Ո՞ՒՐ Կ՚ԵՐԹԱՆՔ
Աշխարհի վրայ կա՞յ աւելի մեծ ցաւ ու կսկիծ՝ քան մարդկային ցաւը՝ սիրոյ ցաւը, որ ամենէն հզօրներն անգամ ծունկի կը բերէ իր առջեւ. ցաւ՝ որ զօրաւորը կը դարձնէ անկարող ու յուսակտուր: Ցաւ՝ որ ամենակարողը՝ Եգիպտական Պտղոմէոսներու ամենայայտնի եւ վերջին թագուհին անձնասպանութեան առաջնորդեց:
Դարեր շարունակ բոլո՛ր ազգերու գրականութիւններն ու երգերը այս ցաւին շուրջ ուռճացան, այդ ցաւով զարգացան: Սիրոյ ցաւը շատ անգամ աւելի ցաւ պատճառեց՝ քան մարմնի վնասուածքը, որովհետեւ շատերու համար վէրքը կարելն ու գոցելը կարելի եղաւ, սակայն սիրոյ ցաւը՝ ոչ:
Այսօր մեր շուրջ բազմաթի՜ւ են այդ նոյն ցաւի զոհերը. բոլորս ալ նուազ կամ առաւել չափով մաս ունեցած ենք այդ ցաւէն, սակայն այսօր ունինք այս ցաւով տառապող, չարչարուող եւ տանջուող նոր հրաւիրեալներ, որոնք մտածելու մե՜ծ առիթ կու տան մեզի:
Այսօր համացանցի վրայ կը տեսնենք բաժանման հետեւանքով գրառուած սրտաճմլիկ ու աղիողորմ տողեր. մին այլեւս ապրիլը անիմաստ կը նկատէ, ուրիշ մը կեանքի բեռներով ու ծանրութեան տակ ճնշուած ողջ-մեռեալութիւն մը ապրիլ կը ձեւացնէ... ոմանք կ՚ուզեն այլեւս չապրիլ:
Սէրը չընէ՞ր այդ բոլորը...: Կ՚ընէ՛: Բայց... մի՛շտ ալ բայց մը կայ:
Հակառակ այն ճշմարտութեան, որ սէրը վերոյիշեալ բոլոր ըսուածները կ՚ընէ, սակայն մեզի զարմանք կը պատճառէ, երբ այդ բոլոր ապրումներն ու գրառումները կը տեսնենք տակաւին 12 տարեկանը չամբողջացուցած պատանիներու կողմէ դրսեւորուած: Այսօր մեր իրականութեան մէջ 11 տարեկան աղջնակ մը կրնայ Շէյքսփիրեան սիրոյ մը որպէս հետեւանք անկենդան վիճակ մը ստացած ըլլայ. 11 տարեկան մը սիրոյ անարդարութեան մը դիմաց այնքա՜ն տանջուած ու խոշտանգուած կրնայ ըլլալ, որ ձեզի կրնայ հաւաստիացնել, որ իր ցաւերը անպարագրելի ու անհուն են...:
Վերջերս հազիւ 12-13 տարեկան պատանի մը համացանցի վրայ կը գրէր կեանքի դաժան ու անգութ դրուածքին մասին՝ կոտտացող սիրոյ մը ցաւին ազդեցութեամբ. ինչե՜ր ապրած պէտք է որ ըլլար...:
Հաւանաբար մարդիկ գտնուին եւ ըսեն, թէ այս բոլորը երիտասարդական բնական բաներ են (որովհետեւ մենք կամաց կամաց ամէ՛ն բան բնականացուցինք ու բնականութեան չափանիշերն անգամ փոխեցինք): Գուցէ շատերու կողմէ «հին գլուխ» ալ կոչուինք, սակայն այս բոլորը մեզի մտածել կու տայ հիմնական մէ՛կ հարցի մասին.- Ո՞ՒՐ Կ՚ԵՐԹԱՆՔ...
Անցեալ օր 13 տարեկան պատանի հայ աղջնակ մը տեսերիզ նկարած ու տեղադրած էր համացանցի մէջ. անգլերէն երգի մը ընկերակցութեամբ կ՚երգէր. «Let me be your woman» (թոյլ տուր կինդ ըլլամ), իր մարմնին տալով պոռնիկներու շարժումները ընդօրինակող ընթացք մը:
Ո՞ՒՐ Կ՚ԵՐԹԱՆՔ...
