ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՉԱՄՈՒՐՃԵԱՆ (ՏԷ­ՐՈ­ՅԵՆՑ. 1801-1888) - Բ -

Տէրոյենց 1868-ին հրատարակած է «Իրաւախոհներ»ուն Ա. հատորը՝ ուր քննադատեց Հ. Յովսէփ Գաթըրճեանի «Հիմնական Տարբերութիւն» գիրքը։

Միակ առաջին այլ շարունակելի տետրով մը պատասխանեց ասոր Հ. Յովսէփ Գաթըրճեան՝ տեղ մը ի հարկէ անաչառ պատուադրութեամբ մը անուանելով Տէրոյենցը «Կաթոլիկ Եկեղեցիէն դուրս միա՛կ հայը, որ ցարդ մնացած է անհաւասարելի՝ Հռոմէական եւ Արեւելեան Եկեղեցիներուն պատմական հմտութիւններուն մէջ»։ («Կեղծիք Իրաւախոհի», տետր Ա. էջ 14-Տպագրութիւն Մխիթարեաններու վանքի, Վիեննա)։

Եւ իրա՛ւապէս, Յովհաննէս Տէրոյենց՝ «Իրաւախոհ»ի մանաւանդ «քննողական էջերուն մէջ, յատկապէս Գ. հատորին մէջ՝ աւանդական եւ եկեղեցական հնախօսութիւններու, տրամաբանական մանրակշիռ նըր-բամտութիւններու, տոհմային փաստարկումներով փաստաբանող նախանձայուզութիւններու հինաւուրց հսկա՛յ մըն է, որ նոյն իսկ կակուղ հասարակ եւ շատուրեք «մթացեալ ոճ»ի մը մութ ամպերուն ներքեւէ՛ն կը փայլակէ ստէպ «նուրբ հանճարի երկսայրական զիկզակներ»ով՝ ճշդամո՛ւխ բազմահմուտ Հ. Յովսէփ Գաթըրճեանի «նպատակաւոր» խելամտութիւններուն խրամատներուն խորերը։

Յովհաննէս Տէրոյենց՝ 1878 թուականէն ետք քաշուած գրական եւ գործնական հրապարակէն՝ նուիրեց իր կորովի ծերութիւնը իր եկեղեցական լիակատար պատմութեան կատարումին եւ անդադար ընթերցանութիւններու խորհրդածութիւններուն՝ «օրինապահ կրօնակեցութեամբ» մը, որով կնքեց իր մահկանացուն 1888 յունիսի 24-ին, Սկիւտար՝ 87  տարեկանին։

Սո՛ւր, անխո՛նջ, կրօնակա՛ն եւ աստուածաշնչակա՛ն միտք մը՝ Յովհաննէս Տէրոյենց, որ 1857 թուականէն ետք ընդհանրապէս կը ստորագրէր «Յովհ. Պրուսացի Տէր Կարապետեան Տէրոյենց», 19-րդ դարու առաջին երեք քառորդին ամենէն բազմահը-մուտ եւ սկզբնատիպ «լուսաւորչական» հայն է՝ որ կրցած է՝ գէթ իր գլուխին մատեան քաոսին եւ քրիստոնէական ճկուն տրամաբանութեանը մէջ՝ ներդաշնակել եւ հաշտեցնել կրօնքը, աշխարհական կենցաղը. մատենագրութիւնը եւ փիլիսոփայութիւն մը աստուածաշնչական, որ սկիզբէն մինչեւ իր վախճանը միակ «քանոն»ի մը վրայ կը ճեմէ։ Ան ձգած է մեծ եւ փոքր 150 հատորի չափ գործ՝ մեծ մասով աշխարհաբար եւ ձեռագիր, որոնց գլուխն է իր Եկեղեցական Պատմութիւնը՝ ի պահ դրուած Երուսաղէմի պատրիարքական թանգարանը։ Իբրեւ փորձանիշ իր մատենագրական մեծութեան եւ արեւելեան անսեթեւեթ ան-դըրդւութեանը եւ համարձակախօսութեան՝ ունեցած է շատ հակառակորդներ, մանաւանդ բողոքականներու, ազատախոհներու մէջէն, որոնք անխնայ հարուածած են մինչեւ իր մեկուսացեալ ծերութիւնն անգամ՝ գլխաւորապէս 1860 թուականէն ասդին։

