23 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ՝ ԱՇՈՒՆՆ Է ՀԱՍԵՐ

Բնութիւնը ունի իր եղանակները եւ անոնցմէ մէկն է աշունը։ Եւ ինչպէս բնութիւնը ունի իր եղանակները, մարդիկ ալ իրենց կեանքի ընթացքին ունին իրենց յատուկ եղանակները ե՛ւ աշունը…։

Բնութեան մէջ աշուններ կան որ մեղմ են, աշուններ ալ կան որ խիստ են, բայց մեղմ կամ խիստ, կ՚անցնին ու կ՚երթան։ Մարդիկ ալ ունին իրենց յատուկ աշուններ՝ մեղմ կամ խիստ։ Անոնք ալ ընդհանրապէս կ՚անցնին ու կ՚երթա՜ն։ Բայց մարդոց աշուններուն մէջ կան երբեմն այնպիսի խիստ աշուններ, որ կու գան եւ չեն երթար, կը մնան, կը հաստատուին եւ կը տեւեն մարդուս ամբողջ կեանքի ընթացքին՝ նոյն խըս-տութեամբ եւ նոյն սաստկութեամբ մշտնջենաւորապէ՛ս։

Արդարեւ 23 Սեպտեմբերը բնութեան աշնան առաջին օրերն է՝ 23 Սեպտեմբերին է որ կը սկսի բնութեան աշնան օրերը, որուն պիտի յաջորդէ ձմեռ եղանակը։ Բայց ան ալ պիտի անցնի ու երթա՜յ։ Բնութեան օրէնքն է ասիկա. կու գայ եւ կ՚երթայ, կը փոխուի, թէեւ ամուլ, բայց շրջանակ մըն է որ կը բոլորուի, կը գլորուի։

Սակայն բնութեան օրէնքն ալ ունի իր բացառութիւնները երբեմն, մանաւանդ երբ խնդրոյ առարկան մարդ էակն է՝ բանաւոր ե՛ւ զգացող այն էակը, որ երբեմն կը տար-ւի իր զգացումներուն տարափին ստեղծած հոսանքներով՝ որոնց չի կրնար դիմադրել։ Մարդ որքան բանաւոր, նո՛յնքան ալ զգացումներով շարժող էակ մըն է, եւ երբեմն զգացումներ բոլորովին կը տիրապետեն եւ բանականութիւնը անշարժ կը թողուն, եւ ահաւասիկ այն ատեն կը տարուին հոն՝ ո՛ւր տանի զգացումներու ստեղծած զօրաւոր եւ անդիմադրելի հոսանքը։

 23 Սեպտեմբերը, շատերու համար, պարզ օր մըն է տարուան օրերուն մէջ։ Ոմանց համար աշնան սկիզբը, աշնան առաջին օրերը՝ քիչ մը տխուր, երբեմն նոյնիսկ մելամաղձոտութիւն պատճառող օրերու սկիզբը։ Բայց ամենէն յոռետես մարդն իսկ գիտէ որ պիտի անցնին ու երթա՛ն այդ օրերը եւ կ՚ապրի աւելի զուարթ եւ լո՛յս օրերու յոյսովը։ Բնական է ասիկա, քանի որ բնութիւնը միշտ եւ տեւապէս բարեշրջման, փոփոխութեան ընթացքի մը մէջ կը գտնուի եւ 23 Սեպտեմբերին անմիջապէս պիտի յաջորդէ 24 Սեպտեմբերը եւ 23 Սեպտեմբերը պիտի կորսնցնէ իր ազդեցութիւնը եւ պիտի խառնուի պատմութեան մշուշին եւ պիտի կորսուի…։

Բնութեան մէջ ո՛չ մէկ բան կայուն կը մնայ, տեւապէս կը փոխուի, նաեւ մարդկային զգացումները։ Բայց կան ցգացումներ, կան կարգ մը օրերու տպաւորութիւններ՝ որոնք միշտ կը մնան, հիմ կը հաստատեն մարդուս հոգիին եւ մտքին մէջ՝ միշտ նոյն սաստկութեամբ, միշտ նոյն տպաւորութեամբ, միշտ այդ «օր»ուան պէս։

Եւ 23 Սեպտեմբերն ալ, այս տրո՜ւպ գրիչին համար օր մըն է, որ միշտ կը մնա՛յ, չի՛ փոխուիր, չ՚ունենար իրեն յաջորդող օր մը՝ 24 Սեպտեմբեր մը. կը յամառի մնալ միշտ 23 Սեպտեմբե՛ր։

Այլ գրիչին համար այլեւս տարբերութիւն չունի՛ 23 Սեպտեմբեր 2007-ը 23 Սեպտեմբեր 2017-էն, ան կը մնայ միշտ 23 Սեպտեմբեր 2007՝ երբ վերջին անգամ սեղմօրէն բռնած մնացած էր, իր ափին մէջ առնելով սեղմած էր իր երէցկնոջ Աննիկ Գալփաքճեանի ձեռքը…։

