ՀՊԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ - Բ -
Ստորեւ կը շարունակենք ներկայացնել Թովմա Ա. Քհնյ. Շիկահերի հպարտութեան մասին յօդուած-քարոզը՝ որ հրատարակուած է Պոլսոյ Քահանայից Միութեան կողմէ՝ 1931 թուականին, «Եօթն Մահացու Մեղքեր» հատորին մէջ։ Այս շահեկան յօդուածը առիթ մըն է անդրադառնալու «հպարտութեան» վա՜տ զգացումին, եւ սրբագրելու մեր սխալները այդ մասին, եթէ ունինք…։
… Հպարտը, իր մտքի կուրութեամբ, չ՚երկնչիր «Սողոմոնեան» այս վճիռէն, չէ՞ որ բարոյական մահացու հարուածները չեն վնասեր իր մսազանգուած կառուցուածքին, հոգ չէ թէ՝ կը դատարկանայ իր հոգին, կը սեւնայ կամ խիճերով կը լեցուի։
Կը խորհիմ թէ՝ ընկերութիւնը՝ անոնցմէ բարոյական մեծամեծ վնասներ կը կրէ, աւելի չափով՝ քան համաճարակ հիւանդութիւններէն։ Բարոյականի վատթարացումը, համաճարակի մը պէս կը վարակէ, կը թունաւորէ մաքուր եւ անմեղ հոգիները, որոնք տակաւին չե՛ն հասած հոգեկան բարձրութեան։ Ընկերութիւնը իրաւա՛մբ կը մաքառի աղիտաբեր հիւանդութիւններու դէմ, զանոնք իրենց սաղմին մէջ իսկ ոչնչացնելու համար, բայց մե՜ղկ է կարծես, թոյլ եւ յոյլ, բարոյական զեղծումներու, կեղծիքի եւ ամբարտաւանութեան հանդէպ, որոնցմով զրահուած է մեծամիտը, ի՞նչ փոյթ թէ՝ ա՛ն ըլլար իր սեւ քօղը, պատանքը բարոյական՝ իր էութիւնը յոտից ցգլուխ ծածկած։
Եթէ հոգիին, ճշմարտութեան եւ հեզութեան դէմ գործուած բարոյական այս զեղծումներուն համար, ընկերութիւնը ունենար պատժական օրէնք մը կամ սահմանէր դրամական տուգանք, շա՜տ նեղ պիտի գային բանտերու համար ճշդուած շէնքերը, իսկ դրամական յատկացումները պիտի կազմէին հետզհետէ խոշո՜ր դրամագլուխներ։
Գոռոզութիւնը, որ ծնունդ կու տայ պայմաններու՝ մարդս նուաստացնելու եւ կործանելու, պէտք է վա՛նել ընկերութենէն։ Որքան բա՛րձր պարտականութիւն կը ծանրանայ ընկերա-բարոյական կազմակերպութիւններու վրայ, կրթելու, ազնուացնելու մարդուն սիրտը, հոն իշխո՛ղ դարձնելու փոխան ամբարտաւան ունայնամտութեան, մարդս ճշմա՛րիտ մարդու վերածող խոնարհազարդ առաքինութիւնը։ Մարդուս իմացական կրթութեան հետ եւ աւելի, պէ՛տք է մշակել նաեւ հոգւո՛յն առաքինութիւնները։ Միտքը՝ քննող, պրպտող այլ երբե՛ք չգոհացող նկարագրով օժտուած, իր մտածողութիւնը, դատողութիւնը կը տարածէ, կ՚ընդլայնէ, իր շրջապատի եւ բնութեան գաղտնիքները կորզելու համար. մէկ խօսքով, խորհող միտքը ըմբոստ մըն է։ Հոգին սակայն, հանդարտ է, երբ բարոյական զեղծումներ ի գործ կը դրուին իր դէմ, նա չի՛ գիտեր ընդվզիլ, փոթորկիլ, միայն կ՚այրիանայ, ի սուգ կը մտնէ եւ կը սպասէ մտքին արդարադատ վճռին։
Իմացական բարձրագոյն դաստիարակութիւն մը, առանց հոգեկան կրթութեան, մի՛շտ թերի է, Աստուած չի բնակիր խորհող մտքին մէջ, ա՛յլ՝ խոնարհ հոգիին…։
Մանաւանդ հոգեւոր ինքնամփոփման շրջանը առիթ կ՚ընծայէ մեզի՝ խոկա՛լու մեր բարոյական կեանքին վրայ, ուղղելու ա՛յն, որ ծուռ կամ թիւր է մեր մէջ, մեզմէ վանելու ա՛յն, որ մարդուն չի՛ պատշաճիր։ Անկասկած՝ այսպիսի լուրջ մտածման պահուն, պիտի սոսկայ անձը՝ հպարտութենէն, որ Աստուծոյ, ճշմարտութեան եւ արդարութեան առջեւ պիղծ, գարշելի կը դարձնեն զինք համաձայն իմաստունին «պիղծ են առաջի Տեառն ամենա՛յն մեծամիտք» խօսքին։
Հո՛ս, պահ մ՚ալ խօսք տանք Յովհան Ոսկեբերան Հայրապետին, եւ ուշադիր եւ մտադիր՝ կարդա՛նք հպարտութեան մասին, իր մեկնաբանութենէն սա՛ քանի մը տողերը.
