ՀՈԳԻԻ ԵՒ ՄԱՐՄՆԻ ՄԻՈՒԹԻՒՆ

«Մարդկային անձ»ը, ըստ Աստուծոյ պատկերին ստեղծուած արարած մըն է միանգամայն մարմնաւոր եւ հոգեւոր։ Աստուածաշունչը այս իրականութիւնը կ՚արտայայտէ խորհրդանշական լեզուով, երբ կը հաստատէ, թէ «Աստուած ստեղծեց մարդը երկրի հողէն, փչեց անոր ռունգերուն մէջ կենդանի շունչ եւ մարդը եղաւ կենդանի էակ» (ԾՆՆԴ. Բ 7)։ Այս կը նշանակէ, որ «մարդ»ը իր ամբողջութեամբ ուզուած եւ ստեղծուած է Աստուծոյ կողմէ։

«Հոգի» եզրը, յաճախ Աստուածաշունչի մէջ կը նշանակէ «մարդկային կեանք»ը եւ կամ ամբողջ «մարդկային անձ»ը. (ՄԱՏԹ. ԺԶ 25-26), (ՅՈՎՀ. ԺԵ 13) եւ (ԳՈՐԾ. Բ 41)։ Միանգամայն ան կը մատնանշէ ի՛նչ որ մարդուն մէջ ամենէն ներհուն եւ ամենամեծ արժէքն է (ՄԱՏԹ. ԻԶ 38), (ՅՈՎՀ. ԺԲ 27) եւ (ՄԱՏԹ. Ժ 28) եւ (Բ ՄԱԿ. Զ 30), այն ինչը, որ մարդը յատկապէս «Աստուծոյ պատկեր» կը դարձնէ. «հոգի»ն կը նշանակէ մարդուն մէջ գտնուող «հոգեւոր նախասկիզբ»ը։

Իսկ մարդուն «մարմին»ը կը մասնակցի «Աստուծոյ պատկեր»ին արժանապատուութեան։ Ան «մարդկային մարմին» է՝ ճիշդ անոր համար, որ շնչաւորուած է աննիւթական հոգիով, իսկ ամբողջ մարդկային անձը իր հերթին սահմանուած է ըլլալու «Հոգիին Տաճարը Քրիստոսի Մարմինին մէջ» (Ա ԿՈՐՆԹ. Զ 19-20, ԺԵ 44-45)։

Արգիլուա՛ծ է մարդուն արհամարհել մարմնաւոր կեանքը։ Որովհետեւ, թէեւ մարմինէ եւ հոգիէ բաղկացած, բայց ճշմարտապէս մէ՛կ եղող մարդը, իր մարմնաւոր հանգամանքով իր մէջ կը համադրէ նիւթական աշխարհին տարրերը, որոնք անոր մէջ իրենց գագաթնակէտը կը գտնեն եւ կարող կը դառնան ազատօրէն գովաբանելու իրենց Արարիչը։ Եւ ուրեմն ան պարտի գնահատել եւ յարգել իր մարմինը՝ որ ստեղծուած է Աստուծմէ եւ յարութիւն պիտի առնէ վերջին օրը։

Հոգիին եւ մարմինին «միութիւն»ը այնքան խոր է, որ հարկ է նկատի առնել հոգին իբրեւ «կերպ»ը մարմինին։

Ասիկա կը նշանակէ՝ շնորհիւ հոգեւոր հոգիին է, որ նիւթաշէն մարմինը մարդկային «կենդանի մարմին» կը հանդիսանայ։ Հոգին եւ նիւթը մարդուն մէջ իրարու միացած երկու բնոյթներ չե՛ն, այլ անոնց միութիւնը կը կազմէ մէկ բնոյթ։ Սա ճշմարտութիւն մըն է թէ՝ իւրաքանչիւր աննիւթական հոգի անմիջականօրէն ստեղծուած է Աստուծմէ։ Ան ծնողներուն արտադրութիւնը չէ՛։ Նաեւ հոգին անմա՛հ է եւ թէ երբեք չի՛ ծերանար, չի փոխուիր, միշտ նոյնն է։ Ուստի ան չ՚անէանար իր բաժանումին ատեն մարմինէն, մահով։ Ան դարձեալ պիտի միանայ մարմինին՝ վերջին յարութեան օրը։

