ՔՐԻՍՏՈՆԷՈՒԹԵԱՆ ՏԵՍԱՆԿԻՒՆԷՆ՝ ԴՐԱՄԻՆ ԲՈՒՆ ՆՇԱՆԱԿՈՒԹԻՒՆԸ - Ա -
Բարեպաշտութեան ընդհանուր եւ հասարակաց կանոն մը կը պարտաւորէ հաւատացեալները ձեռնթափ ըլլալ միտքի եւ կամ մարմնոյ այն բոլոր զբաղումներէն՝ որոնք կեանքի նիւթական ըմբռնումին կը վերաբերին։ Ասիկա շատ աւելի զգալի է մանաւանդ ապաշխարութեան օրերուն մէջ։
«Արարէք ձեզ բարեկամս ի մամոնայէ անիրաւութեան» (ՂՈՒԿ. ԺԶ 9) հատուածին յենուելով, ո՛չ անխորհուրդ հակադրութեամբ մը, այլ երկիւղած ողջախոհութեամբ, Եկեղեցին մեր մտադրութիւնը կը հրաւիրէ ա՛յնպիսի կէտի մը վրայ՝ որ կեանքի գաղափարին նիւթականացումն է բոլորովին։
Քիչ մը տարօրինակ է անշուշտ այս, ու հիմա՛ մանաւանդ, որ անկեղծութեան եւ միամտութեան անուններովը քօղարկուած՝ սուտը եւ կեղծիքը՝ կրօնքի հովանիին ներքեւ ամենէն աւելի՛ կը գործեն իրենց աւերը, տխուր եւ մութ հոգիներու համար գուցէ գայթակղեցուցի՛չ բայց լրջօրէն խորհողի եւ ազատամիտ մտքի մը մօտեցումով եւ մեր Սուրբ Եկեղեցիին խոհական ոգիին վրայ հաստատ համարում ունեցողի մը համար՝ դիւրի՛ն է ըմբռնել, թէ այս կարգադրութիւնը ինքնին ո՜րքան բնական, նո՛յնքան բանաւոր է ամէն կերպով, եւ ո՛չ տարօրինակ։
Մարդկային միտքը սովորաբար շա՜տ հանդարտ, եւ հետեւապէս շա՛տ յատուկ հասկացողութեամբ մը կ՚անդրադառնայ աւելի հեռակայ քան թէ մօտը գտնուած իրի կամ իրողութեան մը վրայ, աւելի անցեալ քան թէ ներկայապէս կատարուող դէպքերու վրայ։
Արդարեւ, երբ քովդ անմիջապէս մօտդ՝ աչքիդ առջեւ՝ կամ ձեռքիդ տակ ունիս սիրած մէկ առարկադ, չե՛ս խորհիր անոր վրայ, քանի որ կը ջանաս միայն վայելել զայն. իսկ տեսութեանդ առջեւէն անհետացած բան մը կամ գործ մը, իր մը կամ իրողութիւն մը՝ իսկոյն իր վրայ կը հրաւիրէ ամբողջ մտածողութիւնդ, կը խորհիս ու կը խորհրդածես անոր վրայ, միտքդ կը զբաղեցնես զայն յառաջ բերող պատճառին կամ անկէ յառաջ գալիք հետեւանքին վրայ, ու այն կերպով՝ իրօք աւելի՛ ճիշդ եւ աւելի՛ խոր կ՚ըլլայ անոր մասին քու կազմած ծանօթութիւնդ։
Ասիկա, արդարեւ ա՜յնքան բնական բան մըն է միտքին համար, ո՛րքան սովորական է մեր բոլորին համար այն իրողութիւնը՝ որով կարծես թէ ինքնաբերաբար կը գոցենք մեր աչքերը, երբ կ՚ուզենք մեզի արդէն ծանօթ բանի մը վրայ մտածել ուշադրութեամբ։
Խորհիլ տալու միշտ եւ ճի՛շդ այս եղանակն է զոր կը հրաւիրէ նաեւ եկեղեցին, մէկ կողմանէ արգիլելով հաճոյքին վայելումը ապաշխարութեան օրերուն ընթացքին մանաւանդ, եւ միւս կողմանէ պարտաւորելով զմեզ որ մեր խորհրդածութեան առարկայ ընենք զայն՝ քննե՛նք ու ճանչնանք անոր լաւ կամ յոռի ազդեցութիւնները մեր կեանքին՝ մեր քրիստոնէական կեանքին վրայ, մէկ կողմանէ չներելով որ հաւատացեալներ՝ այդպիսի օրերու մէջ մանաւանդ՝ ջանան շահու գործառնութիւններով եւ դրամի հետապնդութեամբ անցընել իրենց ժամերը, եւ միւս կողմանէ ալ մեզի իբրեւ հոգեւոր ընթերցումի նիւթ ներկայացնելով Աւետարանի այդ հատուածը, Յիսուսի ա՛յն առակը՝ որուն մէջ ամենէն աւելի քան այլուր, կը քարոզուի դրամին պէտքը՝ դրամին կարեւոր դերը՝ դրամին արժէքն ու յարգը մեր կեանքի գործածութեան մէջ ընդհանրապէս։