«Մի՛ ունիր զանձն առ լաւս, զի յայլո՛ց մեծարիցիս, որ անձամբ զանձն վերացուցանէ, յայլոց չվերանայ։ Մեծ չարութիւն է հպարտութիւն, լաւ է մորոսանալ քան հպարտանալ, զի անդ՝ մորոսութիւնն միայն է յանմտութենէ, եւ աստ՝ եւս չար մորոսութիւն եւ մոլութիւն։ Անմիտն, անձին եւեթ չար է, հպարտն՝ ե՛ւ ընկերացն ապականութիւն… հարկ է անպիսւոյն թշնամանիչ լինել եւ հարկանող եւ բարկացող եւ դառն եւ անհամբոյր, գազան մանաւանդ եւ ո՛չ մարդ»։
Անհրաժեշտ է հետեւաբար, ահաբա՛կիլ հպարտութեան մոլութենէն, որ մարդս «պիղծ» ու «գազան» կը դարձնէ, եւ հարկ է գօտեպնդուիլ եւ զարդարուիլ խոնարհութեան առաքինութիւնով, որ կ՚ազնուացնէ, կը վերացնէ մարդս բարոյական աշխարհին մէջ։
Փակե՛նք մեր խօսքը, Ս. Գրոց պատմութենէն խօսուն եւ գեղեցիկ դրուագով մը։
Կը յիշէք անշուշտ Յակոբի սանդուխը, երկրէն դէպի երկինք ուղղուած, որուն վրայ կեցած էր Տէրը։ Այս սանդուխէն, հրեշտակներուն կէսը կ՚ելլէին, կէսն ալ կ՚իջնէին։ Ինչպէս կը մեկնաբանուի, իջնողները՝ իրենց չարութեամբ ամբարտաւանացած հրեշտակներն էին, իսկ ելլողներն ալ, իրենց խոնարհութեամբ առաքինացած հրեշտեկներ։
Արդ, նկատի ունենանք մեր աչքերուն առջեւ, ինչպէս ըսուած է, երկու սանդուխ, մին՝ երկրէն դէպի երկինք բարձրացած, որ կը յատկանշէ «խոնարհութիւն»ը, միւսն ալ՝ երկինքէն դէպի դժոխք, որ կը ցուցանշէ «հպարտութիւն»ը։
Բարեպա՜շտ ընթերցողս, ընտրութիւնը դու ի՛նքդ կրնաս կատարել։
«Եօթն Մահացու Մեղքեր» հատորէն
Հրատարակութիւն՝ Պոլսոյ Քահանայից Միութեան - 1931
Եւ ահաւասիկ, «հպարտութիւն»ը, ըստ Թովմա Աւագ Քահանայ Շիկահերի, մարդուս համար «ընտրութեան հարց» մըն է, եւ իրապէ՛ս այդպէս է. անոնք որ իրենք զիրենք «բարձր» կը նկատեն՝ կը ցածնան, եւ անոնք որ իրենք զիրենք «ցած» կը նկատեն՝ կը բարձրանա՛ն։ Այլապէս բնական օրէնք է՝ բարձրանալու համար պէտք է ցածը, վարը գտնուիլ, եթէ մարդ բարձր տեղ կը գտնուի չի կրնար բարձրանալ, քանի որ բարձրանալու տեղ չէ մնացած։ Բայց եթէ ցածն է, մարդ բարձրանալու տեղ կ՚ունենայ, կը բարձրանա՛յ…։ Ուստի ինքզինք «բարձր» նկատելով, մարդ երբեք «բարձր» չ՚ըլլա՛ր, ընդհակառակը՝ կը ցածնա՜յ…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յունիս 20, 2017, Իսթանպուլ