ԲՈԼՈՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴՆԵՐԸ ԿԸ ԿԱԶՄԵՆ ՄԷԿ ՀԱՍԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ

Ստեղծագործութեան ընդհանուր ծրագիրը կ՚ընդգրկէ բոլոր անոնք, որոնք կը ճանչնան Արարիչը. անոնք որոնք կը հաւատան, կը պաշտեն միակ եւ բարեգութ Աստուածը՝ որ է նաեւ Նախախնամ եւ պիտի դատէ մարդիկը «վերջին օրը»։ Այս իմաստով, ոչ-քրիստոնեայ կրօններուն հետ Եկեղեցւոյ կապը՝ նախ մարդկային ցեղին հասարակաց ծագումին եւ վախճանին կապն է։

Արդարեւ, բոլոր ժողովուրդները կը կազմեն մէկ հասարակութիւն, ունին մէկ ծագում, քանի որ Աստուած մարդկային համայն ցեղը բնակեցուց երկրիս վրայ։ Բոլոր մարդիկ նոյն նաւուն մէջ կը նաւարկեն՝ նոյն արեւուն տակ եւ նոյն հողին վրայ կ՚ապրին, եւ այս կը նշանակէ՝ որ բոլոր մարդոց էութիւնը հաստատուած է հասարակ գետնի մը վրայ։ Եւ ամենէն կարեւորը՝ բոլորին ալ Ստեղծիչը նոյնն է՝ մէկ է եւ միակ Աստուածն է։ Ուրեմն, բոլոր մարդիկ սկզբնական եւ անվիճելի հասարակաց բնոյթ մը ունին։

Անոնք ունին նաեւ մէկ վերջնական վախճան, որ Աստուած է՝ որուն նախախնամութիւնը միասին կը վայելեն առանց խտրութեան եւ որ բարեգթութեան ապացոյցները եւ փրկութեան ծրագիրները կը տարածուին բոլորին վրայ մինչեւ որ «ընտրեալներ»ը ժողովուին սուրբ ոստանին մէջ։ Եկեղեցին կը ճանչնայ միւս կրօններուն մէջ անծանօթ բայց նաեւ մօտիկ Աստուծոյ փնտռտուքը, քանի որ Ա՛ն է որ բոլորին կու տայ կեա՛նք, շունչ եւ ամէն բան եւ Ա՛ն է, որ կ՚ուզէ, թէ բոլոր մարդիկը փրկուին։ Այսպէս միւս կրօններու մէջ ի՛նչ որ բարի եւ ճշմարիտ կրնայ գտնուիլ, Եկեղեցին կը նկատէ զանոնք «իբրեւ աւետարանական պատրաստութիւն մը եւ իբրեւ պարգեւն Անոր, որ կը լուսաւորէ ամէն մարդ, որպէսզի ի վերջոյ կեանք ունենայ եւ վայելէ զայն»։ Բայց մարդիկ իրենց կրօնական վարուելակերպին մէջ սահմանափակումներ եւ սխալներ ալ կը յայտնաբերեն, որոնք Աստուծոյ պատկերը կ՚այլափոխեն անոնց մէջ. շատ յաճախ, մարդիկ «չար»էն խաբուելով մոլորած են իրենց տրամաբանութիւններուն մէջ, Աստուծոյ ճշմարտութիւնը «սուտ»ին հետ փոխարինած են, ծառայելով նախընտրաբար արարածին քան Արարչին, եւ կամ այս աշխարհի վրայ առանց Աստուծոյ ապրելով եւ մեռնելով, եւ այսպէս իրենք զիրենք ենթարկած են ծայրագոյն յուսահատութեան։

Վերստին միացնելու համար Իր բոլոր զաւակներուն ամբողջութիւնը, զորս մեղքը ցրուեց եւ մոլորեցուց, Հայրը ուզեց ամբողջ մարդկութիւնը համակոչել։ Արդարեւ, Եկեղեցին այն վայրն է՝ ուր մարդկութիւնը վերստին գտնելու է իր միութիւնը եւ փրկութիւնը։ «Եկեղեցին հաշտ աշխարհն է», կ՚ըսէ Սուրբ Օգոստինոս Աւրելիոս։ Իսկ Սուրբ Ամբրոսիոս Եկեղեցին կը նմանցնէ «նաւ»ի, եւ կ՚ըսէ. «Այն նաւն է, որ լաւապէս կը նաւարկէ այս աշխարհի մէջ՝ Սուրբ Հոգիին շունչին տակ, Տիրոջ խաչին լայնաբաց առագաստներով»։ Կամ Եկեղեցւոյ Հայրերուն սիրած այլ պատկերի մը համաձայն, ան նախապատկերն է ջրհեղեղէն փրկող Նոյի Տապանին, համեմատելով Առաքեալի խօսքին. (Ա ՊԵՏ. Գ 20-21)։

