ՏՕՆ ԵՐԵՒՄԱՆ Ս. ԽԱՉԻՆ
Առաքելական Սուրբ եկեղեցին Ապրիլ 24-ին կը յիշատակէ Սուրբ Խաչի երեւման տօնը՝ անգամ մը եւս յիշելով Տէր Յիսուս Քրիստոսի չարչարանքները, անոր խաչելութիւնը, եւ խաչի վրայ անոր թափած անմեղ արեան շնորհիւ մարդկային ցեղի փրկութիւնը։
Արդարեւ այս տօնը պատմական դէպքի մը յիշատակութիւնն է, երբ 351 թուականի Մայիսին, Կիւրեղ Երուսաղէմացի Հայրապետի օրով, օրուան երրորդ ժամուն, այսինքն՝ ժամը երեկոյեան 9-ին, երկնքի վրայ կ՚երեւի Փրկչի խաչին նշանը՝ տարածուելով Գողգոթայէն մինչեւ Ձիթենեաց լեռը։
Այս հրաշալի՜ դէպքին ականատես կ՚ըլլան ո՛չ միայն Երուսաղէմի մէջ բնակող քրիստոնեաները, այլեւ՝ տարբեր դաւանանքներու եւ կրօններու պատկանող մարդիկ։ Խաչի պայծառ երեւումէն՝ արեգակն իսկ կը մթագնի, ինչպէս կը վկայէ աւանդական պատմութիւնը։ Մարդիկ՝ որոնք ականատես եղած էին, բոլորն ալ կը շտապեն եկեղեցի՝ սրտի խորէն աղօթելու Աստուծոյ՝ գոհութիւն յայտնելով Բարձրեալին՝ այս մեծ ու հրաշալի շնորհին արժանացած ըլլալնուն համար։
Երկնային այս հրաշքի շնորհիւ շատեր կը հաւատան Յիսուս Քրիստոսի, կը մկրտուին Սուրբ Կիւրեղի ձեռքով՝ անդամագրուելով Քրիստոսի Եկեղեցիին։
Այս հրաշալի՜ դէպքի առիթով Կիւրեղ Հայրապետը նամակ մը կը գրէ Բիւզանդիայի Կոստանդին կայսրին՝ որը Մեծն Կոստանդիանոսի որդին էր։
Նամակին մէջ Սուրբ Հայրապետը կը պատմէ Երուսաղէմի խաչի երեւման մասին՝ յորդորելով, որ վերջինս անյողդողդ՝ անսասան ու հաստատուն մնայ իր քրիստոնէական ճշմարիտ հաւատի մէջ, ինչպէս նաեւ հաւատարիմ՝ Նիկիական դաւանութեանը։
Ուստի Հայ բազմադարեան պատմութեան մէջ ալ քիչ չեն «խաչի երեւում»ները։ Եւ մեր ամէն մէկուն անհատական կեանքին մէջ ալ յաճախ կը պատահին «խաչի երեւում»ներ, բարեպատեհ եւ նպաստաւոր առիթներ, որոնք ազդանշաններ են բարեփոխուելու, ինքզինք սրբագրելու, կատարելագործուելու… եւ երանի՜ անոնց՝ որ կ՚անդրադառնան անոնց։
Երանելի Կորիւնը, ինչպէս նաեւ քերթողահայր Մովսէս Խորենացին, Հայ Եկեղեցիի եռամեծար վարդապետ Մեսրոպ Մաշտոցի մահուան եւ թաղման կապակցութեամբ կ՚արձանագրեն, թէ Վաղարշապատ քաղաքի մէջ օրեր շարունակ խաչի լուսապայծառ նշանը փայլեր է այն տան վրայ՝ ուր Սուրբը աւանդեր է իր հոգին։ Եւ այդ նոյն նշանն ալ առաջնորդ է եղեր բազմութեան, ամբողջ յուղարկաւորութեան ընթացքին։
Ինչպէս ծանօթ է, խաչը Հռոմէական կայսրութեան ժամանակ, մահապարտները անարգելու եւ նախատելու համար էր։ Ուստի Հին Կտակարանի մէջ կը կարդանք. «Անիծուած է այն՝ որ կախուած է փայտէն» (Բ ՕՐ. ԻԱ 23)։
Եւ Աստուածորդին միացաւ խաչափայտին՝ սրբագործելով զայն եւ Իր Սուրբ Արիւնով մարդկութիւնը ազատեց «չար»ին՝ սատանային գերութենէն։
