23 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ ՄԸ ԵՒՍ…
23 սեպտեմբերը ուրիշ օրերէն տարբեր օր մը պիտի չըլլար, եթէ ան աշնանամուտի, աշնան օրերը աւետող օր մը չըլլար։ Սակայն 23 սեպտեմբերը աշնան օրերու նման տրտմալի, տրտմութենէ աւելի՝ կեանքին մութ կողմը ցոյց տուող օր մըն է այս տրուպ գրիչին համար։ Տարուայ այս օրը կարծես հոգեցունց՝ հոգին եւ ամբողջ կեանքը ցնցող, հոգին յուզող, կեանքի մը տարբեր երեսակը արտայայտող «օր» մըն է այս տողերը գրողին համար։
Մա՜հ… կեանքի ամենէն ճշմարիտ, ամենէն բնական, անխուսափելի երեւոյթն է. այն որ պատահական չէ՛ այլ՝ պարտադրակա՛ն։
Քանի որ պարտադրական է, ապա ուրեմն մարդ պէտք է պատրաստ ըլլայ ամէն պարագայի, ամէն ժամանակի, ամէն պայմանի մէջ։ Բայց, ան որքան ալ «բնական» եւ «բանական» կ՚երեւի, գործնականապէս ընդունիլ շատ դժուար է, քանի որ ան ի վերջոյ «կորուստ» մըն է, եւ մարդ երբեք կորսնցնել չ՚ուզեր որեւէ բան եւ մանաւանդ անձ, մօտաւոր կամ հեռաւոր, մէկը՝ որուն հետ ունի հոգեկան կապ մը։ Եւ այս «հոգեկան կապ»ին ամենէն զօրաւորը, ամենէն ամուրը սիրոյ կապն է. սէր՝ իր ընդհանուր իմաստով։
Եւ քանի որ բոլոր մարդիկ զգալի կամ անզգալի կերպով իրարու կապուած են սիրոյ կապով մը, ուրեմն ամէն մահ ցաւ կը պատճառէ ապրողներուն, անշուշտ աստիճանաբար՝ սիրոյ կապին ամրութեան չափով։ Բայց ամէն մահ որոշ չափով ցաւ կը պատճառէ անոր՝ որ հաւատարիմ է իր «մարդ» կոչումին, իր արարչութեան նպատակին եւ իմաստին։
Ամէն մահ ամէնուն նոյն չափով չ՚ազդեր, բայց կան մահեր ալ, որոնք կ՚ազդեն, կեանքեր փոխելու աստիճան ազդեցութիւն կը գործեն. մարդուս ամառը երբեմն իսկական աշնան կը վերածեն…։
Այս գրիչը երբեք չ՚ուզեր իր անձնական ցաւերով նեղութիւն պատճառել իր սիրելի՛ բարեկամներուն, բայց քանի որ «բարեկամ» կը կոչէ զանոնք, ապա ուրեմն, գոնէ տարին մի քանի օր իր անձնական ցաւերը բաժնելու համարձակութիւնը կ՚ունենայ իր «սիրելի՜ բարեկամ»ներուն հետ, եւ քանի որ անոնք «բարեկամ»ներ են, անշուշտ որ այս գրիչն ալ պատրաստ է միշտ անոնց ցաւերը եւ վիշտերը բաժնելու եւ մասնակից ըլլալու անոնց հոգեպէս։
Վեռադառնալ 23 սեպտեմբեր օրուան, 12 տարի առաջ էր, որ այս կեանքէն հրաժեշտ առաւ կրթական մշակ երէցկին Աննիկ Գալփաքճեան։
Կեանքէն հրաժեշտ առնել, այսինքն «կեանքը ապրելէ հանգստեան կոչուիլ», կը նշանակէ կեանքը տարբեր ձեւով, տարբեր ժամանակաշրջանով եւ տարբեր միջոցով, տարբեր պայմաններու տակ շարունակել…։
Արդարեւ, կեանքը չի դադրիր, այլ ձեւ, միջոց եւ ժամանակաշրջան կը փոխէ, բայց այդ ձեւը եւ միջոցը, ժամանակով կը զատեն, կը բաժնեն աշխարհային կեանքի պայմաններով իրարու կապուած անձերը։ Մարդիկ իրարու կապող ամենազօրաւոր կապը սէ՛րն է. եւ քանի որ սէրը անմահ, անվերջ եւ յաւիտենական է, ուրեմն մահը միայն մարմնապէս կրնայ բաժնել մարդիկը, բայց անոնց հոգեկան կապը կը մնայ միշտ՝ յաւերժակա՛ն։
Ուրեմն այս յաւերժականութիւնը գիրերու մէջ մարմնացնելու, յիշելու եւ յիշեցնելու, անմոռացին անգամ մը եւս անդրադառնալու համար «սիրելի՜ բարեկամ»ներու հետ կարդանք Աննիկ Գալփաքճեանի որպէս կրթական մշակ արտասանած եւ յետոյ գրի վերածուած ուշագրաւ խօսքերը։
