ԱՌՈՂՋ ՆԿԱՐԱԳՐԻ ՏԻՊԱՐԸ

Կեան­քի մէջ կան եր­բեմն պարզ եւ ա­ռօ­րեայ դէպ­քեր, ո­րոնք ամ­բողջ մարդ­կու­թեան տի­պա՛ր կ՚ըլ­լան եւ ան­ջն­­ջե­լիօ­րէն կը տպա­ւո­րեն եւ ազ­դե­ցու­թիւն կը գոր­ծեն ա­նոր վրայ։ Եւ մարդ շատ անն­շան դէպ­քէ մը կրնայ շատ մեծ եւ կեն­սա­կան, օգ­տա­կար դա­սեր քա­ղել, կեան­քը ըստ այնմ կա­նո­նա­ւո­րել եւ կեան­քին ընդ­հա­նուր ըն­թաց­քը փո­խել։

Եւ ա­հա­ւա­սիկ, նկա­րագ­րի ա­ռողջ գի­ծե­րը յայտ­նող ի­րա­կան դէպ­քի մը պատ­մու­թիւ­նը՝ որ պա­տա­հած է Ա­մե­րի­կա­յի մէջ, մօ­տա­ւո­րա­պէս ութ­սուն տա­րի­ներ ա­ռաջ։

Ե­րի­տա­սարդ ու­սա­նող­նե­րու քսան հո­գի­նոց խում­բը ճամ­բայ կ՚ել­լէ տուն եր­թա­լու հա­մար մեծ ինք­նա­շար­ժով մը։ Ճամ­բու ըն­թաց­քին ձիւ­նամր­րիկ մը կը պայ­թի. հան­րա­շար­ժը կը կորսնց­նէ իր ճամ­բան, եւ կ՚իյ­նայ փո­սի մը մէջ։

Շար­ժա­վա­րը օգ­նու­թիւն փնտռե­լու կ՚եր­թայ մօ­տա­կայ ա­գա­րակ մը։ Եր­կար ժա­մա­նակ ան չի վե­րա­դառ­նար, եւ ա­տեն մը վերջ իր սա­ռած մար­մի­նը կը գտնուի կէս ճամ­բու վրան։ Եւ ձիւ­նամր­րի­կը կը շա­րու­նա­կէ կա­տա­ղօ­րէն՝ հետզ­հե­տէ ա­ւելց­նե­լով իր սաստ­կու­թիւ­նը։

Եւ ձիւ­նը գրե­թէ կը թա­ղէ հան­րա­շար­ժը, եւ ա­նոր մէջն ալ բա­ւա­կան ձիւն կը լե­ցուի։ Այդ­պէս, քսան ե­րի­տա­սարդ ու­սա­նող­ներ ցե­րե­կուան մէկ մա­սը եւ ամ­բողջ գի­շե­րը կը մնան հոն՝ ձիւ­նի փո­թո­րի­կին մէջ։ Ցուր­տը սաս­տիկ է եւ ան­տա­նե­լի. ու­տե­լիք չկայ, սար­սա­փը հետզ­հե­տէ կը տի­րէ եւ մա­հը կը սկսի ա­նոնց շուր­ջը դե­գե­րիլ՝ ան­գութ թշնա­միի մը նման։

Ու­սա­նող­նե­րու մէջ կը գտնուի նաեւ 13 տա­րե­կան պա­տա­նի մը՝ Պրայն Ուն­թայտ, որ իր քա­ջու­թեան, անձ­նա­զո­հու­թեան եւ արթ­նամ­տու­թեան շնոր­հիւ դիւ­ցազ­նա­կան գործ մը կը կա­տա­րէ։

Ցուր­տը կը թմրեց­նէ հետզ­հե­տէ դե­ռա­հաս ու­սա­նող­նե­րը, եւ քու­նը կը սպառ­նայ մա­հաց­նել զա­նոնք։ Ար­դա­րեւ պէտք է ար­թուն պա­հել ե­րի­տա­սարդ­նե­րը ա­մէն գի­նով։ Պրայն Ուն­թայտ կը խոր­հի այս մա­սին։

Ուս­տի, Պրայն, նախ իր վրա­յի հա­գուստ­նե­րը կը հա­նէ՝ ու­րիշ­նե­րը սա­ռե­լէ փրկե­լու հա­մար, եւ միեւ­նոյն ա­տեն կը զբա­ղեց­նէ միւս­նե­րը զա­նա­զան պատ­մու­թիւն­ներ պատ­մե­լով, տե­ւա­կան խօ­սե­լով ա­նոնց հետ, մար­զանք­նե­րով, կա­տակ­նե­րով ար­թուն պա­հե­լու կ՚աշ­խա­տի զա­նոնք, որ­պէս­զի չքնա­նան՝ եւ մին­չեւ իսկ ապ­տակ­ներ կ՚ի­ջեց­նէ ա­նոնց ե­րե­սին։