Ի՜նչպէս մոռնալ այդ պահը, ի՛նչպէս կարելի է թեթեւցնել այդ պահուն ստեղծած հոգեկան ցնցումին սաստիկ ցաւը, եւ ցաւէն ալ աւելին՝ ի՛նչ որ կարելի է անուանել այդ ցգացումը, ի՛նչ բառով ալ որ կարելի է արտայայտել այդ զգացումը։ 10 տարի է անցեր, չենք գիտեր որ քանի՞ տարի եւս պիտի անցնի, բայց ան պիտի մնայ միշտ ա՛յդ պահուն մէջ՝ 23 Սեպտեմբեր 2007-ին մէջ։ Այն խորհրդաւոր պահուն՝ երբ երկու ձեռք ակամայ բաժնուեցաւ, զատուեցաւ իրարմէ. եւ Աստուծոյ միացուցածը, որ ո՛չ մէկը կրնար զատել, բայց միա՛յն Ինք՝ միացնողը՝ Աստուա՛ծ։

«Ուրեմն ոեւէ մէկը թող չբաժնէ անոնք՝ որ Աստուած միացուց», կը հրահանգէ Յիսուս, եւ ահաւասիկ Անոր կատարեալ հաւատարմութեամբ ո՛չ մէկուն բաժնած երկու ձեռքը բաժնուեցաւ, զատուեցաւ Աստուծոյ կողմէ։ Բայց միայն ձեռքը՝ հոգին միշտ միասին, միշտ անբաժան, միշտ ամուր կերպով կապուած, քանի որ հոգին միացնողը ամենազօրաւոր կապն էր՝ Սէ՛րը, նոյն ինքն՝ Աստուա՛ծ։ Սէրը անմա՛հ է, սէրը յաւիտենական է, սէրը անվերջ է, քանի որ Աստուած Սէ՛ր է, եւ ուրեմն երբեք չի փրթիր, չ՚անջատուիր այդ կապը, այդ միութիւնը եւ ուրեմն շատ բնական է որ այդ մարմնական բաժանման պահուն ստեղծուած «աշուն»ը պիտի տեւէ մշտնջենաւորապէս, յաւիտենապէ՛ս։

Այո՛, սիրելի՜ բարեկամներ, սրտակիցներ, այս պատճառով երբեմն «աշուն»ներ երբեք չեն վերջանար՝ անոնց յաջորդող ո՛չ ձմեռ կայ եւ ոչ ալ գարուն։ Եւ երբեմն, թէեւ բացառաբար, չեն փոխուիր եղանակները, մանաւանդ աշունները՝ որոնք կը մնան մի՛շտ «աշո՛ւն»։

Բայց այս գրիչը երբեք դժգոհ չէ՛ իր սեփական աշնան միշտ աշուն մնալէն, միշտ եւ տեւական նոյն «աշուն»ը ապրելէն, քանի որ այդ աշունին մէջ է որ կ՚ապրի, կը շարունակէ ապրիլ իր երջանկութիւնը, իր անբաժանելի, անլուծելի միութիւնը, նուիրական ամբողջութիւնը իր երէցկնոջ Աննիկ Գալփաքճեանի հետ։

Երանի՜ որ ան կ՚ապրի հոգիի մէջ, երանի՜ որ ան տեղաւորուած է այս գրիչին հոգիին ու սրտին մէջ, եւ բարեբախտաբար կա՛յ աշուն եղանակը, կա՛յ աշնան մելամաղձոտ հոգեվիճակը, որ տեսակ մը երջանկութեան պատճառ կ՚ըլլայ մարդուս։ Եւ դժբախտութեան մէջ երջանկութիւն փնտռել եւ գտնել՝ յաղթանա՛կ մըն է, քանի որ դժուարութիւնները եւ նեղութիւնները դիմակալել ինքնին յաղթանակ մըն է։ Եւ ահաւասիկ, 23 Սեպտեմբեր 2007-ը այս սորվեցուց՝ դժբախտութեան մէջ երջանկութիւն գտնելու գաղտնի՛քը…։

Մարդիկ կան, որ իրենց կենդանութեան շատ բան կը սորվեցնեն, գնահատելի են անոնց վաստակը անշուշտ, բայց կան նաեւ անձեր, որոնք իրենց մահով ալ շատ բան կը սորվեցնեն, որոնք պաշտելի՛ են, անմոռանալի՜։

Ահաւասիկ երէցկին Աննիկ Գալփաքճեանն ալ, այս գրիչին սորվեցուց երջանիկ ըլլալ դժբախտութեան մէջ՝ կեանքի հիանալի՜ դաս մը, որուն շնորհիւ կը տոկայ եւ կը շարունակէ ապրիլ կեանք մը՝ միշտ կարօտով, միշտ յոյսով։ Եւ իրապէ՛ս երանի՜ որ Աստուած հաստատեր է այս յաւիտենական միութիւնը, երանի՜ որ շնորհեր եւ օրհներ է այս գրիչին «աշուն»ը, որ համապատասխան է բոլոր միւս եղանակներուն՝ թէեւ տրտում, բայց լուսաւո՛ր։

Բարեբախտաբար աշունը ստացաւ բոլորովին վեհ ու նուիրական իմաստ մը…։

Շնորհակալ եմ ձեզի իմ շա՜տ սիրելի բարեկամներ, սրտակից եւ հաւատարիմ ընթերցողներ, որ մասնակից եւ բաժնեկից եղաք այս գրիչին զգացումներուն՝ համբերութեամբ կարդալով այս տողերը, եւ ահաւասիկ այս պատճառով է որ ձեզ յաճախ կը կոչեմ, «սիրելի՜ բարեկամներ», որովհետեւ դուք «բարեկամ»ներ է՛ք, անպակա՛ս ըլլաք…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Սեպտեմբեր 12, 2017, Իսթանպուլ

 

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 23, 2017