ԿԵԱՆՔԸ ԴԵՌ ՆՈՐ ԿԸ ՍԿՍԻ
Ամէն վերջաւորութիւն հանգրուան մըն է, եւ սկիզբ մը նոր ուղղութեան մը՝ նոր կեանքի մը։
Երբ կը վերջանան մանկութեան օրերը, կը սկսի պատանեկութեան շրջանը եւ երբ վերջանայ պատանեկութեան շրջանը՝ կը սկսի հասուն մարդուն բուն կեանքը։
Սակայն բան մը կայ, որ երբեք չի վերջանար, միշտ կը սկսի, որն է ուսումը, գիտութիւնը։ Ահաւասիկ այս պատճառով է որ կ՚ըսեն թէ՝ վկայականները ո՛չ թէ ուսման մը վերջաւորութիւնը եւ կատարելութիւնը կը ստուգեն, այլ արտօնագիրն են նոր կեանքի մը՝ ապագայի անյայտ անդաստաններուն մուտք գործելու։
Հասուն է եւ կատարեալ այն մարդը, որ գիտէ այս իրականութիւնը, թէ՝ ամէն վերջ սկիզբ մըն է։ Կատարեալ է այն մարդը, որ ընկերական եւ միանգամայն բարոյական կեանք կ՚ապրի՝ զօրաւոր ձեռքով մը աշխարհայինի ու բարոյականի մենամարտութեան վե՛րջ կու տայ, եւ ամէն մէկուն իր պաշտօնը նշանակելով՝ հաստատուն քայլելով առաքինութեան շաւիղնեղուն եւ բանաւորութեան լոյսին մէջ կը քալէ միշտ գիտութեան եւ ուսման օգնութեամբ։ Որովհետեւ այս լոյսերը աշխարհիս վրայ տարածուելու համար՝ պէտք է որ դաստիարակութեան մէջ շողան։
Նոր կեանքը՝ բուն իսկ կեանքն է, որուն պէտք չէ պակսի լոյսը, որուն պէտք է միշտ համընթաց ըլլան ուսումը եւ դաստիարակութիւնը։
ԱՆՆԻԿ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդիկ անմահ են, եւ այդ անմահութիւնը կ՚ամրացնեն իրենց ապրած կեանքով, խօսքերով եւ գաղափարներով։ Եւ մարդ այնքան անմահ է, որքան օգտակար եղած է իր շուրջիններուն, հետք մը թողած է իր ետին իր մարդասիրութեամբ, իր ողորմածութեամբ, իր կարեկցութեամբ, իր կոչումին հաւատարմութեամբ եւ անկեղծութեա՛մբ։
Այս իմաստով մարդ անմոռաց կ՚ըլլայ իր կեանքով, իր համոզումներով եւ մանաւանդ իր շուրջիններուն հանդէպ անսակարկ սէր ցոյց տալով։ Մարդ իր գործերով, իր խօսքերով է որ կ՚անմահանայ, եւ իրապէս անմոռանալի են անոնք՝ որոնք սերունդներու վրայ հետք մը թողած են։ Եւ ինչպէս որ ծնողքը երբեք չի մոռցուիր, չի մոռցուիր նաեւ ուսուցի՛չը՝ այն որ սերունդներ է պատրաստած, եւ եթէ ծնողքը կեանք տուած է, ուսուցիչն ալ այդ կեանքը լաւագոյն կերպով ապրելու միջոցները ցոյց տուած է։ Անմոռաց են բոլոր ծրողները եւ անոնց անմիջական գործակից՝ ուսուցիչները…։
Ուստի կարեւորը յիշուիլ չէ՛, այլ՝ ինքզինք յիշեցնել, անմոռաց ըլլալու համար օգտակարութիւններ ունեցած ըլլալն է։ Եւ չի մոռցուիր ան՝ որուն հետ կապ մը հաստատուած է ճշմարիտ, անկեղծ սիրոյ, քանի որ սէրը անմահ է, քանի որ սէրը Աստուած է, ապա ուրեմն սիրոյ կապն ալ անքակտելի է։
Աստուած Սէ՛ր է. Աստուած անսկիզբ եւ անվերջ է, եւ ուրեմն սէրն ալ անվերջ է եւ սիրոյ կապը՝ մշտնջենակա՛ն։
Եւ մարդուս համար ի՜նչ երանութիւն է, սիրոյ մէջ յաւերժանալ, քանի որ հոն ներկա՛յ է Աստուած՝ Սիրոյ ակն ու աղբիւրը, սկիզբը եւ հեղինակը, Ինք՝ Սէ՛րը։
Արդեօք դեռ քանի՞ «23 սեպտեմբեր»ներ պիտի կարենայ յիշատակել այս տրուպ գրիչը, յայտնի չէ։ Բայց սա ստոյգ է, որ միշտ պիտի ըլլան «23 սեպտեմբերներ…»։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սեպտեմբեր 17, 2019, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/27/2024
- 11/27/2024