ԿԵԱՆՔԸ ԵՐԿՈ՛ՒՆՔ ՄԸՆ Է

Կեան­քը՝ որ կ՚ապ­րինք, նե­ղու­թիւն­նե­րու, դժուա­րու­թիւն­նե­րու, ցա­ւե­րու, վիշ­տե­րու եւ վեր­ջա­պէս ան­գութ մա­հուան դէմ պայ­քա՛ր մըն է։ Այս ի­մաս­տով կեան­քը մա­հուան պատ­րաս­տու­թեան մէջ եր­կունք մըն է։ Եւ թե­րեւս շատ տա­րօ­րի­նակ պի­տի թուի, բայց կեան­քը կ՚ապ­րի մարդ՝ մեռ­նե­լու հա­մար։ Ու­րեմն կեան­քը եր­կո՛ւնք մըն է…։

Եւ այս ա­նընդ­հատ եւ ան­վերջ եր­կուն­քին մէջ կ՚ապ­րի մարդ իր կեան­քը, իր հե­ռան­կար­նե­րով, ծրա­գիր­նե­րով, մե՜ծ մե՜ծ մտա­ծում­նե­րով, ո­րոնք ի վեր­ջոյ կ՚ի­րա­կա­նան կամ ո՛չ, կ՚ամ­բող­ջա­նան կամ ա­նա­ւարտ կը մնան, ան­ծա­նօթ պա­հու մը պա­տա­հած մա­հուան ա­ռիթ տուած կամ ընդ­հա­տած չա­փով։ Ու­րեմն կեան­քը ապ­րե­լու ըն­թաց­քը կա­խում ու­նի մա­հուան պա­հէն եւ ա՛ն կ՚ո­րո­շէ ա­մէն վի­ճակ ու կա­ցու­թիւն։

Կեան­քը ստո­րա­կէտ­նե­րով կը յա­ռա­ջա­նայ, եւ վեր­ջա­կէ­տը կը պատ­կա­նի միա՛յն «մահ» կո­չուած ան­ծա­նօթ «պահ»ուն։ Ար­դա­րեւ, «ՄԱՀ»ը «ՊԱ՛Հ» մըն է, որ կ՚ո­րո­շէ կեան­քի ըն­թաց­քը եւ տե­ւո­ղու­թիւ­նը։ Մա­հը ու­րեմն «պա՛հ» մըն է, որ կ՚ո­րո­շէ ա­մէն ինչ, ա­մէն ի­րո­ղու­թիւն, ո­րուն կ՚ը­սենք «կեա՛նք»։

­Մա­հուան մա­սին, ընդ­հան­րա­պէս չեն ու­զեր խօ­սիլ մար­դիկ, քա­նի որ վախ մը ու­նին, կաս­կած մը, տա­րա­կու­սանք մը՝ թէ պի­տի չկա­րե­նան ի­րա­կա­նաց­նել ի­րենց հե­ռան­կար­նե­րը, եւ պի­տի չկա­րե­նան հաս­նիլ ի­րենց ծրագ­րած նպա­տակ­նե­րուն։ Բայց մա­հը ան­գո՛ւթ է, չի խնա­յեր, չի շե­ղիր եւ կը հաս­նի պա՛հ մը՝ որ «մահ»ն է եւ կը դնէ «վեր­ջա­կէ՛տ»ը։

Ուս­տի վեր­ջա­կէ­տը կը պատ­կա­նի մա­հուան միայն, մար­դիկ պէտք է ապ­րին ի­րենց կեան­քը ստո­րա­կէտ­նե­րով եւ կէ­տե­րով, եւ վեր­ջա­կէ­տը պէ՛տք է թո­ղուն միայն մա­հուան՝ յայտ­նի մա­հուան, ո­րուն պա­հը ան­ծա­նօթ է։ Մա­հը, այս ի­մաս­տով, կեան­քի միակ ճշմար­տու­թի՛ւնն է, քա­նի որ ան­պայ­ման կը պա­տա­հի եւ եր­բեք չի շե­ղիր իր պա­հէն։ Մա­հը եւ պա­հը ան­բա­ժա՛ն են։

