ԿԵՆՍԱԿԱՆ ՍԿԶԲՈՒՆՔՆԵՐ
Մարդ իր կեանքի ընթացքին պէտք է ունենայ կարծիքներ, հաւատալիքներ եւ մանաւանդ սկզբունքներ՝ որոնք պիտի կազմեն իր նկարագիրը եւ ինքնութեանը բնորոշիչները ըլլան։ Ահաւասիկ այս սկզբունքներէն են քրիստոսաւանդ երկու սկզբունք. «Աւելի երանելի է տա՛լը, քան թէ առնելը». (ԳՈՐԾ. Ի 35), եւ «Ուստի ամէն ինչ որ կ՚ուզէք որ մարդիկ ձեզի ընեն, դուք ալ անոնց այնպէս ըրէք, քանզի այս է օրէնքը եւ մարգարէները». (ՄԱՏԹ. Է 12)։
Արդարեւ, քրիստոսաւանդ այս երկու սկզբունքը մարդուս իրերօգնութեան կոչումին արդիւնքներն են, եւ կ՚ենթադրեն «հասկացողական համակրութիւն», որ է՝ անդրադառնալ ուրիշին զգացումներուն եւ մտածումներուն, եւ ապրիլ զանոնք՝ որպէս իր զգացումները եւ խորհուրդները։ Կ՚ըսուի, թէ՝ մարդ երբ կը զգայ իր ցաւը՝ կ՚անդրադառնայ որ կ՚ապրի, իսկ երբ կը զգայ ուրիշին ցաւը՝ կ՚անդրադառնայ որ «մա՛րդ» է։
Ուստի, «մարդ» կոչումին հաւատարիմ մնալու եւ արժանի ըլլալու համար, մարդ պէտք է իր նմանը ընդունի որպէս իր անձը եւ հասկացողական համակրանքով (empathy), այսինքն՝ կարեկցական, գութի զգացումներով մօտենայ անոր։ Եւ երանելի՜ են անոնք՝ որոնք այս սկզբունքներով կը կանոնաւորեն իրենց ամբողջ կեանքը։
Ուստի, եթէ բաղդատութիւն մը կատարել կարելի է՝ կը նախընտրեմ «մարդասիրութիւն»ը, քան «եղբայրսիրութիւն»ը։ Բայց եթէ «եղբայրասիրութիւն» ըմբռնումը առնուի լայն առումով, թէ՝ քանի որ ամէն մարդ մէկ Արարիչի՝ Աստուծոյ արարածն է, ապա ուրեմն ամէն մարդ իրարու եղբայր է, «եղբայրասիրութիւն»ը մերձիմաստ պէտք է նկատել «մարդասիրութեան»։ Բայց այն պայմանով, որ «եղբայր» բառը իր լայն առումով, կը բովանդակէ նաեւ «քոյր» իրականութիւնը։ Թէեւ աստուածաբանական հասկացողութեամբ «եղբայր»ը «քոյր»ն ալ կը բովանդակէ, բայց պէտք է նկատի ունենալ, որ Աստուած նախ «մարդ»ը ստեղծեց եւ յետոյ անիկա բաժնեց «այր-մարդ» եւ «կին-մարդ» ըլլալով, եւ այս տրամաբանութեամբ կարելի է «եղբայր»ը ընդունիլ որպէս «մարդ», այսինքն՝ թէ՛ «այր-մարդ» եւ թէ «կին-մարդ»։
Այս հակիրճ խորհրդածութենէն վերջ, տեսնենք, թէ՝ ո՛րքան ազդու են այս երկու սկզբունքը մեր կեանքին մէջ։ Այնու ամենայնիւ, առանց այս երկու սկզբունքին գործադրութեան կարելի չէ ընտանեկան, ընկերային եւ հասարակական համերաշխութիւնը, խաղաղութիւնը եւ ներդաշնակութիւնը ապահովել։ Ինքնակեդրոն, մինակ անհատը ոչ մէկ օգուտ կ՚ապահովէ ընկերութեան, եթէ ոչ՝ վնաս, թէ՛ իրեն եւ թէ ընկերութեան։
«Տալը աւելի երանելի՜ է քան առնելը»։
Կեանքի բնական ընթացքին համապատասխան է այս սկզբունքը՝ ֆիզիքական առումով, քանի որ լեցնելու համար պէտք է նա՛խ պարպել, լեցուն գաւաթին մէջ ջուր կարելի չէ լեցնել, այլ պէտք է գոնէ մասամբ պարպել զայն, որպէսզի ջուր աւելցուի անոր մէջ, պէտք է «տալ», որպէսզի «առնուի»։ Ուրեմն բարոյախրատական արժէքին չափ նիւթական իմաստով ալ մեծ արժէք կը ներկայացնէ այս սկզբունքը։ Ուրեմն՝ տանք, որպէսզի ստանանք, առնենք, առնելու տեղ պատրաստենք, որովհետեւ տալու վարձքը շա՛տ է։
«Ի՛նչ որ կ՚ուզէք ընեն ձեզի, եւ ինչպէս կ՚ուզէք որ վարուին ձեզի հետ ուրիշներ, դո՛ւք ալ այնպէս ըրէք եւ վարուեցէք ուրիշներու հետ»։
Հեռաւոր Արեւելքի մէջ ժխտական-բացասական ոճով Պուտտա կ՚ըսէր թէ՝ «Մի՛ ըներ այն՝ ինչ որ չես ուզեր որ ընեն քեզի»։ Բայց Յիսուս, ինքնուրոյն՝ առանձնայատուկ ոճով եւ իւրայատուկ արտայայտութեամբ պատուիրեց. «Ըրէ՛ այն՝ ինչ որ կ՚ուզես որ ուրիշները ընեն ձեզի»։ Եւ այս ոճը ցոյց կու տայ քրիստոնէական վարդապետութեան դրական, գործնական նկարագիրը, չէ՞ որ հաւատքը առանց գործի արժէք մը չի ներկայացներ, նաեւ սէրը՝ առանց գործի, ողորմութիւնը՝ առանց իրերօգնութեան ոգի ստանալու ո՛չինչ են…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հոկտեմբեր 23, 2024, Իսթանպուլ