ԵԹԷ

«Եթէ սիրես, բայց սիրոյդ խենթ չդառնաս».

Ամենէն վտանգաւոր կիրքերէն մէկը սէրը ինքն է, որ պատմութեան ընթացքին պատճառ եղած է բազմաթիւ աղէտներու, որովհետեւ սէրը աւելի անզուսպ ու անիշխելի զգացում մըն է՝ քան միւս բոլոր զգացումները, ինչ որ մարդ արարած կրնայ ունենալ:

Սէրէն քաղցր, սակայն միաժամանակ սէրէն աւելի վտանգաւոր բան չի կրնար գոյութիւն ունենալ մարդ արարածին համար, որովհետեւ կեանքը գեղեցկացնելու եւ գունաւորելու կողքին ունի կեանքը դժբախտացնելու եւ խաւարելու յատկութիւնը, ինչին շնորհիւ կը գրուին վէպեր, բանաստեղծութիւններ, երգեր ու տաղեր:

Սէրը լաւ բան է, սակայն անոր պատճառած ցաւը կը գերազանցէ պատճառած ուրախութեան։ Թերթեցէ՛ք մեր հին բանաստեղծները, մեր հին երգերն ու գրականութիւնը. այդտեղ առաւելաբար պիտի տեսնէք ցաւն ու կսկիծը սիրոյ:

Պատմութիւնը կը փաստէ, որ աշխարհի ամենէն կարող ու զօրաւոր մարդիկ նոյնիսկ ինչքա՜ն տկարացած են սիրոյ առջեւ. ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ուրբաթ, 26 նոյեմբեր 2021-ի թիւին մէջ գրած էինք «Սէր՝ որ հրէշը հրեշտակ կ՚ընէ» խորագրեալ յօդուած մը, ուր ներկայացուցած էինք, թէ աշխարհի ամենէն դաժան մարդոցմէ Հիթլէր ինչպիսի անձ մը կը դառնար իր սիրոյն դիմաց. անոր քոյրը մինչեւ իսկ կը յայտարարէր, թէ Հիթլէր եթէ միանար իր սիրոյն հաւանաբար պատերազմներ չըլլային:

Դժբախտաբար սակայն, նոր սերունդը եկաւ սիրոյ գաղափարը եւս յեղաշրջելու եւ այլափոխելու. այսօրուան սէրը այն չէ՝ ինչ որ էր յիսնամեակ մը առաջ. այսօր սէրը պարզապէս անւանապէս կայ՝ որպէս վերացական զգացում, որուն ծանօթ չէ ամէն մարդ:

Բանաստեղծը կը յորդորէ սիրոյն խենթ չդառնալ, որովհետեւ գիտէ այդ գերութեան հետեւանքն ու արդիւնքը. այդ արդիւնքը կը հասկնան բոլոր անոնք, որոնք սիրոյ ինչութիւնը բառի մը սահմաններէն անդին գիտեն անոր ունեցած ներգործութիւնը մարդու կեանքին վրայ, որովհետեւ այդ զգացողութիւնը ամենէն իմաստունը յիմար, քաջը տկար եւ անկոտրունը դիւրաբեկ կը դարձնէ:

***

Եզրակացութիւն.- Բանաստեղծը կը յորդորէ նեղութեան ու դժուարութեան ժամանակ առանձին պայքարիլ,  վստահիլ սեփական ուժերուն ու վստահութիւն ո՛չ թէ մարդոց, այլ ամէն մարդ ինքնիր վրայ. կը յորդորէ առանց ձանձրանալու սպասել՝ նոյնիսկ եթէ ուշանայ այդ սպասուածը. կը յորդորէ երազել, սակայն երբեք այդ երազներուն գերին չդառնալ, այլ իրականութիւնը աւելի՛ նախընտրել քան երազը, որովհետեւ երազը խաբուսիկ կրնայ ըլլալ, սակայն հակառակ այս ճշմարտութեան՝ չ՚ուզեր երազելէ հեռանալ: Կը յորդորէ քաջ ըլլալ եւ հաւասարութեամբ տանիլ պարտութիւնն ու յաղթանակը, որովհետեւ երկուքն ալ մարդուն համար են եւ հաւասարակշռելու համար կեանքը պէտք է պարտութիւնն ու յաղթանակը համահաւասար տանիլ:

Կը յորդորէ վստահութիւն ունենալ սեփական անձի վրայ եւ չտարուիլ ուրիշներու խօսքերով, որոնք բարիքէ աւելի շատ անգամ չարիք կը սերմանեն. կը յորդորէ ապրիլ ու գործել այնպէս՝ ինչպէս ինք կ՚ուզէ՝ նոյնիսկ սխալելու եւ վնասուելու գնով. կը յորդորէ չյուսահատիլ, նոյնիսկ երբ տարիներու աշխատանք մը երկվայրկեանի մը մէջ խորտակուի։ Կը խրատէ առանց տրտնջալու դարձեալ ծունկի գալ եւ շինել, այն վստահութեամբ, որ նորը շատ աւելի կատարեալ պէտք է որ ըլլայ՝ քան նախկինը: Կը յորդորէ հաւասարակշռութիւն սիրտի, ջիղերու եւ մկաններու, որովհետեւ գիտակից մարդը ան է՝ որ կը յաջողի իշխել ու հաւասարակշռել զանոնք: Ամենէն կարեւորը կը յորդորէ դիմնալ՝ երբ մեռած է ամէն բան. այլ խօսքով յոյսի կրակը կ՚ուզէ դնել իւրաքանչիւրին սիրտին մէջ, այն վստահութեամբ, որ կեանքի կրակով ու յոյսով լեցուն մարդը մեռելութեան մէջ անգամ կրնայ կենդանութիւն ստեղծել. կարեւորը հաւատալն ու ուզելն է:

Աւելին, բանաստեղծը կը յորդորէ խոնարհութիւն ու պարզութիւն, որովհետեւ վերջապէս որպէս մարդ արարածներ, ընկերութեան ո՛ր խաւին ալ մաս կազմենք, հաւասար էակներ ենք. հաւասար ծնունդով եւ հաւասար մեր մահով. վերջապէս կը յորդորէ չնեղանալ մարդոցմէ, անոնց կատարած բոլոր չարութիւնները համբերութեամբ ու քաջութեամբ տանիլ եւ չդառնալ գերին այն կիրքերուն, որոնք ամբողջ կեանքն ու ապրելակերպը իրենց իշխանութեան տակ առնելու եւ զայն քայքայելու ուժն ու կարողութիւնը ունին: Կը յորդորէ սիրել, սակայն սիրոյն մէջ դնել նաեւ միտքն ու բանականութիւնը ու անոր խենթը չդառնալ, պարզ այն պատճառով, որ սիրոյ խենթութիւնը բարիքէն աւելի չարիք կրնայ միայն սերմանել:

Այս բոլորը կատարելու պարագային Քիփլինկ իր բանաստեղծութիւնը կ՚աւարտէ հետեւեալ տողերով.-

«Քո՛ւկդ է Երկիրն ու իր գանձերն անհամար

Եւ աւելին՝ այն ատեն Մա՛րդ ես, տղաս»:

Ամէն մարդ մարդ կրնայ ըլլալ, սակայն Մարդ ըլլալու համար քիչ մը աշխատանք պէտք է:

*

ԵԹԷ

Եթէ կրնաս պահել գլուխդ առանձին,
Երբ խուճապի մէջ է չորսդիդ ամէն մարդ,
Եթէ կրնաս վստահ ըլլալ քու անձին,
Եթէ ուրիշներ կը կասկածին վրադ,
Եթէ կրնաս միշտ սպասել անձանձիր,
Կամ չստել՝ շրջապատուած սուտերով,
Ատողներու մէջ ըլլալ սիրալիր,
Եթէ կրնաս ըլլալ բարի, բայց ուժով․
Եթէ կրնաս դուն երազել եւ սակայն
Չըլլալ գերին երազներուդ գերիշխող,
Յաղթանակէն ետք հանդիպիլ պարտութեան
Եւ նո՛յն ձեւով ընդունիլ զոյգն այդ խաբող․
Եթէ կրնաս լսել քու խօսքդ վճիտ
Չարափոխուած յիմարներու ծուղակի
Ու խորտակուած տեսնել մեծ երկը կեանքիդ,
Բայց վերստին զայն շինելու գաս ծունկի․
Եթէ կրնաս շահը հազար ճիգերու,
Մէկ հարուածով յանձնել բախտի սեղանին
Եւ անտրտունջ, առանց երբեք ողբալու
Վերսկսիլ ծայրէն ամէն ինչ կրկին,
Եթէ կրնաս սիրտ ու ջիղեր ու մկան
Մաշումէն ետք նորէն լարել անդադար
Եւ դիմանալ, երբ մեռած է ամէն բան
Բացի կամքէն, որ կը մնայ մէջդ վառ.
Եթէ կրնաս արքաներու հետ՝ պարզուկ,
Ամբոխին մէջ՝ առաքինի ըլլալ միշտ,
Եթէ թաղես կրքի րոպէն վաղանցուկ,
Եթէ մարդիկ անզօր են քեզ առթել վիշտ
Եւ ամէնուն կու տաս արժէքն իր արդար,
Եթէ սիրես, բայց սիրոյդ խենթ չդառնաս․
Քու՛կդ է Երկիրն ու իր գանձերն անհամար
Եւ աւելին՝ այն ատեն Մա՛րդ ես, տղաս։

•շար. 8 եւ վերջ

 

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ

ԳԷՈՐԳ ԱՃԷՄԵԱՆ
(1932-1998)

Մեր թուականէն 90 տարիներ առաջ՝ 23 մայիս 1932-ին Սուրիոյ Մումպուճ քաղաքին մէջ ծնած է արձակագիր, հրապարակախօս եւ Հայաստանի Ազատագրութեան հայ գաղտնի բանակի հիմնադիր Գէորգ Աճէմեան (աղբիւրներ Աճէմեանի ծննդեան թուականը որոշ տեղեր կը յիշեն նաեւ որպէս 18 փետրուար):

Աճէմեան նախնական կրթութիւնը ստացած է Հալէպի Հայկազեան եւ ապա Կիւլպէնկեան վարժարաններէն ներս: Դպրոցական ուսումը աւարտելէ ետք մեկնած է Լիբանան, իր ուսումը շարունակելու Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանի փիլիսոփայութեան բաժինէն ներս: 

Աճէմեան համալսարանական ուսումը աւարտելէ ետք որոշ ժամանակ զբաղած է ուսուցչութեամբ. հայերէն եւ անգլերէն լեզուի ուսուցչութիւն կատարած է Լիբանանի հայկական վարժարաններէն ներս, միաժամանակ արձակ էջերով, քննադատական յօդուածներով եւ հրապարակախօսութիւններով աշխատակցած է լիբանանահայ թերթերուն: Որոշ ժամանակ ստանձնած է նաեւ Պէյրութի մէջ արձակագիր եւ խմբագիր Սիմոն Սիմոնեանի կողմէ հիմնուած «Սփիւռք» թերթի խմբագիրի պաշտօնը:

Աճէմեան հեղինակ է վէպերու եւ բազմաթիւ արձակներու. անոր առաջին վէպն է «Յարդգողի ժառանգորդներն» աշխատութիւնը, որուն յաջորդած են «Անկարելի պատմութիւն», «Օրերէն ետք», «Անորոշութեամբ եւ մասամբ նորին», «Պիտի չարչարեմ բառերը», «Անապահովութեան փողոցներ» եւ այլ աշխատութիւններ:

Գէորգ Աճէմեան քաղաքական գործիչ Յակոբ Յակոբեանի հետ միասին հիմնած է «Հայաստանի ազատագրութեան հայ գաղտնի բանակ»ը, որ նպատակ ունեցած է հանրութեան յիշեցնել 1915 թուականին հայ ժողովուրդին կրած անարդարութիւններն ու նեղութիւնները:

Արձակագիրը մահացած է Ֆրանսայի մէջ:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երկուշաբթի, Մայիս 23, 2022