ՍՈՒՐԲ ՍԱՐԳԻՍ ԶՕՐԱՎԱՐ

23 Յու­նուար 2016, Շա­բաթ օր, Սուրբ Սար­գի­սի տօնն է։

Ուս­տի կ՚ար­ժէ վեր­յի­շել, թէ ո՞վ էր Սուրբ Սար­գիս։

Սուրբ Սար­գիս ծնած էր քրիս­տո­նեայ ըն­տա­նի­քի մէջ, Կա­պա­դո­վիա­յի Քա­միր­քի շրջա­նը։ Ան ե­ղած էր զի­նուո­րա­կան եւ Կոս­տան­դիա­նոս կայս­րի թա­գա­ւո­րու­թեան շրջա­նին հա­սած էր մին­չեւ զօ­րա­վա­րի աս­տի­ճա­նին։ Երբ Կոս­տան­դիա­նոս կայս­րին յա­ջոր­դեց Յու­լիա­նոս Ու­րա­ցող կայս­րը, եւ երբ Սար­գի­սը տե­սաւ, որ կայս­րը կ՚ու­րա­նայ Քրիս­տո­սը, եւ աշ­խար­հիկ բար­քե­րը դար­ձեալ թա­փան­ցած են բա­նա­կի եւ ժո­ղո­վուր­դի մէջ, հե­ռա­ցաւ Բիւ­զան­դիո­նէն, ե­կաւ Հա­յաս­տան՝ Տի­րան թա­գա­ւո­րի մօտ։ Իսկ երբ տե­սաւ, որ իր ներ­կա­յու­թեան պատ­ճա­ռով Տի­րան թա­գա­ւոր ինքն ի­րեն ա­պա­հով եւ ու­ժեղ չի զգար բիւ­զան­դա­ցի­նե­րու դի­մաց, Հա­յաս­տա­նէն ալ հե­ռա­ցաւ ու գնաց Պարս­կաս­տան՝ ծա­ռա­յե­լու պար­սիկ­նե­րու Շա­պուհ ար­քա­յին։

Ինչ­պէս յայտ­նի է, այդ շրջա­նին եր­կու կա­րե­ւոր եւ ազ­դու ու­ժեր կա­յին։ Ա­րեւ­մուտ­քի մէջ Բիւ­զան­դա­կան կայս­րու­թիւ­նը եւ Ա­րե­ւել­քին՝ Պարս­կա­կան կայս­րու­թիւ­նը։

Այս եր­կու ու­ժե­րը, յա­ճախ, ի­րա­րու դէմ պա­տե­րազմ­ներ կը մղէին, որ­պէս­զի կա­րո­ղա­նան հո­ղա­յին տա­րա­ծու­թիւն­ներ գրա­ւել ի­րար­մէ եւ կամ Հա­յաս­տա­նի նման այս կամ այն եր­կի­րը ի­րենց իշ­խա­նու­թեան տակ առ­նել։ Պար­սիկ­նե­րու ար­քան Շա­պուհ շու­տով հասկ­ցաւ, որ Սար­գիս իր զի­նուոր­նե­րը քրիս­տո­նէա­կան ո­գիով կը դաս­տիա­րա­կէ։ Ուս­տի ան պաշ­տօ­նա­պէս իր քով հրա­ւի­րեց զայն, որ­պէս­զի մե­հեան­նե­րուն (=հե­թա­նո­սա­կան տա­ճար, կուռ­քի սե­ղան) զո­հեր մա­տու­ցա­նէ։ Սար­գիս չան­սաց Շա­պուհ ար­քա­յի հրա­մա­նին եւ մեր­ժեց զոհ մա­տու­ցա­նել։ Այն ժա­մա­նակ զայ­րա­ցած ար­քան սպան­նել տուաւ Սար­գիս զօ­րա­վա­րը։ Ան­կէ ա­ռաջ ար­դէն սպան­նել տուած էր ա­նոր որ­դին՝ Մար­տի­րո­սը։

Իսկ Սար­գի­սի տասն­չորս զի­նուոր­նե­րը, ո­րոնք գի­շեր ա­տեն ու­զե­ցին ա­նոր մար­մի­նը տա­նիլ ա­ռան­ձին տեղ մը ու թա­ղել, ա­նոնք ալ մա­հուան դա­տա­պար­տուե­ցան եւ սպաննուե­ցան։

Մեր ա­ւան­դու­թիւ­նը կ՚ը­սէ, թէ Սուրբ Մես­րոպ Մաշ­տոց՝ հա­յոց ե­ռա­մեծ Վար­դա­պե­տը, ա­նոր մար­մի­նը ա­ւե­լի վերջ տե­ղա­փո­խած է Ա­րա­գա­ծի շրջա­նի Կար­բիի մօտ գտնուող Ու­շի գիւ­ղը։ Ու­շիի մէջ գտնուող Սուրբ Սար­գիս զօ­րա­վա­րի գե­րեզ­մա­նը վե­րա­ծուած է ուխ­տա­տե­ղիի, եւ կ՚են­թադ­րուի, թէ այն­տեղ են ա­նոր մա­սունք­նե­րը։