Հոգի (=Esprit) եւ հոգի (=Ame). երբեմն կը պատահի, որ հոգին զանազանուի շունչէն։ Պօղոս Առաքեալ կ՚ըսէ որ մեր «ամբողջ էութիւնը, շունչ, հոգի եւ մարմին» պէտք է պահուի անաղարտ՝ Տիրոջ Գալստեան օրուան համար եւ ան կ՚աղօթէ այս մասին։ (Ա ԹԵՍ. Ե 23)։ Սակայն այս զանազանումը հոգիին մէջ երկուութիւն չի ներմուծեր։ «Շունչ» բառը կը նշանակէ, թէ մարդը իր ստեղծումէն սկսեալ սահմանուած եւ կոչուած է իր գերբնական վախճանին եւ թէ անոր հոգին ընդունակ է ձրիաբար բարձրանալու Աստուծոյ հետ հաղորդութեան։

Հոգեւոր աւանդութիւնը շեշտը կը դնէ նաեւ «սիրտ» եզրին վրայ, որ սուրբ գրային իմաստով՝ «խորքն է էակին» (ԵՐՄ. ԼԱ 33)։ Եւ ահաւասիկ ճիշդ այս կէտին է, որ մարդը կը վճռէ ըլլալ «Աստուծոյ հետ» կամ «Աստուծոյ դէմ»։

Աստուած ո՛չ մէկ ձեւով մարդուն պատկերին համեմատ է։ Աստուած զուտ հոգի է եւ անոր մէջ սեռերու տարբերութիւնը տեղ չունի։ Բայց այրին եւ կնոջ «կատարելիութիւն»ները Աստուծոյ անհուն կատարելութենէն բան մը կը ցոլացնեն. կատարելութիւնները մօր (ԾՆՆԴ. Բ 7, 22), հօր, ամուսինի (ԵՍ. ԽԹ 14-15, ԿԶ 13), (ՍԱՂՄ. ՃԼ 2-3), (ՈՎՍ. ԺԱ 1-4), (ԵՐՄ. Գ 4-19)։

Յարութիւնը՝ Քրիստոսի աստուածային անձին հրաշալի մէկ արտայայտութիւնն է. հետեւանքը՝ որ միացած մնաց մահով իրարմէ բաժնուած Իր հոգիին եւ մարմինին հետ։

Սուրբ Գրիգոր Նիւսացի սապէս կ՚ըսէ.

«Միասնակութեամբը աստուածային բը-նութեան, որ ներկայ կը մնայ մարդուն երկու մասերուն իւրաքանչիւրին մէջ, ասոնք վերստին կը միանան իրարու։ Այսպէս՝ մահը տեղի կ՚ունենայ մարդկային բաղադրութեան բաժանումով։ Յարութիւնն ալ տեղի կ՚ունենայ բաժնուած երկու մասերուն միաւորումով»։

Յարութիւնը ամէն բանէ առաջ վերհաստատումն է Քրիստոսի գործածին եւ ուսուցածին։ Մարդկային մտքին համար ամենէն անմատչելի ճշմարտութիւնները իրենց արդարացումը պիտի գտնեն, եթէ Քրիստոս յառնելով՝ Իր աստուածային իշխանութեան Իր խոստացած վերջնական ապացոյցը տայ։ Քրիստոսի Յարութիւնը կատարո՛ւմն է Հին Կտակարանին եւ նոյն Ինքն Յիսուսի՝ Իր երկրաւոր կեանքին ընթացքին տուած խոստումներուն։ Յիսուսի աստուածայնութեան ճշմարտութիւնը կը հաստատուի Իր Յարութեամբ…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յունուար 17, 2020, Իսթանպուլ

Հինգշաբթի, Յունուար 23, 2020