ԱՅՐ-ՄԱՐԴԸ ԵՒ ԿԻՆ-ՄԱՐԴԸ

Ո՜ր­քան խորհր­դա­ւոր եւ ճշմա­րիտ ըմբռ­նում մըն է՝ այն որ աս­տուա­ծա­յին ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեան մէջ կը տես­նուի կին-մար­դու եւ այր-մար­դու հա­ւա­սա­րու­թիւ­նը։

Ար­դա­րեւ, եբ­րա­յե­ցե­րէն «իշ» եւ «իշ­շա», այ­սինքն՝ «այր» եւ «կին» միա­սին կը կազ­մեն «մարդ»ը, հա­ւա­սա­րա­պէս կրե­լով Աս­տու­ծոյ պատ­կե­րը։ Ուս­տի, կի­նը այր-մար­դէն ստեղ­ծուե­ցաւ, սուրբ գրա­կան ճշմար­տու­թեան հա­մա­ձայն այ­րը կնոջ­մէ չստեղ­ծուե­ցաւ։ Ա­սի­կա հա­կա­սու­թիւն մը չի ստեղ­ծե՞ր այն ի­րո­ղու­թեան, թէ՝ այրն ալ կնոջ­մէ ծնած է, եւ եր­կուքն ալ՝ թէ՛ այր-մար­դը եւ թէ՛ կին-մար­դը եւ ա­մէն­քը՝ Աս­տուծ­մէ՛։ Եւ կին-մար­դը ե­ղաւ բո­լոր կեն­դա­նի­նե­րուն մայ­րը՝ ապ­րող հո­գի­նե­րուն։

Սա բա­ցա­յայտ է՝ կին-մար­դը ստեղ­ծուե­ցաւ այր-մար­դէն եւ այդ կին-մար­դը ե­ղաւ բո­լոր այ­րե­րու եւ կի­նե­րու ծնունդ տուո­ղը՝ մա՛յր։

Այս ի­մաս­տով՝ կի­նը ե­ղաւ Աս­տու­ծոյ գոր­ծա­կա­տա­րը եւ գոր­ծա­կի­ցը՝ մար­դուն ծնունդ տա­լու բարձր պար­տա­կա­նու­թեան եւ պա­տաս­խա­նա­տուու­թեան շնոր­հիւ։

Եւ երբ ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեան ա­ռա­ջին պա­հէն իսկ երբ կին-մար­դը ամ­բող­ջաց­նո­ղը կամ լրա­ցու­ցիչն է այր-մար­դուն, ո­րոնք միա­նա­լով «մարդ»ը կը ստեղ­ծեն, ո­րուն կ՚ը­սենք «ծնունդ»։­

Աս­տուած մար­դը ստեղ­ծեց եւ յե­տոյ այր-մարդ եւ կին-մարդ բաժ­նե­լով՝ ա­նոնց վերս­տին ամ­բող­ջու­թիւն կազ­մե­լով, դար­ձեալ մար­դուն ծնուն­դը ա­պա­հո­վեց։ Եւ այս­պէս՝ ա­ռա­ջին մար­դը «ստեղ­ծուե­ցաւ», իսկ ա­ւե­լի վերջ, մար­դը ծնե­լով բազ­մա­ցաւ, սե­րունդ­ներ շա­րու­նա­կեց ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւ­նը։ Այս պատ­ճա­ռով է, որ կ՚ը­սուի, թէ՝ ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւ­նը, ա­րար­չու­թիւ­նը չէ վեր­ջա­ցած, տար­բեր կեր­պով կը շա­րու­նա­կուի եւ կը տե­ւէ՝ մին­չեւ որ ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեան եւ ա­րար­չու­թեան ծրա­գի­րը կա­տա­րե­լա­գոր­ծուի։

