեւ» է, եւ ճերմակը՝ «ճերմակ» եւ եթէ չըլլար ճերմակը՝ սեւը «սեւ» պիտի չկոչուէր, այլ գոյն մը, տեսանելի երեւոյթ մը, կամ եթէ տեւական լուսաւոր ըլլար աշխարհ, լոյսին պիտի չանդրադառնային մարդիկ, այնպէս ալ՝ չարը գոյութիւն ունենալուն համար է, որ մարդիկ կ՚անդրադառնան բարիին եւ կը գերադասեն զայն չարին։ Չա՛րն ալ ունի իր դերը աստուածային ստեղծագործութեան ընդհանուր ծրագրին մէջ…։
Օրինակները կարելի է բազմացնել այս մասին։
Եթէ չըլլար տգեղը, ապա ուրեմն ինչպէ՞ս կարելի պիտի ըլլար «գեղեցիկ»ի գաղափարը ունենալ, եւ եթէ չըլլար տգիտութիւն, գիտութեան արժէքը ինչպէ՞ս պիտի գիտցուէր։ Ուրեմն որեւէ «արժէք» իր արժէքը կը յայտնէ իր հակապատկերին հետ բաղդատման շնորհիւ…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Դեկտեմբեր 15, 2015, Իսթանպուլ