ԱՂՕԹՔԻ ԱՆՀՐԱԺԵՇՏՈՒԹԻՒՆ

«Միշտ աղօթեցէ՛ք», կ՚ըսէ Պօղոս առաքեալ. (Ա ԹԵՍ. Ե 17)։ Մեր հոգեկան ծանրութեան եւ մեր ծուլութեան դէմ, աղօթքին պայքարը՝ վստահող եւ յարտեւող խոնարհ սիրոյ պայքա՛րն է։

Աղօթելը՝ կենսական անհրաժեշտութի՛ւն մըն է։ Հակառակին փաստը՝ նուազ համոզիչ չէ. եթէ մենք մեզ չյանձնենք Հոգիին, որ առաջնորդէ մեզ, կ՚իյնանք մեղքին ստրկութեան մէջ. (ԳԱՂ. Ե 16-25)։ Սուրբ Հոգին ինչպէ՞ս կրնայ «մեր կեանքը» ըլլալ եթէ մեր սիրտը հեռու է Անկէ։

Սուրբ Յովհան Ոսկեբերան կ՚ըսէ. «Ոչինչ աղօթքէն աւելի կ՚արժէ, ան անկարելին կարելի կը դարձնէ, դիւրին՝ ի՛նչ որ դժուար է։ Մարդը որ կ՚աղօթէ, անկարելի է որ կարենայ մեղանչել»։

Իսկ Սուրբ Ալփոնսոս Լիգուորի կ՚ըսէ. «Ո՛վ որ կ՚աղօթէ, ստոյգ կը փրկուի, ո՛վ որ չ՚աղօթեր, ստոյգ կը դատապարտուի»։

Արդարեւ, աղօթք եւ քրիստոնեայ կեանք՝ անբաժանելի են իրարմէ, որովհետեւ անոնք կախում ունին նո՛յն սէրէն եւ այն անձնուրացութենէն՝ որ սէրէն կը բխի։

Աղօթք եւ քրիստոնեայ կեանք՝ կախում ունին Հօր սիրոյ ծրագրին որդիական եւ սիրազեղ նոյն համակերպութենէն։ Կախում ունին նոյն կերպարանափոխող միութենէն Ս. Հոգիին մէջ, որ Քրիստոս Յիսուսի հետ միշտ աւելի համակերպ կը դարձնէ մեզ։ Բոլոր մարդոց հանդէպ նոյն սէրէն, որով Յիսուս սիրեց մեզ։ «Ի՛նչ որ խնդրէք Հօրմէն Իմ անունովս, պիտի տայ ձեզի։ Ա՛յս է Իմ պատուիրանս. սիրեցէ՛ք զիրար». (ՅՈՎՀ. Ժ 16-17)։

Տէրունական աղօթքի մէջ կ՚ըսենք. «Մեր ամենօրեայ հացը տո՛ւր մեզի այսօր»։

Այս խօսքին մէջ. «Տո՛ւր մեզի». գեղեցիկ է վստահութիւնը զաւակներուն, որոնք ամէն ինչ իրենց Հօրմէն կը սպասեն։ «Ան իր արեգակը կը ծագէ չարերուն եւ բարիներուն վրայ, եւ անձրեւը կը տեղայ արդարներուն եւ մեղաւորներուն վրայ». (ՄԱՏԹ. Ե 45), կու տայ բոլոր կենդանիներուն, «կերակուրը իր ժամանակին». (ՍԱՂՄ. ՃԳ 27)։ Յիսուս կը սորվեցնէ մեզի այս խնդրանքը՝ որ իսկապէս կը փառաւորէ Հայրը, որովհետեւ Ան կը ճանչնայ, թէ Հայրը ո՛րքան բարի է, ամէն բարութենէ անդին։

«Տո՛ւր մեզի» արտայայտութիւնը՝ նաեւ ուխտին արտայայտութիւնն է. մենք Անո՛րն ենք եւ Ինք մե՛րն է, մեզի համար է։ Բայց այս «մենք»ը նաեւ բոլոր մարդոց Հայր կը ճանչնայ զԻնք, ուստի մենք կ՚աղօթենք Անոր՝ բոլոր մարդոց համար իբր համընկերներ անոնց կարիքներուն եւ տառապանքներուն։

«Տո՛ւր», երբ կ՚ըսենք, այս արտայայտութիւնն է որդիին իր հօր դէմ ցոյց տուած մտերմութեան եւ անկեղծութեան, եւ ո՛չ պարտադրութիւն, այլ անմեղ որդիական խնդրանքի մը արտայայտութիւնը։

Սուրբ Օգոստինոս Աւրելիոս կ՚ըսէ.

«Մենք կարող ենք նաեւ, առանց վիրաւորելու ճշմարտութիւնը, սոյն խօսքերը - թո՛ղ կամքդ կատարուի երկրի վրայ ինչպէս երկինքի մէջ - թարգմանել հետեւեալ ձեւով. թո՛ղ կամքդ կատարուի Եկեղեցւոյ մէջ՝ որպէս մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի մէջ. թող կատարուի Անոր հետ նշանուած Հարսին մէջ, ինչպէս Հօր կամքը կատարած Փեսային մէջ»։

Արդարեւ, երբ կ՚աղօթենք եւ կ՚ըսենք «տո՛ւր», ասիկա որքան որդիի մը հօր հանդէպ անկեղծ եւ մտերիմ արտայայտութիւնն է, եւ նաեւ այս փափաքը ո՛չ թէ մեր, այլ Հօր կամքին համաձայն ըլլալու ճշմարտութիւնն ալ կ՚ընդունինք։ Ուստի, «տո՛ւր»ը փափաքի մը անկեղծ եւ մտերիմ արտայայտութի՛ւնն է…։

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Մայիս 22 2023, Իսթանպուլ

Երեքշաբթի, Մայիս 23, 2023