ՎՍՏԱՀՈՒԹԵԱՆ ԵԶՐԸ - Ա -

«Օրհնութիւն»ը վստահութիւն կը ներշնչէ, քանի որ Սաղմոսերգուն կ՚ըսէ. «Վասնզի Անոր ողորմութիւնը մեր վրայ մեծ է եւ Տէրոջը ճշմարտութիւնը յաւիտեա՛ն է» (ՍԱՂՄ. ՃԺԷ 2)։ Եւ դարձեալ. «Տէրը իմ հովիւս է, ես բանի որ կարօտութիւնը պիտի չունենամ» (ՍԱՂՄ. ԻԳ 1)։

Ուստի, թէ՛ հոգեւոր կեանքի մէջ, եւ թէ՛ աշխարհային-մարմնաւոր կեանքի մէջ վստահութիւնը կենսական դեր մը կը խաղայ։ Մարդ երբ կը վստահի, կը փարատի ամէն վախ, ամէն տարակուսանք եւ մտահոգութիւն։ Սա իրողութիւն մըն է, թէ վախը, իր ամենալայն իմաստով, վստահութեան՝ ապահով եւ անվտանգ կեանք ապրելու ամենամեծ արգե՛լքն է։ Վախը՝ թշնամին է վստահութեան, ապահովութեան։

Աստուած միշ՛տ վստահութիւն կը ներ-շընչէ, քանի որ Ան երբեք ոխակալ չէ՛, հաւատարի՛մ իր խոստումներուն, եթէ նոյնիսկ Իրեն հանդէպ անհաւատարիմ վարուին մարդիկ։

Այս պատճառով է որ Յիսուս յաճախ կ՚ըսէ.

«Մի՛ վախնար, այլ հաւատա՛»։

Աւետարանը կը վկայէ Յայրոսի աղջկան բժշկութեան, ինչպէս նաեւ տասներկու տարիէ ի վեր արիւնահոսութենէ տառապող կնոջ, որուն արիւնահոսութիւնը դադրեցաւ, երբ ան Յիսուսի հագուստին քղանցքին դպաւ։ (ՄԱՏԹ. Թ 18-26, ՄԱՐԿ. Ե 21-43 եւ ՂՈՒԿ. Ը 40-56)։

Այս համարներուն մէջ կը տեսնուի Յիսուսի վստահութեան եւ հաւատալու կարեւորութիւնը, ուր բժշկուեցաւ կին մը եւ վերակենդանացաւ Յայրոսի աղջիկը։ Արդարեւ, այս երկու հրաշքներու միջեւ կայ ներքին կապ մը՝ ուր ցոյց կու տայ Յիսուսի վստահելու անհրաժեշտութիւնը։

Յայրոս անունով «ժողովրդապետ» մը կու գայ եւ Յիսուսէ կը խնդրէ, որ իր մահամերձ աղջիկը բժշկէ։ Աղջիկը՝ որ տասներկու տարեկան էր եւ Յայրոսի մէկ հատիկ աղջիկն էր։ Յայրոս, թերեւս չէր հաւատար, բայց երբ ստիպուեցաւ, անել վիճակի մատնուեցաւ, դիմեց Յիսուսի եւ բժշկութիւն խնդրեց անկէ իր զաւկին համար։

Ուստի մարդ երբեմն «կը ստիպուի հաւատալ եւ վստահիլ», եթէ նոյնիսկ ընդհանրապէս հաւատացող մը չէ եղած իր կեանքի ընթացքին։ Եւ ասիկա ցոյց կու տայ, թէ՝ հաւատալ եւ վստահիլ՝ ի վերջոյ պահանջք մըն է մարդուս համար, որ ի պահանջել հարկին կը դիմէ՝ օգնութիւն եւ զօրակցութիւն խնդրել մէկէ մը՝ որ նախապէս չէր վստահիր եւ չէր հաւատար անոր կարողութեան։

Մարդկային տկարութեան, անկարողութեան օրինակ մը եւ մանաւանդ ապացոյց մըն է ասիկա, թէ՝ մարդ երբեք ինքնաբաւ չէ՛, եւ կը կարօտի միշտ աւելի զօրաւորի մը, աւելի կարողի մը։

Յիսուս, խուճապի մատնուած Յայրոսը մխիթարեց եւ երբ դէպի անոր տունը կ՚ընթանար, ահա կին մը, տասներկու տարիէ ի վեր արիւնահոսութիւն ունեցող կին մը դը-պաւ Անոր հագուստին եւ անմիջապէս բժշկը-ւեցաւ։ Կերպով մը, պահ մը, կինը ընդմիջեց եւ ընդհատեց Յիսուսի գնացքը դէպի Յայրոսին տունը։ Մինչդեռ Յայրոս կ՚աճապարէր, քանի որ իր աղջիկը արդէն մահամերձ էր եւ ամէն վայրկեան կարեւո՛ր էր իրեն համար։

