ՑՈՅՑ, ՀԱՆՐԱՀԱՒԱՔ, ՔԱՅԼԱՐՇԱՒ ԵՒ...

Ամէն անգամ, որ փողոցներու մէջ ցուցարարներ տեսնեմ, կամ հանդիպիմ եւ կամ այդ մասին կարդամ կամ լսեմ, անպայման ողորմած հօրս այս մասին իր օրինակելի պատումները կը վերյիշեմ: Հայրս, մեզի զանազան առիթներով եւ հպարտօրէն պատմած էր, թէ «Ֆրանսան, երբ Իսկէնտէրունը Թուրքիոյ յանձնեց», Հալէպի մէջ այդ օրերուն, առ ի բողոք մեծ ցոյցեր տեղի ունեցած էին, եւ որուն մասնակցած էին նաեւ հայերն ալ եւ մանաւանդ հալէպաբնակ խարբերդցիները: Ու հայրս, իբրեւ այդպիսին, ինքն ալ մասնակից դարձած էր, ընդվզում արտայայտող այդ հրապարակային եւ աղմկոտ քայլարշաւ-ցոյցերուն:

Եւ աւելի՛ն, ան, նոյն հպարտանքով աւելցուցած էր, թէ ինք նաեւ մասնակից դարձած էր ֆրանսական բանակի Սուրիայէն հեռացման առթիւ, քաղաքին մէջ կատարուող ե՛ւ ուրախութեան ե՛ւ մանաւանդ երկրի անկախութեան շունչ բուրող ու նպաստ բերող այդ ցոյցերուն:

Այս բոլորը պատմած էր, երբ մենք շրջան մը, ամբողջ քաղաքի դպրոցականներով ցոյցի կ՚ելլէինք, ի զօրակցութիւն երկրի նախագահին: Մեզի համար այդ ցոյցերուն մասնակցիլը մեր այդ տարիքին պարզապէս դպրոցէն եւ դասերէն խոյս տալ էր, ուրիշ ոչինչ: Այսպէս, երբ քաղաքի կեդրոնը հասնէինք, կը խառնուէինք տեղացի աշակերտներով բազմացած եւ ճոխացած ցուցարարներու խումբին ու անիմաստ եւ անհաճոյ բարձրաձայն գրեթէ գոռալով կը կրկնէինք այն բոլոր բառերն ու լոզունգները, որոնք դուրս կու գային այն «առաջնորդին» բերնէն, որ մէկու մը ուսերուն վրայ նստած, թուղթ մը կամ գաւազան մը ճօճելով շարունակ կը բացագանչէր: «Մէկ ձայնի» վրայ կը պոռար, ու կը սպասէր, որ մեր կարգին, մենք ալ կրկնէինք իր կատարած բոլոր բացագանչութիւնները, նոյն ոճով եւ աղմուկով: Մեզմէ շատեր, երբ ցուցարարներու ամբոխը կը հասնէր սինեմաներու պողոտայի ծայրին, ճարպիկութեամբ մը խոյս տալով, սինեմա կը մտնէին: Անոր համար մեր ցոյցերու այս ձեւով մասնակցութիւնը հօրս աչքին ծիծաղելի էին եւ անիմաստ:

Ա՛ռ, քեզի ցո՛յց եւ ցուցարար: Անիմաստ եւ պարզապէս ձեւական:

Արդ, եթէ ինքնազրոյցը մարդու մը մեծագոյն գաղտնիքներէն մէկն է, յաճախ ես այս միջոցին կը դիմեմ, պարզապէս ես ինծի հետ ըլլալու: Պարզ եւ նոյնքան ալ խրթին ու միշտ իրաւացի դուրս կու գայի, որովհետեւ զիս հակաճառող չկար:

Արդ, այս օրերուն, նման պահ փնտռելու կարիքը չէի զգար, որովհետեւ քորոնան արդէն մեզի եւ կամ աշխարհի մարդկութեան ստեղծած էր այդ մենակութեան «պահը»: Եւ ի տես զանազան լուրերու, մարդ ես, կը կարդաս, կը տեսնես, կը լսես, գրեթէ ամէն օր ձեւով մը ականատես կը դառնաս մարդոց վերաբերումին իրարու հանդէպ անոնց հոգեվիճակին եւ տրամադրութիւններուն, ու դուն քեզի հարց կու տաս, թէ ինչո՞ւ մարդիկ ցոյցի կամ քայլարշաւներու եւ կամ հանրահաւաքի կը դիմեն:

Ու պատասխանը կը գտնեմ ենթագիտակցութեանս մէջ.- համատարած դժգոհութիւն եւ կամ անվստահութիւն: Ուրեմն կ՚ըսեմ, ժողովուրդը չի վստահիր իր պետութեան կամ իր կառավարութեան: Ստախօս կ՚որակէ: Նոյնն ալ պարզ քաղաքացին, իրարու հանդէպ: Թերեւս եւ հաւանաբար ալ, ընթերցողը՝ գրողին: Անոր համար, առ ի բողոք փողոց կ՚իջնէ ու ցոյցերով եւ հանրահաւաքներով իր ընդվզումը կը հրապարակէ:

Արդ ըսէ՛ք, ինչպէ՞ս ապրիլ այս եւ նման անվստահութեան եւ սուտի մթնոլորտի մէջ: Ինչպէ՞ս դուրս գալ նման իրավիճակէն: Ուղղակի ողբերգական:

Մեր ծնողները մեզի սորվեցուցած էին, թէ «ամենէն վատը, սուտին հետ հաշտ ապրիլն է, եւ նոյն այդ սուտը մարդու ուղեղը կրնար քայքայել»: Կ՚ուզեմ նաեւ հետեւցնել, թէ բոլորովին ուրիշի չվստահող անձը, վերջ ի վերջոյ պիտի յանգի նաեւ ինքն իրեն չվստահելու աստիճանին եւ իր կարգին, ինքն իրեն չվստահող անձը, դատապարտուած պիտի ըլլայ անգործութեան: Այսպէս կ՚եզրակացնեն հոգեբանները:

Ու այս բոլորէն, ետք հաւանաբար ընթերցողը հարց տայ, թէ այս տողերով հեղինակը ո՞ւր կ՚ուզէ հասնիլ: Ըսեմ: Պարզեմ միտքս:

Անկեղծօրէն այս բոլորը հետեւցուցած եմ, որովհետեւ այս օրերուն եւ ամիսներէ ի վեր ազգովին հայրենիքի եւ կամ սփիւռքի մէջ «մենք չենք այն, ինչ որ էինք կամ կը կարծէինք»:

Ցոյցեր, հանրահաւաքներ, ընդվզումի արտայայտութիւններ եւ «թունաւոր» խօսքեր արդէն հայրենի մթնոլորտի լիճը անօրինակ ալիքներով լեցուցած են: Ներկայիս, մեր հայրենիքը փոթորկալից ամպերու տակ կ՚ապրի: Կը տագնապի: Ու այս մէկը կը ծանրացնէ մեր ազգին կեանքը: Չենք վարժուած այսպէս ապրիլ: Սակայն ո՞վ է լսողն ու մտիկ ընողը, տեսնողն ու հասկցողը: Կարծես հայու բանականութիւնը կանգ առած է: Բոլորին դէմքերը ձմրան պտուղի նման կնճռոտած են: Ամէն քայլափոխի յուսախաբ տխրութիւն մը կայ: Լռակեաց եւ բարձրաձայն տառապանք: Տեսանելի է: Հարցեր կան անսասան պատերու նման ցցուած: Անկասկած բոլոր հին ու նոր դէպքերը իրենց հարազատ հետքերը ունին կատարուող ցոյցերուն եւ կամ հանրահաւաքներուն վրայ:

Ու երկարօրէն այս մասին կը մտածեմ եւ անշուշտ, ինծի հետ մտահոգ նաեւ ամբողջ ազգս: Միտքս անհանգիստ է: Կը մտածեմ, թէ ի՞նչ պէտք է ընել հայ կեանքին առողջ պահող հեւքը որոնելու համար: Որո՞ւ դիմել: Ո՞ւր կը վաճառուի այդ հեւքը: Հասկնալի է, թէ բոլոր այս արարքները մեր ցաւերէն եւ խոցելի կէտերէն ծնունդ առած են: Անոր համար է, որ հայրենի մեր ժողովուրդին դէմքին վրայ նստած է ատելութեան եւ անհանդորժողութեան ծանր ստուերը:

Գիտենք, որ աշխարհը տակնուվրայ է: Հիւանդ ալ է: Պատերազմ, կռիւ ու մահ կայ ամէն կողմ: Ատելութիւն: Նորութիւններ չեն այլեւս: Ու բոլորս ալ տեղեակ ենք, թէ այս օրերուն ինչե՜ր կատարուեցան եւ տակաւին կը կատարուին մեր երկրէն ներս եւ շուրջը: Յստակ է, թէ Արցախի այս վերջին ու ծանր պատերազմին պատճառով, մեր երկրի կեանքի թելն ալ կորսուած է: Ժողովուրդին բաժին ինկած են խոր ցնցումներ: Հայը կրկին կ՚ապրի դժուարին պայմաններու մէջ, վիճակներու անօրինակ խառնուրդով։ Լուրջ, սակայն նոյնքան ալ վտանգաւոր կացութիւն, որ զինք հասցուցած է արդի պատմութեան ամենէն ճակատագրական հանգրուաններէն մէկուն սեմին։