Դարձնենք ուրեմն պահ մը մեր ուշադրութիւնը մեր բոլորին արդէն շատ մօտիկ՝ մեր բոլորին ալ մտածութիւններուն ամենէն յանկուցիչ մէկ պայմանը եղող այն չնչին իրին՝ դրա՛մին վրայ, հասկնալու համար թէ ի՛նչ է Յիսուսի տեսութիւնը անոր մասին, ի՞նչ է աւետարանական բարոյականի կողմէ անոր համար կշռուած արժէքը, եւ թէ վերջապէս ի՞նչ պէտք է ըլլայ անոր ընդհանուր նշանակութիւնը քրիստոնէական կեանքի մէջ…։
Հին Կտակարանէն սկսեալ, իրաւական ամէն տեսակ միջոցառումներ, զոր օրինակ «թողութեան տարի», «արգելում տոկոսով փոխատուութիւն կատարելու եւ գրաւական պահելու», «տասանորդին պարտաւորութիւն», «առօրեայ վճարում օրավարձին», «իրաւունք ճռաքաղութեան եւ հասկաքաղութիւն» կը համապատասխանեն Երկրորդ Օրէնքին յորդորին. «Քանի կարօտեալները եւ կարիքաւորները պիտի չպակսին այս երկրէն, ասոր համար Ես կու տամ քեզի այս պատուիրանը. բա՛ց ձեռքդ դէպի քու եղբայրդ, դէպի ան որ տառապեալ եւ չքաւոր է քու երկրիդ մէջ» (Բ ՕՐ ԺԵ 11)։
Յիսուս կը սեփականացնէ այս խօսքը, ըսելով.
«Աղքատները միշտ հետերնիդ ունիք, բայց զիս միշտ ձեզի հետ չունիք» (ՅՈՎՀ. ԺԲ 8)։
Ասով Ան ժամանցուած չի համարիր խստութիւնը հին պատգամախօսներուն. «Կը գնեն արդարը արծաթով եւ աղքատը՝ զոյգ մը կօշիկի գինով» (ԱՄՍ. Ը 6)։ Իսկ մեզ կը հրաւիրէ Իր իսկ ներկայութիւնը տեսնելու աղքատներուն մէջ՝ որոնք Իր եղբայրներն են։ Հ. Հանսէն սապէս կը գրէ.
«Այն օրը երբ մայրը զինք յանդիմանեց տան մէջ աղքատներ ու հիւանդներ պահելուն համար, Լիմայի սրբուհի Ռոզա ըսաւ անոր.- Մենք երբ կը ծառայենք աղքատներուն եւ հիւանդներուն, Յիսուսի կը ծառայենք։ Մենք պէտք չէ՛ յոգնինք օգնելու մեր մերձաւորին, քանի որ անոնց մէջէն Յիսուսի՛ կը ծառայենք»։
Այս կը նշանակէ՝ դրամը գործածել մերձաւորին օգտին համար եւ ի նպաստ անոր։ Եկեղեցին տնտեսական ու ընկերային հարցին շուրջ իր դատակշիռը կը յայտնէ հոն ուր մարդկային անձին հիմնական իրաւունքները կամ հոգիներուն փրկութիւնը կը պահանջեն զայն։ Արդարեւ անյագութիւնը արգիլուած է բոլոր բարոյական դրութիւներու մէջ, ինչպէս նաեւ՝ երկրաւոր բարիքներուն սեփականացումի անյագուրդ բաղձանքը, որոնց մէջ առաջնակարգ տեղը կը գրաւէ՝ դրամը, դրամասիրութիւնը։ Նոյնպէս բարոյական ամէն կարգավիճակ կ՚արգիլէ անկարգ ու անսովոր ընչաքաղցութիւնը՝ ծնած հարստութիւններուն եւ անոնց զօրութեան անյագ կիրքէն։ Ան կ՚արգիլէ նաեւ անարդարութիւն մը գործելու բաղձանքը, ինչ որ մերձաւորին ունեցածներուն վնաս պիտի հասցնէր։
Ուստի այս կը նշանակէ՝ բաղձանքները հեռո՛ւ պահել իրեն չպատկանող ամէն բանէ։ Անշուշտ այս բաղձանքներուն կեդրոնը կը գտնուի «դրամ»ը՝ որպէս խորհրդանիշ ամէն ստացուածքի։ Այս պատճառով իր լայն առումով «դրամ»ին չափաւոր գործածութիւնը վերջ կու տայ ագահութեան՝ որ վնասակար է ամէն ընկերային կազմութեան…։
- Պիտի շարունակենք։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Նոյեմբեր 18, 2015, Իսթանպուլ