ԼԵԶՈՒԻ ԹԼՓԱՏՈՒԹԻՒՆ ՄԸ

Ողորմածը կ՚ըսէր «մեր վրայ շիտակ պատ չի՛ փլիր»: ... Մեռա՜ւ, գնա՜ց, ու տակաւին այդ պատերը աննկուն կամքով կը շարունակին փլիլ մեր վրայ:

Այդ ծուռ պատերէն մէկուն մի քանի օրեր առաջ հանդիպեցայ. եւ այն ալ ի՜նչ պատ...: Իւրաքանչիւր նոր պատ շուքի տակ կը ձգէ նախորդը:

Այս անգամուայ պատը հեղձամահ պիտի ընէ մինչեւ այսօր մեր բոլոր գրածներն ու ըսել ուզածները, հայոց «մեղայի աղօթք»ին մէջ բանալով մեղայի նոր օրինազանցութիւն մը:

Ահաւասիկ պատը. համացանցի ճամբով ոմն «բանասէր» ղրկեց յօդուած մը, որ կարդամ՝ որուն ջատագովն ու հեղինակն էր: Խորագիր՝ «բանասէրը կ՚առաջարկէ այբուբենէն հեռացնել 11 տառ. ըստ իրեն աւելորդ են...»: Ըստ բանասէրին 28 տառ բաւարար պիտի ըլլայ հայերէն խօսելու եւ գրելու. Այբուբենի խճողուած շարքը պիտի մեղմել յարտաքս հանելով «ե», «ձ», «յ», «պ», «ջ», «ո», «տ», «ւ», «ք», «և» եւ «ֆ» տառերը:

«Բանասէր»ը խաչ հանել որոշած էր տառերը:

Այսու «աստուածատուր» լեզուն պիտի չի՛ կոչուի հայերէն՝ այլ Արէրէն, իսկ վերոյիշեալ այբբենական յայտնագործումը՝ «Արէն Արէն»:

Չըլլայ թէ զարմանաք... ներկայ դարու առաւելութիւններէն մէկն այն է, որ ամէ՛ն մարդ իր ուզածին պէս կրնայ սափրել հայոց լեզուն. ի՞նչ... Աստուած միայն Մաշտոցի՞ն պիտի երեւի: Գուցէ տարիներ ետք հաստատուի պետական նոր գրասենեակ մը, որ զբաղուի նոր տառերու ընդունելութեամբ ու լեզուի մէջ կատարուելիք զանազան փոփոխութեանց տնօրինումով:

Եւ այս մէկը ի գործ կ՚ուզուի դրուիլ այն լեզուին՝ որուն համար Վարուժան պիտի ըսէր. «այդ բոլոր տառերը, կ՚ըսեմ, կարաւան առ կարաւան առաջնորդեցին մեր գոյութիւնը, մեր հայկականութիւնը մինչեւ ներկայ դարուն սեմին վրայ», սակայն, ո՜վ մարդկային յուսախաբութիւն, պարզուեցաւ, որ կարաւանին մէջ տառեր՝ որպէս սխալ տարրեր քշուած են միւս 28 անմեղներուն հետ միատեղ:

Պէտք էր անպայման խաչել:

Անլուծելի խորհուրդը վերջ չի՛ գտաւ. հեղինակը կը գրէ. «ես արդէն հրաժարւում եմ 11 տառի աւելորդ գրութիւնից, համակարգիչով աւելորդ տպելուց, իսկ 11 տառի խնայողութիւնը այսօր մեր ազգին կարող է տալ 11 միլիարդ տոլարի խնայողութիւն»: Ո՜վ Աստուածային հրա՜շք, 11 տառ տարագրելով մեր ազգը պիտի կարենայ փակել մօտաւոր 6.3 միլիարդ հասնող երկրի պարտքերը՝ 4.7 միլարդ տոլար շահ ապահովելով:

Եթէ չի՛ հասկցաք խնայողութիւնը ուրկէ պիտի գայ, բացատրեմ. աւելի նուազ տառեր գրելով, աւելի նուազ թուղթ ու տպագրութիւն պիտի ունենաք, եւ այդ թուղթի եւ ներկի խնայողութիւնը մեզ պիտի դարձնէ հարուստներ...: Գուցէ տնտեսապէս խախուտ մեր վիճակի հիմքը այդ 11 տառերը ըլլան, որոնք ցայսօր հիւծած են երկրիս տնտեսութիւնը:

Տակաւի՛ն ըսէք, որ ամերիկեան ժապաւէններու երեւակայութեան մակարդակը աւելի՛ բարձր է քան հայինը...:

Բացի նիւթական ապահովութենէն, հեղինակին համաձայն այսպիսով մենք օրինակ պիտի դառնանք միւս պետութիւններուն, խրախուսելով զիրենք լեզուի թլփատութեան:

Թող Հայրենիքի իշխանութիւններն ու ի սփիւռս աշխարհի սփռուած հայերը չմտածե՛ն, թէ ինչու համար այսպէս դժբախտ վիճակ սկսաւ ստանալ մեր հայրենիքը. ըստ «բանասէր»ին «Մեր ժողովուրդի ու երկիրի ներկայիս տխուր եւ անփառունակ վիճակը կապուած է Այբուբենի այս հարցին»: Միայն 11 տառ՝ եւ հարցերը լուծուած են:

Սպասէ՛... չվերջացաւ:

Գիտէի՞ր որ մինչեւ այսօր Երկուշաբթի, Երեքշաբթի.... ըսելով մեղք գործած էիր: Մեր նոր Արէրէնով Երկուշաբթին այլեւս Մի օր է... որուն կը յաջորդէ Էր օր, Ար օր, Ափ օր Շօղ օր, Ճօղ օր, իսկ եօթը միասնաբար՝ Օթ օր:

Նոր Մաշտոցը այս ծրագիրը ներկայացուցած է Հայաստանի բոլո՛ր պետական մարմիններուն, սակայն զարմանալի՜. անզուգական յայտնագործումը չէր ոգեւորած ազգի մեծերը:

Մենք պատշաճ չենք տեսներ այստեղ կատարել նոր յայտնագործումի ենթահողային ուսումնասիրութիւնը, սակայն մենք վստահ ենք, որ մենք այսօր դժուարութիւնը ունինք եղածը պահելու եւ մեր գալիք սերունդներուն փոխանցելու: Մենք կը պատռուինք եղածը չաղաւաղելու համար... ո՜ւր մնաց նոր ուրիշ մը հրապարակ նետել: Չեմ գիտեր. մինչեւ ե՞րբ պիտի շարունակենք Մաշտոցի արդէն իսկ աւազ դարձած ոսկորները խոշտանգել...

Ի միջի այլոց այսօր ի՞նչ օր էր... Մի օր. եւ գուցէ իրապէ՛ս մի օր արթննանք թմբիրէն:

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ

ՅԱՍՄԻԿ

(1879-1947)

Մեր թուականէն 74 տարիներ առաջ՝ 23 օգոստոս 1947 թուականին Երեւանի մէջ 68 տարեկան հասակին մահացած է հայ դերասանուհի եւ Խորհրդային Հայաստանի վաստակաւոր արուեստագէտ Յասմիկ (բուն անունով՝ Թագուհի Յակոբեան):

Յասմիկ ծնած է 21 մարտ 1879 թուականին, Հին Նախիջեւանի մէջ: Նախնական կրթութիւնը ստացած է տեղւոյն ծխական դպրոցին մէջ: Անոր ապրած գիւղաքաղաքին մէջ թատրոն գոյութիւն չունէր. առաջին անգամ ան բեմ կը բարձրանայ երբ Ստեփան Սաֆրազեան կ՚այցելէ իրենց շրջանը եւ այսպիսով Յասմիկ փոքրիկ տղու մը աննշան դերով բեմ կը բարձրանայ: Յասմիկ ամունանալէ ետք կը տեղափոխուի Թիֆլիզ: Ամուսինը աւանդապահ ըլլալով դէմ կը կենայ կնոջ բեմ բարձրանալուն, սակայն ամոլները կը յաճախէին թատրոն, ինչ որ դերասանուհիին մէջ աւելիով կը բորբոքէր թատրոնի սէրը: Յասմիկ 1904 թուականին համոզելով ամուսինը Գաբրիէլ Սունդուկեանի գլխաւորութեամբ կը ստանձնէ դերեր՝ «Քանդած օճախում» եւ «Պէպօ»ի թատրերգութեանց մէջ: Այսպիսով աշակերտելով Սունդուկեանին Յասմիկ տասն տարբեր խաղերու մէջ դեր կ՚ունենայ, ուրկէ կ՚անցնի Շիրվանզադէի թատրոն, ուր մեծապէս կը փայլի «Նամուս»ի Շպանիկի եւ «Չար ոգի»ի Զանիշանի դերերով:

Այսպիսով Յասմիկ կը յաջողի ժամանակուայ յայտնի դերասաններու կողքին փայլեցնել իր անունը: Թիֆլիզի մէջ առաջին անգամ դերասանուհին բեմ կը բարձրանայ Տիկին Յասմիկի դերով, այդ իսկ պատճառով յայտնի դերասան Յովհաննէս Աբէլեան զինք կը կնքէ այդ անունով: Դերասանուհին 1920-ին կը սկսի թատրոններ կազմակերպել գիւղերու մէջ ապրող հողամշակներու եւ զօրամասերու համար: 1925-էն սկսեալ կը սկսի դերեր ստանձնել ժապաւէններու նկարահանման մէջ. օրինակ՝  «Նամուս», «Երկու գիշեր», «Լեռնային արշաւ» եւ ուրիշներ:

Յասմիկ 1947 թուականին կը հրատարակէ իր «Թատերական յուշեր» գիրքը:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂ­ԼԵԱՆ

Երկուշաբթի, Օգոստոս 23, 2021