ԼՈՅՍԸ ՈՐՊԷՍ ԶՕՐՈՒԹԻՒՆ
Լոյսը արեւէն մինչեւ մեզի հասնելու համար, մէկ երկվայրկեանի մէջ 300 հազար քիլոմեթր արագութեամբ կ՚ընթանայ։ Այս պատճառով՝ լոյսը զօրութիւն մըն է։
Ընդհանրապէս, ուժը, ինչպէս ջերմութիւնը, մագնիսականութիւնը եւ լոյսը՝ որոնք բնութեան անիմանալի հրաշալիքներն են, այս երեւոյթներուն սահման մը տալ անկարելի է։ Անոնք պարզապէս «պատճառ»ներ են, որոնք կարելի չէ տեսնել մարմնական աչքով, անոնց «արդիւնք»ները միայն տեսանելի եւ զգալի կ՚ըլլան մեզի. արդիւնքները՝ որոնք իրենց կարգին մէյմէկ հրաշալիքներ են մարդկութեան ընթացքը փոխելու կոչուած եւ որոնց առջեւ լռին խոնարհութենէ մը զատ ոչինչ կրնայ ընել մարդկութիւնը։
Անշուշտ, բանականութեամբ օժտուած մարդը գիտական հետազօտութիւններով հետզհետէ կը յառաջդիմէ եւ լուծելու կը ջանայ այս բնութեան հրաշալիքներուն խորհուրդը։
Ահաւասիկ, այս խորհրդաւոր հրաշալիքներէն մէկը եւ կարեւորագոյնն է՝ լոյսը՝ ամենէն կենսականը մեր գոյութեան համար, պատճառ մըն է լոկ, որ մեր տեսողական գործարանին վրայ ազդելով, յատակնշական զգացողութիւն մը կը ներգործէ մեր ուղեղին վրայ եւ արդէն «արդիւնք»ը յայտնի է։
Մարմիններու ցոլացումն է պատճառը՝ որ մենք կարող կ՚ըլլանք տեսնելու արեւէն եկած լոյսը, եթէ արեգակէն մինչեւ մեր աչքը գտնուած միջոցին մէջ, գոյութիւն չունենային հիւլէական այն մանրադէտով տեսնուելիք մասնիկները, ժողովրդական բառով՝ օդին մէջ առկախ փոշիները, մեր աչքը անկարող պիտի ըլլար տեսնելու լոյսը՝ որ արեւէն կու գայ, այդ հիւլէական մասնիկներն են, որ լոյսի ճառագայթները կը ցոլացնեն եւ տեսանելի կ՚ընեն զանոնք։ Հետեւաբար այն լոյսը՝ որով մեր աչքը կը տեսնէ, «ցոլացեալ լոյս» մըն է եւ ճերմակ կ՚երեւայ մեզի։ Իրականին մէջ սակայ ճերմակ չէ՛. ան բաղկացած է եօթը գոյներէ, ծիրանի գօտիի պէս, եւ այս եօթը գոյներուն խառնուրդն է որ սպիտակ լոյսը առաջ կը բերէ։
Երկու շատ պարզ փորձ ցոյց կու տան լոյսին տարբաղադրութիւնը եւ համադրութիւնը։
Արդարեւ, բոլորս ալ տեսած ենք, որ ջահերու պրիսմակները, երբ արեւի ճառագայթ մը անցընեն իրենց մէջէն, կը բեկանեն զայն եւ երփներանգ ժապաւէնի մը պատրանքը կու տան մեզի՝ մեր շուրջը գտնուած կարասիներուն վրայ «ծիրանի գօտի» մը գծելով։
Այս երեւոյթը շատ լաւ կը բացատրէ մեզի լոյսին տարբաղադրութիւնը, եւ այդ «ծիրանի գօտի»ին մէջ որոշակի կրնանք տեսնել. կարմիրը, նարնջագոյնը, դեղինը, կանաչը, կապոյտ լեղակագոյնը եւ մանիշակագոյնը՝ եօթը տարբեր եւ յաջորդական երանգներ՝ գեղեցիկ առադրութեամբ մը շղթայուած։
Գալով համադրութեան, Նիւտոն, յայտնի բնագէտը, շատ պարզ կերպով ապացուցած է, թէ վերոյիշեալ եօթը գոյներն են, որ սպիտակ լոյս կը յօրինեն. խաւաքարտէ բոլորակի մը վրան, համեմատական բաժանումով ներկած է յիշեալ եօթը գոյները եւ առանցքի մը վրայ արագ դարձնելով այդ բոլորակը, դիտած է, որ յիշեալ գոյները կը կորսուին եւ բոլորակը սպիտակ գոյն մը կ՚առնէ։
Խնդիրը սակայն գոյներուն վրայ չէ հոս, այլ այդ գոյներուն «լուսեղէն յատկութիւն» մը ունենալն է, որ «տեսանելի» է մեր աչքերուն։
Լոյսը խորհրդանիշ մըն է անբաժանելի Սուրբ Հոգիին յայտնութիւններէն։ Արդարեւ, հաւատքը մարդուն պատասխանն է Աստուծոյ, որ Ինքզինք կը յայտնէ եւ Ինքզինք անոր կու տայ, իր կեանքին գերագոյն իմաստը որոնող մարդուն միաժամանակ յորդառատ լո՛յս կը սփռէ։ Պարզօրէն խօսելով, թէպէտ մարդկային իմացականութիւնը կարող է ճշմարտապէս իր ուժերով եւ բնական լոյսով հասնիլ ճշմարիտ եւ ստոյգ ճանաչումին անձաւոր Աստուծոյ՝ որ կը պահպանէ եւ կը կառավարէ աշխարհը իր Նախախնամութեամբ, ինչպէս նաեւ կարող է նոյնին հասնիլ «Բնական օրէնք»ով մը, որ Արարչին կողմէ ներդրուած է մեր հոգիներուն մէջ, կան սակայն բազմաթիւ արգելքներ, որոնք այս իմացականութեան թոյլ չեն տար, որ իր այս բնական կարողութիւնը արդիւնաւորապէս եւ արգասաւոր կերպով կիրարկէ, որովհետեւ Աստուծոյ եւ մարդոց հայող ճշմարտութիւնները բացարձակապէս կը գերազանցեն շօշափելի եւ տեսանելի իրերուն աշխարհը եւ երբ անոնք պէտք է գործնականի անցնին եւ լուսաւորեն կեանքը, մարդէն կը պահանջեն, որ յանձնէ ինքզինք եւ հրաժարի իր անձէն։ Մարդկային միտքը նման ճշմարտութիւններ ձեռք ձգելու ատեն կը բախի դժուարութիւններու, որոնք կու գան զգայարանքներէն եւ երեւակայութենէն, ինչպէս նաեւ սկզբնական մեղքի՝ մեղքէն ծնած յոռի ցանկութիւններէն։
Եւ երկնային Լո՛յսն է, որ պիտի լուսաւորէ մեր իմացականութիւնը եւ մեզ պիտի առաջնորդէ դէպի երկնային երանութիւններու…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարտ 19, 2021, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/28/2024
- 11/28/2024