ԱՆԱՐԴԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

«Լաւագոյն» բառը իմաստառատ բառ մըն է, իմաստալից, որ իր մէջ կը բովանդակէ օգտակարը, յարմարագոյնը, բարին եւ շատ մը առաքինութիւններ, որոնց կը կարօտի մարդ՝ իր կատարելութեան ճամբուն վրայ։

Կայ նաեւ «զօրաւորագոյն»ը, եւ զօրաւորագոյնը միշտ «լաւագոյն»ը չէ, ընդհակառակը, յաճախ «յոռեգո՛յն»ը։ Բայց «լաւագոյն»ն ալ երբեմն կրնայ արգելք հանդիսանալ «լաւ»ին, քանի որ յայտնի խօսք մըն է. «լաւագոյնը թշնամի՛ է լաւին», եւ իրապէս ալ մարդ երբ կ՚ուզէ լաւագոյնը կատարել, շատ անգամ զանց կ՚առնէ լաւը եւ լաւը կը մնայ միշտ անխնամ։

Ընկերային անխիղճ եւ աներես անարդարութիւններ՝ անիրաւութիւններ, որոնք կը վիրաւորեն մարդկային արժանապատուութիւնը, մեր ապրած ամէն մէկ օրուան մէջ պատահած, տեսնուած, սովորական երեւոյթներ են։

Արդարեւ սաղմոսերգուին գանգատը՝ թէ «ամբարիշտը կը բարգաւաճի մինչ արդարը կ՚անիրաւուի» նաեւ մեր օրերուն յատուկ գանգատ մըն է։ Ի՞նչ է ձեր կարծիքը սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներ, ինչպէս անցեալին, ա՛յսօր ալ սովորական երեւոյթ մը չէ՞ անարդարութիւնը՝ որու կ՚ենթարկուին շատեր՝ որքան ալ խուսափիլ ջանան այդ անբաղձալի երեւոյթէն։ Մարդ որքան ալ անբասիր՝ մեղադրելի կամ քննադատելի կողմ մը չունենայ, եւ կամ ա՛յդպէս կարծէ ինքզինք, եւ պատուաւոր ըլլայ, չի՛ կրնար խուսափիլ անիրաւութենէ եւ կ՚ենթարկուի անարդարութեան եւ բարոյապէս կը վիրաւորուի…։

Եւ ինչպէս ըսինք մեր խորհրդածութեան սկիզբը՝ անիրաւութիւնը կամ անարդարութեան գաղափարը իմաստառատ բառ մըն է՝ ան իր բազմակողմանի ազդեցութիւններով օգտակարին, յարմարագոյնին, մանաւանդ բարիին բոլորովին հակառակ երեւոյթ մըն է, որուն միակ հետեւանքը՝ բարոյական վիրաւորանքներ պատճառած ըլլալն է։ Անարդարութեան ենթարկուած մէկը միշտ «պակաս» մը կը զգայ իր հոգւոյն մէջ։

Սիրելի՜ներ, ո՞վ կրնայ ըսել որ իր ամբողջ կեանքի ընթացքին երբեք անիրաւութեան, անարդարութեան չէ հանդիպած։ Կարելի չէ՛։ Անարդարութիւնը մարդկային կեանքի անբաժան մէկ տարրն է, եթէ կայ արդարութիւն, անշո՛ւշտ որ կայ, ապա ուրեմն պիտի ըլլայ նաեւ անարդարութիւն, ինչպէս որ կա՛յ արդէն։ Ասիկա սովորական, բնական երեւոյթ մըն է. ուստի մարդ՝ որ կ՚ապրի, պէտք է պատրա՛ստ ըլլայ անարդարութիւններու, որ է՝ վնասակար, անյարմար եւ չա՛ր պատահարներու, քանի որ բարին եւ չարը՝ միասին կ՚ամբողջացնեն կեանքը։

Տեսնուած երեւոյթ մըն է, որուն բոլորս վկայած ենք մեր կեանքի ընթացքին, հոգ չէ՛ որ ուշադրութիւն չենք դարձուցած երբեմն, բայց անպայման հանդիպած ենք մեր շուրջը անարդարութիւններու՝ ուր բարիները ոտքի տակ կ՚երթան, իսկ չարերը կեանքի՝ գէթ նիւթական՝ օրհնութիւններու մենաշնորհը կը բռնագրաւեն, եւ կը վայելեն ազատօրէն։ Ասիկա տեսակ մը «կեանքի փիլիսոփայութիւն» է եղած շատերու՝ որոնք անարդարութիւնը «կեանքի պայման» կ՚ընդունին՝ ապրելու համար ամէն միջոց արդարացի, բնական եւ գործադրելի կը թուի այդպիսիներուն։

