ԿԵԱՆՔԻՆ ՓԻԼԻՍՈՓԱՅՈՒԹԻՒՆԸ

Կեանքը խորհուրդ մըն է՝ ունի հաճելի սկիզբ մը եւ վշտալի վախճան մը։ Կեանքը միջոց մըն է՝ ժամանակաշրջան մը, եւ քանի որ ան ժամանակաշրջան մըն է, բնական է որ ունենայ սկզբնակէտ մը եւ վերջակէտ մը։ Կեանքը բնութեան մէկ մասն է՝ ժամանակի արժէքով չափուած՝ միջոց մը, որուն իմաստը եւ նպատակը տակաւին չէ հասկցուած զայն վայելող «մարդ» էակին կողմէ եւ անոր համար միշտ անծանօթ կը մնայ «մահ»ը, ինչպէս անծանօթ է «ծնունդ»ը։ Կեանքը իր այս հանգամանքով, իրապէս խորհուրդ մըն է, եւ պիտի մնայ միշտ «խորհո՛ւրդ»։

Վիքթոր Հիւկօ, իր մէկ քերթուածին մէջ կ՚ըսէ, թէ՝ «մահը ճանաչում է» եւ կը շարունակէ՝ «մութ սանդուխ մըն է ան, որուն աստիճանները կ՚առաջնորդեն մարդը լուսաւոր երկինք»։

Ինչպէս Ժ. Ժ. Ռուսօ, Վիքթոր Հիւկօ ալ, կեանքը եւ զայն վայելող մարդը կը նկատեն բնութեան մէկ մասը, եւ ուրեմն՝ անհունի մէջ ընթացք մը։

Այս մասին հետաքրքրական է Լոնկֆէլոյի «Կեանքին սաղմոսը» քերթուածին մէջ յիշուած տողերը. «Կեանքը իրական է. կեանքը լո՛ւրջ է, եւ անոր համեմատ ճակատագրուած է վախճանի՝ որ ո՛չ զուարճութիւնն է եւ ոչ իսկ վիշտը»։

Կեանքը, այս իմաստով, իր բոլոր խորութեամբ, բարձրութեամբ եւ տարածութեամբ դիտել փորձողներու համար կը կանգնի որպէս հոյակապ ամպածրար երկնաբերձ շէնք մը՝ լոկ հաճոյքի եւ զուարճութեան համար ապրողներու խարխուլ հիւղակին մօտ։ Ուստի աշխարհային-ֆիզիքական կեանքը մակերեսային գաղափարներով հասկնալ եւ ըստ այնմ ապրիլ կարելի չէ՛. մարդ իր կեանքը գոյապահպանելու եւ կարենալ գոյատեւելու համար պահանջքը ունի հոգիի եւ մտքի սնունդով սնանելու եւ զարգանալու՝ աճելո՛ւ։ Հոգիի եւ մտքի սնունդը անհրաժեշտ է, քանի որ կեանքը, ըստ էութեան, իմացական եւ բարոյական արժէքներու համադրութիւնն է՝ հոգիի, մտքի ե՛ւ մարմնի հրաշալի՜ ներդաշնակութեան մէկ արդիւնքը։

Եւ կեանքը ո՛րքան որ իրական է, անոր վախճանն ալ նո՛յնքան իրական եւ լո՛ւրջ։ Արդարեւ, այն որ կ՚ապրի՝ պիտի մեռնի՛. այսքան որոշ եւ այսքան պարզ։ Եւ որքան ալ անհաճոյ ըլլայ երեւոյթը, որքան տհաճ՝ խորհիլ ու խորհրդածել այս մասին, մահը ճշմարտութիւն մըն է, եւ ամէն ծնող կարծես իր ճակտին վրայ կը կրէ իր մահուան դատավճիռը՝ վճռական, հաստատ եւ անբեկանելի՛։ Ուստի, մէկու մը ծնունդը պատահական է, բայց մահը՝ անխուսափելիօրէն որո՛շ։ Այս պատճառով է որ կ՚ըսենք, թէ մահը խորհուրդ մըն է, ինչպէս կեանքը խորհուրդ մըն է։ Բայց այս չի նշանակեր, թէ պէտք է անգիտակցօրէն ապրիլ՝ մոռնալ, անգիտանալ եւ անտեսել կեանքի բարիքները, բարձրութիւնները, որ անձնական վայելքներէ շա՜տ վեր արժէքներ կը ներկայացնեն, խորհրդածելու բարեպատեհ առիթներ կ՚ընծայեն մարդուն՝ որ կոչուած է ձգտիլ միշտ վերին, բարձրութեան եւ հասնիլ կատարելութեա՛ն։