Բայց հա­կա­ռակ այս ջան­քե­րուն, տա­րի­քով ա­ւե­լի փոք­րիկ ու­սա­նող­նե­րէն ո­մանք չեն կրնար տո­կալ եւ կը մեռ­նին։ Պրայն ժա­մե­րով կը շա­րու­նա­կէ իր պաշ­տօ­նը, թէեւ նոյ­նիսկ իր պզտիկ եղ­բայ­րը մեռ­նող­նե­րէն մէկն էր։ Եւ ե­րե­սու­նու­վեց ժամ շա­րու­նակ նոյն­պէս, մին­չեւ որ օգ­նու­թիւ­նը կը հաս­նի եւ ինքն ալ ար­դէն կի­սա­մեռ, եւ այդ վի­ճա­կին մէջ իսկ կը խնդրէ որ նախ ու­րիշ­նե­րը հի­ւան­դա­նոց փո­խադ­րուին։

Ապ­րիլ, նոյ­նիսկ պահ մը իսկ ե­րե­ւա­կա­յել այս դէպ­քը իր բո­լոր ահ­ռե­լի պա­րա­գա­նե­րով՝ ձիւն, փո­թո­րիկ, սա­ռու­ցիչ ցուրտ, ա­հա­ւոր գի­շեր, մութ… եւ ա­նօ­թի ու ցրտա­հար պա­տա­նի­նե­րու եւ ե­րի­տա­սարդ­նե­րու խումբ մը բա­ցաս­տա­նին մէջ։ Ե­րե­ւա­կա­յելն իսկ սար­սա­փազ­դո՛ւ է։ Ուս­տի սար­սա­փը եւ մա­հուան ի­րա­կա­նու­թիւ­նը, մա­նա­ւանդ երբ ա­նի­կա շատ մօտ է, չա­փա­հաս եւ հա­սուն մարդն իսկ յու­սա­հա­տու­թեան պի­տի մատ­նէր, մա­նա­ւանդ երբ ար­դէն սա­ռած ե­րի­տա­սարդ­նե­րու ան­շունչ մար­մին­նե­րը ող­ջե­րուն վրայ կը հա­կին։ Ի՜նչ սար­սա­փե­լի տե­սա­րան, ի՜նչ սոս­կա­լի վի­ճակ որ մարդ եր­բեք պի­տի չփա­փա­քէր ապ­րիլ եւ նոյ­նիսկ ե­րե­ւա­կա­յել տաք սե­նեա­կի մը մէջ։

Եւ այս ե­ղե­րա­կան սար­սա­փե­լի պա­րա­գա­նե­րուն մէջ ո՛չ միայն պա­տա­նի մը, այլ նաեւ չա­փա­հաս մէ­կը երբ կրնայ իր պա­ղա­րիւ­նու­թիւ­նը պա­հել՝ քա՜ջ ըլ­լալ, դէպ­քին ա­հա­ւոր լրջու­թիւ­նը լիո­վին ըմբռ­նե­լով հան­դերձ բա­նա­կա­նու­թիւ­նը ա­ռանց կորսնց­նե­լու խօ­սիլ, գոր­ծել, նոյ­նիսկ կա­տա­կել, խըն-դալ՝ ու­րիշ­նե­րը ա­զա­տե­լու հա­մար, ա­հա­ւա­սիկ այս բո­լո­րը կա­րե­լի է ար­տա­յայ­տել միայն «դիւ­ցազ­նու­թիւն» բա­ռով, ա­ռանց թե­րեւս լիո­վին ըմբռ­նե­լու ա­նոր նշա­նա­կու­թիւ­նը։

Դիւ­ցազն ըլ­լալ՝ կ՚են­թադ­րէ «տի­պա՛ր» ըլ­լալ, օ­րի­նա­կե­լի ըլ­լալ, քա­նի որ դիւ­ցազ­նու­թիւ­նը ա­մէն մար­դու տրուած շնորհ մը՝ յատ­կու­թիւն մը, ա­ռա­քի­նու­թիւն մը, ազ­նը-ւու­թիւն մը չէ, ա­նի­կա միա՛յն «տի­պար» մար­դու, մեծ մար­դու գործ է։

Եւ այս պատ­ճա­ռով, բնա­կա­նա­բար Պրայն Ուն­թայ­տի ա­նու­նը Ա­մե­րի­կա­յի մէջ մէկ ծայ­րէն միւ­սը հռչա­կուե­ցաւ, եւ ժա­մա­նա­կի ըն­թաց­քին հետզ­հե­տէ տա­րա­ծուե­ցաւ։ Եւ մին­չեւ իսկ հա­սաւ շրջա­նին Նա­խա­գահ Հու­վը­րին, որ ազ­գին հիաց­ման ու ե­րախ­տա­գի­տու­թեան թարգ­ման հան­դի­սա­նա­լով, Պրայ­նը քա­նի մը օր Սպի­տակ Տան մէջ հիւ­րա­սի­րեց։

Եւ ա՜յն­քան ան­գի­տակ իր ը­րած դիւ­ցազ­նու­թեան, եւ այն­քան ման­կու­նակ իր վար­մուն­քին մէջ, որ­պէս սո­վո­րա­կան ա­րարք մը ե­ղած ըլ­լար, որ Պրայն երբ կը տես­նէ Նա­խա­գահ Հու­վը­րը Սպի­տակ Տան մէջ, քաղցր միամ­տու­թեամբ մը, ան­կեղծ ար­տա­յայ­տու­թեամբ կը բա­րե­ւէ զայն ը­սե­լով.

