ՀՈԳԻՆ ՄԱՀ ՉՈՒՆԻ՛
Երբ յաճախ կը խօսինք կեանքի մասին, կեանքի ապրումներուն մասին, պահ մը կը մոռնանք, որ կեանքէն աւելի մեծ ճշմարտութիւն մը կայ այդ կեանքին ընթացքին մէջ՝ մա՛հը ամենէն յստակ, անխուսափելի ճշմարտութի՛ւնն է կեանքին, քանի որ ան որ կեանքը կ՚ապրի, պիտի մեռնի, այն որ կը ծնի, արդէն մահուան ընթացքին մէջ մտած կ՚ըլլայ։
Անշուշտ, ինչպէս շատ մը ճշմարտութիւններ, մա՛հն ալ որպէս ճշմարտութիւն ընդունիլ, համոզուիլ դիւրին չէ մարդուս համար։ Ծնունդը, ամէն ծնունդ հաճելի է, բայց ո՛չ մէկ մահ ընդունելի՝ եւ մահը տհաճ կը թուի, մահուան գաղափարին համոզուիլ գրեթէ անկարելի՛ է։ Մարդու յիշողութենէն կը վրիպի կեանքի այդ մեծ ճշմարտութիւնը, եւ մարդ իր յիշողութենէն կը հանէ զայն։ Բայց որեւէ ճշմարտութիւն, զայն մոռնալով, անկէ խոյս տալ փորձելով, յիշողութենէ հանելով, երբեք չի կորսնցներ իր հանգամանքը՝ ան մի՛շտ կը մնայ ճշմարտութիւն։
Կ՚ըսուի, որ անգիտութիւնը երջանկութիւն է։ Մխիթարանքի անզօր ջանք մը կը թուի մեզի այդ գաղափարը։ Զոր օրինակ, եթէ մարդ չի գիտեր որ հիւանդութիւն մը ունի, իրեն համար ինք հիւանդ չէ, բայց մէկու մը իր հիւանդութեանը մասին անտեղեակ ըլլալը անոր առողջ ըլլալը չի նշանակեր։ Մէկը հիւանդ է, եթէ եւ իր հիւանդութեան նկատմամբ անտեղեակ է, անգէտ է, ապա ուրեմն ան երջանիկ է, գոնէ տրտում եւ տխուր չէ, բայց այդ երջանկութիւնը ցնորական է՝ անիրական կամ երազային, քանի որ ճշմարտութիւն չէ։
Մահուան գաղափարն ալ նոյնն է, մարդ որքան ալ հեռու մնալ փորձէ, որքան ալ մոռնալ ջանայ, իր յիշողութենէն հանէ, չի փոխուիր ճշմարտութիւնը՝ ան միշտ կա՛յ ու պիտի ըլլայ։ Անշուշտ մահուան վախով ապրիլն ալ ճիշդ չէ՝ նախընտրելի է, լաւ ապրիլ, բարի ապրիլ, որպէս թէ երբեք մահ գոյութիւն չ՚ունենար, բայց նոյնքան զգոյշ ըլլալ, հաշտ ըլլալ մահուան գաղափարին, քանի որ ան գոյութիւն ունի, ճշմարտութիւն է եւ անկէ խուսափիլ կարելի չէ՛…։
Իմ շա՜տ սիրելի եւ համակրելի ընթերցող բարեկամներ, իմ սրտակիցներ, այս՝ տողերը երբեք չնկատէք որպէս յոռետեսութեան արտայայտութիւն, այլ՝ իրատեսութի՛ւն, քանի որ ճշմարտութիւնը ա՛յս է եւ կարելի չէ զայն փոխել։ Ամբողջ մարդկային ցեղի պատմութիւնը կը վկայէ մէկ ճշմարտութեան՝ թէ մահէն ո՛չ մէկը՝ ամենազօրաւորը, ամենահարուստը, առողջը եւ առողջութիւնը վատթարացածը եւ ո՛չ մէկը կրցած է խուսափիլ կամ զերծ մնալ։ Եւ Յիսուս իսկ, գոնէ երեք օրուան համար, Ան ալ մեռաւ ու թաղուեցաւ…։
Ուրեմն ընդունիլ իրողութիւնը, հասնիլ ու հասկնալ ճշմարտութեան, իրատես ըլլալ, բոլոր այս վիճակները կը կատարելագործեն մարդս, փոխանակ մահուան վախով ապրելու՝ մահուան անխուսափելի ճշմարտութեան հետ հաշտ ապրիլ՝ մարդս կը քաջալերէ կեանքի անվերջ պայքարին մէջ, եւ մաքառող, պայքարող մարդը «երջանիկ մարդ» է, քանի որ ի վերջոյ յաղթական հանդիսանալու յոյսը ունի՝ մութէն դէպի լոյս գալու հաճոյքը վայելելու, տկարութենէ ազատելու, զօրանալու, քաջ մարդ ըլլալու առիթը ունի։
Ուստի մարդիկ կը մեռնին։ Պարզ է ասիկա։