Կը պատմուի, թէ անգամ մը, Նափոլէոն Պոնափարթի ի պատիւ մեծաշուք հանդէս մը սարքուած էր՝ անոր մէկ յաղթանակը տօնելու համար։

Երբ Պոնափարթ իր շլացուցիչ թափօրով հանդիսատեղին մուտք կը գործէ՝ զարմանքով կը տեսնէ, որ մարդիկ իրմէ եւ իր շողշողուն հետեւորդներէն աւելի ուրիշ կէտի մը ուշադրութիւն դարձուացած են։

Պատճառը հասկնալ կ՚ուզէ։ Եւ կը հասկնայ, որ ժողովուրդը հիացումով կը դիտէր աստղ մը, որ յաղթական Պոնափարթի աստղը ըլլալ կը կարծուէր։ Պոնափարթ ինքն ալ անտարբեր չգտնուեցաւ այդ աստղին նկատմամբ, երբ իր աչքերը խորաթափանցեցին ու նշմարեցին Արուսեակ մոլորակը՝ որ ցերեկ ատեն իսկ իրեն կը ժպտէր, հասկցաւ, թէ մարդիկ, ընդհանրապէս կեանքը տեսնել կ՚ուզեն որպէս շնորհ՝ վերէն իրենց տրուած եւ ամէն յաջողութիւն եւ յաղթանակ կը վերագրեն յաջողակին ու յաղթականին վերէն ղրկուած պարգե՛ւ։ Ոմանք «բաղդատելով յաջողութիւնը ձախողութեան, եւ յաղթանակը պարտութեան հետ, բախտ», կ՚ըսեն այդ պարգեւին կամ շնորհին։

Մինչդեռ կեանքը պայքա՛ր մըն է, եւ կը յաղթանակէ ան՝ որ կը վստահի իր իսկ ուժերուն, այն ուժերուն, որ իրեն տրուած է Աստուծոյ կողմէ։

Եւ ահաւասիկ այս պայքարին մէջ միա՛կ պարտութիւնը մա՛հն է՝ անխուսափելի եւ վճռական վախճանը երկրաւոր կեանքին։ Թէեւ մահն ալ վերջնական պարտութիւն մը չէ, քանի որ անոր կը յաջորդէ անմահութիւնը՝ յաւիտենական երանելի կեանքը։

Քրիստոնեայ հաւատացեալի համար Քրիստոս Ի՛նք կենդանի փաստ մը, տիպար մըն է յաւիտենական կեանքի, անմահութեան, քանի որ Ան խաչուեցաւ, թաղուեցաւ, յարութիւն առաւ եւ համբարձաւ, հանդիսաւոր կերպով երկինք բարձրացաւ։ Եւ ահաւասիկ այս իրողութիւնը մարդուս ցոյց կու տայ կեանքին այն ընթացքը, որ երբեք չի վերջանար, տարբեր միջոցի մը մէջ, տարբեր երեւոյթով բայց մի՛շտ նոյն հոգիով կը շարունակէ։

Արդարեւ, «մահ»ը վերլուծելու շատ փորձեր կատարուած է զանազան շրջաններու, զանազան մտածողներու կողմէ, ոմանք գիտականօրէն, ոմանք հաւատքի միջնորդութեամբ, ոմանք մարմնական տուեալներով, ոմանք հոգեւոր արժէքներով ուզած են բացատրութիւն մը գտնել մահուան խորհուրդին, որ անխուսափելի միա՛կ ճշմարտութիւնն է կեանքին։

Զոր օրինակ, «մահ» բառը ստուգաբան-ւած է սապէս, ինչպէս աւելի առաջ ալ յիշած էինք. «մահ» բառը կրճատուած ձեւն է՝ «մահ առանց հոգիի» նախադասութեան, որ է նախադասութիւնը կազմող բառերուն առաջին տառերը։

Եւ դարձեալ, անուանի Հէմինկուէյի ամենէն կարճ պատմուածքին մէջ «մահ»ը ծածուկ կերպով կը յայտնուի, երբ մրցանակի արժանացած այս պատմուածքին մէջ կ՚ըսուի.

«Ծախու զոյգ մը մանկական կօշիկ՝ երբեք չգործածուած»։

Ահաւասիկ, թէ՝ առանց մահէն եւ մեռնելէ խօսելու, ինչպէ՛ս կը զգացնէ Հէմինկուէյ «մա՛հ»ը եւ «մե՛ռած մանուկ» մը։

Մահը կը մնայ միշտ «խորհո՛ւրդ» մը…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Օգոստոս 21, 2017, Իսթանպուլ

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 23, 2017