Բայց ինք, միւս կողմէն, փոխարինուած է ժողովուրդին մեծամեծներէն, մանաւանդ եկեղեցականներէն՝ բացառիկ յարգանքով մը, եւ այս պատճառով է որ շատերը յաջորջած են զինք «Հայոց անվեղար կաթողիկոս»ը։

Վերոյիշեալ ներհակներուն մէջ՝ իր քրիստոնէական եւ վանական խիստ նախակըր-թութիւնը, ինչպէս կը կարծուի, կրցած է աննկուն, անհպարտ եւ անյողդողդ պահել զինք իր աղմկեալ գործունէութիւններուն ատեն, որ իբր առ հասարակ կը կրեն պարզ եւ չափաւոր կնիք մը խորունկ. միջա՛կ է իր ոճը, անսեթեւեթ այլ ներկուռ։

Տէրոյենց, ինչպէս կը վկայեն իր գործերը, գիտէր տասնէ աւելի լեզու, կարդացած էր՝ կ՚ըսուի՝ 5000-6000 գիրք, զորս մեծ մասով իւրացուցած է իր զարմանալի յիշողութեան ուժով եւ մտային բացառիկ կարողութեամբ։

Ձգած է բազմաթիւ հետեւող եւ աշակերտ, մանաւանդ եկեղեցականներուն եւ գաւառացիներուն մէջ։ Ժողովուրդին մեծամասնութեան արդար համակրանքը եւ վստահութիւնը շահած էր։

Այս ամէնուն վրայ իր նկատմամբ շեշտելի մասնայատկութիւնը սա է որ՝ ո՛չ ոք իրեն չափ պաշտպան եւ փաստաբան կեցաւ տոհմային կրօնական եւ ընտանեկան պատ-ւոյ, եւ ո՛չ ոք մատենագրեց իրեն չափ ի նպաստ անոնց՝ զանազան համախմբումներու, կուսակցութիւններու միջոցին իսկ ի թեր անոնց լարելով իր կողմը եւ կորովը։

Անձայն անշշուկ ծերութիւն մը եւ անփառունակ՝ համեստ եւ խոնարհ, անշուք վախճան մը չունեւոր՝ վերջին պերճախօս վկաները եղած են այս քրիստոնէական նկարագրին՝ իր հաւատալիքներուն եւ սկըզ-բունքներուն հաւատարիմ անձնաւորութեան։ 

Ան ինչպէս կը վկայեն իր կեանքը ուսումնասիրողներ, ունեցած է ճոխ մատենադարան մը։

Եւ իր այս ճոխ եւ հարուստ մատենադարանը՝ ուր կը գտնուէին եւրոպական-արեւմտեան եւ ասիական-արեւելեան հազ-ւագիւտ մատեաններ եւ հայ ձեռագիրներ ալ, նուիրուած է մեծ մասով Արմաշի վանքին, զոր միշտ սիրած էր ինք։

Իսկ իր հեղինակած ձեռագիրներուն մեծ մասը կը գտնուէր ասդին անդին՝ բանասէրներու գրատունները։

Վերջապէս, կարելի՛ է ըսել վերջին խօսք մըն ալ.- Հայ Դպրութիւնը հազուագիւտ կերպով ունեցած է Տէրոյենցի չափ «թուղթ սեւցնող» գրագէտ, իսկ անոր չափ «թուղթ դարձնող», անշուշտ նկատի ունենալով այն մեծ արժէքները՝ որոնք շատ բան աւելցուցած են մատենագրութեան, գրականութեան եւ ընդհանրապէս մշակոյթին վրայ՝ ճոխացուցած եւ հարստացուցած են զայն…։

Սկզբնաղբիւր.- «Ստուերք Հին Դէմքերու». 1635-1900, հեղինակ՝ Յ. Գ. Մրմըրեան, հրատարակութիւն Զարեհ Ն. Պէրպէրեանի՝ Զարեհ Պէրպէրեան տպարան, 1907։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յունուար 24, 2019, Իսթանպուլ

Շաբաթ, Փետրուար 23, 2019