«Ա­լօ՜, Պ. Նա­խա­գահ…»։

­Դիւ­ցազ­նու­թեան ար­ժէ­քը կը բար­դուի ար­դա­րեւ, դիւ­ցազ­նին ան­կեղ­ծու­թեամբ, դիւ­ցազ­նու­թիւ­նը սո­վո­րա­կան գործ մը կա­տա­րե­լու միամ­տու­թեամբ, հա­մեստ ու խո­նարհ զգա­ցում­նե­րով, քա­նի որ դիւ­ցազ­նու­թիւ­նը «դիւ­ցազ­նու­թիւն» չ՚ըլ­լար՝ «ես դիւ­ցազն եմ» կամ «դիւ­ցազ­նու­թիւն պի­տի կա­տա­րեմ» ը­սե­լով, եւ սո­վո­րա­կան գոր­ծե­րը դիւ­ցազ­նու­թիւն կար­ծե­լով կամ իբր դիւ­ցազ­նու­թիւն ներ­կա­յաց­նե­լով։ Ար­դա­րեւ, ինչ­պէս ազ­նուու­թիւ­նը, նոյն­պէս՝ դիւ­ցազ­նու­թիւնն ալ հաս­տատ նկա­րագ­րի մը ար­տա­յայ­տու­թիւնն է՝ ո՛չ ստա­ցա­կան, այլ՝ բնա­տուր եւ ըն­դո­ծին յատ­կու­թի՛ւն մը։

Ուս­տի յան­կար­ծա­հաս, ա­նակն­կալ վտանգ-­նե­րու պա­հուն քա­ջու­թիւ­նը չկորսնց­նել, մա­հուան ի­րա­կան վտան­գի պա­հուն պա­ղա­րիւ­նու­թիւ­նը պա­հել՝ ա­մէն մահ­կա­նա­ցուի գործ չէ՛։ Եւ այդ մաս­նա­յատ­կու­թիւ­նը, բա­ցա­ռու­թիւնն է որ մարդս «դիւ­ցազն» կ՚ը­նէ, դիւ­ցազ­նու­թիւն կա­տա­րել կու տայ։ Ար­դա­րեւ, վա­խը բնազդ մըն է, որ կ՚ե­րե­ւի ջղա­յին եւ դիւ­րա­բոր­բոք խառ­նուածք ու­նե­ցող մար­դոց մէջ ան­նուա­ճե­լի կը դառ­նայ։

Այս ուղ­ղու­թեամբ «ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թիւն»ն ալ բնազդ մըն է մար­դուն մէջ։ Բայց պէտք է ըն­դու­նիլ նաեւ, թէ բա­նա­ւոր էակ­նե­րու մէջ բնազդ­նե­րը կրնան եւ պէ՛տք է կա­ռա­վա­րուին ու հա­կակշ­ռուին բարձ­րա­գոյն սկզբունք­նե­րու ու­ժով։ Այս ի­մաս­տով մարդ պէտք է հա­կակշ­ռէ եւ ներ­դաշ­նա­կէ բնազ­դին եւ բա­նա­կա­նու­թեան ար­ժէք­նե­րը։ Ար­դա­րեւ, մարդս «մա՜րդ» ը­նո­ղը իր բա­նա­կա­նու­թիւնն է, իր մարդ­կա­յին ար­ժա­նա­ւո­րու­թիւ­նը եւ ար­ժա­նա­պա­տուու­թիւ­նը։

Մարդ իր բարձր գա­ղա­փար­նե­րով, սկըզ-բունք­նե­րով հա­կակշ­ռե­լո՛ւ է բնազ­դնե­րու ու­ժը, քա­նի որ մար­դուս կեան­քը ըն­թացք կը ստա­նայ բա­նա­կա­նու­թեամբ, միտ­քը գոր­ծա­ծե­լով՝ օգ­տա­կա­րը եւ վնա­սա­կա­րը զա­նա­զա­նե­լու եւ մա­նա­ւանդ օգ­տա­կա­րը կա­րե­լի չա­փով ընտ­րե­լու, ո­րո­շե­լու կա­րո­ղու­թեամբ։ Մարդ բնազ­դա­բար ե­սա­սէր է, բայց բա­նա­կա­նու­թիւ­նը կ՚ը­սէ, թէ՝ ան պէտք է ըլ­լայ նաեւ այ­լա­սէր, այ­սինքն՝ մար­դա­սէ՛ր…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մա­յիս 15, 2017, Իս­թան­պուլ

 

Երեքշաբթի, Մայիս 23, 2017