Նաեւ, իբրեւ արդար եւ տեղին յիշեցում, աւելցնեմ, որ նոյն այս պատերազմին պատճառով, հայ կեանքը կը քալէ շատ ծանր: Նոյնիսկ իր մարմինը սկսած է հիւծիլ, որովհետեւ պատերազմի գերանդին մեծաթիւ զոհեր հնձած ու խլած էր: Դժուար է կշռել տարողութիւնը կորուստին: Չմոռնանք, մեր իրիտասարդ զինուորներուն թափած արեան այս հոսքը մեր բոլորի կեանքին համար էր: Սգաւոր ենք: Զգաստանանք: Գիտակցինք: Կատակ չէր պատահածը: Զոհուած երիտասարդներու, ազատամարտիկներու արիւնը բոլորիս համար ալ թանկ է եւ սուղ, միշտ կրկնած ենք: Նաեւ յիշենք, որ մեր երկիրը զոհ է համաշխարհային քաղաքականութեան աղտոտ խաղին: Վերջին այս պատերազմէն ստացած մեր բաժինը, մեզ աննպաստ պայմաններու զոհը դարձուց: Ահա պարզ իրականութիւնը:

Բայց նկատելի է, թէ հայը հայուն դէմ կոյր ատելութիւն ունի: Տեսակ մը ամէնօրեայ սուր եւ անիմաստ «ճակատամարտ»: Ու այս մէկը սարսափելի է: Անդրադառնանք: Մենք ազգովին քաղաքական մեծ խաղերու ողբերգուները դարձած ենք: Կը կրկնեմ: Անոր համար կ՚ափսոսանք եւ կը սարսափինք ու ֆիզիքապէս եւ հոգեպէս ալ կը մաշինք: Մեծ ու փոքր հրապարակներու վրայ աղմուկն ու սպասումը լափած է հայուն համբերութիւնը: Վկայ՝ մեր ներքին իրավիճակը: Այս ծանր ու դառն ցնցումներէն ետք, տակաւին բոլորին մօտ վարանում ալ կայ, պառակտիչ խօսքերով եւ սրտնեղիչ տագնապով:

Ամիսներէ ի վեր խօսեցանք, գրեցինք, երազեցինք, եւ դրական արդիւնքի մը սպասեցինք:

Սակայն մնացինք անպատասխան: Եւ այսօր դարձեալ իբրեւ հայ մարդու թափ, իր ազգին գլխաւոր ձգտումներով մտահոգ գրիչ, մարմաջ մը կայ բառերուս մէջ, միասնական ղեկավարութիւն որոնող, մեզ բոլորս միացնող եւ միաժամանակ մասնակից դարձնելով հայ կեանքի առողջ պայքարին:

Ճիշդ է, որ հեռուէն խրատականներով կարելի չէ նոր շունչ եւ յոյս ներշնչել: Սակայն յանուն մեր հայրենիքի վաղուան, թելադրելի է, որ բոլոր տարակարծիք կողմերն ալ իրենց կեանքին մէջ ազգային ոգիին ալ յատուկ տեղ յատկացնեն: Առողջ մթնոլորտ ստեղծեն: Իւրաքանչիւրը, կեանքը դիտէ միւսին անկիւնէն ալ, հայասիրտ տրոփումով:

Մաղթանքս է, որ ազատ, անկախ եւ առողջ ու հզօր հայրենիք մը պահելու ոգին թող խօսի բոլորին հետ: Հաւատացէ՛ք, Երեւանէն հասնող ամէնօրեայ աղմուկ-ժխորը, միայն կը նպաստէ մեր հակառակորդներուն «ջաղացքին ջուր լեցնելուն»:

Լուրջ եւ խոհեմ, առողջ մտածողութեամբ, հեռատես եւ արթուն ղեկավարութիւն է պէտք, թէ՛ սփիւռքի, եւ թէ՛ հայրենիքի մէջ: Շեփորած ենք, մեր մաղթանքներու կողքին: Բայց ո՞ւր է եւ կամ ո՞վ պիտի ըլլայ այդ բարի եւ պատմական նախաձեռնողը, մեզ ազգովին զգաստացնողը: Պատասխանը մօտս չէ:

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

bedig43@aol.com

Ուրբաթ, Ապրիլ 23, 2021