ՆԱՄԱԿԱԳՐՈՒԹԻՒՆԸ՝ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ԱՅՍՕՐ
Ի՞նչ մեղքս պահեմ... մինչեւ այսօր կը զարմանամ, եւ վստահ եմ ինձ նման շատե՜ր նոյն մտածումը կ՚ունենան, թէ ինչպէ՞ս գրուած նամակ մը վայրկեաններու մէջ կը հասնի ովկեաններէն անդին՝ հասցէատիրոջ: Արհեստագիտութեան անչափելի այս յառաջդիմութեան դիմաց կը յիշեմ մեր հին գրողներու մեծագոյն ցաւերէն մէկը՝ նամակի մը ուշացումը. Արտաշէս Աբեղեան գրող, քննադատ, բանասէր եւ լրագրող Արշակ Չօպանեանին գրած մէկ նամակը կը սկսի հետեւեալ տողերով. «Ձեր նամակը շատ ուշ հասաւ ձեռս». այս արտայայտութիւնը բացայայտ ձեւով պիտի գտնենք բոլո՛ր անցեալի մտաւորականներու նամակագրութեանց մէջ, որովհետեւ նամակի մը հասցէատիրոջ հասնիլը կրնար տեւել ամիսներ՝ մինչեւ տարի մը ամբողջ:
Ինչպէս որ մենք այսօր անցեալը քննելով դժբախտ կը զգանք ներկայ արհեստագիտութիւնը չվայելողները, հաւանաբար դար մը ետք ապագայ սերունդները եւս մեզ դժբախտ պիտի նկատեն՝ իրենց օրերու բարիքները չտեսած ըլլալնուս համար, որովհետեւ ներկային եղած ամէ՛ն նորարարութիւն անցեալի դիմաց նուաճում, սակայն ապագայի դիմաց խեղճութիւն մըն է՝ կարօտ զարգացումի:
Մեր թուականէն 136 տարիներ առաջ՝ 1885-ին ամբողջ աշխարհը սքանչացումով կը հետեւէր նամակագրութիւնը դիւրացնելու համար ֆրանսացի մեծատաղանդ երկրաչափ Պ. Պերլիէի տարօրինակ, սակայն յոյժ կարեւոր ծրագիրը: Օրուայ մամուլները այդ ծրագիրը կը ներկայացնէին «Փարիզէն Լոնտրա մէկ ժամուայ մէջ» խորագրով, որուն իրագործումը այդ օրերուն պիտի դիտուէր որպէս աշխարհի մեծագոյն նորարարութիւններէն մին: Այդ ժամանակուայ ընկերութեան համար նամակին մէկ ժամուայ ընթացքին հասնիլը միտքի տարողութենէ վեր բան մըն էր:
Ֆրանսացի երկրաչափը ուսումնասիրելով, որ Ֆրանսա եւ Լոնտոն ամենէն շատ թղթակցող պետութիւններն են, կը մտածէ ու կ՚առաջարկէ փորել խրամատ մը երկաթուղագիծի երկայնութեամբ եւ այդ խրամատին մէջ հաստատել 60 հարիւրորդամեթր (centimeter) տրամագիծով ձուլուած երկաթէ խողովակ մը: Երկրաչափը կ՚առաջարկէ ստեղծել փոքր գնդակներ, որոնց բացուածքին մէջ կարելի պիտի ըլլայ զետեղել ղրկուելիք նամակը: Փարիզի կայարանէն մղեալ օդի շնորհիւ գնդակը մէկ վայրկանի մէջ 140 մեթր կտրելով մէկ ժամուայ մէջ պիտի հասնի Լոնտոնի կայարան, անցնելով Ֆրանսայի հիւսիսը գտնուող նահանգները, Քալէի նեղուցը եւ Անգլիոյ հարաւային կոմսութիւնները:
Նկատի ունենալով, որ սկզբնակէտի օդի ճնշումի այդքան երկար ճամբայ կտրելու անկարողութիւնը, Պերլիէ կ՚առաջարկէ 6 տարբեր տեղեր ճնշումի նոր մթերանոցներ հաստատել, գնդակը անցնելու ժամանակ նոր ճնշում մը տալու անոր ընթացքին՝ պահելով իր արագութիւնը: Նկատի ունենալով, որ բազմաթիւ գնդակներ միաժամանակ ղրկելը կրնայ վնասներ առաջացնել, կ՚առաջարկէ իւրաքանչիւր երեք վայրկեանը մէկ գնդակ մը ղրկել դէպի Լոնտոն՝ պարապ միջոց մը ստեղծելու գնդակներուն միջեւ:
Երկրաչափը հասկցնելու համար իր գաղափարը կու տայ պարզ հետեւեալ բացատրութիւնը.- պատկերացուցէք երկար ճամբայ մը՝ 500 քիլօմեթր երկարութեամբ, որուն վրայ բազմաթիւ մարդիկ կը վազեն նոյն արագութեամբ, պահելով իրենց հեռաւորութիւնը մինչեւ նպատակակէտ: Այս գիւտին ճամբով պիտի պակսէր նամակատար կառքերու թիւն ու նուազէր անոնց ունեցած դժուարութիւնները:
Հետեւեալ առաջարկին հիման վրայ օրուայ Ֆրանսական կառավարութիւնը նամակագրութեան կապուած ցուցակագրութիւն մը կը հրատարակէ, ըսելով որ 1884 թուականին Ֆրանսայէն Լոնտոն գացած է ձեռագիր 7.555.770 նամակ, իսկ տպագիր լրագիր կամ տպագրեալ թուղթ 7.127.700. ընդհանուր հաշուով 14.683.470 նամակ, իսկ Լոնտոնէն Փարիզ ղրկուած է 8.247.200 ձեռագիր եւ 4.579.400 նամակ. ընդհանուր հաշուով 12.826.600 նամակ:
Երկրաչափի տուեալներով, նման աշխատութեան մը ծախսը պիտի արժէր 34 միլիոն ֆրանք, ինչ որ շատ մեծ գումար է այդ ժամանակուայ համար:
Օրուայ հայկական մամուլը նոյնիսկ սքանչացումով կ՚արտայայտուի վերոյիշեալ գիւտին մասին՝ ըսելով. «ոչինչ աւելի ճարտարապէս յղացեալ է քան այդ գիւտն, որ ի գործնականի այնքան օգտակար արդիւնքներ կրնայ յառաջ բերել» («Մասիս», 34-րդ տարի, թիւ 3764, էջ 869):
Ու հիմա կը մտածեմ... ո՜վ գիտէ ինչքա՜ն նամակ հասցէատիրոջ չհասած՝ նամակագիրը իր հոգին աւանդած պէտք է որ ըլլար: Գրիգոր Զօհրապ երբ Տիարպաքըրի պատերազմական ատեանին առջեւ դատուելու սպառնալիքին տակ կը գտնուէր, Հալէպէն 27 յունիս 1915-ին նամակով կը դիմէ դեսպան Հանս Վանկէնհայմին, անոր յանձնելով նամակ մը, ըսելով. «Մարդ մը, որուն վրայ կը ճնշէ այսօր դժբախտութիւնը, Ձեր վեհանձնութեան կը դիմէ, որպէսզի տեղ հասցնէք ներփակ նամակը»: Նամակի հասցէատէրն էր Օսմանեան խորհրդարանի նախագահ Խալիլ պէյ: Նամակը հասնելէն առա՞ջ, թէ՞ ետք նահատակուեցաւ Գրիգոր Զօհրապ. ո՛չ ոք գիտէ:
Անցեալին մէկ նամակը ինչե՜ր կրնար փոխել, իսկ այսօ՞ր։
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ
ՌՈՒԲԷՆ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ
(1915-1991)
Մեր թուականէն 106 տարիներ առաջ՝ 1915-ին Թիֆլիզի մէջ ծնած է ջութակահար, երաժիշտ ու երաժշտահան Ռուբէն Գրիգորեան:
Գրիգորեան իր երաժշտական կրթութիւնը ստացած է Թեհրանի երաժշտանոցին մէջ, հետեւելով ջութակի դասընթացքներու, ապա մեկնած Փարիզ՝ շարունակելու իր երաժշտական ուսումը Ֆրանսայի երաժշտանոցէն ներս: Ուսումը աւարտելէ ետք Գրիգորեան վերադարձած է Թեհրան՝ 1948-1951 թուականներուն Թեհրանի երաժշտանոցին մէջ դասաւանդելու, ուր դարձած է նաեւ տնօրէն:
Ռուբէն Գրիգորեան 1955 թուականէն սկսեալ ղեկավարած է Կոմիտասի անուան «Կոմիտասեան երգչախմբային ընկերութիւն»ը, որ ընթացքին կազմակերպած է բազմաթիւ համերգներ ու ելոյթներ, ներկայացնելով զանազան ժանրերու երաժշտութիւններ:
Գրիգորեան զբաղած է նաեւ երաժշտական յօրինումներով. անոր յայտնի գործերէն են՝ «Հայկական ռեքիւիեմ»ը, «Նայիրի»ն, «Տատրագոմի հարսը» եւ այլ յայտնի գոհարներ: Գրիգորեան ունեցած է երկու հիմնական համերգներ՝ մին 1970 թուականին, միւսը 1972 թուականին՝ Երեւան:
Երաժիշտը կատարած է նաեւ ժողովրդական եւ միջնադարեան տաղերու մշակումներ. հաւաքած եւ հրապարակած է պարսկական ժողովրդական բազմաթիւ երգեր:
Ռուբէն Գրիգորեան մահացած է 28 մարտ 1991 թուականին, Միացեալ Նահանգներու մէջ:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