ԵՐԵՒԻԼ ԱՅՆՊԷՍ՝ ԻՆՉՊԷՍ ՈՐ Է

«Մարդիկ կան, որ զիրենք հարուստ ցոյց կու տան, բայց բան մը չունին. մարդիկ կան, որ զիրենք աղքատ կը ցուցնեն, բայց շատ հարստութիւն ունին»։

ԱՌԱԿԱՑ ԺԳ 7

Առակախօսին, դարե՜ր առաջ ըսած այս խօսքերը ո՜րքան կը յարմարին նաեւ մեր օրերու կարգ մը մարդոց, որոնք կը ջանան երեւիլ իրենց շուրջիններուն այնպէս, ինչպէս որ չեն երբեք եւ թէ պիտի չկարենան ըլլալ։

Ֆրանսական առակը կ՚ըսէ.- Սքեմը չէ՛ որ մարդուս արժէքը կ՚աւելցնէ, մա՛րդն է որ սքեմին արժէքը ցոյց կու տայ։ Իսկ Մեւլանա կը յորդորէ.- Կա՛մ տեսնուածիդ պէս եղիր, կա՛մ եղածիդ պէս տեսնուէ։

Առակախօսէն մինչեւ մեր օրերը, ընդհանրապէս, մարդիկ մեծ ջանք են թափած իրենց եղածէն տարբեր ցոյց տալու իրենք զիրենք, քանի որ երբեք չեն կրցած տիրանալ այն դիրքին կամ աստիճանին՝ որ երեւակայած են, եւ այդ մտայնութեամբ ալ երբեք պիտի չկարենան հասնիլ իրենց երեւակայած դիրքին եւ աստիճանին։ Եւ ինչպէս Առակախօսը կ՚ըսէ, համեստ դիրքի տէր մէկը ինքզինք «հարուստ» ներկայացնել կը փորձէ… եւ անշուշտ յուսախաբ կ՚ըլլայ։

«Դիմակ»ով ներկայանալ, աւելի ճիշդը՝ ուրիշ մէկը ներկայացնող դիմակով մը ներկայանալ իր շուրջիններուն, նոյնիսկ իր մերձաւորներուն։ Ասիկա մէկ խօսքով՝ խարդախութիւն չէ՞, եւ ինքնախաբէութի՛ւն։

Այս օրինակին մէջ, մէկու մը ինքզինք «հարուստ» ցոյց տալը, մարդկային հոգեբանութիւնը նկատի առնելով մասամբ հասկնալի, բայց ո՛չ ներելի կարելի է նկատել։ Բայց հարուստ մէկու մը ինքզինք «աղքատ», չքաւոր ցոյց տալը ինչպէ՞ս կարելի է հասկնալ եւ իմաստ մը տալ այդ խաբէութեան։

Ճանչցած ենք հարուստներ իրենք զիրենք միշտ աղքատ, չքաւոր ցոյց են տուած։

Արդեօք, համեստութեան, խոնարհութեան ոգիով կատարուած անմեղ արտայայտութիւն մըն է այս երեւոյթը։ Ո՛չ, երբեք, քանի որ իրենք խոստովանած են որ այդպէս կ՚երեւին, որպէսզի չքաւորներ չմօտենան իրենց եւ օգնութիւն չխնդրեն։ Ի՜նչ մտայնութիւն… Թերեւս սատանան իսկ պիտի չկարենար խորհիլ այդքանը. աղքատ երեւիլ որպէսզի իրական աղքատներու օգնութեան չհասնի ինք, որ շատ բան ունի, հարո՛ւստ է։ Ինչ տեսակ հարստութիւն է ան. ցնցոտիներով շրջիլ, որպէսզի իսկապէս ցնցոտիներով ապրելու աշխատող խեղճ մարդոց չօգնէ, կարեկից չըլլայ անոնց։ Ատիկա ո՛չ թէ «հարստութիւն», այլ խեղճութիւն է եւ անխղճութիւն։