Մեր վաղն, մեր երթալ ուզած, հասնիլ ուզած նաւահանգիստը պարզորոշ չէ՛, որովհետեւ պտուղը ի՛ր ծառէն հեռու պիտի չիյնայ եւ մենք ապագային վերը յիշուածներէն շա՜տ աւելի վատ օրինակներ պիտի ունենանք եւ ապրինք: Անցեալին իր զաւակը օտարի մը ցանկատենչ աչքերէն պաշտպանող հայ մայրը, այսօր իր զաւկին ամերիկացի եւ կամ եւրպոացի այս կամ այն «պատուաւոր» անձնաւորութիւններու նմանակումներուն դիմաց կը մնան լո՛ւռ ու անտարբեր:
Ձեզմէ քանինե՞ր պիտի ըսեն «մեր ժամանակ...». ժամանակը քաոս է հիմա. ո՞ւր ենք, ո՞ւր կ՚երթանք՝ անորոշ:
Հրապարակագիր Շաւարշ Միսաքեան «Ազդակ»ի մէջ 1909 թուականին «Գեղարուեստին ապագան» խորագրեալ յօդուածին մէջ կը գրէ. «Ժողովուրդներու պատմութիւնը ուրիշ բան չէ եղած, եթէ ոչ պատմութիւնը մարդուն, որ կը ձգտի ա՛լ աւելի ֆիզիքական եւ բարոյական ազատութեան տիրանալ»: Ըստ երեւոյթին մենք այս խօսքը բառացիօրէն վերցուցինք եւ ֆիզիքական ու բարոյական ազատութիւնը շփոթեցինք անբարոյականութեան հետ, որովհետեւ այդ ազատութեան ինչութիւնը չկրցանք գիտնալ: Եւ լուրջ ձեւով պէտք է ուսումնասիրել ու հասկնալ, թէ բարոյական ազատութիւն ըսելով ի՞նչ պէտք է հասկնալ:
Այսօր մեր ազգը շատ լուրջ ձեւով բարոյալքման իրականութեան դիմաց կը գտնուի, որովհետեւ այսօրուայ պատանին ու երիտասարդը դուրս գալով ընտանեկան կրթութեան սահմաններէն, զանազան միջոցներով մասնակից կը դառնայ համաշխարհային դաստիարակութեան մը, որ կ՚աղաւաղէ ամէ՛ն սրբութիւն, կ՚անէացնէ բարոյականութեան բոլոր ըմբռնումներն ու ընկալումները: Այդ անբարոյ դաստիարակութիւնն է, որ մեր 11 տարեկան պատանիներուն «boyfriend» ունենալու ազատութիւնն ու «իրաւունք»ը կու տայ: Եւ ի՜նչ «boyfriend»... երկու օր «դուն չըլլաս չե՛մ ապրիր» մը, յաջորդող երկու օրը «Մեռնի՜լ կ՚ուզեմ..., կեանքը անիմաստ է» մը... ու շաբաթ մը ետք արդէն նոր «boyfriend»ը պատրաստ է...
Հասակ առնող նման պատանեկութիւն ունեցող սերունդով մը ո՞ւր կ՚երթան... ե՞տ թէ առաջ...:
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ
ՍՏԵՓԱՆ ԼԻՍԻՑԵԱՆ
(1865-1947)
Մեր թուականէն 156 տարիներ առաջ՝ 23 սեպտեմբեր 1865-ին Թիֆլիզի մէջ ծնած է ազգագրագէտ, պատմաբան, բանասէր, մանկավարժ, թարգմանիչ, հրատարակիչ եւ հասարակական գործիչ Ստեփան Լիսիցեան:
Լիսիցեան նախնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայր Թիֆլիզի մէջ, ապա ուսումը շարունակած է Թիֆլիզի արական մարզակրթարանին մէջ: Համալսարանական ուսումը ստացած է Վարշավայի համալսարանի պատմաբանասիրական կաճառէն ներս: Աւարտելով ուսումը զբաղած է ուսուցչութեամբ, դասաւանդելով նախ Գէորգեան ճեմարանի մէջ՝ 1889-1891 թուականներուն, ապա Ներսիսեան դպրոցին մէջ՝ 1894-1915 թուականներու միջեւ: Ուսուցչագործած է նաեւ Երեւանի Պետական համալսարանին, ապա «Խաչատուր Աբովեան» հայկական պետական մանկավարժական համալսարանին մէջ: Նոյն միջոցին ուսումնասիրած է Վիեննայի Մխիթարեաններու գրադարանի եւ եւրոպական մի քանի երկիրներու թանգարաններուն մէջ պահուող հայագիտական նիւթերը:
Լիսիցեան 1892-1903 թուականներուն եղած է Թիֆլիզի հայոց հրատարակչական ընկերութեան խմբագրութեան անդամ եւ քարտուղար, իսկ 1921 թուականէն սկսեալ եղած է Լիսիցեան հայկական երկսեռ դպրոցի ուսուցիչ եւ ապա տնօրէն:
Ստեփան Լիսիցեան զբաղած է նաեւ մամուլով. 1905 թուականին հիմնադրած, խմբագրած ու հրատարակած է «Հասկեր» մանկական ամսագիրը: Ուսումնասիրութիւններով եւ զանազան յօդուածներով աշխատակցելով «Աղբիւր» եւ «Տարազ» հանդէսներուն: Յովհաննէս Թումանեանի եւ Լեւոն Շանթի հետ միասին կազմած եւ հրատարակած է «Լուսաբեր» մայրենի լեզուի դասագիրքը:
Ստեփան Լիսիցեան մահացած է 4 յունուար 1947 թուականին:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