ԵՂԲԱՅՐՈՒԹԻՒՆ

«Համընկերութեան սկզբունք»ը՝ որ արտայայտուած է նաեւ «բարեկամութեան» կամ «ընկերային սիրոյ» անունին տակ, ուղղակի պահա՛նջք մըն է մարդկային եղբայրութեան։ Ուստի, բոլոր մարդոց ծագումին նոյնութիւնը եւ իրենց բանաւոր բնութեան հաւասարութիւնը «եղբայրութեան» ապացոյցն է։ Մարդիկ ծագումով հաւասար են եւ ուրեմն «եղբայր» են։ Եղբայրութիւնը հաւասարութեան բնական եւ բանական հետեւա՛նքն է։ Ընկերատնտեսական հարցերը չեն կրնար լուծուիլ եթէ ոչ համընկերութեան ամէն տեսակ բանաձեւերով՝ որ կը պահանջէ մարդկային եղբայրութիւն։

Համընկերութիւնը բարոյական կարգի պահանջք մըն է եւ որոշ չափով անկէ կախում ունի ընկերային ընդհանուր խաղաղութիւնը։ Արդարեւ, համընկերութեան առաքինութիւնը նիւթական բարիքներէն աւելի անդին կ՚երթայ։ Իր շուրջ սփռելով հոգեւոր հաւատքին բարիքները, եղբայրութիւնը աւելիով կը նպաստէ ժամանակաւոր բարիքներուն, անոնց հաստատման եւ աճումին, որուն համար յաճախ կը հարթէ նոր ուղիներ։

Դարերէ ի վեր մարդկային հոգիին մէջ կ՚ապրի եւ կը յարատեւէ այն զգացումը, որ կը մղէ եւ կը շարունակէ մղել տակաւին հոգիները դէպի եղբայրասիրութիւն։ Եւ եղբայրութեան, եղբայրասիրութեան սկզբունքով է, որ հնարաւոր կ՚ըլլայ մարդուն արժանի կեանք մը ապրիլ։ Ընկերութիւնը եղբայրասիրութեան շնորհիւ կ՚ապահովէ ընկերային արդարութիւնը՝ իրագործելով այն պայմանները, որոնք թոյլ կու տան համախմբումներուն եւ իւրաքանչիւր անձին ընդունելու ի՛նչ որ անկ է իրեն։

Մարդկային արժանաւորութիւնը եւ արժանապատուութիւնը կը պահանջեն մարդոց միջեւ հաւասարութիւնը եւ եղբայրութիւնը՝ որոնք միասնաբար կը հաստատեն ընկերային արդարութիւնը՝ որ կախում ունի նաեւ անհատական արդարութենէն։ Մարդկային անձերու վայելած «հաւասար արժանապատուութիւն»ը կը պահանջէ, որ ջանան վերածել ընկերային եւ տնտեսական չափազանց անհաւասարութիւնը եւ արտաքին տարբերութիւնները հաւասարութեան եւ եղբայրութեան։ Այս կը նշանակէ՝ անիրաւ եւ անարդար անհաւասարութիւններուն անհետացումը…։

Արդարեւ, «եղբայրութիւն» կը նշանակէ անձի մը իր նմանը նկատել իբրեւ «իր երկրորդ Եսը»։ Այս իմաստով, մարդկային անձին արժանապատուութիւնը եւ յարգանքը ուրիշը կը նկատէ իբրեւ իր անձը, համակրական հասկացողութեան (=empathy) շնորհիւ։ Ասիկա կ՚ենթադրէ հիմնական իրաւունքներու հանդէպ, մարդկային անձին արժանաւորութեան եւ արժանապատուութեան հանդէպ յարգանք, որոնք կը բխին մարդուն ներհուն բնութենէն։

Եղբայրութիւնը գերազանցապէս առաքինութիւն մըն է, որ կը գործադրէ աւելի հոգեւոր, քան նիւթական բարիքներուն բաժնեկցութիւնը։ Շնչաւոր բոլոր արարածներուն մէջ, մարդը միա՛կն է, որ կրնայ հպարտանալ, որ արժանի եղած է ընդունելու Աստուծմէ օրէնք մը՝ որուն կարեւոր մէկ մասը կը կազմէ եղբայրութի՛ւնը։ Մարդը կը մասնակցի իր Արարչին իմաստութեան եւ բարութեան, որ կ՚արտայայտուի եղբայրութեամբ, որ կու տայ անոր միասին եւ նոյն նպատակի մը ծառայելու, իր արարքներուն տիրապետելու եւ ինքզինք կառավարելու կարողութիւնը՝ ճշմարտութեան եւ բարութեան ճամբով։

Ընտանիքը սկզբնական բջիջն է ընկերային կեանքին։ Ընտանիքին ծոցին մէջ գոյութիւն ունեցող հեղինակութիւնը, կայունութիւնը եւ փոխյարաբերութիւններու կեանքը կը կազմեն ապահովութեան, ազատութեան, եղբայրութեան հիմերը ընկերութեան ծոցին մէջ։ Ուստի, ընտանիքը այն հասարակութիւնն է, որուն մէջ, մարդկութենէն սկսեալ, կարելի է սորվիլ բոլոր բարոյական արժէքները՝ իրերօգնութիւնը, զոհողութիւնը, անկեղծ սէրը, իր ամենալայն առումով՝ եղբայրութիւնը, ազատութիւնը, չափաւորութիւնը եւ սկսիլ պատուել Աստուած եւ լաւ գործածել ամէն բարիք եւ վայելել կեանքը…։

Եղբայրութիւնը կը պահանջէ բոլոր մարդոց հետ վարուիլ հաւասար հոգածութեամբ։ Ընտանիքն ալ պարտի այնպէս ապրիլ՝ որ իր անդամները սորվին տանիլ հոգը եւ հոգածութիւնը երիտասարդներուն եւ ծերերուն, հիւանդներուն կամ հաշմանդամ անձերուն եւ աղքատներուն։ Եղբայրութիւնը երբեք խտրութիւն չի դներ մարդոց միջեւ, համակրական հասկացողութեա՛մբ։

Ընկերային կեանքին եւ բարօրութեան համար եղբայրութեան կարեւորութիւնը ընկերութեան վրայ յատուկ պատասխանատուութիւն մը կը դնէ, եղբայրութեան, եղբայրասիրութեան օգնելու եւ զանոնք ամրացնելո՛ւ։

Եղբայրութիւնը առաքինութի՛ւն մը, բարոյական արժէք մը, եւ նաեւ պարտաւորութիւն մըն է. «Գնա՛, նախ հաշտուէ՛ եղբօրդ հետ». (ՄԱՏԹ. Ե 24)։ Այս պատուէրը արդէն բաւական է արտայայտելու եղբայրութեան կարեւորութիւնը մարդկային թէ՛ անհատական եւ թէ հաւաքական-ընկերային կեանքին բարօրութեան համար։

Սիրե՛նք զիրար, քանի որ բոլորս եղբայրներ ենք Աստուծոյ առջեւ…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Փետրուար 19, 2021, Իսթանպուլ

Երեքշաբթի, Փետրուար 23, 2021