ՄԱՆԿԱՎԱՐԺՈՒԹԻՒՆ (Դ.)

ՄԻՋԻՆ ՄԱՆԿՈՒԹԻՒՆ

Նախորդ երեք շրջաններով տեսանք, թէ ինչպէս մանուկը անգիտակից վիճակէն անցաւ գիտակից վիճակ եւ իր զարգացումին շնորհիւ փորձեց դուրս գալ ծնողական կախեալութենէն եւ իր ինքնիշխանութիւնը յայտարարել: Տեսանք, թէ ինչպէս սկսաւ ճանչնալ թիւերը, գոյներն ու առարկաները, զարգացուց իր երեւակայութիւնն ու ստեղծագործական աշխարհը, սակայն այդ բոլորին կատարելագործումն ու հիմնական հիմք դնելը պիտի տեսնենք յաջորդ այս շրջանին մէջ։

Դ.- ՄԻՋԻՆ ՄԱՆԿՈՒԹԻՒՆ (6-11). Առաջին հերթին պիտի տեսնենք, որ այս ժամանակաշրջանին մէջ մանուկը մարմնական յստակ փոփոխութիւն ու զարգացում պիտի ապրի։ Ըստ մասնագէտներու, այս ժամանակաշրջանին մէջ գտնուող մանուկները մօտաւորապէս տարեկան երկու մատնաչափ հասակ կու տան եւ մօտաւորապէս 2-5 քիլօկրամով կ՚աւելնան: Նախորդ վեց տարիներու ընթացքին դանդաղ փոփոխութիւնը այս ժամանակաշրջանին արդէն կը սկսի արագ փոփոխութեան վերածուիլ: Այս փոփոխութեան հետ նաեւ կը փոխուի անոնց շարժուձեւերը. օրինակ՝ անոնց մօտ կը զարգանայ ուժ հասկացողութիւնը. կը դառնան աւելի խանդավառ եւ կը սկսին նոյնիսկ վտանգաւոր շարժումներ ընել՝ ինչպիսին են մագլցիլ, բարձր տեղէ ցատկել եւ այլն:

Տեսանք, թէ ինչպէս նախորդ շրջանին մանուկը մտապէս կը զարգանայ, սակայն միջին մանկութեան ընթացքին կը սկսի աւելիով զարգացնել իր մտային աշխարհը. օրինակ՝ թիւերը արդէն իսկ ճանչցող մանուկը կը սկսի գիտակցիլ։

Արդէն իսկ թիւերը ճանչցող մանուկը այս ժամանակաշրջանին կը սկսի աւելիով զարգանալ. ձեռք կը բերէ խնդիրներ լուծելու եւ երեւոյթները աւելիով քննելու հմտութիւնը: Անոնք արդէն իսկ կամաց կամաց կը սկսին թուաբանական հաշիւներ կատարել, ընթերցել փորձել եւ զանազան հարցերու մասին մտածել. այս բոլորը ապագայ կրթութեան հիմքը կը կազմեն եւ նախադպրոցական շրջանին անոնք տան մէջ ինչքան աւելիով հմտութիւն ձեռք բերեն ծնողի օգնութեամբ, այնքան աւելի դիւրին ու անվրդով սկիզբ կ՚առնէ անոնց ուսումնական կեանքը:

Այս ժամանակաշրջանին ամէն կարեւոր երեւոյթը մանուկին իր հասակակիցներուն եւ դուրսի աշխարհին հետ ունեցած յարաբերութիւնն է. այս ժամանակաշրջանին անոնց ցուցաբերած վերաբերմունքին վրայ կը հաստատուի ապագայ պատանին եւ երիտասարդը, այդ իսկ պատճառով մանուկի մը կեանքին ամենէն կարեւոր մէկ հանգրուանը կը նկատենք: Այս ժամանակահատուածին մէջ եթէ կերտուի ընկերային կեանքէն խուսափող ու ամչցող հոգեվիճակ մը, ապա այդ մանուկը նոյն այդ երեւոյթը պիտի ապրի իր պատանեկութեան եւ գուցէ երիտասարդութեան եւս: Օրինակի համար, եթէ մանուկը ամչնայ հասակակից աղջկայ մը հետ խաղալ եւ այդ երեւոյթը յաճախ կրկնէ, ապա կրնանք վստահ ըլլալ, որ այդ նոյն խնդիրը պիտի ունենայ նաեւ իր ապագայ դասարանակից աշակերտուհիներուն հետ:

Իրականութեան մէջ այս ժամանակաշրջանին մէջ կը «ստեղծուին» մեր կողմէ «անկիրթ», «համեստ», «բարի», «չար», «աշխատասէր» ու «ծոյլ» յորջորջուող մանուկները: Մանուկին բոլոր հանգրուաններուն շատ կարեւոր է ծնողքին դերը, սակայն այս վերոյիշեալ երեւոյթին դիմաց ծնողքին դերը շատ աւելիով կը կարեւորենք, որովհետեւ միւս երեւոյթները գուցէ սրբագրելի ըլլան, սակայն այս հանգրուանը կրնայ անջնջելի ըլլալ մանուկին ներաշխարհին մէջ, այդ իսկ պատճառով, մանուկին ամչցող եւ կամ համարձակ ըլլալը բնաւորութենէ եւ կազմուածքէ անկախ իր միջին մանկութեան վրայ հիմնուած է:

Մարմնական ու մտային աշխարհի կողքին անոնք կամաց կամաց կը սկսին հասկնալ ու ըմբռնել շատ մը բարոյական արժէքներ. այս ժամանակաշրջանին անոնք կը սկսին հասկնալ ուրիշներու տեսակէտներն ու յուզական աշխարհը, անոնց մօտ կը կազմուի արդարութեան եւ անարդարութեան հասկացողութիւնը եւ կ՚արթննայ կարեկցանքի զգացումը: Մանուկին մէջ պէտք է լաւապէս զարգացնել կարեկցանքի եւ արդարութեան գաղափարը, որովհետեւ այդ զգացումը իր ապագայ ընկերային կեանքին մէջ մեծապէս օգտակար կը դառնայ աւելի հասուն եւ հաստատ ընկերային կապեր ստեղծելու: Օրինակի համար, յաճախ կը տեսնենք, որ մանուկներ իրենց այս կամ այն ուտելիքը չեն ուզեր բաժնեկցիլ իրենց հասակակիցներուն հետ եւ «իմս է»ի հիւանդութիւն մը ծնունդ կ՚առնէ անոնց մէջ, մինչ այլ պարագաներու կը տեսնենք, թէ ինչպէս մանուկներ իրենց ունեցած երկուքը կը բաժնեկցին ուրիշներու հետ: Այս բոլորը արդիւնքն է այդ փոխյարաբերութեան զգացողութեան, ինչ որ ծնողներու կողմէ պէտք է մեծապէս հսկողութեան ենթարկուի, այլապէս կ՚ունենան եսասէր եւ միայն ինքզինք ու իր շահերը մտածող մանուկ մը՝ ինչ որ յոռի երեւոյթ մըն է իր ապագայ ընկերային կեանքի պարագային:

Միւս կարեւոր երեւոյթը թէ՛ դաստիարակներուն եւ թէ ծնողներուն համար մանուկին հետաքրքրութիւններն են, որ միջին մանկութեան ժամանակաշրջանին շատ աւելիով կը դրսեւորուին: Շատ անգամ մանուկը կրնայ բացայայտօրէն ցոյց չտալ իր հետաքրքրութիւնները. ծնողքին պարտականութիւնն է հետեւիլ մանուկին առօրեային ու կեանքին եւ գտնել այդ հետաքրքրութիւնը, որովհետեւ այդ հետաքրքրութեան զարգացումով մանուկներ լաւ արդիւնքներ կ՚արձանագրեն թէ՛ իրենց անձնական եւ թէ ընդհանուր ընկերական կեանքին մէջ. օրինակի համար, պէտք չէ անտեսել մանուկի մը լաւ գծելը, որովհետեւ մանուկը չունի «տաղանդ» ըսուածին գիտակցութիւնը, սակայն ծնողքին օգնութեամբ եւ բացայայտումով այդ մէկը կրնայ լաւապէս զարգացնել. նոյնն է պարագան նուագին, երգին եւ այլ ճիւղերուն: Կը հաւատանք, որ մանկավարժի մը ամենէն կարեւոր պարտականութիւններէն մին այդ հետաքրքրութեան բացայայտումը կատարել է. ցաւ ի սիրտ, շատ անգամ կը տեսնենք, որ ծնողներ չեն յաջողիր այդ մէկը կատարել, այդ իսկ պատճառով այս կարեւոր պաշտօնը կու տանք նաեւ ուսուցիչներուն, որպէսզի կարենան տեսնել այդ հետաքրքրութիւնները եւ իրենց կարգին փոխանցեն ծնողներուն:

•շարունակելի…

 

ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -375-

Երկար տարիներ Լիբանան ապրեցայ, մինչ ծնողքս կ՚ապրէր հայրենիքի մէջ: Եղբայրս երբ զաւակ ունեցաւ, Լիբանան էի. մօտաւորապէս երեք տարի միայն հեռաձայնի միջոցով կը հաղորդակցէի անոր հետ: Երկու տարեկանին, երբ սկսաւ խօսիլ ու բառեր դուրս տալ, նկատեցի, որ ունի զօրաւոր երաժշտական ականջ մը. բառեր եւ արտայայտութիւններ տարբեր ձայներով ու ձայնանիշերով կը հանէի եւ նոյն ձեւով կը կրկնէր՝ առանց դուրս գալու իմ հանած ձայնէս:

Տարիներ ետք երբ Հայաստան եկայ, մեր տունը հրաւիրեցի երաժշտագէտ բարեկամ մը եւ խնդրեցի, որ փորձէ տարբեր ձայնանիշերով արտայայտութիւններ ունենալ: Այսօր մեծնալով դպրոցի երգչախումբի երգողներէն մին է:

Մին երաժշտութեան մէջ շնորհք կ՚ունենայ, ուրիշ մը գծագրութեան. պարզապէս պէտք է փոքր տարիքէն նկատել առաւելութիւնները եւ այդ բոլորը վերածել ի շահ մանուկին եւ անոր ապագային:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 23, 2023