Ա­հա­ւա­սիկ պատ­մու­թիւն մը Հայ Ե­կե­ղե­ցիի կեան­քէն, սուր­բի մը պատ­մու­թիւ­նը, որ մին­չեւ այ­սօր կը յի­շուի եւ կ՚ապ­րուի մեր ժո­ղո­վուր­դի կեան­քին մէջ եւ այ­սօր ալ կը յու­զէ, հո­գի­նե­րը կը հրահ­րէ ե­րի­տա­սար­դու­թեան եւ հայ ժո­ղո­վուր­դին։ Ուս­տի այն ե­րի­տա­սարդ­նե­րը՝ որ մօ­տե­ցած են ա­մուս­նու­թեան տա­րի­քին եւ ար­դէն թե­ւա­կո­խած են այդ տա­րի­քը, Սուրբ Սար­գիս զօ­րա­վա­րի յի­շա­տա­կի տօ­նին, այս օ­րը, ա­ղի բլիթ (=բո­լո­րակ կա­կուղ հա­ցիկ) կ՚ու­տեն, են­թադ­րե­լով որ նոյն գի­շե­րը ի­րենց ե­րա­զին մէջ պի­տի գայ ե­րի­տա­սարդ մը՝ Սար­գիս զօ­րա­վա­րի կեր­պա­րան­քով, որ­պէս­զի ի­րենց ծա­րա­ւը յա­գեց­նե­լու հա­մար բա­ժակ մը ջուր տայ։ Այդ­պի­սով ա­նոնք կ՚են­թադ­րեն, որ այդ տա­րուայ մէջ ի­րենք պի­տի կա­րե­նան եր­ջա­նիկ ա­մուս­նու­թիւն մը կնքել կամ ո­րե­ւէ կեր­պով եր­ջան­կա­նալ։

Իսկ պար­մա­նու­հի­նե­րու (=ե­րի­տա­սարդ օ­րիորդ­ներ)՝ ե­րի­տա­սարդ աղ­ջիկ­նե­րու ան­կող­նի մօտ ափ­սէ մը ա­լիւր կը դնէին. ե­թէ Սուրբ Սար­գի­սը գի­շե­րը այ­ցե­լէր ի­րենց, ա­նոր ձիու պայ­տը նշան կը դնէր այդ ա­լիւ­րին վրայ, եւ այդ­պի­սով ա­նոնք կը հա­ւա­տա­յին, որ ի­րենց հա­մար նոր կեանք, նոր բախտ կը սկսի։

Իմ շա՜տ սի­րե­լի ըն­թեր­ցող բա­րե­կամ­ներ, այս բո­լո­րը ան­շուշտ ա­ւան­դու­թիւն է, այս­տեղ կրօ­նա­կան կամ դա­ւա­նա­կան հար­ցեր չկան, բայց քա­նի տա­կա­ւին ե­րի­տա­սար­դու­թիւ­նը կը հա­ւա­տայ, թո՛ղ այդ հա­ւատ­քով ալ ե­կե­ղե­ցի գայ, ան­տար­բեր չըլ­լայ հո­գե­ւոր կեան­քին, որ­պէս­զի այդ հա­ւատ­քը ի­րենց մէջ կեն­դա­նա­նայ, ձե­ւա­ւո­րուի, զօ­րա­նայ՝ ու­ժե­ղա­նայ եւ ի­րենց հա­մար Ե­կե­ղե­ցիի ծա­ռա­յե­լու ամ­բող­ջա­կան կերպ ու մի­ջոց դառ­նայ։ Ա­ւան­դու­թիւն­նե­րը կեր­պով մը, հա­ւատ­քը գործ­նա­կա­նի վե­րա­ծող գոր­ծօն­ներ են…։

Սուրբ Սար­գիս զօ­րա­վա­րի կեան­քի հիմ­նա­կան ի­մաս­տը ա­նոր նուի­րուա­ծու­թի՛ւնն էր՝ նպա­տա­կաս­լա­ցու­թիւ­նը, այն, որ ան չու­րա­ցաւ Քրիս­տո­սը՝ քա­ղա­քա­կան վայ­րի­վե­րում­նե­րու ժա­մա­նակ եւ ինք­զինք զո­հեց Քրիս­տո­սի հա­մար, ճշմար­տու­թեան հա­մար, իր հա­ւատ­քին հա­մար եւ իր հաս­տատ հա­մոզ­ման հա­մար։

