ՀՈԳԵԳԱԼՈՒՍՏԻ ՈԳԻՆ
Սուրբ Հոգիին գալստեան գիտակցութիւնը եւ անդրադարձումը մեզ կը տանի նորոգուած հոգիով եւ արթուն միտքով «Նոր կեանք» մը ապրելու հրաշալի՜ գաղափարին։
Արդարեւ, մօտաւորապէս քսանմէկ դար առաջ՝ Երուսաղէմի մէջ, վերնատունը հաւաքուած Քրիստոսի աշակերտները, իրենց տրուած խոստումին համաձայն կը սպասէին Սուրբ Հոգիի այցելութեանը։ Քրիստոսի համբարձումէն յետոյ իրենց տրուած «մխիթարիչի խոստում»ը անշուշտ որ պիտի իրականանար եւ աշակերտներ պիտի մխիթարուէին Սուրբ Հոգիով։ Քանի որ Ա՛ն էր Մխիթարիչը։
Հոս պահ մը կ՚արժէ տեսնել, թէ ի՛նչ է, կամ ո՛վ է Սուրբ Հոգին։ Աւելի ճիշդ է ըսել «Ո՛վ է», քանի որ Սուրբ Հոգին անձնաւորութի՛ւն մը, ա՛նձ մըն է։
Արդարեւ Սուրբ Հոգին «անձնաւորութիւն» մըն է, քանի որ Ան «Ստեղծող» է եւ «կեա՛նք կու տայ».
«Զիս Աստուծոյ Հոգին ստեղծեց ու Ամենակարողին շունչը ինծի կեանք տուաւ», ինչպէս կը վկայէ Յոբ. (ՅՈԲ. ԼԳ 4)։ Ուստի «անձ» կը նշանակէ՝ խորհող, որոշում տուուղ, այսինքն մտածելու, զգալու, դատելու եւ գործադրելու կարողութիւն ունեցող էութիւն։
Սուրբ Հոգին կը ներգործէ հոգեւոր կեանքին մէջ, եւ կը կարգաւորէ ամբողջ կեանքը, ինչպէս կ՚ըսէ Եսայի մարգարէ. «Ինծի՛ մօտեցէք, ասիկա՛ լսեցէք. առաջուընէ ծածուկ չխօսեցայ։ Այս բաներուն պատահած ժամանակէն ի վեր ես հո՛ս եմ։ Ու զիս Տէր Աստուած՝ անոր Հոգին ղրկեց» (ԵՍԱՅ. ԽԸ 16)։ Ուստի Սուրբ Հոգին պաշտօններ կը հաստատէ՝ պաշտօնեաներ կը սահմանէ ու կը կոչէ եւ զանոնք կը ղրկէ իրենց պաշտօններուն կատարմանը համար։ Եւ այս բոլորը իրականցնելու համար էութիւն մը պէտք է «ա՛նձ» ըլլայ։
Եւ դարձեալ՝ «Առաքեալներու Գործեր»ուն մէջ կը կարդանք. «Երբ ասոնք Տէրոջը պաշտօնին մէջ էին եւ ծոմ կը պահէին, Սուրբ Հոգին ըսաւ.- Զատեցէ՛ք ինծի Բառնաբասը եւ Սօղոսը այն գործին համար, որուն ես կանչեր եմ անոնք» (ԳՈՐԾՔ. ԺԳ 2)։
