ՀՈԳԻՆԵՐ ՄԱՀ ՉՈՒՆԻ՛Ն
«Վերջաբան»ով մը սկսինք. մեր այսօրուան խորհրդածութիւններուն, սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներ։
«Վերջաբան»ը, իրականին, Պետրոս Դուրեանին մէկ քառեակին վերնագիրն է։ Քառեակը յատկապէս գրուած է Մեսրոպ Վարդապետ եւ Վահան-Ասլանի պատրաստած գրական գողտրիկ նշխարներու շարքը՝ «Անդրաշխարհեան Արձագանգ»ին որպէս փակման խօսք։
Մեր մտերմական խորհրդածութիւններուն մէջ յաճախ կը խօսինք հոգիի, անդենականի, երբեմն միտքի, մտաւորի մասին՝ որոնք անբաժան են մարդուս կեանքէն, բայց ընդհանրապէս առօրեայ աշխարհային զբաղումներու մէջ կ՚անտեսուին, գոնէ «երկրորդական» կը համարուին։ Մինչդեռ բան մը չտեսնել, զանց առնել չի՛ նշանակեր, որ այդ բանը գոյութիւն չունի, երեւակայական, յերիւրածոյ մըն է եւ անգոյ։ Ուրեմն պէ՛տք է երբեմն անդրադառնալ անոնց, խորհիլ ու խորհրդածել անոնց մասին։ Ահաւասիկ այս մտադրութեամբ այսօր կը թղթատենք վերոյիշեալ գրքոյկը՝ «Անդրաշխարհեան Արձագանգ»ը, յուսալով որ առիթ մը կ՚ընծայէ մտածելու նաեւ հոգեկանի, այն կողմի աշխարհի վրայ…։
Անդրաշխարհային նիւթերու մասին, այս կարգի ընթերցումներու համար անշուշտ Եկեղեցին մեզի ուղղութիւն կու տայ, Աւետարանի եւ հոգեւոր դաստիարակութիւն կը լուսաբանեն մեզ այս մասին։ Բայց այս կարգի նիւթերու համար իբրեւ լաւագոյն հեղինակութիւն կ՚արժէ ներկայացնել Յովհաննէս Գազանճեանի «Մագնիսականութիւն եւ Ոգեհարցութիւնը»ը եւ «Ոստան» եռամսեայ պարբերագրի առաջին տարւոյ թիւ 1-ի մէջ երեւցած Տիրան Չրաքեանի մէկ ուսումնասիրութիւնը՝ «Յայտնութիւնք Անդրաշխարհէն»։ Եւ ահաւասիկ Պետրոս Դուրեանի «Վերջաբան»ը։
ՎԵՐՋԱԲԱՆ
Յառէ՛ աչքերդ Անհունին,
Ո՜վ նիւթապաշտ Մարդկութիւն,
Հոգիները մահ չունին,
Վկայ գրքոյկս այս սիրուն։
Այս գրքոյկին մէջ կը հանդիպիք «Հայրիկ»ին, որ կ՚ըսէ.