Ը­սինք, մար­դիկ չեն ու­զեր խօ­սիլ մա­հուան մա­սին, հա­պա ինչ­պէ՞ս չի խօ­սուիր, երբ ան կեան­քի ա­մե­նէն ճշմա­րիտ պա՛հն է՝ ան­շեղ ու հաս­տատ։

Մա­հը վա՛խ է, քա­նի որ կո­րուստ կ՚են­թադ­րէ. ա­մե­նէն ա­ռաջ կեան­քի կո­րուստ, սի­րե­լի՜­նե­րու, հա­րա­զատ­նե­րու կո­րո՛ւստ եւ ծրա­գիր­նե­րու, հե­ռան­կար­նե­րու, մտադ­րու­թիւն­նե­րու կո­րուստ՝ ան­ծա­նօթ պա­հու մը՝ որ մա՛հ կը կո­չուի։

Ա­յո, սի­րե­լի՜­ներ, մա­հը պա՛հ մըն է, այն պա­հը, երբ մա­հը կը դնէ «վեր­ջա­կէտ»ը։

Ո՜վ գի­տէ այդ բո­լո­րո­վին ան­ծա­նօթ պա­հը։

Ի­րաւ է, որ եր­բեմն բժիշկ­ներ կը փոր­ձեն ո­րո­շել այդ պա­հը, բայց ո՞ր­քան կը յա­ջո­ղին ճիշդ պա­հը ո­րո­շե­լու՝ ի­րենք ալ չեն գի­տեր։

Ար­դա­րեւ բժիշկ­նե­րու պար­տա­կա­նու­թիւ­նը դար­մա­նել է, եւ ո՛չ թէ պա­հը ո­րո­շել։ Ա­նոնք պա­տաս­խա­նա­տու են դար­մա­նե­լու, բժշկե­լու հի­ւան­դը, իսկ ե­թէ պա­հը ո­րո­շել փոր­ձեն՝ կրնան սխա­լիլ եւ անց­նիլ ի­րենց պա­տաս­խա­նա­տուու­թեան սահ­մա­նը։ Կ՚ը­սուի, թէ բժիշ­կը, երկ­րի վրայ Աս­տու­ծոյ ձեռքն է, բայց ո՛չ եր­բեք Աս­տուած՝ Ի՛նք։

Չեմ գի­տեր, թէ ին­չո՞ւ հա­մար մեր խորհր­դա­ծու­թիւ­նը իր սկսած կէ­տէն տար­բեր ուղ­ղու­թիւն մը ստա­ցաւ, թե­րեւս ան­ցեա­լի յու­շեր եւ տպա­ւո­րու­թիւն­ներ, ծած­կուած գի­տակ­ցու­թեան յայտ­նու­մը, կո­րուստ­ներ, բայց ո՛չ եր­բեք մա­հուան՝ այդ խորհր­դա­ւոր պա­հէն վախ, քա­նի որ մա­հը մե­զի հա­մար «ան­ծա­նօթ» չէ՛, ե­թէ ո՛չ բա­րե­կամ, բայց յայտ­նի, ճանչ­ցուած, ո­րուն միայն պա­հը ան­ծա­նօթ է։ Եւ ե­թէ մարդ պատ­րաստ է զայն դի­մա­ւո­րե­լու, ա­պա ու­րեմն հարց չկա՛յ, երբ որ ու­զէ այն պա­հուն թող գայ մա­հը։ Այն որ կ՚ապ­րի կեան­քի եր­կուն­քը՝ գի­տա­կից կամ ան­գի­տա­կից, պէտք է պատ­րաստ ըլ­լայ ա­նոր հե­տե­ւան­քին՝ որ մա՛հն է, ան­ծա­նօթ եւ խորհր­դա­ւոր այն պա՛­հը։