Նաեւ՝ «Ուրեմն զգուշացէ՛ք ձեր անձերուն եւ բոլոր հօտին համար, որուն վրայ Սուրբ Հոգին ձեզ տեսուչ դրաւ Աստուծոյ, այսինքն Տէրոջը Եկեղեցին հովուելու, զոր իր արիւնովը ստացաւ» (ԳՈՐԾՔ. Ի 28)։ Այս հատուածները ցոյց կու տան եւ կ՚ապացուցանեն, թէ՝ Սուրբ Հոգին, իր ամենէն լայն առումով, «գործող» էակ մը, այսինքն «Ա՛նձ» մըն է։
Սուրբ Հոգին կ՚իմացնէ նաեւ «պաշտօնեայ»ներուն՝ թէ ո՛ւր պէտք է գործեն ու քարոզեն. «Եւ Սուրբ Հոգին ըսաւ Փիլիպպոսին.- Մօտեցի՛ր եւ այդ կառքին քով գնա՛» (ԳՈՐԾՔ. Ը 29), եւ «Երբ Պետրոս այն տեսիլքին վրայով կը մտածէր, Սուրբ Հոգին ըսաւ անոր.- Ահա երեք մարդիկ քեզ կը փնտռեն, ուստի ելի՛ր, իջի՛ր եւ անոնց հետ գնա՛ առանց խղճահարութեան, քանի որ ե՛ս ղրկեցի զանոնք» (ԳՈՐԾՔ. Ժ 19-20)։ Ուրեմն Սուրբ Հոգին կենդանի, ապրող, ուղղող, կառավարող, առաջնորդող «Ա՛նձ» մըն է։
Սուրբ Հոգին ընթացք կու տայ կեանքին։
Սուրբ Հոգին, նաեւ կ՚իմացնէ «պաշտօնեայ»ներուն, թէ ո՛ւր պէտք չէ գործեն ու քարոզեն.
«Փռիւգիոյ ու Գաղատացիներու կողմերը պտըտեցան. հոն Սուրբ Հոգին արգիլե՛ց, որ Աստուծոյ խօսքը Ասիայի մէջ խօսին, երբ Միսիա եկան եւ կը փորձէին Բիթանիա երթալ՝ Յիսուսի Հոգին չարտօնեց իրենց» (ԳՈՐԾՔ. ԺԶ 6-7)։ (Ծանօթագրութիւն.- Փռիւգիա=«Frikya», Գաղատիա=«Galatya», որոնք կը գտնուին Ասիա նահանգին մէջ)։
Ուստի Սուրբ Հոգին կը ներգործէ եւ իր ներգործութեամբ կը փոխէ ներաշխարհը մարդուն եւ անոր մէջ կը ստեղծէ նոր ու նորոգուած հոգի՛։
Սուրբ Հոգիին կարեւորագոյն առաքելութիւնն է սորվեցնե՛լ։ Սուրբ Հոգին կը սորվեցնէ, թէ ի՛նչ պէտք է քարոզէ եւ ինչպէ՛ս պէտք է գործէ այն հոգին՝ որուն ներգործած եւ զայն վերակենդանացուցած է։
«Իսկ մենք ո՛չ թէ այս աշխարհի հոգին առինք, ապա այն Հոգին՝ որ Աստուծմէ է, որպէսզի մենք ճանչնանք այն բաները, որոնք Աստուծմէ տրուեցան մեզի», կ՚ըսէ Պօղոս առաքեալ. (Ա. ԿՈՐՆԹ. Բ 12)։
Սուրբ Հոգին յայտնուեցաւ, խօսեցաւ մարգարէներուն մէջ անոնց բերնով ու գործեց անոնց ձեռքով.
