ԲՈԼՈՐՍ ԱԼ ԳՈՂ, ԱՐԲԵՑՈՂ ԵՒ ԲՈԶ ԵՆՔ…

Յաճախ լսուած է, թէ կիները կը բամբասեն, սակայն աւելի ճի՛շդ պիտի ըլլար ըսել «հայերը» կը բամբասեն, որովհետեւ ունիմ այն համոզումը, որ աշխարհի վրայ առաջին բամբասողը հայ մը եղած պէտք է որ ըլլայ: Ի դիմաց աշխարհին, յաճախ յայտնի կը դառնանք ճատրակի եւ կամ մեր անզուգական տուտուկին ճամբով, սակայն իրականութեան մէջ բամբասանքը շատ աւելի առաջնահերթ տեղ ունի, որովհետեւ ամէն հայ չէ որ ճատրակ կը խաղայ կամ տուտուկ կը նուագէ, սակայն մեծ է հաւանականութիւնը այն տեսութեան, ըստ որուն ամէ՛ն հայ կը բամբասէ:

Բամբասանքը ազգային դիմագիծ դարձուցած հայերս պէտք է լուրջ ձեւով մտածենք մեր հայ մատենագիտութեան մէջէն վերացնելու Յովհան Մանդակունիի «Ճառք» աշխատութիւնը, որովհետեւ այդ գիրքին գոյութիւնը մարդկութիւնը՝ մանաւանդ հայերս կը դէպի դժոխք առաջնորդելէ բացի գործի մը կրնայ չծառայել: Իսկ եթէ պահ մը ենթադրենք, թէ ճշմարիտ են Հայրապետին այդ աշխատութեան մէջ գրածները... ողբա՜մ զքեզ հայոց աշխարհ. այդ պարագային պէտք է վստահ ըլլալ, թէ դրախտի մէջ գտնուող հայերը թիւով շա՜տ շատ քիչ են դժոխքի հայերէն՝ որոնք մեծամասնութիւն կը կազմեն այդտեղ:

Եթէ ընդունինք Մանդակունի Հայրապետին ըսածները, ապա պէտք է ընդունինք նաեւ որ մեզմէ իւրաքանչիւրը գող, արբեցող ու բոզ է՝ նոյնիսկ եթէ կեանքին մէջ երբեւէ ուրիշի ստացուածքը գաղտուկ չէ սեփականացուցած, անուշահոտ գինիէն չէ՛ հարբած եւ կամ սեռային անբարոյ յարաբերութիւն մէջ չէ գտնուած: Յովհան Մանդակունի Հայրապետ իր «Ճառք» աշխատութեան 10-րդ գլխուն մէջ հետեւեալ հաստատումը կը կատարէ.-

1.- Եթէ մէկը գողութիւն կատարեց եւ ուրիշ մը այդ գողը բամբասեց... նոյնքա՛ն գող է՝ ինչքան գողը:

2.- Եթէ մէկը արբեցաւ եւ ուրիշ մը բամբաստեց... նոյնքա՛ն արբեցող է՝ ինչքան բամբասուող գինովը:

3.- Եթէ մէկը շնութիւն ըրաւ եւ ուրիշ մը բամբասեց... նոյնքա՛ն բոզ է՝ ինչքնան նոյնինքն բոզը:

Հայրապետի համոզումով բամբասողը հաւասարապէս արժանի է այն պատիժին՝ ինչին արժանի է գողը, արբեցողն ու բոզը, որովհետեւ «զտանջանս ամենայն մեղացն զոր գործեացն՝ է պատրաստեալ զնոյն տանջանս եւ բամբասողացն հաւասար» ըլլալը կը վկայէ Հայրապետը, աշխարհի վրայ գոյութիւն ունեցող բոլոր մեղքերը հաւասարեցնելով բամբասանքին, յորդորելով իւրաքանչիւրս «զի եթէ գարշիս 'ի շնութենէ, գարշեա եւ 'ի բամբասանաց. զի եթէ չար է շնութիւն, հաւասար առնէ եւ զբամբասողութիւնն». Հայրապետին այս խօսքերը արդէն իսկ վկայութիւն են մեր ժողովուրդին մէջ արմատ գտած բամբասանքի ախտի հնութեան, մանաւանդ երբ նկատի ունենանք որ Յովհան Մանդակունի Հայրապետ ապրած է մեր թուականէն աւելի քան 1500 տարիներ առաջ...:

Մեր բամբասելու արուեստը իր մէջ ունի «մենք այդպէս չենք»ի պահուած զգացում մը, ինչ որ աւելի ուժ եւ կորով կու տայ բամբասելու, առանց գիտակցելու որ «այդպէս չեղողները» անգամ «այդպէս եղող»ներուն հետ հաւասար պիտի դատուին:

Հաւատացէ՛ք, որ եթէ Քրիստոս հայ ծնած ըլլար, այսօր Աստուածաշունչի էջերէն շա՜տ աւելի ծաւալուն անոր բամբասանքներու մասին աշխատութիւն մը կ՚ունենայինք, որովհետեւ մեր բամբասելու կարողութիւնը սահմաններ չի՛ ճանչնար. Մանուկ Աբեղեան իր «Ս. Գրիգոր Նարեկացի» աշխատութեան երկրորդ գլուխին մէջ կը գրէ. «Նարեկացին ունեցել է նաեւ թշնամիներ ու բամբասողներ եւս», որովհետեւ Նարեկացի իր Ողբերգութեան 83-րդ գլխուն մէջ ինքզինք կը կոչէ. «զսուրբս բամբասողաց», իսկ Ղեւոն Ալիշան իր «Շնորհալի եւ պարագայ իւր» աշխատութեան մէջ հետեւեալ բառերով կը նկարագրէ Շնորհալիի բամբասանքներու ենթարկուիլը.- «թողուցին իրենց տեղը, ինքնահալած գնացին յՈւռհա, եւ սկսան ուրիշներուն հետ բամբասել զՇնորհալին ալ...»: Մեր ձեռքէն գայ զԱստուած ալ կը բամբասենք...:

Կապկելով հայերու բամբասանքին հանդէպ ունեցած սէրը, Յակոբ Պարոնեան «Պտոյտ մը Պօլսոյ թաղերու մէջ» աշխատութեան 26-րդ գլխուն մէջ կը կազմէ հայ կնոջ շաբաթական ծրագիրներու ցուցակը, որուն վերջին օրը՝ կիրակին հետեւեալ պատկերը կը պարզէ. «Կիրակի՝ եկեղեցի երթալ եւ վերջը զիրար բամբասել»:

Հետաքրքրական է սակայն, որ մեր բոլոր բամբասանքները սկիզբ կ՚առնեն «խօսքը մեր մէջ» ըսելով... սակայն կը վերջանան ամբողջ աշխարհին իմաց տալով, որովհետեւ մե՛նք եւս գիտենք, թէ այդ խօսքը երբեւէ մեր մէջ չի՛ մնար: Խառնուեցէ՛ք մեր ժողովուրդին եւ լսեցէ՛ք, թէ երկու Կաթողիկոսները միատեղ քանի զաւակ ունին, ո՞վ իր ամուսինէն բացի այլ տղամարդոց կարիքները կը բաւարարէ. ո՞ր տունին մէջ երէկ գիշեր կռիւ տեղի ունեցաւ, ամուսնացեալ զոյգերը ինչո՞ւ համար զաւակ չունեցան... եւ այսպէս անվերջ ինչուներու եւ ինչպէսներու շարք մը կարելի է գտնել, որովհետեւ մեր մէջ ինչուները որովհետեւներէն թիւով շա՜տ շատ են:

Բայց պէտք չէ անտեսել մեր առաջատար բամբասողներու «ես ուրիշին ետեւէն խօսիլ չեմ սիրեր» նշանաւոր խօսքը. խօսք՝ որ գաղտնաբառն է բամբասողներուն, դիմացինը եւս հրաւիրելու ուշադրութեան եւ հասկցնելու, որ պատրաստ է ընկալել բոլո՛ր այն գաղտնիքները, որոնք «իրենց մէջ պիտի մնան...»:

 

ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -127-

Ամիս մը առաջ Լիբանանէն զանգեց բարեկամ մը՝ որ երկա՜ր, շատ երկար ժամանակ չէր զանգած։ Զարմացայ: Ինչպէ՞ս պատահեցաւ որ յանկարծ յիշեց եւ որոշեց զանգել...: Այս հարցումին պատասխանը շատ չուշացաւ:

Որպիսութիւնս հարցնելէ ետք անմիջապէս ըսաւ. «Լսեցի՞ր...». հայկական աւանդութեան համաձայն մի՛շտ այս բառին կը յաջորդէ բամբասանք մը. եկեղեցական մը կարգալոյծ եղած էր եւ անձը իր աւանդութեան համաձայն մէկ առ մէկ կը զանգէր իր հեռաձայնի ցանկին մէջ գտնուողներուն... հնարաւորինս շուտ տարածելու համար այդ լուրը:

Շատ մեծ հաւանականութեամբ մի քանի ամիս դարձեալ ձայնը չլսեմ՝ մինչեւ նոր բամբասելու եւ տարածելու դէպք մը պատահի...:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 22, 2022