ԹՄԲՈՒԿԻՆ ՁԱՅՆԸ ՀԵՌՈՒԷՆ ԱՆՈՒՇ ԿԸ ԼՍՈՒԻ

Ժամանակէ մը ի վեր սկսած եմ ատել ա՛յն «հայրենասէր»ները, որոնք Հայաստանէն դուրս՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն կամ Եւրոպայի այս կամ այն երկիրը գտնուելով Հայաստանի ներկայ վիճակի գովքը կը հիւսեն, հաւատարիմ մնալով «թմբուկին ձայնը հեռուէն անուշ կը լսուի» ճշմարտութեան:

Վերջերս բարեկամ մը նամակագրութեամբ կը պաշտպանէր Հայաստանի ներկայ կառավարութիւնը, գովքը կը հիւսէր Հայաստանի ներկայ բարգաւաճ վիճակին, կը հպարտանար կատարուող իրագործումներով... ու հակառակ այս բոլորին կը շարունակէ մնալ ու ապրիլ դուրսը՝ Հայրենիքէն հեռու:

Հայութեան մէջ ախտի մը պէս տարածում գտած է կեղծ հայրենասիրութիւն մը, որ սահմանուած կը մնայ լոկ խօսքի սահմաններուն մէջ: Չես գիտեր ինչու, արձակուրդի համար Հայաստան ժամանող բոլոր սփիւռքահայերը երանի՜ կու տան Հայաստան ապրողներուս, սակայն երբեւէ Հայաստան գալու եւ երանելիներու շարքին մաս կազմելու մասին չեն մտածեր:

Հայաստան արձակուրդի եկողները կը սկսին խօսիլ իրենց ապրած «զարգացած» երկիրին վիճակին մասին. կը բողոքեն, որ անձնական կեանք չկայ, պետութեան մեծամեծ հարկեր կը վճարենք, հարազատի մը տեսնելու առիթը նոյնիսկ չեն ունենար ու այս բոլորը համեմատելով Հայաստանեան առօրեային հետ մեզ բախտաւոր կը նկատեն:

Նման անձերու յաճախ ուզած եմ տալ այս հարցումը. «Եթէ այդքան երանելի կը նկատէք մեզ, ինչո՞ւ Հայաստան ներգաղթի մասին չէ՞ք մտածեր»:

Արցախի վերջին պատերազմի ժամանակ համացանցի էջերուն, ինչպէս նաեւ օտար ափերու փողոցներուն վրայ հազարաւոր մարդիկ հայրենասիրութեամբ տարուած բողոքի ցոյցեր կազմակերպեցին, սակայն անոնցմէ քանի՞ն իրապէս հայրենիքի սէրէն մղուած մտածեց գալ Հայաստան եւ պայքարիլ յանուն հայրենիքի ազատութեան:

Այսօր օտար ափերուն վրայ, սիկառը իրենց բերանը հայրենասէրի համբաւով շրջողներ շատ կան, որոնք հայրենիքի վիճակով լուրջ մտահոգ, կը փորձեն կարծիք յայտնել, ուղղել ու սրբագրել եւ իրենց կարծիքով բարելաւել հայրենիքի վիճակը:

Արդարացի ո՛չ մէկ պատճառ կը գտնեմ նման անձերու մօտ, որոնք հայրենիքը ամէն բանէ վեր դասելով հեռու կը մնան հայրենիքէն, որովհետեւ իսկական հայրենասէրը ա՛ն է, որ ո՛չ թէ հեռուէն լոկ խօսքով, այլ հայրենիքի մէջ գործով կը փորձէ զարգացնել ու առջեւ տանիլ հայրենիքը:

Խորհրդային տարիներուն, երբ Հայաստան կը գտնուէր գերութեան տակ, բազմահազար հայորդիներ ներգաղթեցին հայրենիք՝ հարազատ տուն, նոր կեանք մը սկսելու երազանքով: Այսօր՝ երբ ազատութեան մէջ կ՚ապրինք, դուրսի հայրենասէրները երբեւէ չեն մտածեր վերդառնալու մասին, իսկ ներսինները արդէն դէպի դուրս, արտագաղթի ճամբայ կը փնտռեն:

Այսօր ո՛չ եկեղեցին, ո՛չ կուսակցութիւնները եւ ո՛չ ալ կազմակերպութիւնները ներգաղթի մասին կը խօսին. աւելին՝ կը փորձեն արգելք հանդիսանալ, որպէսզի չըլլայ թէ շրջան մը կորսնցնեն: Անոր վերջին ցաւալի փաստը Սուրիոյ վիճակն է:

Սուրիոյ արիւնալի պատերազմի ժամանակ բազմաթիւ հայորդիներ իրենց կեանքի ապահովութեան համար ուզեցին դուրս գալ Սուրիոյ սահմաններէն, սակայն ո՛չ եկեղեցին, ո՛չ ալ կուսակցութիւնները աշխատանք տարին այդ դուրս գալ ուզող հայերը Հայաստան փոխադրելու գծով, որու պատճառով բազմաթիւ հայորդիներ բռնեցին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու, Գանատայի եւ այլ «բարեկիրթ» երկիրներու ճամբաները: Մինչեւ օրս նիւթապէս անկարող, սակայն Սուրիոյ տարածքէն դուրս գալ ուզող բազմահարիւր հայորդիներ կան. ինչո՞ւ համար մեր «ղեկավար»ները զիրենք հայրենիք չե՞ն առաջնորդեր. պատասխանը ըսեմ. Եկեղեցին թեմ մը կը կորսնցնէ, իսկ կուսակցութիւնը անդամներ եւ աթոռ մը աւելի ունենալու սիրոյն, հայրենասիրութիւն քարոզելով հանդերձ հակա-հայրենասիրական գործունէութիւն կը տանին:

Ո՛չ եկեղեցական պետերուն եւ ո՛չ ալ կուսակցական առաջնորդներուն խօսքին հաւատալ պէտք է այնքան ատեն, որ խօսքը գործի չեն վերածեր։ Մայիս 28-ի, Ապրիլ 24-ի ժամանակ փարթամ նախադասութիւններ կը կազմեն, սակայն երբ հարցը հասնի խօսքը գործով փաստելու՝ կը սնանկանան ու կը զինաթափուին:

Ահաւասիկ դժուարին մարտահրաւէր մը, կեղծ հայրենասիրութեամբ ապրողներուն. եթէ իրապէս հայրենասէր ես, տեղափոխուէ Հայաստան. եթէ նիւթապէս լաւ վիճակ ունիս, հիմնէ գործատեղեր, որպէսզի հարկերու ճամբով հարստացնես հայրենիքդ եւ հայրենակիցներուդ առիթ տաս իրենց տուները հաց տանելու: Եթէ «միայն զէնքով կայ հայոց փրկութիւն» երգողներէն ես, տեղափոխուէ Հայաստան, որովհետեւ Միացեալ Նահանգներու մէջ նստելով ու այս երգերը երգելով հայոց փրկութիւնը տեղի չ՚ունենար:

Ահա այսպէս կեղծ հայրենասիրութեամբ, «մէկ ազգ, մէկ հայրենիք» կարգախօսով կը փորձենք օտարութեան մէջ հայրենասիրութեամբ ապրիլ: Ձախող հայրենասէր մըն է ան՝ որ նիւթականը հայրենիքի սէրէն աւելի կարեւոր կը դասէ:

Երգ մը կայ, որ անցեալին կը լսուէր, սակայն այսօր չ՚երգուիր... «Դէպի, դէպի դէպի Հայաստան...». այս երգէն մնացած է միա՛յն դէպիները, եւրոպական եւ «զարգացած» երկիրներու անունները աւելցնելով:

 

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ

ԱՐԱ ՊԱՐԹԵՒԵԱՆ
(1902-1986)

Մեր թուականէն 36 տարիներ առաջ՝ 23 յուլիս 1986-ին Փարիզի մէջ մահացած է երաժշտահան եւ խմբավար Արա Պարթեւեան:

Պարթեւեան ծնած է 6 դեկտեմբեր 1902 թուականին, Պոլսոյ մէջ: Երաժշտական սկզբնական կրթութիւնը ստացած է Պոլսոյ հայազգի յայտնի երաժշտահաններէն Էտկար Մանասեանէն. 1923 թուականին տեղափոխուած է Փարիզ եւ երաժշտական կրթութիւնը շարունակած է Փարիզի երաժշտանոցէն ներս, ուրկէ շրջանաւարտ եղած է 1933 թուականին:

Պարթեւեան իր առաջին երգերը սկսած է յօրինել 1929 թուականին, որմէ ետք սկսած է երաժշտութիւններ յօրինել Աւետիք Իսահակեանի, Պետրոս Դուրեանի, Միսաք Մեծարենցի, Վահան Տէրեանի, Սարմէնի եւ այլ յայտնի գրողներու խօսքերով: Անոր առաջին մեծ համերգը տեղի ունեցած է 1932 թուականին:

Պարթեւեան 1934 թուականին Փարիզի մէջ հիմնած է հայկական «Սիփան-Կոմիտաս» երգչախումբը եւ բազմաթիւ առիթներով հանդէս եկած հայրենասիրական եւ ազգային երգերով, համերգներուն որպէս անուն ունենալով «Հայ երգի օր» խորագիրը: Ապա 1942 թուականին հիմնած է այլ երգչախումբ մը՝ «Փարիզի հայկական երգչախումբ» անունով, որ նոյնպէս բազմաթիւ առիթներով հանդէս եկած է:

Պարթեւեանի նշանաւոր գործերէն է Կոստան Զարեանի «Տատրագոմի հարսը» օփերան, «Գեղջկական համերգ»ը, «Անտառի մէջ», «Պատարագ»ը եւ այլ ստեղծագործութիւններ:

Պարթեւեան առաջին անգամ Հայաստանի մէջ հանդէս եկած է 1963 թուականին. մինչ այդ բազմաթիւ առիթներով հանդէս եկած է եւրոպական տարբեր երկիրներու մէջ, ինչպէս նաեւ Պոլսոյ մէջ:

Մինչեւ իր մահը Պարթեւեան եղած է Փարիզի հայկական եկեղեցւոյ երգչախումբի խմբավարն ու երգեհոնահարը:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Շաբաթ, Յուլիս 23, 2022