ՈՒԺԵՐԸ ՄԻՇՏ ԼՈՒՌ ԵՆ

Ուժը, իր ամենալայն առումով այն բարոյական առաքինութիւնն է, որ դժուարութիւններուն մէջ կ՚ապահովէ վճռակամութիւնը եւ հաստատամտութիւնը օգտակարին կամ բարիին հետապնդումին մէջ։ Արդարեւ, բարոյապէս ուժո՛վ է այն մարդը, որ կարողութիւն ունի դժուարութիւններու եւ արգելքներու դիմադրելու եւ շարունակելու իր ճամբան՝ իր մտադրած նպատակին հասնելու համար։ Ուժը քաջութի՛ւն կը ստեղծէ, իսկ քաջութիւնը յաջողութեան գլխաւոր ազդակներէն մէկն է, անվհատ եւ անարգել յառաջանալու համար։

Այս իմաստով, ուժը, այն բարոյական առաքինութիւնը կ՚ամրացնէ առաջադրանքը փորձութիւններուն դիմադրելու եւ արգելքներուն յաղթահարելու բարոյական կեանքին մէջ։ Անշուշտ պէտք է շեշտել, որ հոս խնդրոյ առարկայ է բարոյական ուժը՝ զօրութիւնը, եւ ո՛չ թէ ֆիզիքական մարմնական ուժը։ Ուստի բարոյական ուժի առաքինութիւնը մարդս կարող կը դարձնէ յաղթելու ամէն վախ, ճակատելու նեղութիւններու եւ դժուարութիւններու։

Բարոյական ուժը մարդս տրամադիր եւ պատրաստակամ կը դարձնէ մինչեւ իսկ զոհաբերումի՝ զոհելու եւ զոհուելու, պաշտպանելու համար արդար եւ նուիրական դատ մը։

Ուժին պէտք է ընկերակցի ժուժկալութիւնը՝ այն բարոյական առաքինութիւնը, որ կը չափաւորէ եւ կը հաւասարակշռէ ուժը, որպէսզի անոր գործածութիւնը արդիւնաւոր ըլլայ։

Ժուժկալ մարդը իր ուժերը կ՚ուղղէ դէպի բարին, կը պահէ առողջ խոհականութիւնը եւ կը վարուի ըստ բանականութեան։ Ուժը՝ ժուժկալ մարդուն մէջ անպարտելի զօրութիւն մը կ՚ըլլայ, որ կը կատարելագործէ ամէն արարք։

«Աշխարհի վրայ նեղութիւններ պիտի ըլլան, բայց քաջալերուեցէ՛ք. քանի որ Ես յաղթեցի աշխարհին», կ՚ըսէ Յիսուս (ՅՈՎՀ. ԺԶ 33)։

Ուստի ուժ եւ ժուժկալութիւն համընթաց առաքինութիւններ են, որոնք կոչուած են նաեւ «զգաստութիւն» կամ «սակաւապէտութիւն»։

Զգաստ եւ սակաւապէտ մարդը բարոյապէս անպարտելի՝ զօրաւո՛ր մարդ է։

Եւ ինչպէս նիւթական աշխարհի մէջ, նոյնպէս եւ հոգեւոր աշխարհի մէջ ալ ուժերը միշտ լո՛ւռ են։ Հազուադէպ է որ աղմուկով արտայայտուի ուժը բնութեան մէջ։ Պատահաբար սեւցած երկինքի մը խորէն կ՚իմացուի որոտումներու ձայնը, կամ հիւսիսէն փչող հովին սուր սոյլը, կամ շառաչիւնը կատղած ծովու մը ալիքներուն, որոնք ծովափին ժայռերուն վրայ կը փշրուին։ Իսկ տեղացող ճերմակ ձիւնին ձայնը իսկ չի լսուիր…։