Կարելի՞ է չընդունիլ, չհաշտուիլ մահուան գաղափարին, նոյնիսկ ո՛չ միայն գաղափարին, այլ՝ նոյնինքն մահուա՛ն հետ։ Այդ մեծ ճշմարտութիւնը, մա՛հը ո՞վ պիտի ըլլայ չընդունող՝ որ քայքայումն իսկ է մի՛ միայն մարդուն ֆիզիքական-մարմնական մարմինին։
Նախապէս ըսած էինք, կրկնենք. մահը՝ «մարմին առանց հոգիի» է. «Մ», «Ա», «Հ»։
Եւ հոգին մահ չունի՛։ Այս ալ այնքան ճշմարտութիւն է՝ ո՛րքան մահը։ Բայց մարդիկ, զարմանալի՜ է՝ երկու գաղափարին ալ հաշտ չեն գտնուիր ընդհանրապէս։ Մահէն կը խուսափին, բայց հոգիին անմահութեան ճշմարտութիւնն ալ ընդունելու մէջ կը դժուարանան, նոյնիսկ երբեմն կը յամառին եւ կը պնդեն, թէ մահուամբ ամէն ինչ կը վերջանայ, կ՚ոչնչանայ…։ Սիրելինե՜ր, կարելի՞ է որ մարդս ստեղծուած ըլլայ ի վերջոյ ոչընչանալու համար, ո՜վ կ՚ուզէ իր ստեղծագործած որեւէ արժէք ոչնչանայ ի վերջոյ, եւ Աստուած, կարելի՞ է մտածել, թէ մարդը՝ իր ամենասիրելի արարածը ստեղծած ըլլայ, որպէսզի ոչնչանայ։ Աստուած մարդը ստեղծեց զայն անմահութեան կոչելով։ Մարմինը՝ ֆիզիքականը ժամանակաւոր, անցաւոր է, բայց մարդս քանի որ մարմին եւ հոգի է, ապա ուրեմն հոգին թէեւ կը բաժնուի մարմինէն, բայց կը շարունակէ ապրիլ յաւիտենականութեան մէջ՝ աշխարհէ տարբեր միջոցի մը մէջ։
Այո՛, հոգին մահ չունի։ Եւ անոր անմահութիւնն իսկ զօրաւոր հաւաստիկ մը, ապացոյց մըն է՝ որ կրնայ խօսիլ, կրնայ շնչել ու չխզել իր յարաբերութիւնը աշխարհի հետ, եւ որ ամենէն ստոյգն է, կարո՛ղ է իր երկնառաք պատգամներով մեզ առաջնորդել դէպի Հաւատք եւ դէպի Ճշմարտութի՛ւն։
Անըմբռնելի, անհաշտ ո՛չինչ կայ այս յայտնութեան մէջ։
Սէրը միակ միջոցն է անմահ հոգիներու հետ յարաբերուելու եւ հաղորդակցելու, քանի որ սէրն ալ՝ հոգիէն կը բխի, եւ ան ալ անմա՛հ է անոր նման։
Չէ՞ որ Աստուած սէ՛ր է, եւ կ՚ապրի յաւիտեան։
Սիրով ու աղօթքով կարելի է ուրեմն հաղորդակցիլ անմահ հոգիին հետ։ Մնաց որ «ոգեհարցական վարդապետութիւն»ը այսօր կրնայ թուիլ մէկէ աւելի միջոցներ՝ որոնցմով ոեւէ անձ պիտի կրնար հոգեկան աշխարհի իրողութիւններուն մասին տեղեկանալ՝ մտերմիկ շփում մը ունենալով աննիւթականներու՝ աննիւթացած ամէն ոգիի հետ։ Բայց եւ այնպէս, ինչպէս ըսինք, աղօթքը՝ հաւատքով, յոյսով եւ մանաւանդ սիրով լեցուած աղօթքը միակ, հաստատ ու ապահո՛վ միջոցն է յարաբերուելու եւ հաղորդակցելու անմահ հոգիներու հետ։ Եւ մենք չե՛նք ընդունիր «յիշել» մեր սիրելիները, քանի որ յիշել կը նշանակէ՝ մոռցուածը մտաբերել, մինչդեռ մենք երբեք չենք մոռցած, չե՛նք մոռնար զանոնք։ Մահը կ՚ապրինք անոնց հետ, եւ մեր կեանքով՝ սիրով կ՚ապրեցնենք զանոնք։
Մոռացութիւնը սիրոյ դաւաճանն է՝ ամենամեծ թշնամին։ Եւ սէրը երբեք չի՛ դաւաճաներ…։
Սիրոյ մարմնացումը՝ Երէցկին Աննիկ Գալփաքճեանը ութը տարիէ ի վեր ֆիզիքապէս մեզի հետ չէ, բայց այս իրողութիւնը չի՛ նշանակեր որ Երէցկին Աննիկ Գալփաքճեանը չ՚ապրիր։ Ինչպէս որ այս տրուպ գրիչը ութը տարիէ ի վեր «մա՛հը կ՚ապրի», ան ալ փոխադարձաբար՝ «կեա՛նքը կ՚ապրի», կեանքը՝ որուն ակը, աղբիւրը սէ՛րն է՝ անմահ, մշտնջենաւոր ու անայլայլելի՜ սէրը՝ Աստուած Ի՛նք…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սեպտեմբեր 15, 2015, Իսթանպուլ