Ու­րեմն երբ ստեղ­ծա­գոր­ծու­թե­նէն եւ ա­րար­չու­թե­նէն իսկ եր­կու­քը՝ այր-մար­դը եւ կին-մար­դը հա­ւա­սար են, քա­նի որ «մարդ»ը ամ­բող­ջաց­նող­ներ են, ի­րա­րու լրա­ցու­ցիչ հա­ւա­սար մա­սեր։ Այս ի­րո­ղու­թեան մէջ, հասկ­նալ կա­րե­լի չէ, թէ ին­չո՞ւ սա­կայն, դա­րե­րո՜ւ, շրջան­նե­րո՜ւ նուի­րա­գոր­ծած այն ար­մա­տա­ցած նա­խա­պա­շա­րու­մը հա­լա­ծած է կին-մար­դը՝ ո­րու հա­մա­ձայն ան ստո­րա­դա­սուած է այր-մար­դուն նկատ­մամբ։

Երբ խոր­հի մարդ, շատ ալ դժուար չըլ­լար հասկ­նալ։

Սա յայտ­նի ի­րա­կա­նու­թիւն է, թէ՝ մարմ­նա­կան-ֆի­զի­քա­կան, ինչ­պէս նաեւ հո­գե­կան-բա­րո­յա­կան աշ­խար­հի մէջ զօ­րա­ւո՛րն է որ կը յաղ­թէ եւ կը տի­րա­պե­տէ։ Ա­պա ու­րեմն, այ­րը մարմ­նա­պէս զօ­րա­ւոր ըլ­լա­լուն պատ­ճա­ռով, կրցած է իշ­խել կնոջ՝ ո­րուն ֆի­զի­քա­կան կազ­մուած­քը ե­ղած է այր-մար­դուն նկատ­մամբ ա­ւե­լի փա­փուկ, չը­սե­լու հա­մար ա­ւե­լի տկար, եւ ա­ւե­լի նուրբ։ Հե­տե­ւա­բար կի­նը ա­ւե­լի տրա­մա­դիր ե­ղած է անձ­նատ­րու­թեան։ Դա­րե­րու ըն­թաց­քին, միշտ տկա­րը պար­տուած է, եւ հպա­տակ դար­ձած՝ զօ­րա­ւո­րին։ Բնու­թեան օ­րէն­քը այս է եւ օ­րէն­քը գոր­ծադ­րուած է նաեւ այր եւ կնոջ ի­րա­րու նկատ­մամբ դիր­քե­րուն ո­րոշ­ման մէջ։

Ուս­տի բիրտ ու­ժի տի­րա­պե­տու­թեան շրջա­նի մը մէջ ան­կա­րե­լի՛ է սպա­սել բա­րո­յա­կան բարձր հաս­կա­ցո­ղու­թիւն այր-մար­դու եւ կին-մար­դու փոխ­յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու բնա­ւո­րու­թեան եւ նկա­րագ­րին մէջ։ Եւ այս ընդ­հա­նուր վի­ճա­կը շա­րու­նա­կած է դա­րե՜ր եւ նոյ­նիսկ մեր օ­րե­րուն կարգ մը շրջա­նակ­նե­րու մէջ՝ ուր եր­կու սե­ռե­րու բնա­կան հա­ւա­սա­րու­թեան գա­ղա­փա­րը յա­ճախ հիմնուած չէ դժբախ­տա­բար լուրջ եւ ողջ­ա­միտ տե­սու­թեան մը վրայ։

Այր-մար­դու տի­րա­պե­տու­թեան նա­խա­պա­շա­րեալ հաս­կա­ցո­ղու­թիւ­նը դա­րե­րէ ի վեր այն­քան հաս­տա­տուած ու ար­մա­տա­ցած է, որ եր­բեք դիւ­րին չէ ե­ղած ա­զա­տուիլ այդ սխա­լէն եւ ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեան եւ ա­րար­չա­գոր­ծու­թեան հաս­տա­տու­մով կա­յա­ցած հա­ւա­սա­րու­թիւ­նը ժխտող եւ ու­րա­ցող մո­լու­թե­նէն։ Այր-մար­դու եւ կին-մար­դու ան­հա­ւա­սա­րու­թիւ­նը հա­կա­ռակ է եւ հա­կա­սա­կան՝ ա­րար­չա­գոր­ծու­թեան ծրագ­րին՝ ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեան պատ­ճա­ռին, նպա­տա­կին եւ ի­մաս­տի՛ն։

