ՉՀԱՅԱՑՈՒՄ

Նախորդ մեր յօդուածներուն մէջ խօսեցանք պատուելի Մանավեանի պատասխանած երկու հարցերուն մասին եւ մեր անհամաձայնութիւնը յայտնեցինք, սակայն պէտք է ըսենք, որ այդտեղ տեղ գտած հարցերը յատուկ չեն միայն Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն. սփիւռքի բոլոր տարածքին մենք որպէս հայ ժողովուրդ դիմագրաւեցինք եւ մինչեւ օրս կը շարունակենք դիմագրաւել այդ հարցերը:

Քննադատելով հանդերձ այդ բոլորը լաւապէս կը գիտակցինք, որ անոնք մարդկային կեանքի անբաժան մէկ մասը կը կազմեն, որովհետեւ ամէ՛ն անհատ, ամէ՛ն ազգ կ՚ուզէ նմանիլ իրմէ աւելի վեր ու բարձր գտնուողներուն. մարդկային կեանքին մէջ գոյութիւն ունի բնածին մղում մը, նմանելու աւելի «բարձր»ին, աւելի «յաջող»ին. մարդ կամայ թէ ակամայ կը փորձէ իւրացնել ու օրինակել այն մարդոց վարուելակերպն ու նկարագիրը, որ իրմէ վեր կը նկատէ. ամերիկացին եւ եւրոպացին մի՛շտ ալ մեզի համար աւելի «վեր» թուացող ազգութիւններ եղած են եւ մեր ժողովուրդի զաւակները միշտ ալ ունեցած են ձգտումը նմանելու անոնց՝ թէ՛ ճաշակով, թէ՛ ոգիով եւ թէ մտածելակերպով:

Պէտք է նկատի ունենալ, որ հայը գաղթականութեան սկզբնական շրջանին օտար ազգերու կողմէ կը դիտուէր որպէս «թշուառ» ու «գաղթական». Միջին Արեւելքի անուս հայը հասած էր «զարգացած» Ամերիկա, ուր պիտի ապրէր բարքերու եւ մտածելակերպի ահաւոր բախում մը. նման կացութեան մը դիմաց գտնուող հայը ունի երկու ճամբայ. կա՛մ համակերպիլ իրադարձութեան հետ եւ կամ գաղթականութեան մէջ փորձել նմանիլ ուրիշին՝ որպէսզի յաջողի ծածկել իր «հայ»ու ինքնութիւնը:

Ինչքան ալ տարօրինակ թուի եւ յաճախ որպէս մահացու մեղք նկատուի, դժբախտ իրողութիւն է, որ թէ՛ անցեալին եւ թէ ներկայիս գոյութիւն ունեցած են եւ ունի՛ն հայեր, որոնք ամէն ձեւ կը փորձեն սքօղել իրենց հայու ինքնութիւնը. նկատեն թէ ոչ՝ ժամանակի ընթացքին կը փոխուի իրենց հնչիւնաբանութիւնը, հայերէն բառեր ժամանակի ընթացքին կը սկսին փոխարինուիլ անգլերէն եւ կամ արաբերէն բառերու եւ կը սկսին մտածել արաբերէն, անգլերէն եւ այդ մտածումը «թարգմանել» հայերէն: Ազգեր եւս անհատներու նման կը ձգտին նմանիլ այն ազգերուն, որոնք ունին «բարձրութիւն» ու «մեծութիւն». այսօր պիտի չգտնեք ազգ մը, որ փորձէ ընդօրինակել եւ կամ նմանիլ Ափրիկէ այս կամ այն թշուառ երկրին, սակայն պիտի գտնէք բազմաթի՜ւ ազգեր, որոնք Ամերիկայի եւ կամ Եւրոպայի նմանելու տենչը ունին. տարօրինակ ձեւով մարդ արարած պատրաստ է իրմէ աւելի հզօրին մէջ ձուլւելու՝ քան տկարին, առանց նկատի ունենալու, որ մեր դիմագրաւած խնդիրը մեծի կամ փոքրի հարց չէ, այլ նոյնինքն ձուլումն է, որ մեր պարագային «աւելի լաւ»ի կամ «աւելի վատ»ի հասկացողութենէն վեր է:

Այս բոլորին լոյսին տակ հայ գաղթականը փորձեց ընդօրինակել օտարը՝ որպէսզի դուրս գան տկար հայու հասկացողութենէն. անոնք ամէն ջան ի գործ դրին, որպէսզի իրենց մայրենի լեզուի կողքին իւրացնեն նաեւ օտարինը՝ որպէսզի այդ երկրին մէջ ապրելով երկրորդ մակարդակի մարդ չնկատուին եւ նոյնանալու համար ջանք չխնայեցին. անոնք շատ անգամ օտար լեզուն մայրենիէն աւելի կարեւոր նկատեցին, սակայն արդիւնքը ի՞նչ եղաւ. այսօր Սուրիոյ ծայրամասերը ապրող շատ մը հայեր, հայկական անուններ կրելով հանդերձ, արդէն իսկ հայերէն չեն խօսիր. երբեւէ տեսա՞ծ էք Կոմիտաս մը՝ որ ո՛չ հայերէն խօսի եւ ոչ ալ իր հայերէն տառերը ճանչնայ. եթէ ոչ՝ ապա ըսեմ, թէ բազմաթի՜ւ են նման Կոմիտասները, որոնցմէ մէկը անձամբ ճանչնալու դժբախտ առիթը ունեցած եմ: Սուրիոյ մէջ գոյութիւն ունի հայկական գիւղ մը՝ հայկական եկեղեցիով, սակայն ո՛չ մէկ հայկականութիւն. նոյն այդ գիւղին վիճակը կը ստանայ մեր հայկական սփիւռքը. այսօր ֆրանսահայը շատ աւելի ֆրանսերէն բառեր գիտէ՝ քան հայերէն. ան իր միտքը այսօր ֆրանսերէնով շատ աւելի հանգիստ ու ազատ կ՚արտայայտէ՝ քան իր մայրենիով: Շատ աւելի մեծ դժբախտութիւն է մեր ազգին համար այդ նոյն երեւոյթը տեսնել մեր հայրենիքէն ներս. այսօր Հայաստանի մէջ ապրող հայ երիտասարդը շատ մը բառերու ռուսերէնը գիտնալով՝ հայերէնը չի՛ գիտեր։ Աւելի քան երեսուն եւ աւելի տարիներ ետք Հայաստանի մէջ կամուրջը կը շարունակէ մնալ «մոստ», սառնարանը՝ «խալածենիք» ու կարելի է էջերով գրել այդ հայակործան բառերը, սակայն բառերը չե՛ն որ մեզ կը վիրաւորեն, այլ մայրենի լեզուի նկատմամբ եղած անտարբերութիւնը։ Եթէ Հայաստանի մէջ հայը կ՚օտարանայ, ապա ինչքա՛ն աւելիով պիտի օտարանայ մեր սփիւռքի տարածքին ապրող հայը:

Ափսոսանքով ու ցաւով կը կարդամ անցեալի շատ մը մտաւորականներու անտեղի լաւատեսութիւնը։ Հին հայկական մամուլի մը մէջ Հայկ ստորագրութեամբ հրապարակագիր մը կը գրէ. «Ձուլման ոչ մէկ իրական վտանգ կը սպառնայ ներկայ սերունդին: Մեր բնաւորութեան ու նկարագրին հետ է նոյնացած հայութիւնը. եթէ ուզենք իսկ չենք կրնար մեր վրայէն հանել նետել զայն։ Մեր անձին ոչ հանդերձն է ազգութիւնը ոչ ալ մորթը սոսկ, այլ մեր անձն իսկ է, մեր ԵՍ-ին հետ է նոյնացած»։ Երանի՜ իրականութիւնը քաղցր ըլլար այնքան՝ ինչքան վերոյիշեալ տողերու հռետորաշունչ բառերը»: Նոյն գրողը կը հաւատար, թէ օտարութեան մէջ ապրելով «հայ պիտի ապրինք մինչեւ մեր մահուան օրը, իբրեւ հայ պիտի խորհինք, զգանք ու գործենք»:

Ճշմարտութիւնը աւելի խօսուն է՝ քան գրողի ներշնչուած բառերը:

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Ո՞րն է աշխարհի ամենէն տարօրինակ կրօնը:

Պատասխան. Աշխարհի ամենէն տարօրինակ կրօններէն մէկը կը կոչուի «Թռչող սպակեթթիի հրէշ» եկեղեցի (The Church of the Flying Spaghetti Monster). այս կրօնին հետեւողները կը յարգեն ու կը պաշտեն սպակեթթին. անոնք ամէն ուրբաթ օր որպէս «տօն» կը յարգեն այդ «աստուածաբանական» համոզումը. անոնք աշխարհի մէջ գոյութիւն ունեցող խնդիրներուն որպէս պատճառ կը գտնեն 1800 թուականներէն մինչեւ մեր օրերը ծովահէններու թիւի նուազումը: Այս տարօրինակ համոզումներով կրօնը շատ մը երկիրներու մէջ ճանաչում ձեռք բերելով ունեցած է հետեւորդներ եւ ընդունուած է որպէս օրինական կրօն եւ հաւատք, ընդգծելով կրօնական ազատութեան գաղափարը:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Հինգշաբթի, Մայիս 23, 2024