Բայց նկատեցէ՛ք պահ մը անհաշուելի, աննկարագրելի աղբիւրը ուժին՝ զօրութեան՝ արե՛ւը, որ մեր մոլորակին վրայ կարելի կ՚ընէ կեա՛նքը, եւ մերինին հետ՝ արեգակնային դրութեան բոլոր միւս մոլորակները իրենց ծիրին մէջ կը պահէ, միթէ ձայն ձուն կը հանէ՞, երբ մեր գլխուն վերեւ կը ծագի եւ կը փայլի ամէն օր, եւ անվախճան օրերով։ Լսուա՞ծ է երբեք արեւածագին ձայնը…։ Արեւը իր ճառագայթներով կեանք կը բաշխէ ամէն շնչաւոր արարածի եւ բուսականութեան, առանց ոտնաձայնի, առանց աղմուկի. բացարձակ լռութեամբ։

Դիտեցէ՛ք, սիրելի՜ներ, անտառներուն ծառերը, որոնք հասակ նետեր են եւ իրենց ճիւղերը իբրեւ հովանի տարածեր են իրենց շուրջը. ասոնք միթէ փող կամ թմբուկ կը հնչեցնե՞ն իրենց այս աճումի հրաշքին ուշադրութիւն հրաւիրելու համար։

Ծառին կանաչ տերեւները թէեւ կը սօսափին, կը խարշափին, սակայն ծառը չունի որեւէ ձայն։ Կը լսուի չոր տերեւներու խշրտուքը, խօշիւնը, բայց ծառէն դարձեալ որեւէ ձայն լսել կարելի չ՚ըլլար։ Հսկայ, վիթխարի ծառեր միշտ լուռ են իրենց մեծութեանը մէջ, իսկ փոքր տերեւները ձայն կու տան իրենց կարգին, կարծես ըսել կ՚ուզեն՝ թէ իրենք ալ գոյութիւն ունին, նոյնիսկ եթէ չորցած եւ անջատուած ըլլան ծառէն…։

Եւ ծառերու անձայնութիւնը իսկ տերեւներու աղմկալից վիճակը ո՜րքան կը նմանին մարդոց՝ երբ մանուկներ բարձրաձայն կ՚աղաղակեն կամ կը լսուի անոնց պոռչտուք, կանչուըռտուքը, մեծեր, լուռ եւ անձայն կը հետեւին իրենց։

Հապա պտղաստանի մը ծառե՞րը, միթէ կը պոռա՞ն, կը կանչե՞ն, կ՚աղաղակե՞ն յայտարարելու համար իրենց յառաջ բերած քաղցրահամ պտուղները։ Եւ դաշտերու, պարտէզներու գունագեղ ծաղիկներէն ո՞ր մէկը ձայն ունի։ Իրենց գեղեցկութիւնը կը յայտարարեն լռութեան մէջ՝ անձայն, անաղմուկ։ Բոլորն ալ իրենց մէջ բանող գործարաններ են, բայց ուժը՝ որուն միջոցով, որուն շնորհիւ կը բանին՝ լո՛ւռ է։

Մարդիկ գիտեն այս իրողութիւնը, եւ շատ լա՛ւ գիտեն, բայց որքան խորհի մարդ այս «գիտցած» իրողութեան վրայ, այնքան կը խորունկնայ իր ապշութիւնը, զարմանքը եւ զմայլումը ուժի այդ խորհրդաւոր լռութեան նկատմամբ։

Զոր օրինակ, ելեկտրականութիւնը, որով մարդ կը լուսաւորուի եւ կը կատարէ բազմաթիւ գործեր՝ անով կը շարժին մեքենաներ եւ բազմաթիւ գործիքներ. ի՜նչ մեծ ուժ, որ իր այդ մեծութեանը մէջ բացարձակապէս միշտ լո՛ւռ։

Արդարեւ մարդուս հոգեկան աշխարհին մէջ որեւէ ուժ աւելի մեծ է երբ կը զսպուի, քան երբ կը սանձարձակուի։ Լեզուն օրինակներէն մին է այս իրողութեան։

Կարելի է պատասխանել չարախօս լեզուին, բայց լո՛ւռ մնալ կ՚ապացուցանէ ուժին անհամեմատ գերազանցութիւնը։ Արհամարհական լռութիւնը շատ աւելի՛ ազդեցիկ է քան չարախօսին տրուած աղմկալից պատասխանը։

Ժողովրդային իմաստութիւնը կ՚ըսէ.- Պարապ սափորը ձայն կը հանէ, լեցուն սափորը համր կը մնայ…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Հոկտեմբեր 19, 2019, Իսթանպուլ

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 23, 2019