Խաչը եթէ մինչեւ Քրիստոսի Խաչը անարգանքի ու նախատանքի, ատելութեան նշան էր, ապա Տիրոջ Խաչելութեամբ անոր մէջ դրուեցաւ «կեանքի խորհուրդ»ը, եւ մարդ արարած հնարաւորութիւն ունեցաւ «նոր արարած» ըլլալու, եւ ստացաւ «նոր մարդ» ըլլալու, նորոգուելու կարելիութիւնը։
Արդարեւ Պօղոս Առաքեալ կը վկայէ. «Եթէ մէկը Քրիստոսի մէջ է, ապա ան նոր արարած է» (Բ ԿՈՐՆԹ. Ե 17)։ Քրիստոս խաչի վրայ ներեց մեզի՝ ջնջեց մեր մեղքերը՝ մեղքերու պարտամուրհակը՝ գամելով զայն խաչափայտին վրայ։
Մարդկութեան փրկութեան համար մարմնացած-մարդացած Աստուած խաչուեցաւ, թաղուեցաւ, բայց երրորդ օրը հրաշափառապէս յարութիւն առաւ մեռելներէն՝ քանդելով մահուան ու մեղքի կապանքները։
Այո՛, սիրելի՜ներ, յարութիւն առաւ Տէրը, քանի որ Լոյսը չէ՛ր կրնար գերազմանի մթութեան մէջ մնալ։ Եւ այս իրողութիւնը նկատի ունենալով է որ Սուրբ Կիւրեղ Երուսաղէմացին կ՚ըսէ. «Կը դաւանիմ խաչը, քանզի գիտեմ Յարութիւնը»։ Հետեւաբար խաչը մեզի համար յոյսի, սիրոյ, յաղթանակի եւ փրկութեան նշա՛նն է, որու վրայ Աստուածորդին պարտութեան մատնեց «չար»ը՝ սատանան՝ մեր առջեւ բացուեցան երկինքի դռները, որ մինչ այդ փակուած էին մեր նախածնողներ՝ Ադամի եւ Եւայի անհնազանդութեան պատճառով, դժբախտաբար։ Ուստի Յիսուս խաչի վրայ ցոյց տուաւ իր անհո՜ւն սէրն ու անբաւ ողորմածութիւնը ադամորդիներուս նկատմամբ։
Տէրը իր փրկագործութեան խորհուրդով խաչը վերածեց յաղթութեան ու փառքի նշանի։ Ուստի Պօղոս Առաքեալ կ՚ըսէ. «Քա՛ւ լիցի, որ ես պարծենամ ուրիշ բանով, քան մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի խաչով» (ԳԱՂ. Զ 14)։ Այո՛, սիրելի՜ներ, Տէրունական նշանը ճշմարիտ քրիստոնեաներուս համար պարծանքներուն պարծա՛նքն է եւ Աստուծոյ անսահման սիրոյ արտայայտութիւնը՝ անկեալ մարդուն նկատմամբ։
Ճի՛շդ է, անհաւատ ու Տէրը չճաշակած մարդոց համար խաչի վրայ Քրիստոսի այս զոհողութիւնը անիմաստ է եւ անհասկնալի՛ կը թուի, բայց մեզի համար, որ մեր սիրտերուն մէջ ընդունած ենք ճշմարիտ Աստուածը՝ Յիսուս Քրիստոսը, խաչը դարձած է փրկութեան գրաւականը։
Անգիտութեան խաւարին մէջ խարխափող այս մարդոց է Պօղոս Առաքեալի խօսքը. «Քանի որ, ինչպէս յաճախ կ՚ըսէի եւ հիմա եւս լալով կ՚ըսեմ, մեր մէջ կան շատեր՝ որոնց կեանքը թշնամանք է Քրիստոսի խաչին։ Անոնց վերջը կորուստ է, քանի որ իրենց Աստուածը իրենց փո՛րն է։ Ամօթալի բաներով կը հպարտանան եւ միայն երկրաւոր բաներու մասին կը խորհին» (ՓԻԼԻՊ. Գ 18-19)։
Երանի՜ անոնց, որ կ՚անդրադառնան եւ կրնան օգտագործել առիթները՝ որ միշտ կան ու պիտի ըլլա՛ն…։
Սկզբնաղբիւր՝ «Այունյաց Կանթեղ»։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ապրիլ 18, 2016, Իսթանպուլ