«Արի՛, Հայոց ժողովո՛ւրդ, սիրտ արա՛ լսել Հայրիկի իմաստուն խօսքեր։ Ես կ՚ասեմ՝ քո բախտի անիւ չի դառնար, մինչեւ դու չսիրես միութիւն։ Պինդ կա՛ց քո պապենական լոյս հաւատքի մէջ. իժիր խուն արա՛ պահել քո օճախի լոյսն ու ճրագ։ Թէ չանես իմ ասածներ, դու կը լինիս էապէս խեղճ եւ տնանկ ու կը թափառիս աստանդական։ Հայրիկի օրհնութիւններէն է՛ն ժամանակ չես մնար մահրում, երբ դու չես լինիր անառակ որդու պէս խեռ եւ անզգամ։ Հայրիկ կ՚աղօթէ քեզ համար, որ դու Աստուծոյ արեւի տակ լինիս օրհնուած տնով տեղով»։
(Ծանօթագրութիւն.- «Սիրտ անել»=համարձակիլ, քաջութիւն ունենալ, «Իժիր»=միշտ, յաճախ, «խուն»=քիչ, պակաս, նուազ, սակաւ, «մահրում»=զուրկ, զրկուած, «խեռ»=ըմբոստ, անսաստ, անհնազանդ, անսանձ, «անզգամ»=անպատկառ, անամօթ)։
Ուստի պէտք է աւանդապահ ըլլայ մարդ, բայց ո՛չ երբեք աւանդապաշտ։ Եւ ինչպէս կը պատուիրէ Հայրիկը՝ պէտք է պահել պապենական, նախնիներէ աւանդուած հաւատքը, պէտք է պահել ընտանիքի լոյսը եւ ճրագը։ Եւ եթէ մարդ չի հնազանդիր այս պատուէրներուն՝ լքուած, անպատսպար, անոք, ու անտուն եւ ուրեմն թշուառ ու խեղճ կը պտըտի պարապ ասդին անդին։
Ուրեմն այդ հակիրճ այլ իմաստալից ու սրտագրաւ տողերը կը պարունակեն կենսական յորդորներ, խրատներ՝ որոնք հրճուանք ու երջանկութիւն կը պատճառեն ենթակային։ Սիրել իր նմանները, սիրել անցեալը, յոյս ունենալ ապագային վրայ, բայց երբե՛ք եսասէր չըլլալ, ինքնամոլ չըլլալ, որ կը նշանակէ հպարտ ըլլալ ինք իրմով, յաւակնոտ ու մեծամիտ՝ որուն կը պատշաճի խոնարհութիւն եւ համեստութիւն։
Այս առթիւ պէտք է յիշել նաեւ Հ. Ղեւոնդ Ալիշանի գեղեցիկ տողերը՝ ուղղուած երիտասարդներուն։
ԱՌ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆ
Աստուածավառ յուսովք պճնեալ
Տուր զսիրտ քո, ա՜յ իմ որդեակ,
Լուսոյն բարի, որ փայլ ի փայլ
Յերկնից շողայ իբրու պսակ։
(Ծանօթագրութիւն.- «իբրու»=իբր, պէս, որպէս)։
Պէտք է նկատի ունենալ, որ վերոյիշեալ տողերը կը ներկայացնենք իրենց լեզուական ու ուղղագրական հարազատութեան բոլորովին հաւատարիմ մնալով, քանի որ ամէն մէկ հեղինակի հանդէպ յարգանքը ա՛յդ կը պահանջէ։
Ինչպէս Մկրտիչ Պէշիկթաշլեանի տողերուն մէջ։
ՍԻՐԵՑԷ՛Ք ԶԻՐԱՐ
Ի բաց սրտից ձեր, եղբա՛րք,
Ատելութիւն, հեռ, նախանձ,
Ի՞նչ անվայել քան այն բարք,
Որք նախատինք են ազգաց։
*
Մի՛ յոյս երբէք տածէք դուք
Ազատութեան եւ փառաց,
Ցորքան մըտօք պիղծ, անձուկ
Զայրացնէք ձեր Աստուած։
Իսկ Աշուղ Ջիւանի սապէս կ՚երգէ.
Բացի ցաւից աշխարհի վրայ չը տեսայ բան,
Նոր նոր ցաւեր նորից կու գան ձիւնի նման,
Մարդկանց հոգուն չըկայ մի այլ երանաստան
Էս լուսաշող եւ փառաւոր երկնից զատ։
Վահան Վարդապետ Պարտիզակցիի յետագայ տողերը արդեօք կենդանութեան արժէքը չգնահատուած մարդո՞ց կ՚ակներկէ։ Եւ կամ շահամոլութեան մատնանշո՞ւմ մըն է։
ԱՌԱԿ
Կար ու չի կար մարդ մի կար,
Գինով, խնլոտ ու անճար,
Ով որ տեսնէր խեւուկը
Կը դարձնէր կռնակը։
*
Օր մը մեռաւ մարդուկը,
Ժամուն ձգեց մեծ արտը,
Տէրտէր ժամկոչ մէկ եղան,
Ըսին՝ Կեցցէ՜ հաճաղան։
Խեղճը եթէ իր մեծ արտը գիւղի եկեղեցիին ձգած չըլլար, «տէր տէր եւ ժամկոչ» միաբերան. «Կեցցէ՜», արդէն մեռած խե՜ղճ մարդուն պիտի պոռային…։
Ահաւասիկ, այսպէս աշխարհ մը կ՚ապրինք…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարտ 17, 2016, Իսթանպուլ