ՄԵԾ ԽՆՋՈՅՔԻՆ ԱՌԱԿԸ
Աւետարանի «Մեծ խնջոյք»ին առակը, Աստուծոյ կարգաւորութեան հանդէպ մարդոց տարբեր դիրքորոշումները կը յայտնէ։ Ուստի, իւրաքանչիւր մարդ տարբեր կերպով կը դիմաւորէ, տարբեր կերպով կը հասկնայ եւ տարբեր կերպով կը պատասխանէ «հրաւէր»ի մը։ Հրաւէրը միշտ նո՛յնն է՝ նպատակով եւ իմաստով, բայց անոր ընդառաջողներուն դիտաւորութիւնները, նպատակը եւ ըմբռնումը տարբեր են։ Ամէն մարդէ նո՛յն հակազդեցութիւնը կարելի չէ՛ սպասել որեւէ առաջարկի մը հանդէպ։
Աստուած կը հրաւիրէ՝ Իրեն գալ կ՚առաջարկէ մարդոց։ Աստուած կը հրաւիրէ մարդիկ Իրեն մօտենալ՝ Իր Որդիին՝ Յիսուս Քրիստոսի միջոցով՝ գալ Եկեղեցի՝ «խնջոյք»ի՝ հոգեւոր պաշտամո՛ւնքի։
Արդարեւ, եկեղեցւոյ դռները բա՛ց են բոլորին՝ ոմանք եկեղեցիին տեղն իսկ չեն գիտեր, ոմանք գիտեն, բայց կ՚անտեսեն, կարեւորութիւն չեն ընծայեր՝ տարուած աշխարհային զբաղումներու հոսանքէն, ոմանք երբեմն կ՚անդրադառնան, որ «դո՛ւռ» մը կայ, ուր կը կանչուին իրենք, ժամանակի մը համար կ՚ընդառաջեն, յետոյ չեն յարատեւեր, դարձեալ կը տարուին «աշխարհային»ով, եւ կ՚անտեսեն հոգեւորը։ Եւ այս տեսարանը ո՜րքան նմանութիւն ունի Յիսուսի պատմած ուրիշ առակի մը հետ՝ «սերմնացանին առակ»ին հետ, ուր սերմերէն ոմանք ճամբուն եզերքը կ՚իյնան եւ թռչունները կու գան եւ կ՚ուտեն զանոնք. ուրիշներ՝ ժայռոտ տեղեր, որ անմիջապէս կ՚ոչնչանան, քանի որ արմատ չունին, եւ ոմանք ալ կ՚իյնան փուշերու մէջ եւ հոն կը կորսուին, որովհետեւ փուշերը կը խեղդեն զանոնք։ Եւ վարջապէս, ոմանք կ՚իյնան լաւ եւ պարա՛րտ հողի մէջ եւ լա՛ւ պտուղ կու տան. (ՄԱՏԹ. ԺԳ 1-9), (ՄԱՐԿ. Դ 1-9) եւ (ՂՈՒԿ. Ը 4-8)։ Ուրեմն հրաւէրը բոլորին է, բայց զայն ընդունողներ՝ ընտիր եւ իմաստուն մարդիկ միա՛յն։
Անոնք որ կը մերժեն «հրաւէր»ը, անտարբեր, անհետաքրքիր եւ ինքճանաչողութեան գիտակցութենէն զուրկ մարդիկ են։ Անոնք չեն վրդովեր իրենց հանգիստը՝ ներկայ վիճակը։ Անկայուն ըլլալ կը նկատեն ամէն բարեփոխութիւն, քանի որ անոնք կառչած են մէկ բանի՝ անփոփոխութեան, կարծելով թէ իրենց վիճակը «լաւագոյն» վիճակն է։
Տեսակ մը ինքնաբաւութեան, եսակեդրոն եւ եսամոլութեան վիճակ կարելի է նկատել ասիկա, քանի որ մարդ կոչուած է միշտ բարեփոխութեան, յառաջդիմութեան՝ միշտ դէպի աւելի՛ լաւին։ Իսկ այն որ կը մերժէ այս բոլորը՝ «յետամնաց» է եւ յետադիմակա՛ն։ Ուրեմն, անոնք, որ չեն ընդառաջեր «հրաւէր»ին՝ առանց ուսումնասիրելու, քննելու եւ դատելու անոր նպատակը, իմաստը եւ օգտակարութիւնը եւ բարիքը՝ չեն հաւատար ո՛չ նպաստաւորին եւ ո՛չ իսկ բարիին։ Անոնք աշխարհային վարդապետութիւններու կը կապուին, բայց անոնց ալ պահանջքներուն եւ սկզբունքներուն չե՛ն հետեւիր, անոնք եսամոլներ են, որ միա՛յն իրենք զիրենք կը խորհին՝ իրենցմով միայն լեցուած են։ Ինքնակեդրոն են, բայց չեն անդրադառնար իրենց անբաւարարութեան, անկարողութեան։ Անոնք կը մերժեն եւ կ՚ուրանան իրերօգնութեան աստուածատուր կոչումը մարդուն։ Եւ չեն ըմբռներ «հրաւէր»ի մը արժէքը։
