ՄԱՐԴԱՇԱՏՈՒԹԻՒՆ
Մարդաշատութեան կամ բազմամարդութեան հարցը՝ «բնակչութեան հարց» մըն է՝ զանազան տեսակէտներով, որ երբեմն մտահոգութեան, երբեմն ալ գոհունակութեան առարկայ է դարձած կարգ մը երկիրներու մէջ։
Աշխարհի վրայ կան երկիրներ, որոնք բազմամարդութենէ «կը տառապին»։ Կան ուրիշներ՝ որոնց ընկերաբանները եւ պետական վարիչները, ընդհակառակը, բնակչութեան նուազութենէն է որ «կը գանգատին» ընդհանրապէս։
Արդարեւ, շատ դիւրաւ հասկնալի է, որ երկրի մը, առաւել կամ նուազ բազմամարդ ըլլալը զինուորական տեսակէտով մեծ կարեւորութիւն ունի։ Շատ բնակիչ ունեցող երկիր մը տնտեսապէս ալ զօրաւոր կ՚ըլլայ։ Նախ՝ սա պատճառով որ մեծ բազմութեան մը մէջ ընդհանրապէս շատ աւելի գործող, աշխատող ձեռքեր կը գտնուին։ Միայն թէ բնակիչներուն թիւը բաւական չէ լոկ առաջ բերելու այս նպաստաւոր արդիւնքը, որովհետեւ տնտեսութեան ուժին չափանիշը անկէ կախում չունի միայն, մասնաւորապէս նկատելի են նաեւ բնակչութեան տարիքը, սեռը եւ արհեստն ու զբաղումը։
Այս իմաստով, հաւասար թիւով բնակչութիւն ունեցող երկու երկիր կրնան շատ տարբեր ըլլալ։ Ուստի, մեծ կարեւորութիւն ունի գործելու կարող մարդոց թիւը։ Երկիր մը ա՛յնքան աւելի նպաստաւորուած կ՚ըլլայ, ո՛րքան մեծ ըլլայ այս կարգի մարդոց թիւը, բաղդատմամբ ժողովուրդի ընդհանուր թիւին։
Կարեւոր է նաեւ գիտնալ, թէ ժողովուրդի մը մէջ ո՞րքան այր-մարդ կայ եւ ո՞րքան կին-մարդ, որովհետեւ, ֆիզիքական եւ մտաւորական կարողութիւններու տեսակէտով, բնական զանազանութիւններ կան երկու սեռի մէջ։ Հետեւաբար, լաւագոյն է որ մեծ տարբերութիւն չըլլայ այր-մարդոց թիւին եւ կին-մարդոց թիւին մէջ։ Զոր օրինակ, ըստ վիճակագրական տուեալներու, Եւրոպայի մէջ, կին-մարդերը, միջին հաշուով, աւելի բազմութիւն են հիւսիսային քան հարաւային մասին մէջ։ Այս երեւոյթին պատճառը այն չէ՛ որ աւելի շատ աղջիկ զաւակ կը ծնի քան մանչ, քանի որ ճիշդ հակառակն է որ տեղի կ՚ունենայ։ Բայց, անժամանակ մահերը աւելի յաճախադէպ են արական սեռին մէջ, այնպէս որ սերունդ մը քանի յառաջանայ տարիքով, ա՛յնքան կը պակսի իր արական անդամներուն թիւը։ Եւ ասիկա կը տեսնուի բացայայտ կերպով՝ Եւրոպայի հիւսիսային եւ հարաւային մասերուն մէջ։
Բնակիչներու տարիքէն եւ սեռէն ետք, հարկ է գիտնալ, թէ գործօն անհատներու քանի՞ն կը զբաղի հողագործութեամբ, քանի՛ն ճարտարարուեստով, քանի՛ն առեւտուրով, քանի՛ն ազատ արուեստներով եւ այս այլեւայլ զբաղումները ի՛նչ համեմատութեամբ բաժնուած են ժողովուրդին մէջ։
Ապրելու եւ յառաջդիմելու ընդունակ երկիրները անոնք են ուրեմն՝ որոնց բնակիչներու թիւին մէջ ներդաշնակ համեմատութիւն մը կը տեսնուի տարիքի, սեռի եւ զբաղումի տեսակէտով։ Այս համեմատութիւնը բնականաբար իւրաքանչիւր երկրի համար տարբեր կ՚ըլլայ, հոն տիրող տեղագրական, աշխարհագրական, ընկերային եւ ուրիշ պայմաններու համեմատ։
Երբ երկիր մը վերոյիշեալ «ներդաշնակ համեմատութեան» մը պակասէն չէ որ կը տառապի, հարցը աւելի ծանրակշիռ կը դառնայ, քանի որ պետութիւն մը արհեստի եւ զբաղումի մէջ գէթ անհրաժեշտ համեմատականութիւն մը յառաջ բերելու համար իր տրամադրութեան տակ ունի դիւրաւ գործադրելի միջոցներ։ Բայց խնդիրը կը կնճռոտի, երբ հարկ կ՚ըլլայ ծնունդներու նուազութեան դէմ պայքարիլ։
Այս կէտին մէջ այնպիսի անդիմադրելի արգելքներ կան՝ որոնց բարձումը պետութենէն կախում չունի լոկ։ Բազմաթիւ ընկերային խոչընդոտներ կան՝ որոնց դէմ պայքարը ուրուականներու դէմ մղուած կռիւի կը նմանի։ Չափազանցուած չ՚ըլլար այս նմանութիւնը ընել։
