ԲՆՈՒԹԻՒՆԸ ՈՒՍՈՒՑԻՉ Է

«Թզենիէն առակ մը սորվեցէք. երբ անոր ոստերը կը կակուղնան եւ տերեւները կը ցցուին, կը հասկնաք թէ՝ ամառը մօտ է». (ՄԱՐԿ. ԺԳ 28)։

Բնութիւնը ուսուցի՛չ է։ Ծառերը եւ բոյսերը իրենց վրայ կը կրեն համապատասխան եղանակի նախանշանները շատ աւելի կանուխ, քան այն յայտնի կը դառնայ։ Արդարեւ, բնութիւնը ուշադրութեամբ դիտել եւ ուսումնասիրել՝ գիտութեան սկզբնակէտը եւ առաջի՛ն քայլն է։

Յիսուս, ահաւասիկ, վերոյիշեալ խօսքերով, այս ճշմարտութիւնը ցոյց կու տայ իր աշակերտներուն։

Այսպէս, ամենամատղաշ թզենին տեսակ մը առակ է գործողութեան մէջ։ Անոր բողբոջները կը յայտնեն ամառուայ գալուստը, ինչպէս աղէտները (ՄԱՐԿ. ԺԳ 3-8), հալածանքները (ՄԱՐԿ. ԺԳ 9-13) եւ վերջին փորձութիւնը կը յայտնեն այն վերջնական եղելութիւնը՝ որուն եւ կ՚ակնարկէ Յիսուսի խօսքերը։

Աշակերտները հնարաւորութիւն ունին վերծանելու՝ մեկնելու ժամանակներու նշանները, ինչպէս ոեւէ գիւղացի իր դիտողականութեան շնորհիւ կարող է կանխատեսել ամառուայ շուտ կամ ուշ գալը։

Այնուամենայնիւ, կեդրոնական եղելութիւնը ինքը, որու մօտալուտ ըլլալը ցոյց կու տան այդ բոլոր նշանները, կը մնայ շատ անորոշ։ Արդեօք խնդիրը Երուսաղէմի տաճարի կործանմա՞ն կը վերաբերի, որու մասին հարց տրուեցաւ Յիսուսի, կամ ուրի՞շ վայրիվերումներու՝ որոնք պիտի նշեն նոր ժամանակաշրջանի մը սկիզբը, կամ Որդիի՝ մարդու Որդիի գալստեա՞ն, որու մասին նոր ակնարկութիւն եղաւ։

Արդարեւ, գրուածքին մէջ կը խօսուի ինչ որ «մերձաւորութեան», ինչ որ «ներկայութեան» մասին է, բայց անկէ աւելիին մասին չի խօսուիր։ Այս նոր կացութիւնը պարզապէս համեմատուած է ամառուայ գալուստին հետ, ինչ որ թոյլ կու տայ հասկնալու, որ հարցը ուրախ եղելութեան մը մասին է եւ աշակերտներու յոյսը կարելի է ուղղել դէպի այդ «ուրախ» եղելութիւնը։

Ուստի, այս հատուածին միւս խօսքերն ալ հասկնալ նոյնքան դժուար է։ Յիսուս նախ կը յայտնէ, թէ ինչի մասին է որ կը խօսի, անիկա մօտ ապագային պիտի իրականանայ։ «Ճշմարիտ կ՚ըսեմ ձեզի, թէ այս ազգը պիտի չանցնի, մինչեւ որ այս ամէն բաները ըլլան». (ՄԱՐԿ. ԺԳ 30) եւ երկու նախադասութիւն յետոյ ան կ՚ընդունի, որ չի գիտեր անոր ժամանակը եւ անիկա Հօր գաղտնիքն է. «Իսկ այն օրուան ու ժամուն համար մէ՛կը չի գիտեր, ո՛չ երկնքի մէջ եղող հրեշտակները եւ ո՛չ Որդին, հապա միայն Հայրը». (ՄԱՐԿ. ԺԳ 32)։

Աստուածաբաններ երկար մտածած են Յիսուսի կողմէ խոստովանուած այս «անգիտութեան» մասին, որմէ անշուշտ պէտք է եզրակացնել, որ մարդացած Որդին նախապէս ամէն ինչ չի գիտեր։ Յիսուս այստեղ կ՚արտայայտուի այնպիսի նախադասութիւններով, որոնք մօտ են Հին Կտակարանի մարգարէական պատգամներուն եւ որոնք միաժամանակ առեղծուածային են եւ հանդիսաւոր եւ կ՚արտայայտեն յարգանք Աստուծոյ խորհուրդի եւ իրաւունքներու նկատմամբ. «Երկինք եւ երկիր կ՚անցնին, բայց իմ խօսքերը չեն անցնիր». (ՄԱՐԿ. ԺԳ 31)։ Եսային եւ ուրիշ մարգարէներ արտայայտուած են համանման խօսքերով. «Խոտը կը չորնայ, ծաղիկը՝ կը թառամի, բայց խօսքը Աստուծոյ յաւիտեան կը մնայ»։

Արդարեւ, Յիսուս կը յայտնէ, որ դժուարութիւններով լեցուն օրերով լեցուն ապագայ մը կը սպասէ, որ պիտի ունենայ երջանիկ վախճան, բայց որ նախապէս չէ պատահած։ Վաղուան օրը եւս կ՚ըլլայ այնպիսին, ինչպէս մարդիկ այն կ՚ընեն։ Ուստի, Յիսուս կը պատուիրէ արթուն եւ զգոյշ ըլլալ. «Ուրեմն, արթուն կեցէք, վասնզի չէք գիտեր թէ ե՞րբ պիտի գայ տանտէրը, իրիկո՞ւնը՝ թէ կէս գիշերին՝ հաւախօսի՞ն՝ թէ առտուն…». (ՄԱՐԿ. ԺԳ 35)։

Այս պատուէրներով ալ կ՚աւարտի Յիսուսի խօսքերը, ուղղուած՝ Պետրոս, Յակոբոս եւ Յովհաննէս եւ Անդրէաս առաքեալներուն որպէս պատասխան այն հարցին, թէ անոնք տուած էին իրեն տաճարի կործանման մասին։ Երբ քննուի այդ խօսքերը՝ կը տեսնուի որպէս տեսակ մը կոնցերտինա (concertino) երեք մասէ բաղկացած եւ միանգամայն լա՛ւ կառուցուած…

- Յաջորդաբար պիտի ջանանք շարունակել…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Հինգշաբթի, Մայիս 23, 2024