Հիմնուելով Աստուածաշունչին եւ Սրբազան Աւանդութեան վրայ, Եկեղեցին անհրաժեշտ է միակ միջնորդը եւ ճանապարհը փրկութեան. «Ես իմ ճանապարհը…». արդ Ան մեզի համար ներկա՛յ է Իր Մարմինով՝ որ Եկեղեցի՛ն է։

Քրիստոս հաւատքին, յոյսին, սիրոյ եւ Մկրտութեան անհրաժեշտութիւնը մեզի բացայայտօրէն ուսուցանելով, միաժամանակ հաստատած կ՚ըլլայ նոյնինքն Եկեղեցւոյ անհրաժեշտութիւնը՝ ուր մարդիկ մուտք կը գործեն Մկրտութեան դռնէն։ Ահա թէ ինչո՛ւ եթէ մարդիկ մերժեն մտնել Եկեղեցւոյ ծոցին մէջ կամ մերժեն յարատեւել այնտեղ, գիտնալով հանդերձ, թէ ան հիմնուած է Աստուծմէ՝ Յիսուս Քրիստոսով իբրեւ անհրաժեշտութիւն, խնդրական պիտի ըլլայ անոնց փրկութիւնը, քանի որ չունեցողէն՝ իրեն ունեցածն ալ պիտի առնուի։

Այս հաստատումը չի հայիր անոնց՝ որոնք առանց իրենց յանցանքին կ՚անգիտանան Քրիստոսը եւ Անոր Եկեղեցին։ Արդարեւ, անոնք որոնք առանց իրենց յանցանքին կ՚անգիտանան Քրիստոսի Աւետարանը եւ Անոր Եկեղեցին եւ սակայն անկեղծ սրտով կը փնտռեն Աստուած եւ կը ջանան շնորհքի ազդեցութեան տակ Աստուծոյ կամքը կատարել, այնպէս ինչպէս իրենց խիղճը իրենց կը յայտնէ եւ կը թելադրէ, անոնք կրնան հասնիլ յաւիտենական փրկութեան։ «Թէպէտ Աստուած կարող է Իրեն ծանօթ ուղիներով առանց իրենց յանցանքին Աւետարանը անգիտացող մարդիկը բերել հաւատքի, առանց որուն անկարելի՛ է հաճելի ըլլալ Աստուծոյ». (ԵԲՐ. ԺԱ 6), սակայն Եկեղեցիին ալ պարտականութիւնը եւ միաժամանակ նուիրական իրաւունքը ունի աւետարանելու մարդիկը։

Եկեղեցիին ընկերութեան լիովին մաս կը կազմեն Քրիստոսի Հոգին ունեցող այն անձերը՝ որոնք ամբողջութեամբ կ՚ընդունին անոր կազմակերպութիւնը եւ անոր մէջ հաստատուն փրկութեան բոլոր միջոցները, եւ որոնք հաւատքի դաւանութեամբ, սուրբ խորհուրդներով, եկեղեցական կառավարութեամբ եւ հաղորդութեամբ գոյացած զօդերուն շնորհիւ, Եկեղեցւոյ տեսանելի ամբողջութեան մէջ միացած են Քրիստոսի՝ Որ կը ղեկավարէ զայն եպիսկոպոսներուն միջոցով։ Սակայն եւ այնպէս, Եկեղեցւոյ մարմինին պատկանիլը չ՚ապահովեր փրկութիւնը այն անձին՝ որ չկարենալով յարատեւել սիրոյ մէջ, կը շարունակէ Եկեղեցւոյ պատկանիլ միա՛յն մարմինով, բայց ո՛չ սրտով։

Քրիստոսի Եկեղեցին ճշմարտապէս ներկա՛յ է հաւատացեալներուն տեղական բոլոր օրինաւոր խմբաւորումներուն մէջ, որոնք միացած ըլլալով իրենց հովիւներուն, իրենք եւս Նոր կտակարանին մէջ Եկեղեցիի անունը կը ստանան։ Հաւատացեալները անոնց մէջ համախմբուած են Քրիստոսի Աւետարանին քարոզութեամբ եւ Տիրոջ Ընթրիքին խորհուրդի հանդիսակատարումովը։ Այս հասարակութիւնները, որքան ալ յաճախ փոքրաթիւ եւ չքաւոր կամ տարտղնուած ըլլան, անոնց մէջ ներկա՛յ է Քրիստոս՝ որուն զօրութեամբ Եկեղեցին մէկ, սուրբ եւ առաքելակա՛ն կը հանդիսանայ։

Եկեղեցին հաւատքի աչքով դիտուած անսայթաքօրէն սո՛ւրբ է։ Այս իմաստով՝ Եկեղեցին «Աստուծոյ սուրբ ժողովուրդն է». (ԳՈՐԾ. Թ 13), (Ա ԿՈՐՆԹ. Զ 1 եւ ԺԶ 1), իսկ անոր անդամները կոչուած են «սուրբեր»։

Եկեղեցին Քրիստոսով կը սրբանայ…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Օգոստոս 22, 2023, Իսթանպուլ

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 23, 2023