«Ներդաշնակ համեմատութեան» պակասը ունեցող երկրի մը ազգագրական աննը-պաստ վիճակը, թերեւս մօտաւորապէս երկու դար առաջ, մեծ հաճոյք պիտի պատճառէր «մալթուսականներ»ուն։ Եւ այսօր ալ, եթէ աշխարհի վրայ դեռ ցիրուցան «մալթուսականներ» կան, շատ պիտի փափաքէին, որ շատ երկիրներ բաղդատմամբ ուրիշներու, բախտակից ըլլային «ներդաշնակ համեմատութեան» պակասը ունեցող երկիրներու։ Արդարեւ, «մալթուսականութիւն»ը, իր շրջանին, մեծ յարգ է վայելած, բայց այսօր նկատուած է տեսութիւն մը՝ որ չի՛ համապատասխաներ աշխարհի ներկայ վիճակին…։
Տարակոյս չկայ, որ մեր երկրագունդին բնակիչները տարուէ տարի կը բազմանան հարիւրին մէկ համեմատութեամբ. ուրեմն ամէն տարի աշխարհի վրայ բնակչութիւնը կ՚աւելնայ ըստ այս համեմատութեան։ Այս երեւոյթը նոր չէ։ Ճիշդ է, որ հին շրջաններու վերաբերեալ կանոնաւոր եւ վստահելի վիճակագրութիւններ չունինք ձեռքերնիս, այնպէս որ ճշգրտօրէն կարելի չէ ըսել թէ՝ աճումը ի՛նչ համեմատութեամբ տեղի ունեցած է անցեալին մէջ։ Ամէն պարագայի, սա յայտնի է, որ Եւրոպա 1760 թուականին ունէր 130 միլիոն բնակիչ. իսկ ամբողջ աշխարհի բնակչութիւնը նոյն թուականին կը կարծուի 750 միլիոն եղած ըլլալ…։
Սակայն, հակառակ այս աճումին, բարեկեցութիւնը եւ բարեկեցութեան աստիճանը ինկած չէ՛։ Մեր դարուն, ամենէն համեստ գործաւորն իսկ շատ աւելի լաւ կը սնանի եւ շատ աւելի նպաստաւոր պայմաններու մէջ կ՚ապրի ընդհանրապէս, քան հին ժամանակներու քաղքեցիներէ շատերը։ Այս տեսակէտով մտահոգուիլ անտեղի է ուրեմն։
Իսկ թէ ի՛նչ պիտի պատահի ասկէ չորս-հինգ հարիւր տարի ետք… ոմանք աւելորդ կը նկատեն հիմակուընէ զբաղիլ անով եւ հեռաւոր, խնդրական վտանգի մը դէմ միջոցներ ձեռք առնել եւ ընկերային ներկայ կարգ ու սարքը խանգարել արուեստական, շինծու միջոցներով… բայց պէտք չէ մոռնալ, որ ամէն «ներկայ» պատասխանատո՛ւ է իր «ապագայ»ին հանդէպ։ Եւ «ներկայ» սերունդը պէ՛տք է մտահոգուի «ապագայ»ի սերունդի հոգերով եւ նեղութիւններով…։
Մարդոց թիւին արտակարգ աճումին հետեւանքով, աղէտներ նախատեսել կարելի է. նոյնքան իրաւունքով կարելի է նախատեսել նպաստաւոր փոփոխութիւններ եւ ընկերային այնպիսի նոր կազմակերպութիւններ՝ որոնց շնորհիւ մարդոց ապրուստի եւ ապրելակերպի խնդիրը «ապագայ»ին ստանայ «ներկայ»իս համար աներեւակայելի ձեւ մը։ Բայց մարդ իր բանականութեամբ կարո՛ղ է, գոնէ կանխազգուշական միջոցներ առնելու այս մասին…։
ԾԱՆՕԹԱԳՐՈՒԹԻՒՆ.-
«Մալթուսականութիւն». Անգլիական գիտնական՝ բնակչական գիտութիւններու մասնագէտ եւ տնտեսագէտ, քաղքենիութեան եւ միջին դասակարգի (=bourgeoisie) պաշտպան Thomas Robert Malthus-ի (1766-1834) ուսուցումը՝ որու համեմատ եւ համաձայն աշխատաւորներու աղքատութիւնը կը բացատրէ դրամատիրութեան (=capitalisme) պայմաններուն մէջ եւ կ՚եզրակացնէ՝ թէ ան կը ստեղծուի ո՛չ թէ հասարակական պատճառներով, այլ բնակչութեան չափազանց արագ աճումի պատճառով։
Մալթուսականութիւնը իր շրջանին ընդունելի տեսութիւն մը եղած է, բայց հետզհետէ կորսնցուցած է իր այժմէականութիւնը։ Եւ սակայն, ժամանակի ընթացքին մերժելի եղած է նաեւ անոր հակոտնեայ տեսութիւնը՝ որուն համեմատ բնակիչներու թիւը կ՚ուզուի ամէն գնով աճեցնել։
Անշուշտ փափաքելի լուծում մը պիտի ըլլար «միջին եզր» մը գտնել…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարտ 21, 2020, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/27/2024
- 11/27/2024