ԱՌԻԹԸ ՕԳՏԱԳՈՐԾԵԼ

Առիթը լաւագոյն կերպով օգտագործել իմաստութիւն կը պահանջէ։ Այն որ իմաստուն է, կ՚օգտագործէ առիթը։ Կեանքի մէջ, մարդուս առիթներ կը ներկայանան եւ ոմանք կ՚անդրադառնան անոնց՝ կ՚օգտագործեն զանոնք եւ դէպի երջանկութիւն կը շարունակեն իրենց կեանքի ճամբան։ Ուրիշներ անտարբեր են ներկայացուած առիթներուն՝ չեն անդրադառնար իսկ անոնց եւ միշտ կը գանգատին դժբախտութիւններու պատճառով՝ երբեք գոհ չեն իրենց կեանքէն, եւ պատճառը կը փնտռեն միշտ ուրիշներու վրայ։ Մինչդեռ իրենց դժբախտութեան պատճառը իրենց անտարբերութի՛ւնն է ներկայ առիթներու նկատմամբ։ Այս ալ կը նշանակէ՝ թէ կեանքի ընթացքին ներկայացուած առիթներու մասին բծախնդիր պէտք է ըլլայ մարդ. եւ այս բոլորը ցոյց կու տան, թէ մարդ ինքզինք պէտք է վարժեցնէ առիթներու անդրադառնալու մասին եւ իմաստութեամբ օգտագործուելու անոր բարիքներէն։

Անշուշտ բարեբեր առիթները զանազանել վնասաբեր առիթներէ՝ այդ ալ հմտութիւն եւ իմաստութիւն կը պահանջէ։ Ամէն առիթ բարեբեր չ՚ըլլար, ահաւասիկ զայն օգտագործելէ առաջ այս պարագան ալ պէտք է ուշադրութեամբ եւ բծախնդրութեամբ նկատի առնել։

Առիթները, արդարեւ, ժամանակի մէջ, ժամանակի ընթացքին բարեպատեհ միջոցներ են՝ որոնք մարդս կ՚առաջնորդեն իրականացնելու իրենց փափաքները, նպատակները։ Իւրաքանչիւր անձ նպատակ մը, հեռանկար մը ունի իր կեանքին մէջ, ահաւասիկ, առիթները միջոցներ են անոնց հասնելու, զանոնք իրականացնելու եւ վերջապէս, երջանիկ ըլլալու…։

Բայց որքան որ ժամանակը կարճ է եւ արագընթաց, նո՛յնքան ալ՝ առիթները շատ անգամ յանկարծադէպ եւ վաղանցուկ։ Ուրեմն առիթները պէտք է օգտագործել ուշադրութեամբ եւ առանց յետաձգելու, որովհետեւ յանկարծ կը յայտնուին եւ շուտով կ՚անհետանան։ Ուստի, կեանքի ժամանակաւոր հանգամանքը, կարճութիւնը եւ արագ ընթանալը կարեւոր պատճառ մըն է, որ մարդ առիթները օգտագործէ իմաստութեամբ։

Յակոբոս Տեառնեղբայր կ՚ըսէ. «Հետեւաբար, ո՛վ որ շիտակը գիտէ եւ չ՚ըներ՝ մե՛ղք է որ կը գործէ» (ՅԱԿ. Դ 17)։

Արդարեւ, բան մը որքան քիչ, հազուագիւտ ըլլայ, ա՛յնքան աւելի արժէքաւոր եւ ընտիր կ՚ըլլայ։

Կեանքն ալ շատ արժէք պիտի չունենար, եթէ շա՜տ երկար ըլլար եւ կամ ամէն անգամ մեռնելէ եւ թաղուելէ ետք անմիջապէ՛ս նորէն ապրէինք։ Պարագան նո՛յնն է նաեւ մեզի ներկայացած առիթներուն համար, առիթները արժէքաւոր են, որովհետեւ անոնք հազուադէպ են եւ յաճախ չեն ներկայանար մեր կեանքի ընթացքին։