Կո­րուստ­նե­րով զօ­րա­ցած հո­գին ու­րա­խու­թեամբ, ժպի­տով կը դի­մա­ւո­րէ այդ խորհր­դա­ւոր պա­հը՝ մա՛­հը։ Եւ մարդ որ­քան զօ­րա­ւոր ըլ­լայ, մա­հը այն­քան կը տկա­րա­նայ, այն­քան ան­զօր կ՚ըլ­լայ, եւ վեր­ջա­պէս վեր­ջա­կէտ մը իսկ դնե­լու կա­րո­ղու­թիւ­նը չ՚ու­նե­նար, եւ ա­հա­ւա­սիկ ա՛յս է մա­հուան դէմ մար­դուս յաղ­թա­նա­կը, ա՛յս է ան­մա­հու­թիւ­նը եւ ա՛յս է յա­ւի­տե­նա­կան կեան­քին բա­ցուող դու­ռը։ Երբ մարդ պար­տու­թեան մատ­նէ վա­խը, հոն այ­լեւս սէ­րը կը տի­րա­պե­տէ, եւ կը զօ­րաց­նէ մարդս իր կեան­քի պայ­քա­րին մէջ, որ մղուած է մա­հուան դէմ՝ մշտնջե­նա­ւոր պայ­քա՛­րով մը։

«Մա­հը ապ­րիլ…»։ Կա­րե­լի՞ է ա­սի­կա, կա­րե­լի՞ է որ այս եր­կու հա­կա­դիր վի­ճակ­նե­րը՝ մա­հը եւ կեան­քը նոյն պա­հուն ապ­րուին։ Կա­րե­լի՛ է սի­րե­լի՜ բա­րե­կամ­ներ, կա­րե­լի՛ է, նախ երբ մարդ մա­հուան վտան­գի մը մէջ կը գտնուի, թէ՛ կեան­քը, թէ՛ մա­հը կը զգայ, կ՚ապ­րի։ Յե­տոյ, սի­րե­լի՜­ներ, մարդ մա­հը կ՚ապ­րի երբ իր­մէ մաս մը, հո­գիէն կտոր մը բաժ­նուի, հե­ռա­նայ… ը­սենք՝ մեռ­նի՛, մա­հուան են­թար­կուի։

Ար­դա­րեւ մա­հը կեն­դա­նի ապ­րիլ՝ կը զօ­րաց­նէ մարդս, քա­նի որ ա­նով մա­հուան դէմ փոր­ձա­ռու­թիւն կը ստա­նայ, կ՚ը­սէ.- ա­հա­ւա­սի՛կ, այս է մա­հը, տես­նուա­ծէն եւ կար­ծուա­ծէն ա­ւե­լի զօ­րա­ւոր չէ, քա­նի որ զայն «ապ­րիլ» կա­րե­լի է։ Մար­դուս շատ ա­ւե­լի կ՚ազ­դէ բան մը՝ որ չէ փոր­ձուած, բո­լո­րո­վին ան­ծա­նօթ է, կը վախ­նայ, քա­նի որ ա­նոր հե­տե­ւանք­նե­րը ի՞նչ պի­տի ըլ­լայ՝ չի գի­տե՛ր։

Մա­հուան ա­մե­նա­մեծ վտան­գը՝ իր պատ­ճա­ռած վա՛խն է, այդ վա­խը որ­քան պակ­սի եւ կորսնց­նէ իր սաստ­կու­թիւ­նը, մա­հը այն­քան կը կորսնց­նէ իր ազ­դե­ցու­թիւ­նը, կը տկա­րա­նայ եւ ի վեր­ջոյ պարզ ե­րե­ւոյթ մը կ՚ըլ­լայ, բայց, ան­շուշտ ա­սի­կա հո­գե­ւոր հա­սու­նու­թիւն եւ լայն փոր­ձա­ռու­թիւն կը պա­հան­ջէ եւ ստա­նալ դիւ­րին չէ՛։

Երբ կը սկսի մե­ղա­մաղ­ձոտ աշ­նան ե­ղա­նա­կը, ա­մէն 23 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐին, այս գրի­չը կ՚ապ­րի մա­հուան այն պա­հը, երբ 9 տա­րի ա­ռաջ դի­մա­ւո­րուե­ցաւ իր ե­րէց­կի­նը՝ ԱՆՆԻԿ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆը, եւ միա­սին ապ­րե­ցան մա­հուան պա­հը՝ մէ­կը՝ հո՛ն, միւ­սը՝ հո՛ս, բայց միա­սի՛ն։ Եւ հոս՝ ե­րէց­կին Ան­նի­կը կ՚ապ­րի կեան­քը, ինչ­պէս այս գրի­չը կ՚ապ­րի մա՛­հը…։

 ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Սեպ­տեմ­բեր 19, 2016, Իս­թան­պուլ

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 23, 2016