Մեր ա­մէն մէ­կուն կեան­քին մէջ ալ, սի­րե­լի՜ բա­րե­կամ­ներ, եւ մա­նա­ւանդ մեր սի­րե­լի՜ ե­րի­տա­սարդ­նե­րու կեան­քին մէջ հա­ւաստ­քը պէ՛տք է զօ­րա­նայ աշ­խա­տա­սի­րու­թեան հետ։ Պէտք է ե­րի­տա­սարդ սե­րուն­դը ան­տար­բեր չվա­րուի հո­գե­ւոր կեան­քի հետ, ճանչ­նայ իր Ե­կե­ղե­ցին, սի­րէ եւ մաս­նակ­ցի ա­նոր ա­ռա­քե­լու­թեան ո­րե­ւէ կեր­պով՝ ա­մէն մէ­կը իր կա­րո­ղու­թեան ու տա­րո­ղու­թեան չա­փով։ Ոե­ւէ մէ­կէ չի սպա­սուիր այն՝ ի՛նչ որ իր կա­րո­ղու­թե­նէն վեր է, չի պա­հան­ջուիր այն՝ ի՛նչ որ չու­նի, բայց իւ­րա­քան­չիւր անձ ալ պէտք է պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւ­նը ու­նե­նայ տա­լու՝ այն ի՛նչ որ կրնայ տալ եւ նուի­րէ իր տա­րո­ղու­թեան չա­փով։ Ար­դա­րեւ զո­հո­ղու­թիւ­նը ա­ռա­քի­նու­թիւն է եւ ազ­նուու­թիւն։ Տա­լը ա­ւե­լի ե­րա­նե­լի՜ է, քան առ­նե­լը։ Այս է կեան­քին նպա­տա­կը եւ մար­դուն սկզբնա­կան կո­չու­մը։ Եւ մա­նա­ւանդ ե­րի­տա­սարդ­ներ պէ՛տք է ու­նե­նան կեան­քի նպա­տակ մը, քա­նի որ ա­ռանց նպա­տա­կի սպրիլ՝ կեան­քը ապ­րիլ չի նշա­նա­կեր…։

Ա­յո, սի­րե­լի՜ բա­րե­կամ­ներ, ե­րի­տա­սարդ­ներ ա­ռանց նպա­տա­կի պէտք չէ՛ ապ­րին, պէ՛տք է հա­սուն տա­րի­քէն յե­տոյ ան­պայ­մա՛ն նուի­րուին գա­ղա­փա­րի մը, ի­տէա­լի մը՝ ու­նե­նան հե­ռան­կար մը, ո­ր մինչ այդ գտած պէտք է ըլ­լան եւ այդ ուղ­ղու­թեամբ ալ բո­լո­րա­նուէր կեր­պով աշ­խա­տին, որ­պէս­զի յա­րա­տեւ ու ան­ձան­ձիր աշ­խա­տան­քի շնոր­հիւ կա­րո­ղա­նան հաս­նիլ ի­րենց ի­տէա­լին՝ նպա­տա­կա­կէ­տի՛ն։

Ուս­տի կեան­քի մէջ, այն մար­դը կը հաս­նի յա­ջո­ղու­թեան, որ յա­րա­տե­ւօ­րէն կ՚աշ­խա­տի, չի վհա­տիր եւ չի յու­սալ­քուիլ. իսկ ա­նոնք, ո­րոնք թոյլ են, ան­զօր, տա­տա­նող, անվստահ եւ վա­րա­նոտ, ա­նոնք ան­պայ­մա՛ն կեան­քի ըն­թաց­քին մէջ կը շփո­թին եւ կեան­քի եր­կար պայ­քա­րին մէջ դա­սա­լիք կ՚ըլ­լան, ու­ղե­գի­ծէն դուրս կը գլո­րին։ Յեղ­յե­ղուկ, անվճ­ռա­կան մար­դիկ դա­տա­պար­տուած են միշտ սայ­թա­քե­լու, տա­պա­լե­լու եւ կի­սատ ու ա­նա­ւարտ ձգե­լու ի­րենց կեան­քի պայ­քա­րը։

Շա՜տ են օ­րի­նակ­ներ թէ՛ պատ­մու­թեան, եւ թէ ներ­կա­յի մէջ, թէ ի՛նչ­պէս մար­դիկ ի­րենց սրբա­զան նպա­տակ­նե­րուն եւ հաս­տատ, մշտնջե­նա­ւոր սկզբունք­նե­րուն հա­մար նուի­րած են ի­րենց ամ­բողջ կեան­քը, զո­հած ու զո­հուած են, եւ նոյ­նիսկ ի­րենց կեան­քի գի­նով պաշտ­պա­նած են ի­րենց հա­ւա­տա­լիք­նե­րը եւ կեան­քը տուած են ի­րենց նպա­տակ­նե­րուն ի­րա­կա­նաց­ման ճա­նա­պար­հին վրայ։ Այդ­պէս էին բո­լոր այն մե՛ծ մար­դիկ՝ ո­րոնք ի­րենց առ­ջեւ վսեմ եւ բարձր նպա­տակ­ներ դրած էին եւ այդ նպա­տա­կին կը ծա­ռա­յէին։

Այ­սօր ալ անհ­րա­ժե՛շտ է անդ­րա­դառ­նալ այդ վսեմ ու բարձր նպա­տակ­նե­րուն…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յու­նուար 21, 2016, Իս­թան­պուլ

Շաբաթ, Յունուար 23, 2016