ԱԶԳԸ ՓՐԿԷ՝ ՅԵՏՈՅՔ ՇԱՐԺԵԼՈՎ

Մեր թուականէն 101 տարիներ առաջ՝ 1921-ին Ա. Ե. հայանպաստ առաքելութեան համար կը մեկնի Վիեննա, ուր պանդոկի մը մէջ կը գիշերէ: Երեկոյեան կ՚որոշէ իջնել պանդոկին սրճարանը՝ գաւաթ մը սուրճ խմելու համար, որուն տպաւորութիւնները իր յուշերուն մէջ հետեւեալ տողերով կը նկարագրէ.-

«Ցուրտ իրիկուն մըն էր: Մռայլ ու հոգետանջ, քաշուած էի հոթէլին տակի սրճարանի մէկ անկիւնը: Անդին խումբ մը երիտասարդներ հայերէն կը խօսէին եւ հանդիպակաց սեղաններուն շուրջ վիեննացի ժպտուն ու մարդամօտիկ աղջիկներուն հետ աչք-ունք կը խաղային: Անոնց անհոգ կենցաղը կը զայրացնէր զիս: Կ՚ուզէի չտեսնել զիրենք. բայց ուրիշ տեղ չունէի երթալիք: Դուրսը ցուրտ էր եւ ես անծանօթ ուրիշ շրջանակի»:

Փոքր սրճարանի մէջ երկու տեսակի հայ. մին անտարբեր ու անփոյթ, իսկ միւսը՝ խելահաս ու գիտակից: Այդ սրճարանէն դուրս՝ փոքր հայրենիքի մը մէջ են նոյն երիտասարդները, ոմանք նոյն անտարբերութեամբ, իսկ ուրիշներ սրտցաւ ու վշտակից՝ ի դիմաց բոլոր այն ցաւերուն ու խնդիրներուն, որոնք մեր առօրեան կ՚արիւնեն:

Այսօր մեր մեծագոյն ախտը մեր մէջ բոյն դրած անտարբերութիւնն է, որ կը կրծէ մեր ինքնութիւնը եւ մահացու հիւանդութեան մը նման մեր մէջ կը մեռցնէ այն ազգասիրութիւնը՝ որ մահուան անկողինին մէջ կեանքին կառչած մնալու իր վերջին փորձերը կը կատարէ:

Վերջին Արցախի պատերազմի ընթացքին սփիւռք ապրող հայրենասէր բարեկամ մը յուզումով զանգեց ու հարցուց «ի՞նչ վիճակի մէջ է Հայաստանը, ժողովուրդին տրամադրութիւնը ի՞նչ է». ինչպէ՞ս կրնայի պատասխանել, որ երբ սահմանի վրայ հայրենիքի համար երիտասարդներ իրենց կեանքը կը զոհաբերեն, բազմահարի՜ւր երիտասարդներ Երեւանի սրճարաններուն ու ճաշարաններուն մէջ իրենց կեանքի «հաճոյքը» կը փորձեն գոհացնել. ինչպէ՞ս ըսէի անպակաս են ճաշկերոյթներն ու պարահանդէսները, մինչեւ իսկ փառատօները՝ այն ընթացքին երբ տակաւին կեանքի քաղցը իրենց ունեցող երիտասարդներ առյաւէտ իրենց աչքերը կը փակէին՝ նոյնինքն այդ անտարբերներուն համար:

Այսօր, պատերազմէն երկու տարիներ ետք ի՞նչ է վիճակը ժողովուրդին. անտարբերութի՜ւն: Եւ այդ անտարբերութեան աւելի՛ ականատես ըլլալու համար փորձեցէք այլանդակութեան կենդրոն՝ համացանց, ուր «էշու չափ» հայ երիտասարդ-երիտասարդուհիներ իրենց յետոյքները շարժելով ազգանպաստ գործ մը կատարել կը փորձեն: Խնդրեմ չի՛ շփոթել. անոնք յայտնի յետոյք շարժողներ են, ա՛յն աստիճան, որ Հայաստանի Հանրապետութեան շարք մը թերթեր եւ ալիքներ իրենց հետ հարցազրոյց կը կատարեն:

Այսօր հայրենիքի համար մեծամեծ զոհողութիւններ կատարող անձեր մնացած են շուքի տակ, իսկ յետոյք շարժողները փայլող դէմքեր եղած են մեր ընկերային կեանքէն ներս. այսօր հասակ առնող նոր սերունդին ընտրած տիպարները այդ յետոյք շարժողներն են:

Անցեալ օր ձեռքս հայկական 5.000 դրամ կար. դիմացս նստող երկու համալսարանականներու դրամը ցոյց տալով հարցուցի, թէ ո՞վ է այս մարդը. զարմացած աչքերով նայեցան, փորձեցին դրամին մէկ ծայրը անունը գրուած տեսնել. անոնցմէ մին հարցականով «Գրիգոր Զօհրա՞պ» ըսաւ... չուզեցի պատասխանել. Ուիլիըմ Սարոյեանի նկարն էր:

Անտարբերութիւնը հո՛ս է, որ սկիզբ կ՚առնէ. վստահ եմ երկու «համալսարանական» երիտասարդներն ալ ետքը չփորձեցին հետաքրքրուիլ ու պրպտել, թէ որո՞ւ նկարն էր այդ մէկը, որ մինչեւ իսկ հայկական թղթադրամին վրայ դրած են իր նկարը:

Այսօր ձեր ձեռքը վերցուցէք հայ մտաւորականի մը նկարը եւ յետոյք շարժելու մէջ յայտնի մերօրեայ աստղ Լիլի Մորթօ կոչեցեալին նկարը. ցոյց տալով հարցուցէ՛ք անցորդներուն եւ պիտի տեսնէք, որ մեծամասնութիւնը պիտի ճանչնան յետոյքի աստղը եւ իր կեանքը հայ լեզուին ու գրականութեան համար մաշեցուցած մտաւորական մը իրենց համար պիտի մնայ օտար ու անհարազատ:

Անցնող շաբթուան ընթացքին հայկական վարժարաններէն մէկուն տնօրէնը զանգեց եւ խնդրեց, որ յառաջիկայ շաբաթ դպրոցի մեծ դասարաններուն համար դասախօսութիւն մը պատրաստեմ մոռցուած հայ մտաւորականներուն կեանքին մասին. սիրով ընդառաջեցի: Դասախօսութեան համար նշեալ օրէն երեք օրեր առաջ զանգեց եւ ըսաւ. «Հրայր ջան, դասախօսութիւնը չենք անելու. սրահը ռեմոնտ եմ անում...». իրապէ՛ս ուրախութիւնը ունեցայ դասախօսութեան չեղարկման, որովհետեւ պարզ էր, որ «ժամանակ լեցնելու» եւ կամ «բան մը ըրած» ըլլալու սիրոյն դասախօսութիւն մը նշանակած էր մոռցուած հայ մտաւորականներուն մասին, որոնք աւելի՛ անկարեւոր դարձան՝ քան սրահի նորոգութիւնը:

Այսօր տասնեակ հայկական վարժարաններ, մանաւանդ սփիւռքի մէջ իրենց դռները փակելու վտանգին դիմաց կը գտնուին, հազիւ շնչող թերթեր ու պարբերականներ իրենց յաջորդ թիւը հրատարակել կարենալ-չկարենալու մտահոգութիւնը կ՚ապրին, նոր սերունդը կը ձուլուի, ժողովուրդը եկեղեցիէն կը հեռանայ, արժէքներն ու մշակոյթը կը մեռնի...

Իսկ մե՞նք... յետոյք շարժելով կը զբաղուինք:

 

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ

ՄԵԼՔՈՆ ԿԻՒՐՃԵԱՆ
(1859-1915)

Մեր թուականէն 163 տարիներ առաջ՝ 23 ապրիլ 1859-ին, Բալու քաղաքի Հաւաւ գիւղին մէջ ծնած է գրող, արձակագիր եւ հրապարակախօս Մելքոն Կիւրճեան:

Կիւրճեան փոքր տարիքէն տեղափոխուած է Պոլիս, ուր իր նախնական կրթութիւնը ստացած է Սկիւտարի ճեմարանէն ներս, ուրկէ անցած է Ս. Խաչ վարժարան: Դպրոցական ուսումը աւարտելէ ետք Կիւրճեան որոշ ժամանակ զբաղած է ուսուցչութեամբ, դասաւանդելով Պոլսոյ հայկական վարժարաններէն ներս. 1890-1896 թուականներուն եղած է Կեդրոնական վարժարանի հայոց լեզուի եւ գրականութեան ուսուցիչ, միաժամանակ գաղտնի կերպով դասաւանդած է հայոց պատմութիւն:

Պոլսոյ 1896 թուականի դէպքերէն ետք մեկնած է Վառնա, ուր ի յիշատակ Գրիգոր Արծրունիի հիմնած է Արծրունեան դպրոցը: Կիւրճեան 1898 թուականին վերադարձած է Պոլիս եւ ձերբակալուելով աքսորուած է Քասթամոնու, ուր մնացած է մինչեւ 1908 թուական՝ Օսմանեան սահմանադրութեան հաստատումը:

Մելքոն Կիւրճեանի գրական գործունէութիւնը սկիզբ առած է 1883 թուականին՝ աշխատակցելով Պոլսոյ զանազան մամուլներուն եւ պարբերականներուն. 1888 թուականին Արփիար Արփիարեանի փափաքով գրած է «Պանդուխտի կեանքէն» դրուագները, որոնք մաս-մաս տպագրուած են «Մասիս» շաբաթաթերթին մէջ: «Մասիս»ի կողքին Կիւրճեան աշխատակցած է նաեւ «Արեւելք» եւ «Հայրենիք» թերթերուն: Կիւրճեան «Թղթակից Ի Պոնտոս» գրչանունով յօդուածներ ու պատմուածքներ գրած է նոյնիսկ իր աքսորի ժամանակ, որոնք հրատարակուած են «Բիւզանդիոն» թերթին մէջ:

Իր աքսորականի յուշերը գրած է «Ճախճախուտքի մէջ. երկու առանցքի վրայ» խորագրեալ վէպին մէջ, որ առանց ստորագրութեան  առաջին անգամ հրատարակած է «Սուրհանդակ» թերթին մէջ, սակայն հակառակ առանց ստորագրութեան հրատարակելուն, որոշ ժամանակ ետք գիտցուած է ինքնութիւնը եւ ոչնչացուցած են 350 էջնոց վէպը:

 Մելքոն Կիւրճեան օգտագործած է բազմաթիւ գրչանուններ, որոնցմէ յայտնի են Աւօ, Շահէն գրչանունները:

Արձակագիրին «Պանդուխտի կեանքէն» աշխատութիւնը առաջին անգամ որպէս գիրք լոյս տեսած է Փարիզի մէջ, 1931 թուականին:

Համաշխարհային Ա. պատերազմի ժամանակ՝ 1915-ին ձերբակալուած եւ աքսորուած է, ուր մահացած է:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Շաբաթ, Ապրիլ 23, 2022