«Մարդի՛կ, եղբայրներ, պէ՛տք է որ կատարուէր այն գրուածը՝ որ նախապէս Սուրբ Հոգին Դաւիթին բերնով ըսաւ Յուդայի մասին, որ Յիսուսը ձերբակալողներուն առաջնորդը եղաւ» (ԳՈՐԾՔ. Ա 16)։
Եւ ինչպէս կը վկայէ ու կը գործէ Պետրոս առաքեալ, իր առաջին ընդհանրական նամակին մէջ. «Ու կը քննէին թէ ե՛րբ եւ ի՛նչպիսի պարագաներ կը ծանուցանէր իրենց մէջ գործող Քրիստոսի Հոգին, որ կանուխէն կը վկայէր Քրիստոսի չարչարանքներուն եւ անոնց յաջորդելիք փառքին մասին» (Ա ՊԵՏՐՈՍԻ Ա 11), եւ շարունակելով. «Անոնց յայտնուեցաւ՝ որոնք ո՛չ թէ իրենց՝ հապա մեզի մատակարարեցին այն բաները, որոնք հիմա ձեզի պատմուեցան անոնց ձեռքով՝ որ Աւետարանը քարոզեցին ձեզի Սուրբ Հոգիով, որ երկինքէն ղրկուեցաւ, եւ որոնց հրեշտակները կը ցանկան տեսնել ակնկառոյց» (Ա ՊԵՏՐՈՍԻ Ա 12))։ Եւ դարձեալ երկրորդ ընդհանրական նամակին մէջ. «Վասնզի մարգարէութիւն մը երբեք մարդոց կամքին պէս չտրուեցաւ, հապա Աստուծոյ սուրբ մարդիկը Սուրբ Հոգիէն շարժուած՝ խօսեցաւ» (Բ ՊԵՏՐՈՍԻ Ա 21)։
Այսպէս, ահաւասիկ, Սուրբ Հոգին՝ որպէս Անձ, կը ներգործէ եւ շարժում կը ստեղծէ հոգիներուն մէջ, զանոնք կը խօսեցնէ ու գործի կը վերածուի՝ խօսքով ու գործով կ՚արտայայտուի։
Արդարեւ «Սուրբ Հոգին» յատուկ անունն է Անոր՝ զոր մենք պաշտենք եւ Հօր ու Որդիին հետ կը փառաւորենք։ Եկեղեցին զԻնք Տիրոջմէ ստացաւ եւ զԻնք կը դաւանի իր նոր զաւակներուն մկրտութեան ատեն։ Ուստի «հոգի» բառը կը թարգմանուի եբրայեցերէն «ռուահ» բառով, որ իր առաջին իմաստով կը նշանակէ «շունչ», «օդ», «հով»։ Յիսուս արդարեւ կ՚օգտագործէ «հովին շօշափելի պատկեր»ը թելադրելու համար Նիկոդեմոսին Աստուծոյ անձնական Շունչը եղող «աստուածային Հոգիին վերանցական նորութիւն»ը։
Միւս կողմէ, «Հոգի» եւ «Սուրբ» բառերը՝ աստուածային ստորոգելիներն են, որոնք հասարակաց են աստուածային երեք Անձերուն։ Սակայն Աստուածաշունչ Մատեանը, ծիսակատարումը եւ աստուածաբանական բարբառը այս երկու բառերը իրարու միացնելով՝ կը նշանակեն անպատում Անձը Սուրբ Հոգիին. «հոգի» եւ «սուրբ» բառերուն միւս կիրարկումներուն մէջ եւ անոնց հետ առանց հնարաւոր շփոթումի։
Յիսուս երբ Սուրբ Հոգիին գալուստը կ՚աւետէ եւ կը խոստանայ, զԻնք կը կոչէ «փարայլիթոն», տառացիօրէն՝ «Ան որ մօտը կանչուած է»։ Ուստի «փարայլիթոս» սովորաբար թարգմանուած է «Մխիթարիչ» բառով, առաջին Մխիթարիչը Յիսուս նկատուելով։
Տէրը Սուրբ Հոգին «ճշմարտութեան Հոգին» կը կոչէ. ինչպէս՝ (ՅՈՎՀ. ԺԶ 13)։ «Բայց երբ գայ ինքը՝ Սուրբ Հոգին, որ ճշմարտութիւնը կը յայտնէ…»։
Արդարեւ, երբ Բաբելոնի աշտարակով տարբեր լեզուներ բաժնեցին մարդիկը՝ Երուսաղէմի Հոգեգալուստով, վերնատան մէջ տարբեր լեզուներ միացուց մարդկութիւնը։ Եւ ամէն բաժանում միացման մը առաջնաքայլն է, ինչպէս Հոգեգալուստին տրուած տարբեր լեզուները…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մայիս 15, 2015, Իսթանպուլ