ԿՐԹՈՒԹԻՒՆ՝ ԻՆՔՆԱԿՐԹՈՒԹԵԱՄԲ

Ժամանակներու փոփոխութեան հետ կը փոխուի գրեթէ ամէն բան, կը փոխուին մտայնութիւնները, փոխանցուած կրթութիւնն ու անոր չափանիշները, հաւատալիքները, սահմանները եւ գրեթէ՛ ամէն ինչ՝ ներառեալ մարդը:

Այս փոփոխութիւնները կը սարսափեցնեն զիս, որովհետեւ իւրաքանչիւր փոփոխութիւն «յառաջդիմութիւն» անուան տակ դէպի կործանում կ՚առաջնորդէ մարդկութիւնը:

Այդ փոփոխութեան յստակեցումը ունենալու համար հետեւեալ պատկերը պարզենք. 1800-ական թուականներուն ապրող գրեթէ ամէն մարդ, առաւել կամ նուազ չափով «հաւատացեալ»ներ էին։ Հաւատացեալը կը չակերտենք, որովհետեւ անոր մէջ կայ կուրութիւն մը. հաւատք՝ առանց համոզումներու կամ հասկացողութեան. մոլեռանդ բարեպաշտութիւն մը պարզապէս: Ետքը կամաց կամաց մարդիկ սկսան պայքարիլ այդ իրողութեան դէմ եւ փորձեցին կրթական համակարգին մէջ մտցնել անկրօն դաստիարակութիւնը. 1910-1930 թուականներուն զանազան դպրոցներ իրենց կրթական ծրագիրէն դուրս դրին կրօնի դասընթացքները եւ հիմնուեցաւ փիլիսոփայական հիմերու. 1927 թուականին Սոքոլնիքեան շրջանի անկրօն դասաւանդութիւն կատարող վարժարանի մը մէջ վիճակագրութիւն մը կատարուեցաւ. հարցաթերթիկի ճամբով աշակերտութեան ուղղուեցաւ հետեւեալ հարցերը. «Աստուծոյ կը հաւատա՞ս», «Եկեղեցի կ՚երթա՞ս», «կ՚աղօթե՞ս»։ Աշակերտներուն 32 առ հարիւր տոկոսը պատասխանեց, որ եկեղեցի չ՚երթար, իսկ 34 առ հարիւր տոկոսը չ՚աղօթեր:

Հակակրօնական դաստիարակութիւն տրուող դպրոցի մը պարագային պէ՞տք է զարմանալ արդիւնքներով. ո՛չ, որովհետեւ դպրոցի դաստիարակութեան կողքին մեծ ու հիմնական դեր ունի նաեւ ընտանեկան կրթութիւնը. եթէ դպրոցը հակակրօնական փիլիսոփայութիւն կը քարոզէ, իսկ ծնողքը հաւատքի պարտաւորութիւնները կը սորվեցնէ իր զաւկին, բնական է, որ զաւակը պիտի ընդունի ծնողքինը՝ քան դպրոցինը:

Դժբախտաբար մենք չենք գիտակցիր այս իրողութեան. այսօր հայ ծնողներէն շատեր անտարբեր կը գտնուին իրենց տան մէջ տրուող դաստիարակութեան հանդէպ եւ իրենց յոյսը կը դնեն դպրոցէն տրուելիք կրթութեան ու դաստիարակութեան վրայ. հանդիպած եմ ծնողներու, որոնք ամբողջութեամբ անտարբեր են իրենց զաւկին հանդէպ. անոնք կը հաւատան, թէ սուղ կրթաթոշակ ունեցող դպրոց ղրկելով իրենց մանուկները, բնական է, որ լաւ դաստիարակուած զաւակներ ունենան:

Մենք յաճախ ուսումը կը կարեւորենք, սակայն կ՚անգիտանանք, որ ընտանեկան կրթութիւնը բազմիցս աւելի արժէք կը ներկայացնէ քան միւսը, որովհետեւ դպրոցին մէջ եթէ մանուկին հազար անգամ սորվեցնեն, որ սուտ խօսիլը լաւ չէ, մինչ տունը ինք ականատես ըլլայ հօր, մօր ու հարազատներու ստախօսութիւններուն, բնականաբար սուտի ճամբան պիտի նախընտրէ:

Ինչպէս վերը ըսինք, 1910-1930 թուականներուն որքան ալ փորձեցին հակակրօնական կրթութիւն տալ, հաւատքը տեղ մը հիմք մնաց մանուկներու մէջ. իսկ այսօ՞ր. հակակրօնական դաստիարակութիւնը դպրոցներէն դուրս դրուած է գրեթէ, որովհետեւ այդ մէկը արդէն իսկ յաջողած է մուտք մտնել աւելի կարեւոր տեղ՝ ընտանեկան կրթութեան մէջ. նման հարցաթերթիկ մը այսօր եթէ կատարուի մեր հայկական վարժարաններէն ներս, կասկած չկայ, որ անհաւատ ապրողներուն թիւը 80 առ հարիւր տոկոսը պիտի գերազանցէ:

Աւելի քան դար մը առաջ, ռուս գրող Եարոսլավոսկի «Պեզպոժնիկ» թերթի մէջ կը գրէր հետեւեալը. «Երկու տարեկան երեխուս հետ փողոցէ մը կ՚անցնէի, յանկարծ կանգ առաւ եկեղեցիին առջեւ եւ սկսաւ բաներ մը ընել. ան տեսած էր, թէ մեծ մայրը այդպէս կ՚ընէր. կը խաչակնքէր եւ կ՚երկրպագէր եկեղեցիին եւ հետեւաբար կը մտածէր, թէ ինք եւս պէտք է նոյն բանը ընէ»: Իսկական դաստիարակութիւնը ա՛յս է, որովհետեւ սորվեցուցածէդ աւելի ըրածներդ է, որ մանուկը կը դաստիարակէ եւ որպէս մարդ իր կերպարը կը ստեղծէ:

Այսօր մեր ընտանիքներուն մէջ շատե՜ր կը հայհոյեն, սակայն կ՚ուզեն, որ իրենց մանուկը չհայհոյէ, շատե՜ր կը ծխեն, սակայն կը ջղայնանան եթէ իրենց հարազատ զաւակը փորձէ ծխել կամ խմել։ Գրեթէ կ՚ընեն ամէ՛ն բան՝ որ չեն ուզեր իրենց զաւակը ընէ: Վստահ եղէք ո՛չ ծեծը, ո՛չ բարկութիւնը ձեր զաւակը հեռու պիտի պահէ այդ բոլորէն, որովհետեւ ան ձեր խօսքերէն աւելի ձեր գործերուն պիտի նայի:

Յաճախ հրապարակախօսութիւններու եւ կամ յօդուածներու մէջ կը հանդիպինք «այս նոր սերունդը» արտայայտութեան ու զանազան առիթներով կը մեղադրենք զանոնք, անգիտանալով որ այդ «նոր սերունդ»ին ներկայ դրութեան պատճառը մենք ենք. մեր մանուկները որպէսզի «զարգացած» ըլլան օտար դպրոց կը ղրկենք ու յետոյ կը զարմանանք, թէ ինչպէ՞ս եղաւ որ հայերէն լեզուն լաւ չի՛ գիտեր։ Նոր սերունդը ի՛նք կը կերտէ ապագան, սակայն մե՛նք ենք, որ կը կերտենք նոր սերունդը ու անոնք կը դառնան մեր հայելիները:

Պէտք չէ մոռնալ երբեք. կրթութիւն փոխանցելու սկզբնաքայլը ինքզինք կրթելն է. անոնք մեր ոտնահետքերուն կը հետեւին եւ ո՛չ խօսքերուն:

 

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ

ՍՏԵՓԱՆ ՈՍԿԱՆԵԱՆ
(1825-1901)

Մեր թուականէն 121 տարիներ առաջ՝ 23 փետրուար 1901-ին, Իզմիրի մէջ մահացած է հրապարակախօս, խմբագիր, թարգմանիչ եւ մանկավարժ Ստեփան Ոսկանեան:

Ոսկանեան ծնած է 4 փետրուար 1825-ին, Իզմիրի մէջ. կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրի Մեսրոպեան վարժարանէն ներս, ուրկէ շրջանաւարտ եղած է 1846 թուականին. աւարտելէ ետք մեկնած է Փարիզ, ուսումը շարունակելու Սորպոնի համալսարանէն ներս, ուր հետեւած է ժամանակի անուանի փիլիսոփաներուն:

Ոսկանեան Փարիզի մէջ մասնակցած է ուսանողական շարժումներու։ Մասնակցած է թագաւորական պալատի գրաւման եւ 1849-ի հակակառավարական ցոյցերուն: Իր այս գործողութիւններուն պատճառով ձերբակալուած ու երկու ամիս բանտարկուած է, որմէ ետք ստիպուած եղած է հեռանալ Ֆրանսայէն:

Ոսկանեան 1850 թուականին վերադարձած է իր ծննդավայրը Իզմիր եւ ապա Պոլիս եւ տեղի մամուլի մէջ ծածկանունով հրատարակած՝ «Ներքին համոզում» եւ «Հռոմէական պարգեւ» գրութիւնները, ուր դատապարտած է կղերականութիւնը: Իր համախոհներուն հետ միատեղ 1855-1856 թուականներուն Փարիզի մէջ հրատարակած է «Արեւելք» հանդէսը, իսկ 1864-1865 թուականներուն՝ «Արեւմուտք» կիսամեայ հանդէսը:

Ոսկանեան 1860 թուականին մեկնած է Իտալիա եւ աշխատակցած տեղի «Լ՚Իթալի» ֆրանսերէն թերթին. հինգ տարիներ ետք՝ 1865 թուականին վերադարձած է Իզմիր եւ ստանձնած՝ Մեսրոպեան վարժարանի տեսուչի պաշտօնը, միաժամանակ դասաւանդած է ֆրանսերէն լեզու: Իզմիրի մէջ, 1865 թուականին Ոսկանեան հիմնած է «Ուսումնասէր ընկերութիւն»ը:

Ոսկանեան ստեղծագործած ու գրած է մեծ մասամբ ֆրանսերէն լեզուով. իր գրութիւններուն մեծ մասը հրատարակուած է Իզմիրի մէջ անցեալին գործող «Լա Ռեֆորմէ» (La Réforme) ֆրանսերէն թերթին մէջ: Ոսկանեան հայերէն գրութիւններով հանդէս եկած է «Արշալոյս Արարատեան» եւ «Մետէորա» պարբերականներուն մէջ:

Անոր յայտնի հրապարակախօսական գրութիւններէն են «Ազգային պակասութիւն», «Հայ դիւցազնուհի մը», «Քսանչորս ստութիւն», «Հայրենիք եւ հայրենասիրութիւն» գործերը, ուր Ոսկանեան շեշտած է ազատութեան խորհուրդն ու գաղափարը:

Հրապարակախօսութիւններու կողքին գրած է նաեւ բանաստեղծութիւններ, երգիծական գործեր, ինչպէս նաեւ կատարած է թարգմանական աշխատանք, հայերէնի վերածելով ֆրանսացի յայտնի հեղինակներու գործերէն շատեր: Ոսկանեան իր բուն անունին կողքին յաճախ ստորագրած է նաեւ «Հարմա», «Հրանտ», «Վահէ», «Օ. Օ.» եւ «Օրբէլ» ծածկանուններով:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Փետրուար 23, 2022