ԳԱՂԱՓԱՐՆԵՐՈՒ ԲԱԽՈՒՄ

Կ՚ըսեն, որ ճշմարտութիւնը գաղափարներու բախումէն ի յայտ կու գայ։ Ճի՛շդ է, քանի որ ճշմարտութիւնը մէ՛կ է եւ գաղափարներ, համոզումներ, հաւատալիքներ որքան ալ շատ եւ բազմաթիւ ըլլան, ի վերջոյ ճշմարտութեան կը յանգի։ Տարբեր, հակադիր գաղափարներու, տեսութիւններու, հաւատալիքներու գոյութիւնը շատ բնական է, քանի որ մարդ բանաւոր՝ խորհող, դատող եւ որոշող արարած մըն է, եւ մարդկային մտքի երեւակայութեան հորիզոնները անսահման են եւ տեսութիւնները՝ անհուն։ Ճշմարտութեան հասնելու համար գաղափարներու բախումը՝ վիճաբանութիւնը «հաճելի» արարք մըն է, երբեմն դժուար, երբեմն դիւրին։

Դժուար է՝ երբ կողմերը հանդուրժողութիւն չունին, եւ անգիտակցօրէն կը յամառին իրենց տեսութեան վրայ։ Դիւրին է՝ երբ կողմերը հանդուրժողութեամբ եւ համբերութեամբ կը վիճաբանին։ Դժուար կամ դիւրին, մարդիկ ի վերջոյ հասարակաց, գործնական լուծումի մը կը հասնին։ Ողջախոհ, բանաւոր մարդոց համար անլուծելի հարց գոյութիւն չունի։ Այս տեսակ վիճաբանութիւն մը իրապէս հաճելի է։ Ուստի, վիճաբանութիւնը բանաւոր եւ օգտաշատ երեւոյթ մըն է, գործնական հետեւանքներ ունի։

Բայց որքա՜ն տաժանելի է՝ գաղափար չունեցող մէկուն հետ վիճաբանիլ, անշուշտ եթէ «վիճաբանիլ» կարելի է ըսել այդ անիմաստ խօսակցութեան։ Արդարեւ, գաղափար չունին անոնք՝ որոնք կանխակալ են եւ նախապաշարուած։ Այդպիսի մարդիկ կառչած կը մնան մտածումի մը վրայ, որուն «գաղափար» ըսել կարելի չէ, իրենք ալ չեն հաւատար, քանի որ չեն հասկնար, միայն կը կարծեն, թէ միակ իրականութիւնը իրենց լսածը կամ ըսուածն է։ Անոնք «մտային կոյր»եր են, չեն գիտեր իրենց խօսածը, չեն գիտեր իրենց իբր թէ պաշտպանած իրողութեան ո՛չ պատճառը, ո՛չ արդիւնքը եւ ոչ ալ նպատակը. սնամէջ կարգ մը անիմաստ խօսքերով համոզել կ՚ուզեն դիմացինը բանի մը՝ որ իրենք իսկ չեն հասկցած եւ չեն համոզուած։ Եւ անոնց ըրածը՝ պարզապէս ամբոխավարութիւն (démagogie) է։ Անոնց խօսքերը սնամէջ, անիմաստ նախադասութիւններէ աւելին չե՛ն։

Եւ որքա՜ն դժուար է այդպիսիներուն հետ լեզու գտնել եւ քայլ յարմարցնել։ Այդպիսիներուն հետ խօսիլ ժամանակ վատնել է, քանի որ որեւէ օգուտ չունի, եւ որեւէ արդիւնքի հասնիլ, հասարակաց կէտ մը գտնել կարելի չէ՛։ Որովհետեւ անոնք պարզապէս մեքենաներ են՝ ո՛չ միտք ունին, ո՛չ սիրտ եւ ոչ ալ խիղճ, որ զիրենք առաջնորդէ դէպի բարին, դէպի ճշմարտութիւն։

Մարդ քանի որ բանաւոր եւ նաեւ հոգեւոր, զգացումներ ունեցող արարած մըն է, պէտք է խորհի, եւ խորհածները դատէ, չափէ եւ կշռէ, եւ որոշում մը տայ։ Մարդ ունի տեսնելու, մտածելու, զգալու իր յատուկ ունակութիւնը։ Չկայ առաւել անմիտ բան, քան անոր այդ ունակութիւնը անտեսել եւ մարդը տեսնել որպէս «մեքենայ»։ Չմտածող, չդատող, ազատ կամքով չշարժող մարդը կը նմանի չորցած՝ անպտուղ ծառի մը։ Մարդ պէտք է արտադրէ՛։ Կանխակալներ եւ նախապաշարուածներ երբեք չեն կրնար արտադրել ո՛չ մտապէս եւ ոչ ալ հոգեպէս։

Michel De Montaigne (1533-1592), իր ամբողջ կեանքը եւ աշխատանքը յատկացուցած է փաստելու՝ մարդկային մտքին անբաւարարութիւնը։ Իր իւրացուցած եւ պաշտպանած սկզբունքը, մշտնջենական անպատասխան հարցումը՝ «Que sais-je?», այսինքն՝ «Ի՞նչ գիտեմ» հարցումը եղած է։ Montaigne իր զբաղած բազմաթիւ հարցերու լուծման մէջ միշտ փնտռած է մարդկային մտքին առեղծուածը՝ անլուծում խորհուրդը, հանելուկը։ Եւ ահաւասիկ, այս ուղղութեամբ, կը ստեղծուի՝ ողջամտութեան եւ հանդուրժողութեան վրայ հիմնուած «ապրելու արուեստ» մը։

Montaigne-ը կարդալ՝ մեզի մարդ արարածին առեղծուածը լուծելու մէջ բաւական օգտակար պիտի ըլլայ։ Ասոր նման է Dr. Alexis Carrel-ին (1873-1944) «L'homme cet inconnu» գիրքը՝ «Մարդ սա անծանօթ»ը, ուր մարդը կ՚ուսումնասիրուի թէ՛ հոգեւոր եւ թէ բնախօսութեան «physiologie» աչքով, բայց դարձեալ մարդ «անծանօթ»ը լուծել, հասկնալ կարելի չ՚ըլլար։

Բնաւ դիտա՞ծ էք բարձր շէնքէ մը դէպի վար՝ մարդիկ, որոնք կ՚երթեւեկեն, կը վազվզեն եւ կը նմանին մրջիւններու… այն մեծ, այն յաւակնոտ, այն ինքնահաւան, պարծենկոտ, հազարումէկ յաջողութիւններ արձանագրելով տեւական բարձրացող մարդը… եւ եթէ աւելի վերէն դիտուի՝ աշխարհի վրայ հազիւ մանր փշուր մը՝ փոշի մը մարդը… ո՜վ մարդ. անդրադարձիր դուն քեզի, եւ գիտցիր չափդ, կշիռդ եւ սահմանդ…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Յունուար 19 2023, Իսթանպուլ

Երկուշաբթի, Յունուար 23, 2023