«Իրաւունքը զօրաւորինն է», կ՚ըսէ այս անբարոյացած, անխիղճ մտածելակերպը։ Եւ դժբախտաբար այս մտածելակերպին քիչեր կը բողոքեն, քանի որ իրենք ալ տարուած այդ հոսանքէն, անգիտակցաբար «ուժո՛վ» ըլլալ կ՚ուզեն իրաւունք ձեռք բերելու՝ արդար ըլլալու համար։ Եւ այդ պատճառով, ընդհանրապէս մարդիկ «մարդ» ըլլալէ՝ բարի, օգտակար, արդար մարդ ըլլալէ առաջ, կը նախընտրեն «զօրաւոր» ըլլալ, ուժո՛վ ըլլալ, քանի որ կը խորհին, թէ եթէ զօրաւոր ըլլան եւ ուժով, արդէն իրաւունքի տէր կ՚ըլլան եւ բարի, արդա՛ր։

Ուրեմն սապէս կարելի է խորհիլ. մարդ եթէ զօրաւոր է, անոր բաժինը արդարութիւն է, իսկ եթէ տկար՝ անարդարութի՛ւն։ Բայց այդպէս խորհողներ չարաչար կը սխալին, քանի որ արդարութիւնը որեւէ ներքին կամ արտաքին կապ չունի՛ ուժի եւ զօրութեան հետ։ Հակառակ այս ճշմարտութեան՝ բոլոր արդի «մարգարէ»ներ լռութեան ենթարկուած են։ Եւ ասիկա կը պարզաբանուի կամ կը թարգմանուի որպէս «տկարութիւն» եւ առ երեւոյթ իրաւացի կը նկատուին. «Իրաւունքը զօրաւորինն է» կարծողները։ Բայց պատճառը այն է՝ որ աշխարհ համակերպած է այդ սխա՛լ գաղափարին։ Կրկնենք, իրաւունքը զօրաւորինը չէ՛, այլ արդարի՛ն։ Այն որ արդար է՝ իրաւունքի տէ՛ր է…։

Բայց ի՞նչ կրնայ ըլլալ պատճառը այս սխալ մտածելակերպին եւ կարծիքին։ Պատճառը ա՛յն է, որ մարդիկ իրենց հաւատալիքներուն, սկզբունքներուն բոլորովին մակերեսային արժէք մը կ՚ընծայեն։

Սկզբունքներ եւ հաւատալիքներ մեծ մասամբ «ծիսականացած» են, սկզբունք եւ հաւատալիք՝ բոլորովին անուանեալ, բոլորովին ձեւական են դարձած։ Զոր օրինակ, ընդհանրապէս քրիստոնեաներ «Քրիստոս»ի անունը կը կրեն իբրեւ «ցուցանիշ» մը, տիտղոս կամ ածական մը միա՛յն՝ առանց ապրելու Քրիստոսի շնորհքը։ Շատերու համար, դժբախտաբար Աւետարանը գրադարանի «զարդ» է եղած, անշուշտ եթէ ունին իրենց տան մէջ հատոր մը…։ Աւետարանը «կեանքի կանոն», որպէս ապրելակերպ չեն ընդունած շատեր, չեն ընտրած որպէս «ոտքի շաւիղ եւ լո՛յս»։

Փարիսեցիութիւնը աւելի շատ կը տիրապետէ մարդոց մէջ, քան ճշմարիտ հաւատքը, որ ճշմարտութի՛ւնն իսկ է։ Այդպիսիներ էականէն աւելի կը հետեւին ձեւականին եւ հետզհետէ կը դառնան ձեւապաշտներ հեռանալով էականէն։ Հաւատքը ձեւակերպութիւն մը միայն կը նկատեն անոնք եւ կը գոչեն. «Իրաւունքը զօրաւորի՛նն է» եւ կը հաւատան որ «միջոցը կ՚արդարացնէ արդիւնքը»։ Եւ անոնք աւելի՛ կը սիրեն «հաճոյանալ» ունայնախօս հռետորներու հռետորութիւնով քան հոգեւորապէս «արթննալ» ճշմարտութիւններու սո՛ւր խայ-թոցովը եւ հետամուտ ըլլալ «նոր կեանք»ի մը։ Արդարեւ, փառատենչ մարդիկ կը հետաքրքրուին աւելի իրենց անձով քան ճշմարտութեամբ, արդարութեամբ…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ապրիլ 10, 2019, Իսթանպուլ

Հինգշաբթի, Մայիս 23, 2019