Բնա­կա­նը՝ այր-մար­դու եւ կին-մար­դու հա­ւա­սա­րու­թիւնն է, իսկ ան­հա­ւա­սա­րու­թիւ­նը՝ անբ­նա­կա՛ն։ Ար­դա­րեւ, խոր­հե­ցէ՛ք պահ մը, սի­րե­լի՜­ներ, զի­րար լրաց­նող եր­կու տարր կա­րե­լի՞ է որ հա­ւա­սար չըլ­լայ, քա­նի որ ե­թէ մին չըլ­լայ՝ միւ­սը ան­կա­րող է ամ­բող­ջա­նա­լու՝ մարդ ըլ­լա­լու եւ մարդ «ստեղ­ծել»ու։ Աս­տուած միա՛յն մէկ է եւ ա­ռանց լրա­ցու­ցիչ տար­րի կրնայ ստեղ­ծել, կրնայ ա­րա­րել, կրնայ ը­նել միայն մէկ խօս­քով, «թող ըլ­լա՛յ» եւ կ՚ըլ­լայ։ Բայց մարդ միշտ օգ­նա­կա­նի մը՝ լրա­ցու­ցիչ տար­րի մը կը կա­րօ­տի, քա­նի որ Աս­տուած չէ՛, այլ՝ Աս­տու­ծոյ գոր­ծա­կա­տա­րը, թե­րեւս գոր­ծա­կի­ցը, բայց ան­պայ­մա՛ն Աս­տու­ծոյ կամ­քո՛վ։ Եւ ու­րեմն, մար­դը՝ «մարդ» ըլ­լա­լու, «մարդ» շա­րու­նա­կուե­լու հա­մար զի­րար լրաց­նող այր-մար­դու եւ կին-մար­դու զի­րար լրա­ցու­մին, ամ­բող­ջա­ցու­մին կը կա­րօ­տի։

Ու­րեմն մար­դոց մէջ սե­ռե­րու տար­բե­րու­թիւ­նը բնու­թեան ա­մե­նա­կա­րե­ւոր եւ խորհր­դա­ւոր ե­րե­ւոյթ­նե­րէն մի՛ն է։ Կեան­քին գո­յա­պահ­պան­ման եւ գո­յա­տեւ­ման հա­մար անհ­րա­ժեշտ է սե­ռե­րու տար­բե­րու­թիւ­նը։

Հոս շե­ղում մը ը­նենք եւ հարց­նենք. ե­թէ աշ­խար­հի վրայ սե­ռի այս տար­բե­րու­թիւ­նը չըլ­լար, ի՞նչ կ՚ըլ­լար։ Մար­դիկ ու­րիշ կեր­պով կը բազ­մա­նա­յին, եւ ո՛չ թէ ա­մէն ան­գամ «նոր մարդ» մը, նոր նկա­րա­գիր մը, այլ նոյ­նօ­րի­նակ, ա­մէն մէ­կը կար­ծես միւ­սին նմա­նօ­րի­նակ կամ կրկնօ­րի­նակ լու­սա­տի­պը կամ լու­սա­պատ­ճէ­նը պի­տի ըլ­լա­յին՝ նոյն նկա­րագ­րով։ Եւ այս ալ հա­կա­ռակ պի­տի ըլ­լար ան­շուշտ մար­դուս բա­նա­կա­նու­թեան եւ ա­զատ կամ­քի սկզբուն­քին։