Այս դէպքը, ահաւասիկ երկու տեսակէտէ կարեւոր է, նախ, կը նշանակէ, որ Յիսուսի համար ամէն մարդու ցաւը, վիշտը կարեւոր է, եւ Ան կը հետաքրքրուի թէ՛ ծանր եւ թէ՛ թեթեւ ցաւերով, թէ՛ մեծ եւ թէ՛ փոքր հիւանդութիւններով, բոլորին կեանքը արժէք կը ներկայացնէ Անոր համար եւ խտրութիւն չի դներ մարդոց միջեւ։

Արդարեւ, մարդիկ կը կարծեն, որ միա՛յն իրենց իւրաքանչիւրին ցաւը եւ վիշտը մեծ է եւ կարեւո՛ր, բայց ամէն ցաւ եւ վիշտ ծանր է զայն կրողին համար։

Ուստի ամէն ցաւ վիշտ կը պատճառէ ամէն ապրողի համար, եւ ուրեմն Յիսուս կը հետաքրքրուի բոլորին հետ, հաւասարասպէ՛ս։

Յետոյ, կինը որ բժշկուեցաւ, օրինակ մը եղաւ Յայրոսի, թէ երբ տասներկու տար-ւան հիւանդութիւնը բժշկուեցաւ, ապա ուրեմն իր զաւկին հիւանդութիւնն ալ կրնար բժշկուիլ Յիսուսի միջամտութեամբ։ Ուստի կինը լաւ օրինակ մը եղաւ վշտահար հօր՝ Յայրոսի՛ն։

Բայց հաւատքի եւ վստահութեան համար անհրաժեշտ է տեւականութիւնը եւ յարատեւութիւնը։ Այն վստահութիւնը, որ տեւական չէ, ապա ուրեմն հոն հաւատք գոյութիւն չունի։

Եւ հոն, ուր բժիշկը անկարող է, հոն պէտք է ըլլայ յոյս՝ Յիսուս, քանի որ Ան է կեանքի աղբիւրը, Ան է Փրկիչը։

Սա յստակ է, թէ Աստուած երբեք չի՛ սխալիր, եւ Անոր ամէն գործը ճշմարի՛տ է։

Եւ ահաւասիկ, ճիշդ այդ պահուն էր, երբ Յայրոսին հասաւ իր զաւկին մահուան գոյժը՝ բօթը։ Բնականաբար ցնցուեցաւ Յայրոս եւ թերեւս պահ մը կորսնցուց իր հաւատքը, վստահութիւնը եւ յուսալքուեցաւ։ Բայց Յիսուս ըսաւ.

«Մի՛ վախնար, միայն հաւատա՛»։

Խօսք մը՝ որ բոլորս պէտք է լսենք մեր նեղութեան պահերուն՝ հիւանդութեան, անյաջողութեան եւ մինչեւ իսկ կորուստներու պահուն։

Արդարեւ, մանաւանդ որդեկորոյս ծնողները մխիթարել շատ դժուար է եւ անկարելի, բայց միայն Աստուծոյ Խօսքն է, որ կը մխիթարէ զանոնք։

«Մի՛ վախնար, միայն հաւատա՛»։

Վախը, արդարեւ, Սատանային ամենակարեւոր գործիքն է։ Ան միշտ կ՚օգտագործէ վախը։ Ուստի վախի պատճառով է, որ Պետրոս չկրցաւ քալել ջուրին վրայ, վախին պատճառով է, որ Յիսուսի աշակերտները լքեցին զայն եւ հեռացան, եւ մինչեւ իսկ ուրացան զԱյն։ Սատանան հետզհետէ վախ կ՚առաջացնէ մեր մէջ, ահա այդ պահերուն մտիկ ընենք Յիսուսը. «Մի՛ վախնար, միայն հաւատա՛»։

Վախէն ազատողը, վախին վրայ յաղթանակ տանողը Յիսուսն է։ Անոր ներշնչած վստահութիւնը կը փարատէ ամէն վախ, բայց վստահութիւնը պէտք է յարատեւ եւ տեւակա՛ն ըլլայ։

«Մի՛ վախնար, միայն հաւատա՛»։ Այս խօսքն է, որ մեզ պիտի փրկէ ամէն նեղութենէ, մինչեւ իսկ կորուստներու պատճառած վիշտէ։

Կինը՝ որ բժշկուեցաւ, տաճար չէր կրնար երթալ իր հիւանդութեան պատճառով, այլ Յայրոս իր պաշտօնին բերմամբ ամէն օր տաճարին մէջն էր։

Այս ալ ցոյց կու տայ, թէ կարեւորը հաւա՛տքն է, զօրաւոր եւ հաստատ, յարատեւ հաւա՛տքը։ Եւ հաւատքը թողուլ կը նշանակէ՝ չվստահիլ, ապաւէնը կորսնցնել…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Դեկտեմբեր 6, 2017, Իսթանպուլ

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 22, 2017