ՄԻԱԿՆՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԲԱԶՄԱԿՆՈՒԹԻՒՆ

Միակնութեան (=monogrami) եւ բազմակնութեան (=poligami) հարցը շատ հետաքրքրական է ամուսնութեան գործի մէջ։ Նկատի ունենալով ամուսնութեան գլխաւոր նպատակը, որ է աճեցնել մարդկային սերունդը, այլ եւ ամուսնութեան բնական կողմը՝ արական եւ իգական սեռի փոխադարձ ձգտումը դէպի իրարու, պէտք է կարծել, թէ ամուսնութեան մէջ բազմակնութիւնը աւելի տեղի պիտի ունենար, քան թէ միակնութիւնը, այսինքն՝ աւելի յարմար եւ ձեռնտու պիտի համարուէր այդ երկու նպատակի համար, որ մարդ մը ունենար միեւնոյն ժամանակ քանի մը կին, եւ կին մը ունենար միեւնոյն ժամանակ քանի մը այր մարդ։

Բայց ամուսնութեան մէջ այդ երկու բնական նպատակի հետ ու միասին կայ ե՛ւ ուրիշ, երրորդ նպատակ՝ աւելի՛ բարձր, աւելի՛ խորհրդաւոր, բարոյական վսեմ, աւելի՛ վեհ նպատակ. ամուսնական փոխադարձ սէր, ընտանեկան խաղաղ եւ երջանիկ կեանք, իրար ամբողջացնելու՝ իրերօգնութեան կոչո՛ւմ։ Իսկ բազմակնութեան մէջ երբե՛ք կարելի չէ հասնիլ ամուսնութեան բարոյական նպատակին, քանի որ մարդ մը կարող չէ միեւնոյն ժամանակ հաւասար կերպով սիրել երկու, երեք կամ աւելի կին, իսկ ասոնցմէ անմիջապէս առաջ պիտի գան կիներու նախանձը եւ ատելութիւնը իրարու հանդէպ, ընտանեկան խռովութիւններ եւ անբաւականութիւններ, զաւակներու եւ պարագաներու խտրութիւնը եւ այլն։

Հեթանոսութեան շրջաններու սկիզբները, ճշմարիտ է, կարելի է տեսնել շատ ժողովուրդներու մէջ բազմակնութիւնը, բայց բարոյական եւ մտաւոր զարգացման հետ միասին, ինքն իրեն անհետացած է այդ։

Եգիպտոսի մէջ թէպէտ տարածուած էր բազմակնութիւնը, բայց նախ՝ քուրմերը իրաւունք չունէին մէկէ աւելի կին պահել, եւ երկրորդ՝ աշխարհական մարդը կարող էր պահել միայն այնքան կին, որքանը կարող էր խնամել՝ հոգալ. կերակրել եւ պահպանել առանց աղքատութեան մատնուելու. (Le Mariage, la séparation et le divorce, par J. Tissot, Paris 1868)։ Եւ ուրեմն՝ ամուսնութիւնը կ՚ընդունուէր իբրեւ բարձր կամ սրբազան բան, իսկ բազմակնութիւնը յառաջացած էր ո՛չ թէ բնութեան պահանջումներէն, այլ՝ պարզապէս շռայնութենէ՛։ Անիկա կարծես պերճանք մըն էր…

Յունաստանի մէջ, նայելով պատմական աւանդութեան, Կեկրոպոսը (Cecrops) բարեկարգեց ամուսութեան գործը եւ հաստատեց միակնութիւնը։ Թէպէտ յետոյ եւ այնտեղ տարածուեցաւ բազմակնութիւնը, սակայն ո՛չ իբրեւ «օրինաւոր ամուսնութիւն», այլ իբրեւ «հարճապահութիւն» (Հարճ=բազմակին մարդու երկրորդական կին, կանանոցի կին, ո՛չ օրինաւոր կին։ Հարճէ ծնած զաւակը զուրկ էր օրինական զաւակի իրաւունքներէն։ Հարճեր պահել հին ժամանակ ընդհանրացած էր եւ օրինաւորուած սովորութիւն դարձած էր։ Բայց օրինաւոր կնոջ վիճակէն նուաստ վիճակ մըն էր «հարճութիւն»ը)։

Հարճերը, սովորաբար, կա՛մ առնուած կ՚ըլլային դրամով, այսինքն կը գնուէին իբրեւ ստրուկներ, եւ կա՛մ գերի բռնուած կիներ, բայց անոնք միշտ ստորադրուած կ՚ըլլային մէկ եւ օրինաւոր կնոջ հրամանին իբրեւ «աղախիններ» (Աղախին=սպասուհի, նաժիշտ)։

Հռոմի մէջ ընտանեկան կեանքի վրայ բոլորովին տարբեր հայեացք մը զարգացաւ. բոլորովին արգիլուած էր օրէնքով բազմակնութիւնը եւ ամուսնութիւնը օրինաւոր կը համարուէր միայն մէկ այր մարդու եւ մէկ կին մարդու մէջ։ Յետոյ թէպէտ եւ այնտեղ տարածուեցաւ հարճ պահելու սովորութիւնը՝ «Concubinatus», բայց ան բոլորովին տարբեր ձեւ եւ կերպարանք ունէր։ Կայսրութեան ժամանակ, երբ բարոյականութիւնը սաստիկ եղծուած էր, երբ մեծ ծախսերու եւ ուրիշ հանգամանքներու պատճառով, երիտասարդները չէին ամուսնանար, այլ սիրեկաններ կը պահէին, եւ այդպիսի կերպով կը շատնային ապօրինի զաւակներու թիւը։ Օգոստոս կայսրը «Lex Julia et Papia Poppaca» օրէնքով իրաւաբանական կազմակերպութիւն տուաւ հարճապահութեան, «Concubinatus»ին։

Այսօր այս կը հասկցուի իբրեւ «Cohabitation»

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Հոկտեմբեր 21, 2023, Իսթանպուլ

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 23, 2023