Այ­սու­հան­դերձ, բնու­թեան մէջ կան շատ հե­տաքրք­րա­կան բա­ցա­ռու­թիւն­ներ՝ ո­րոնք չեն հա­մա­պա­տաս­խա­ներ սե­ռա­յին սո­վո­րա­կան տարբ­ե­րու­թիւն­նե­րու։ Զոր օ­րի­նակ, կեն­դա­նի­նե­րու աշ­խար­հին մէջ՝ խեց­գե­տի­նը, նա­խա­պէս ա­րու կ՚ըլ­լայ եւ յե­տոյ երբ տարի­քը յա­ռա­ջա­նայ, էգ կ՚ըլ­լայ։ Նոյնն է պարա­գան կա­րի­դոս­նե­րուն՝ թզուկ­նե­րուն (shrimp) հա­մար։ Կարգ մը ձու­կե­րու տե­սակ­նե­րու մէջ բո­լո­րո­վին հա­կա­ռա­կը կը պա­տա­հի, այ­սինքն էգ կը ծնին եւ ա­ւե­լի վերջ ա­րուի կը վե­րա­ծուին։ Կան նաեւ ու­լա­կան­ջի տե­սակ­ներ եւ խխունջ­ներ՝ ո­րոնք թէ՛ ա­րու եւ թէ՛ էգ են։ Իսկ միաբ­ջիջ նախ­նա­կան էակ­ներ՝ ման­րէ­ներ (bactérie), ո­րոնք սե­ռա­յին տար­բե­րու­թիւն չու­նին՝ ո՛չ ա­րու, ո՛չ էգ են եւ բա­ժա­նուե­լով կը բազ­մա­նան՝ նոյն օ­րի­նա­կով, ի­րա­րու նման էակ­նե­րու ձե­ւով։ Մար­դոց հա­մար նման սերն­դա­գոր­ծու­թեան մը մի­ջո­ցով բազ­մա­նա­լը խոր­հիլ ո՜ր­քան մտա­հո­գիչ եւ ան­տա­նե­լի կ՚ըլ­լար։ Ուս­տի սե­ռը՝ ա­րու կամ էգ ըլ­լա­լու էու­թիւ­նը ինչ­պէս բո­լոր կեն­դա­նի էակ­նե­րու, մա­նա­ւանդ մար­դուն ա­մե­նէն յատ­կան­շա­կան հան­գա­մանքն է, եւ այդ «տար­բա­րու­թիւն»ն է որ սե­րունդ­նե­րու՝ «նոր» եւ «իւ­րա­յա­տուկ» «ան­հատ-մարդ-անձ»ե­րու էու­թեան պատ­ճառ կ՚ըլ­լայ։ Եւ աշ­խար­հի վրայ, ան­ցեա­լին, ներ­կա­յին եւ ոչ ալ ա­պա­գա­յին ո՛չ մէկ ան­հատ միւ­սին բո­լո­րո­վին նոյն եւ նմա­նը կ՚ըլ­լայ, նոյ­նիսկ եր­կուո­րեակ­ներ՝ զու­գա­ծին­ներ։ Եւ իւ­րա­քան­չիւր «մարդ» ու­րոյն, յա­տուկ նկա­րա­գի­րը եւ ընդ­հա­նուր էու­թիւ­նը ու­նի։ Եւ այս յատ­կու­թիւնն է, որ «մարդ» էա­կին ար­ժա­նա­ւո­րու­թիւ­նը եւ ար­ժա­նա­պա­տուու­թիւ­նը կը կազ­մէ։ Այս է, ա­հա­ւա­սիկ «ան­հատ» ըլ­լա­լու, «ան­կախ» ըլ­լա­լու եւ բա­նա­ւոր էակ ըլ­լա­լու, ա­զատ կամ­քի տէ՛ր ըլ­լա­լու յատ­կու­թիւ­նը։

Եւ մարդ, ա­մէն բա­նէ ա­ռաջ «ան­հատ» մըն է՝ իւ­րա­քան­չիւ­րը ի՛նքն է, անձ է, թէեւ նմա­նու­թիւն­ներ ու­նի ու­րիշ­նե­րու հետ, բայց եր­բեք «նոյն»ը չէ՛…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Դեկ­տեմ­բեր 16, 2016, Իս­թան­պուլ

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 22, 2016