Եւ քիչ մըն ալ առաջ երթալով, կարելի է ըսել, թէ «հրաւէր»ը մերժողներ՝ հոգիին կարեւորութիւնը, բարոյական կեանքը ուրացողներ են։
Հրաւէր կ՚ըլլայ նաեւ անոնց, որոնք կ՚ընդունին հրաւէրը, չեն մերժեր, բայց նաեւ կը շարունակեն տարուիլ աշխարհային զբաղումներէ, մխրճուած կը մնան անոնց մէջ։ Փոխանակ հրաւէրին ընդառաջելու, կը շարունակեն իրենց գործերը։ Իրենց ժամանակը չեն յատկացներ հոգեւոր գործերու, ուրիշ խօսքով՝ «հրաւէրը խօսքով կ՚ընդունին», բայց գործնականապէս կը մերժեն, չեն փոխեր իրենց ընթացքը։ Հետաքրքիր կ՚երեւին, բայց բոլորովին անտարբե՛ր են ճշմարտութեան։ Այս տեսակ մարդիկ «միջակ» դիրքի վրայ մարդիկ են, թէ՛ իրենք զիրենք կը խաբեն, եւ թէ՛ իրենց շուրջինները՝ «հաւատացեալ երեւցող անհաւատնե՛ր» են անոնք՝ կեղծաւոր խարդախնե՛ր։ Այս տեսակ երկերես մարդիկ աւելի՛ վտանգաւոր են եւ աւելի՛ վնասակար մարդկութեան, քան յայտնապէս մերժողները։ Անկեղծութեան կարեւորութիւնը, ահաւասիկ այստեղ ալ անուրանալի կերպով կը յայտնուի։
Յիսուսի «Երկու որդիներու առակ»ն ալ օրինակ մըն է անկեղծութեան անհրաժեշտութեանը, ուր երկու որդիներէն մին կ՚ընդունի հօրը պատուէրը, բայց չի կատարեր զայն, իսկ միւսը թէեւ նախապէս կը մերժէ, բայց յետոյ կը զղջայ եւ կը կատարէ զայն (ՄԱՏԹ. ԻԱ 28-32), որ Յիսուս կ՚ըսէ, թէ այս որդիներէն երկրորդը կատարած է հօրը կամքը։
Եւ մանաւանդ անոնք, որ ընդունած կ՚երեւին եւ չեն կատարեր պատուէրը, արդարութեան, ողորմութեան եւ հաւատարմութեան առաքինութիւններէն եւ բարեմասնութիւններէն զո՛ւրկ մարդիկ են։
Մարդկային կեանքի ընդհանուր փորձառութիւնը սակայն, այն ցոյց կու տայ թէ՝ Աստուծոյ դէմ ըմբոստութեան հետեւանքը ոչնչացո՛ւմ է։
Պատմութիւնն ալ կը վկայէ այս ճշմարտութեան, երբ «մարմնապաշտութեան» եւ «աշխարհասիրութեան» մէկ օրինակը կը տեսնուի Հռոմէական կայսրութեան վերջին շրջանին՝ որ ամբողջ կայսրութիւնը կործանեց եւ պատմութեան փոխանցեց։
Անոնք որ անարժանաբար կ՚ընդառաջեն հրաւէրին, արժանի չեն նկատուիր մասնակցելու խնջոյքին, այլ պէ՛տք է ամէն ջանք եւ զոհողութիւն չխնայել՝ արժանի՛ ըլլալու համար հրաւէրին։
Ուստի հրաւէրին նպատակին եւ իմաստին պէտք է պատշաճիլ, յարմարիլ, որպէսզի արժանաւորապէս վայելէ մարդ այդ հրաւէրին բարիքը։ Առանց պատրաստուելու հրաւէրի մը ընդառաջել, պարզապէս կը նշանակէ՝ «հրաւիրողը նախատե՛լ»։ Ասոնք, եկեղեցիի մէջ գտնուող այն մարդիկն են, որոնք նկատումներով հոն ներկայ են, իրենց դիրքին անյարմար եւ անպատշաճ մարդիկ են. Պօղոս Առաքեալի խօսքով՝ անոնք Քրիստոսը չեն հագած, այլ՝ իրենց ձորձերով կը մնան…։
Այս տեսակները արտաքնապէս միայն եկեղեցիին կը պատկանին, բայց ներքնապէս քրիստոնէական ոգիով չե՛ն լեցուած…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարտ, 15, 2018, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/26/2024
- 11/26/2024