Ուրեմն, այս իմաստով, կեանքը սուղ է եւ արժէքաւոր, քանի որ միայն մէ՛կ անգամ կ՚ապրուի այս աշխարհի վրայ, շատ կարճ ատենուայ մը համար։ Անշուշտ պէտք է նկատի առնել նաեւ «կարճ» կամ «երկար» ժամանակշիջոցներու յարաբերականութիւնը. ո՞րքան կարճ կամ ո՞րքան երկար…։ Նոյնիսկ ամենէն երկար կեանքը բաւարար չէ համոզուելու, թէ ժամանակը իրապէս կա՛րճ է։

Հետեւաբար ի՛նչ որ ալ ըլլայ մեր կեանքի ժամանակին տեւողութիւնը, անհրաժե՛շտ է, որ զանիկա գործածենք իմաստութեամբ, ինչպէս եւ մեզի ներկայացուած առիթները՝ մանաւա՛նդ Աստուծոյ փառքին համար, Յիսուս Քրիստոսի շնորհած փրկութեամբ՝ յաւիտենական կեանքին մէջ, յաւիտենական երանութեան մէջ։

Կեանքի ընթացքին առիթները ոչ միայն հազուադէպ են, այլ նաեւ արագընթաց. արագ կերպով կը յայտնուին եւ անմիջապէս կ՚անհետանան։ Ժամանակն ալ այդպէս է. ժամանակը խնայել կամ գնել եւ կամ շահիլ կերպով մը անգոյ եւ անիմաստ գաղափարներ են։ Արդարեւ, ինքնախաբէութիւն է առիթը գնել կամ շահիլ, քանի որ ան ինքնաբերաբար կու գայ, թէեւ մարդ կրնայ իր ջանքերով «առիթ ստեղծել», բայց շա՜տ աշխատանք կը պահանջէ եւ համբերութի՛ւն։ Այս կէտին «առիթ»ը եւ «ժամանակ»ը համընթաց են, որովհետեւ ժամանակն ալ միշտ եւ արագ կ՚անցնի եւ «առիթ»ը այդ ժամանակին մէջն է, որ կը յայտնուին։ Ժամանակը ո՛չ կը կենայ, ոչ ալ կը բռնուի, այլ միայն կ՚օգտագործուի, ինչպէս եւ՝ առիթը։

Անտեսուած, անհետացած առիթը՝ «կորսուած առիթ» է եւ կորսուած առիթը դարձեալ շահիլ կարելի չէ՛, ինչպէս եւ՝ ժամանակը։

Կեանքի մէջ կան շա՜տ բաներ, որոնք կարելի է կորսնցնել, բայց կարելի է նորէն շահիլ զանոնք։ Կորսուածը կարելի է գտնել ընդհանրապէս։ Բայց պարագան նոյնը չէ ներկայացած առիթներուն համար։ Ժամանակի համար ալ կարելի չէ՛ գտնել, երբ անիկա կորսուած է՝ անցած գացած է…։ Առիթը եւ ժամանակը երբ կորսուին, այլեւս օգտագործել անկարելի կը դառնայ։ Անգամ մը որ կորսուին յաւիտենական կորսուած կ՚ըլլան անոնք։

Voltaire իր մահուան պահուն իր բժիշկին կ՚ըսէր. «Իմ հարստութեան, իմ արժէքիս կէսը կու տամ քեզի, եթէ ինծի միայն վեց ամիս եւս կեանք տաս»։ Ժամանակը ոչ մէկ ձեւով կարելի է գնել կամ շահիլ։

Իսկ Thomas Hobbes սապէս կ՚ըսէր. «Եթէ ես ամբողջ աշխարհը ունենայի, տակաւին պիտի տայի զանիկա միայն օր մը ապրելու համար»։

Ժամանակին մէջ յայտնուած առիթները բարեպատեհ միջոցներ են երջանկութեան, անոնց անդրադառնալ ուշադրութիւն կը պահանջէ, իսկ անոնցմէ օգտուիլ՝ իմաստութի՛ւն…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յուլիս 18, 2020, Իսթանպուլ

Հինգշաբթի, Յուլիս 23, 2020