Ճանչցած ենք նաեւ մարդիկ, որոնք երբ կը զգային, թէ մէկը իրենցմէ օգնութիւն պիտի խնդրէ, անմիջապէս կը կանխէին զայն, ըսելով թէ իրենք ալ պէտք ունին նոյն օգնութեան։ Ահաւասիկ, մարդկային խեղճութիւն մը եւս։ Ո՜վ կը խաբես, ո՛վ խաբել կը կարծես, եթէ չես ուզեր օգնել՝ բացայայտ կերպով, համարձակ ըսէ, աւելի վստահութիւն կը ներշնչես, քան այդ կեղծ շարժումով։

Եւ երբ «հարստութիւն» կամ «չքաւորութիւն» կ՚ըսենք, խօսքը միայն նիւթականով հարստութեան կամ աղքատութեան մասին չէ. նկատի պէտք է ունենալ «հոգեկան» եւ «մտային» հարստութեան կամ չքաւորութեան պարագաները նաեւ։

Զոր օրինակ, ինքզինք մտքով «հարուստ» նկատող մէկը կրնայ ինքզինք դարձեալ մտքով «աղքատ» ձեւացնել, պարզապէս իր գիտութենէն օգտագործուելու առիթ չստեղծելու համար ուրիշներուն։ Այդպիսի մէկը որքան ալ ինքզինք մտքով «հարուստ» նկատէ, իրականին՝ ինքզինք մտքով «հարուստ» կարծող խեղճ մըն է, իր ունեցածը միայն իրեն պահող թշուա՛ռ մը։ Մինչդեռ իրական գիտութիւնը տարածուելով է որ կ՚աւելնայ, կը զարգանայ, չէ՞ որ մարդ «սորվեցնելով կը սորվի» միշտ։

Եւ ահաւասի՛կ հոս կը յիշենք Յիսուսի խօսքը. «Աւելի երջանկաբեր է տալը, քան առնելը». (ԳՈՐԾՔ. Ի 35)։ Երբ մարդ ունի, ապա ինչո՞ւ զրկէ ուրիշները որ չունին. չէ՞ որ մարդ ստեղծուած եւ կոչուած է իրերօգնութեան։ Ի՞նչ իմաստ կայ պահել միայն ինքզինքին բան մը, որ մարդ ունի, կամ ունենալ կը կարծէ։

Արդարեւ, ողջախոհութիւնը կը ներկայացնէ նկրտում մը գերազանցօրէն անձնակա՛ն, ան կ՚ենթադրէ մշակութային ճիգ մը, որովհետեւ անձին կատարելութեան եւ նոյնինքն ընկերութեան-հասարակութեան բարգաւաճումին միջեւ գոյութիւն ունի փոխադարձ ներքին կախեալութիւն մը։ Եւ ամէն մարդ իրաւունք ունի սորվելու, զարգանալու մտապէս եւ այս պատճառով գիտութիւնը ո՛չ թէ անձնական, այլ հասարակական արժէ՛ք մըն է։

Նոյնն է պարագան հոգեւոր հարստութեան եւ հոգեւոր աղքատութեան համար։ Ուղղամիտ ճշմարտասէր ըլլալ չի բաւեր, ուղղամիտ եւ ճշմարտախօս մարդը պարտի հասցնել եւ առաջնորդել մարդիկ, որոնցմէ կը պակսին այդ արժէքները։ Արդարեւ, մարդուն համար «բարի» կոչուիլ չի բաւեր, այլ պէտք է նաեւ «բարի ըլլալ», բարի գործ կատարել, եւ մանաւանդ բարեսէր մարդիկ հասցնել եւ անոնց առաջնորդ ըլլալ։

Նիւթականով, կա՛մ միտքով, կա՛մ հոգիով «հարուստ» մէկը պէտք է իր հարստութենէն բաժին հանէ ուրիշներուն, մանաւանդ անոնց՝ որոնցմէ կը պակսին անոնք։

Յիշենք դարձեալ Յիսուսի խօսքը.

«Մարդու Որդին, ինքն ալ, չեկա՛ւ ուրիշներու կողմէ սպասաւորութիւն ընդունելու, այլ սպասաւորելու…». (ՄԱՐԿ. Ժ 45)։

Չզլանանք մենք մեր կարելին ընելու…։

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Դեկտեմբեր 6 2022, Իսթանպուլ

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 22, 2022